Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Արծուիկ Ճիւղի Խմբապետուհի Աննա Քէօմպեճեան Հարաւային Քորէայի Մէջ Կը Մասնակցի «Քալըր Աֆ Տրիմ» Համագումարին

$
0
0

Լիբանանի սկաուտական պատուիրակութիւնը, ընդառաջելով  Հարաւային Քորէայի հրաւէրին` իբրեւ 2023-ին համաշխարհային սկաուտական բանակումը (world scout jamboree) հիւրընկալող թեկնածու երկիրներէն մին, մեկնեցաւ  Հարաւային Քորէա ու մասնակցեցաւ յատուկ խմբապետական վարժանիստի մը, որուն նպատակն էր տարբեր պետութիւններու ծանօթացնել Հարաւային Քորէայի բնութեան, մշակոյթին, սովորութիւններուն, իր սկաուտական շարժումին ու միասնաբար սկսիլ ծրագրել համաշխարհային սկաուտական բանակումի յայտագիրը:

Լիբանանի պատուիրակութիւնը բաղկացած էր 3 անդամներէ, որոնց շարքին էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմի անդամ, արծուիկ qիւղի խմբապետուհի  Աննա Քէօմպեճեան:

Այս վարժանիստին ներկայ էին 22 մասնակցողներ` ներկայացնելով 16 պետութիւններ: Վարժանիստին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 1 ապրիլին:  Մասնակցողները ներկայացուցին  իրենց երկիրներն ու սկաուտական միութիւնները: Պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային արծուիկ ճիւղի  խմբապետուհի Աննա Քէօմպեճեան մասնակցողներուն ներկայացուց ու ծանօթացուց Լիբանանի կողքին նաեւ Հայաստանն ու ՀՄԸՄ-ը,  ապա  կազմակերպող մարմինը ծանօթացուց համաշխարհային սկաուտական բանակումին (world scout jamboree) նուիրուած յատուկ նշանաբանը`   «Քալըր աֆ տրիմ»:

Երկրորդ օրը ներկաները մեկնեցան Սաէ Ման Կում շրջանը, որ նախատեսուած է իբրեւ բանակումի վայր: Մասնակցողները հոն ծանօթացան շրջանին պատմութեան, բնութեան, շրջանին մէջ գտնուող աշխարհագրական եւ գիտական թանգարաններուն ու զանազան  սկաուտական եւ արկածախնդրական գործունէութիւններուն, որոնք կարելի է գործադրել բանակումի ընթացքին:

Ապա մասնակցողները ուղղուեցան Ժէոնժու,  ուր տեղի ունեցաւ «Քալըր աֆ տրիմ»-ի աշխատանքային նիստը: Այս աշխատանքային նիստի ընթացքին բանակումը լաւագոյն ձեւով ծրագրելու համար կատարուեցան զանազան առաջարկներ: Երեկոյեան մասնակցողները առիթ ունեցան պտտելու Ժէոնժու շրջանին մէջ ու ծանօթացան Հարաւային Քորէայի աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն:

Երրորդ օրը տեղի ունեցան զանազան այցելութիւններ` սկսելով Միջազգային սկաուտական խորհրդարանական միութեան ազգային համագումարէն (Ուորլտ սքութ փարլիամենթերիըն եունիըն նեշընըլ էսեմպլի), ուր մասնակցողները հանդիպեցան պետական ներկայացուցիչին, որմէ ետք անոնք նաեւ  այցելեցին Քորէական սկաուտական ընկերակցութեան Ազգային վարժողական կեդրոնը, որ կը նմանի մեղուի փեթակի մը, ուր ամէն պաշտօնեայ իրեն վստահուած պարտականութիւնը նուիրուածութեամբ լիուլի կը կատարէ:

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ վարժանիստի պաշտօնական փակման արարողութիւնը: Աւանդական սովորութեան համաձայն, այսպիսի առիթներու խօսք կ՛առնեն օրուան ամէնէն տարեցն ու կրտսերագոյնը: Վարժանիստին մասնակից կրտսերագոյն խմբապետը Լիբանանի պատուիրակութեան անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային արծուիկ ճիւղի  խմբապետուհի Աննա Քէօմպեճեանն էր, որ արտասանեց վարժանիստի իր փորձառութենէն մղուած խրախուսիչ խօսք մը` Հարաւային Քորէային մաղթելով յաջողութիւն իր կազմակերպելիք համաշխարհային սկաուտական բանակումի աշխատանքներուն մէջ: Ան իր այս խօսքին ու մասնակցութեան համար արժանացաւ յատուկ գնահատանքի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>