Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Անդրադարձ. Երկու Եզրեր

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ

«Ե. Օտեան» թատերախումբին կողմէ «Խնձորին բուրմունքը» խորագիրով ներկայացում մը` հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ` Վաչէ Ատրունիի:

Այնճար. հայկական գաղթօճախ մը, ուր ընտանեկան սահմաններէ ներս տռամ մը տեղի կ՛ունենայ: Հերոսները` պապուկը, երկու տղաքը, հարսը, թոռնիկը եւ անոր ընկերուհին` Նաուալն են:

Առաջին տպաւորութեամբ, ներկայացումը իր ամբողջութեան մէջ «սերունդներու բախում» կը յուշէ թէեւ, սակայն հոն արտայայտուած մտքերը, ձգտումները, մօտեցումները,  կեցուածքներն ու հոգեկան տագնապները, մէջ ընդ մէջ հիւսուած իմաստներ կը պարփակեն, որոնք իրենց խորքով կը կազմեն էութիւնը յիշեալ գործին եւ իրենց խոր ու բարդ հարցերով կը  տեղադրուին համամարդկային աւելի լայն շրջանակի մը պարունակին մէջ:

Պահ մը դիտեցէ՛ք մարդը. եթէ իրմէ հեռացնենք կրօնական ու ազգային պատկանելիութեան տարազները, ի՞նչ կը մնայ հոն. անհատ մը, որ ունի ֆիզիքական պահանջներ, ձգտումներ, մտածելակերպ, եւ թերեւս` արժանիքներ: Այս անհատը, իրմէ թօթափած` ամէն ենթակայութիւն, կը ներկայանայ իբրեւ ազատ անձ մը, որ կը փափաքի իր կեանքը դրսեւորել ի՛ր ուզածին պէս, համաձայն ի՛ր պահանջներուն: Ահաւասիկ ա՛յս է ծննդոցը մարդ անհատի ազատութեան, որ ներկայ ժամանակի գաղափարախօսութեան կորիզը կը կազմէ:

Այժմ այս լոյսին տակ վերադառնանք տռամին եւ փորձենք այլաբանօրէն ներկայացուած տարազի ետին կարդալ ներիմաստ գրութիւնը:

Ունինք պապուկը, որ իր պատմական բնօրրանէն հեռու գիւղի մը մէջ ծնած, ապրած, իր մշակած հողին կառչած աւանդապահ մարդն է եւ հողը կը նկատէ իր հայրենիքը, որուն սահմանը գիւղն է եւ իր մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ անոր բովանդակ կեանքին յիշատակները` իբրեւ յիշողութիւն: Իր դէմ ունի երկու զաւակներ, որոնցմէ մէկը կ՛ապրի քաղաք, իսկ միւսը` գիւղին մէջ: Երկուքն ալ ունին փափաք` հեռանալու իրենց օճախէն, սակայն այդ  հեռանալը ինքն իր մէջ հակադրութիւն մըն է, աւանդապահ մնալէ փախուստի, խզումի ճիգ մըն է ենթակային ներաշխարհին մէջ: Մէկուն մէջ, բացի իր մարդկային ես-էն շեշտուած է կատարեալ անտարբերութիւն, նոյնիսկ` բարոյական օրէնքներու հանդէպ. իսկ միւսը` երկմիտ է իր պատկանելիութեան եւ ազատութեան բեւեռներու միջեւ: Սակայն այս երկու եղբայրները կը միանան հասարակ յայտարարի մը շուրջ, որուն մղիչ ուժն է ընչաքաղցութիւնը` տիրանալու իրենց հօր ունեցուածքին, «իրաւունք» պիտակի տակ: Եւ ահա ծայր կ՛առնէ հօր եւ զաւակներու միջեւ գաղափարական երկու հակադիր ուժերու բախումը, որ կը զարգանայ եւ կը ստանայ սուր բնոյթ: Հարսը կը ջանայ հաշտարար կամուրջ մը ըլլալ երկու ափերու միջեւ, սակայն կը ձախողի իր առաքելութեան մէջ: Այս ընդհանուր իրարանցումին մէջ թոռնիկը սիրոյ երազային պահեր կ՛ապրի ընկերուհիին հետ, որ օտար մըն է, սակայն անոնց փոխյարաբերութիւնը հիմնուած է «մարդ» հասկացողութեան վրայ:

Այս պայքարը աւարտելու միտումով, պապուկը կ՛որոշէ իր տունը ժառանգ ձգել գիւղը ապրող զաւկին, իսկ միւսին` նիւթական գոհացում տալ, իսկ պարտէզը, ըստ նախապէս ըրած կարգադրութեան, կը կտակէ թոռնիկին, որ ի՛ր ժամանակին կողմնորոշուի իբրեւ ազատ մտածող: Թոռնիկը թէեւ տղայական միամտութեամբ կը մօտենայ հարցին, սակայն երբ իր պայուսակին մէջ կը դնէ խնձոր եւ անոր փայտէն, ապագայի մաքո՜ւր երազի մը յոյսը կը ներշնչեն պապուկին:

Այս վերջին կարգադրութիւնը երկու եղբայրները կը մղեն ագահութեան, եւ իրենց պայքարը կը շարունակեն տարբե՛ր մակարդակի վրայ:

Այս ներկայացման մէջ մտքերու դասաւորումն ու կառոյցը, անոնց համապատասխան հոգեկան տագնապները իրենց յօրինուածքով եւ արտայայտութեան մէջ կը ցոլացնեն ներդաշնակ գեղեցկութիւն մը: Ի՞նչ կ՛արժէ արուեստի գործ մը, եթէ ան չի՛ կապեր քեզ` իրեն, իր ազդեցութիւնը չի՛ տարածեր հոգւոյդ մէջ, տակնուվրայ չ՛ըներ էութիւնդ եւ չի՛ մղեր քեզ մտածելու:

Կը մնայ ըսել` իրա՛ւ արուեստի ամբողջական գործ մը, սքանչելի դերակատարութեամբ փոխանցուած պատգամ մը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>