Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Երիտասարդական Թատերախումբը Նոր Շունչ Կը Փչէ Թատրոնին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Լեոն, ուքրանացի ուսուցիչը, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ կը բարձրացնէ իր ներաշխարհը` իր բարդութիւններով եւ ծիծաղելի կողմերը շօշափող իրականութիւններով: Լեոն բեմ կը բարձրանայ իր մէկէ աւելի նկարագիրներով` իւրաքանչիւրը յատուկ ուշադրութեան արժանի:

«Լեոն» թատերախաղը` հիմնուելով ամերիկացի թատերագիր Նիլ Սայմընին «Ֆուլզ»-ին (Խենթեր) վրայ, բեմադրութիւնն է լիբանանահայ երիտասարդ դերասան եւ բեմադրիչ Հրայր Գալեմքէրեանին, որուն աշխատանքին իբրեւ արդիւնք Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» երիտասարդական թատերախումբը իր երիտասարդ ուժով նոր շունչ պիտի աւելցնէ լիբանանահայ թատերական ոլորտին:

«Լեոն» թատերախաղի ներկայացման առիթով զրուցեցինք բեմադրիչ Հրայր Գալեմքէրեանին եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տէմիրճեանին հետ:

«Ֆուլզ»-էն «Լեոն»

Հրայր Գալեմքէրեան,-

«Թատրերգութիւնը ընտրելու ատեն ուզեցի կառուցողական գետնի վրայ ամուր եւ զօրաւոր նիւթ մը զատել եւ Նիլ Սայմընի «Ֆուլզ»-ը նպաստաւոր էր ինծի` քանի մը պատճառներով: Նախ իր կառոյցով նպաստաւոր էր, որովհետեւ առիթ կու տայ ինծի ուզած պատգամս փոխանցելու: «Ֆուլզ»-ը հիմնականօրէն կատակերգութիւն է, եւ կը հաւատամ, որ եթէ նիւթը զուտ տրամա ըլլար, աւելի դժուար պիտի ըլլար հանդիսատեսին հասնելու, որովհետեւ հաւանաբար տրաման ներկայ ընկերութեան համար կրնայ ձանձրանալիք թուիլ կամ տրաման իր երկար ընթացքով կրնայ հանդիսատեսին ուշադրութիւնը մղել դէպքերուն, աւելի քան պատգամին, այսպիսով կրնայ թատերախաղին պատգամը կորսուիլ: Կայ նաեւ այն, որ թատերախաղին կերպարներուն թիւը յարմար էր հետաքրքրական խաղարկութիւն մը ստեղծելու համար բեմին վրայ: «Ֆուլզ»-ին կերպարներուն վրայ ես ալ իմ կարգիս կերպար աւելցուցի, ինչպէս նաեւ նիւթին էութեան մէջ քանի մը փոփոխութիւններ ըրի:

«Նախքան գործունէութեան ծաւալին մասին աւելի մանրամասնելս, ըսեմ, որ նիւթը տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ գիւղերէն մէկուն մէջ, ուր պատահած է անէծք մը, որուն իբրեւ հետեւանք գիւղացիները դատապարտուած են անխելքութեան: Անէծքը կրնայ կոտրիլ միայն երբ Ուքրանիոյ քաղաքէն ուսուցիչ մը գիւղ գալով գիւղին բժիշկին աղջկան մտածել սորվեցնէ: Այս անկիւնադարձն է, որուն կը հետեւին դէպքերը:

«Երբ «Ֆուլզ»-ը առաջին անգամ կարդացի, կեդրոնացումս խենթերուն վրայ գնաց, մանաւանդ, որ նիւթին խորագիրն ալ այդ կը յուշէ: Տպաւորուած էի նաեւ ուսուցիչին կերպարով եւ մտածեցի թատրերգութիւնը կեդրոնացնել ուսուցիչին վրայ: Այս իմաստով առնելով գործին թարգմանութիւնը, զոր կատարած է Նարէ Գալէմքէրեանը, զարգացուցի եւ ունեցանք «Խենթեր»-ու փոխարէն «Լեոն»: Այս թատերախաղիս համար խենթերը միջոց են, որոնք կ՛օգնեն Լեոնին զարգացնելու իր հոգեկան վիճակը: Ըսեմ, որ այս փոփոխութիւնն ալ ընթացք մըն էր եւ առաջին մէկ օրէն տեղի չունեցաւ, քանի որ լիբանանահայ թատրոնի մակարդակի վրայ, առաւելաբար երիտասարդ դերասաններու գծով, գոյութիւն ունին մարտահրաւէրներ եւ հարկ է աշխատիլ անոնց յարմարելով»:

Դերասաններու ընտրութիւնը եւ փորձերը

Հրայր Գալեմքէրեան

«Երբ դերասանները ընտրելու գործին լծուեցայ, բաւական դժուարութիւն ունեցայ: Սկսելու համար, երիտասարդ դերասան ընտրելը դժուար է` նկատի ունենալով երիտասարդներուն դպրոցական, համալսարանական եւ գործի պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ եթէ երիտասարդը բեմի վարժութեան մասնաւոր կազմուածք մը չունի, աւելի դժուար կ՛ըլլայ զինք բեմ բարձրացնելը,- հոն ան կ՛ունենայ վախ, պրկուածութիւն եւ այլն:

«Շատ ուրախ եմ, որ շուրջս ունէի ընկերներ եւ բարեկամներ, որոնք ընդառաջեցին իմ առաջարկիս, եւ շուտով սկսայ անհատական փորձերուն:

«Բեմադրութեան ընթացքին զիս հետաքրքրողը անհատական աշխատանքներն էին, ինչ որ նոյնիսկ նիւթին զարգացման ազդեց եւ փոփոխութեան մղեց: Կարեւոր էր, որ նախքան խմբային փորձերու սկսիլս անհատական գետնի վրայ իւրաքանչիւր դերասանին բացատրեմ իմ մտահոգութիւններս եւ աշխատելաձեւս, նաեւ լսել անոնց մտահոգութիւնները, որովհետեւ դերասաններուս մեծ մասը սկսնակ են, կամ մէկ անգամ դեր ստանձնած են իրենց կեանքին մէջ եւ կամ առաւելագոյնը չորս կամ հինգ անգամ բեմ բարձրացած են: Դերասաններէս ոմանք նոյնիսկ բնաւ բեմ չեն բարձրացած: Ինծի համար հետաքրքրական էր տեսնել, որ իւրաքանչիւրը ի՛նչ խնդիր ունի, ի՛նչ է իւրաքանչիւրին խոչընդոտը, որ կրնայ բեմին վրայ արտացոլալ. ասիկա կարեւոր է ինծի համար, որպէսզի ես ալ կարենամ ատոնց հետ աշխատիլ: Ուրիշ բեմադրիչներ թերեւս իրենք իրենց բեմադրական կամ թատերական դպրոցը կ՛ունենան եւ այդ կը փորձեն բանեցնել դերասաններուն վրայ: Ինծի համար շատ աղուոր առիթ մըն էր, որ ձեւով մը գիտցած զանազան դպրոցներս օգտագործեմ, համաձայն դերասանին կարողութեան:

«Այս մեթոտը կամաց-կամաց սկսաւ արտացոլալ բնագիրին վրայ, եւ նկատեցի, որ բեմադրութեանս պատկերացումին մէջ պէտք էր անհատական պատգամ մը փոխանցէի եւ ոչ, ըսենք, ընկերային գետնի վրայ պատգամ մը»:

«Լեոն»¬ին պատգամը

Հրայր Գալեմքէրեան.

«Այլ խօսքով, պատգամը այն է, որ այդ ամբողջ գիւղին անէծքը իրականութեան մէջ անհատական անէծք մըն է, ո՛չ ընկերային է, ո՛չ ալ քաղաքական: Եթէ անհատը գիտակցի իր չակերտեալ անէծքին, շատ մեծ հարցեր կը լուծուին:

«Ես հարցերը միշտ այսպէս տեսած եմ, գոնէ վերջին քանի մը տարիներուն, երբ սկսայ հասուննալ: Ինծի համար յստակ է, որ ընկերային, միութենական կամ աւելի մեծ խնդիրներ, ինչ ալ ըլլայ նիւթը, կը սկսին անհատական գիտնի վրայ: Այս ուզեցի փոխանցել ուրիշին եւ մանաւանդ երիտասարդներու միջոցով, քանի որ վերջաւորութեան երիտասարդներն են ապագան, անոնք իրենց կարգին ղեկավարներ պիտի դառնան: Եթէ պատգամս երիտասարդներուն ուղղուած է, իրենց ըսելու, որ ամէն ինչ ձեզմէ կը սկսի եւ մէկը մի այպանէք, երբ ձեր կեանքը ձեր ուզած ձեւով չ՛ընթանար. ըսելու, որ ձեր ձեռքը դուք ուժ մը ունիք եւ շատ լաւ անհատներ կրնաք ըլլալ, եթէ այս մէկը կրնամ փոխանցել ուրիշներու, արդէն շատ մեծ բան կատարուած կ՛ըլլայ, անկախ արուեստի արժէքէն: Նոյնիսկ թէ միայն իմ դերասաններս ըմբռնեն ատիկա եւ իրենց կարգին իրենց կեանքին մէջ պզտիկ բան մը փոխել կարենան, արդէն շատ մեծ իրագործում կ՛ըլլայ, ո՛չ միայն ինծի համար, այլ Համազգայինին համար ալ: Այս դերասանները երբ տեսնեն, որ Համազգայինի ընտանիքին մէջ բան մը սորվեցան կամ այս փորձառութիւնը իրենց կեանքի նայուածքին մէջ դրական բան մը աւելցուց, վստահ եմ, ապերախտ պիտի չըլլան, այլ պիտի շարունակեն միշտ մաս կազմել Համազգայինի ընտանիքին: «Իրականութեան մէջ կայ մտահոգութիւն մըն ալ, որ այս երիտասարդական թատերախումբին վերսկսումէն ետք պիտի շարունակուի՞: Ուզեցի անհատական գետնի վրայ ամէն մէկ դերասանի մէջ այս աշխատանքին միջոցով բան մը աւելցնել, որ կապ մը ստեղծուի Համազգայինի հետ»:

Լաւ հաղորդակցութիւն, յաջող աշխատանք

Հրայր Գալեմքէրեան

«Ըսեմ, որ առաջին հերթին շատ աղուոր առիթ մը ներկայացաւ ինծի, երբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը անունս առաջարկեց թատերախումբին բեմադրութեան համար: Գաղտնիք մը ըսած չեմ ըլլար, եթէ խոստովանիմ, թէ սկիզբը վարանեցայ ընդունելու առաջարկը, որովհետեւ, թէեւ բեմադրութիւն եւ շարժանկարչութիւն ուսանած եմ եւ 8 տարեկանէս ի վեր դերեր ստանձնած եմ, բայց մինչեւ այսօր Համազգայինի բեմին վրայ որպէս դերասան ներկայացած եմ: Յամենայն դէպս, զգացի, որ լաւ առիթ մըն է եւ պէտք է օգտագործեմ:

«Առաջին մտածումս եղաւ վարչութեան հետ խորհրդակցիլ, որպէսզի լուսաբանեմ գաղափարներս: Ինծի համար պարզ էր, որ երիտասարդներ պիտի խաղային թատերախաղին մէջ, եւ ոչ թէ մեր երէց դերասանները, որպէսզի նախ առիթ ըլլայ նոր դերասաններու յայտնաբերութեան եւ նաեւ որպէսզի երիտասարդ հանդիսատեսները ներգրաւուին:

«Սկիզբէն թատերախումբ-վարչութիւն համագործակցութիւնը հեզասահ էր, քանի որ մենք շատ լաւ հաղորդակցեցանք, մեր գաղափարները համահունչ էին, հետեւաբար դերասաններուն հետ աշխատանքը սահուն ընթացաւ,- շատ լաւ գիտէի ի՛նչ է ուզածս եւ այդ բոլորը դիւրաւ փոխանցեցի դերասաններուս, այսինքն ոչ մէկ առիթ կար թիւրիմացութիւններու: Առաւել եւս քուլիսային աշխատանքը շատ հեզասահ ընթացաւ, որովհետեւ ամբողջութիւն մըն էր, որ պէտք էր լեցուէր միայն: Ինչպէս կը տեսնէք, տասը օր կայ ներկայացման համար, եւ մենք շատ հանգիստ ու հանդարտ ենք, որովհետեւ աւելորդ ճնշում չունինք: Ամէն ինչ իր ժամանակին տեղի ունեցած է: Աւելորդ յոգնութիւն եւ անտրամադրութիւն չկայ, որ կրնայ գործին վրայ ազդել, եւ ատիկա շատ դրական է»:

Երիտասարդ(ական) թատրոն

Հրայր Գալեմքէրեան

«Կ՛ուզեմ նշել, որ երբ երիտասարդական թատերախումբ կ՛ըսենք, նկատի ունինք երիտասարդ բեմադրիչ, երիտասարդ դերասաններ եւ երիտասարդ արտադրիչներ:

«Եթէ տարիքային սահմանումով պիտի նայինք, դերասաններուն մէջ ունինք 14 տարեկան, ատկէ ետք 17, 18 տարեկան մինչեւ 30 տարեկան երիտասարդ: Ասոնց կողքին մեր որմազդի, բեմայարդարման եւ թարգմանչական գործերը տանողները բոլորն ալ երիտասարդներ են: Շատ աղուոր առիթ մըն էր, որ բոլորն ալ` իրենց վստահուած գործին մասնագէտ երիտասարդներ, քով-քովի գալով գործ մը մէջտեղ բերին, եւ հետաքրքրական երեւոյթ էր, որ բոլորն ալ իրենց մասնագիտութիւնը ի գործ դրին Համազգայինին համար:

«Աշխատանքը սկսաւ փետրուարի կէսերուն: Դերասաններու խնդիր ունէինք, ինչպէս վերը նշեցի, մանաւանդ գլխաւոր կերպարին` Լեոնի գծով: Լեոնին դերը աւելի աշխատանք կը պահանջէ` տրուած ըլլալով, որ տողերը աւելի են, ուրեմն այս մէկը փորձառու դերասանի կը կարօտի: Առաջին հանգրուանին փորձեցի փորձառու երիտասարդ դերասաններ գտնել, բայց դժբախտաբար չիրականացաւ: Յետոյ գտանք Շահէն Արապօղլեանը, որ բեմական քանի մը փորձառութիւն ունեցած է, բայց շատ լաւ ձեւով կրցաւ մարմնաւորել Լեոնը, եւ շատ ուրախ եմ ատոր համար:

«Լեոնի դերին համար դիմած էի նախկին «Արեգ»-ական Խաժակ Աբէլեանին, որ բազմազբաղութեան պատճառով մերժեց դեր ստանձնել, բայց առաջարկեց որմազդի պատրաստութիւնը կատարել: Բեմայարդարումը Արին Աբրահամեանը կատարել: Երաժշտութիւնը նախընտրեցի ես ընել, քանի որ թատրոնի մէջ երաժշտութեան իրագործումը շատ կարեւոր է, ըլլայ ատիկա անցումային գետնի վրայ կամ այլտեղ, իսկ լոյսի սարքաւորումն ալ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին է:

«Հետաքրքրական էր ինծի համար, որ թատերական բեմայարդարման համար դերասանները, խանդավառ գործընթացէն, կամաւորաբար իրենք տրամադրեցին պէտք եղած իրերը, առանց իրենցմէ պահանջուած ըլլալ այդ մէկը: Ասիկա ուրախութիւն էր ինծի համար, իսկ դերասանուհիներէն Հերմինէ Նիւրբեթլեանն ալ կամաւորաբար ստանձնեց շուքերով գծագրութիւններու պատրաստութիւնը, որոնք բեմին վրայ պիտի ներկայացուին եւ քանի որ նիւթէն տեղեակ է, շատ գեղեցիկ ձեւով համընկնեցաւ նիւթին:

«Ուրախ եմ, որ աշխատանքը այսպէս ամբողջացաւ: Գիտէ՞ք, միշտ կը պատահի, որ աշխատանքը պահանջողները եւ կատարողները նոյն անձերը չըլլան, եւ բեմադրիչը դժուարութիւն ունենայ իր պատկերացումը հաղորդելու: Մեր պարագային, թէ՛ վարչութեան, եւ թէ քուլիսային աշխատանքներուն մէջ ամէն գործ լիուլին կատարուեցաւ, եւ այդ մէկը բնականաբար դրական ձեւով կ՛արտացոլայ գործին աւարտին` բեմին վրայ:

«Կ՛ուզեմ բան մը եւս ըսել. ընտանեկան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ թատերախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ անդամներուն եւ վարչութեան միջեւ: Բայց ամէնէն շատ ընտանեկան մթնոլորտը դերասաններուս միջեւ պիտի երեւի թատերական ոճիս վրայ: Առաջին փորձառութիւնս է նման թատերական բեմադրութեան մէջ, եւ այդ մէկը իր սահմանափակումները ունին: Դերասաններուս կարողութիւններն ալ իրենց սահմանափակումները ունին: Այս բոլորը ոճ մը մէջտեղ բերին, որ ես գալով չպարտադրեցի, այդ ալ ձեւով մը ժողովուրդին ցոյց տալն է, որ բեմին վրայ թատրոն մը տեղի կ՛ունենայ: Նկատի առնելով, որ թատերախումբը երիտասարդական է եւ նոր է, մենք ժողովուրդին սխալ տպաւորութիւնը պիտի չտանք, որ բեմին վրայ խաղցուածը թատրոն չէ եւ կեանք է: Մեր հագուստներուն եւ բեմայարդարման ետին պիտի չպահուըտինք մենք: Մեր բոլորին ձեւով մը «նոր» ըլլալը կրցայ դրական օգտագործել, եւ ատիկա գեղագիտական առումով իր տեղը կրնայ ունենալ»:

Ինչո՛ւ Հրայր Գալէմքերեան

Մարտիկ Տէմիրճեան

«Ինչո՞ւ Հրայր Գալէմքերեանը ընտրեցինք: Ինչու ո՛չ:

Անցնող տարիներուն Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերական խումբը միշտ կը համագործակցէր բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ: Այս տարի Տէր Ղուկասեան խնդրեց, որ զինք նկատի չառնենք շրջանի մը համար` բազմազբաղութեան պատճառով: Թատերական խումբերը ընդհանրապէս իրենց մնայուն բեմադրիչները կ՛ունենան, ինչպէս նախապէս Վարուժան Խըտշեանի տարիներուն եղած է, աւելի ուշ Ժորժ Սարգիսեանի եւ այլն, բայց Տէր Ղուկասեան այս իմաստով որոշ հասկացողութիւն մը ունի եւ խնդիր մը չի տեսներ որոշ ժանրի, որոշ բեմադրութիւններու համար տարբեր բեմադրիչներու հետ համագործակցիլը: Թէեւ կրնամ ըսել, որ լիբանանահայ թատերական ոլորտին համար տարբեր բեմադրիչներու հետ համագործակցիլ հասկացողութիւնը քիչ մը շքեղութիւն է, քանի որ այդ մեծ կարելիութիւնները չունինք:

«Այս կացութիւնը մեզի Հրայր Գալեմքէրեանին տարաւ: Զինք կը ճանչնայինք արդէն «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբէն, աւելի ուշ «Գասպար Իփէկեան»-էն, ինչպէս նաեւ ան ունի բեմադրական եւ շարժանկարչական ուսում, ուրեմն ոչ մէկ բան երկու անգամ մտածել կու տար իր անունին ընտրութեան համար: «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը վստահութիւն եւ գնահատանք ունի Հրայր Գալեմքէրեանին հանդէպ, եւ արդէն կը շօշափենք իր յաջողութիւնը ու օրեր ետք հանդիսատեսն ալ պիտի տեսնէ ատիկա:

«Ըսեմ, որ թատերախումբիս երիտասարդական ըլլալու հանգամանքը նոր չէ, մենք շուրջ 25-30 տարի առաջ ունեցած ենք երիտասարդական բնոյթի ներկայացումներ, բայց թէ որքանո՛վ մնայուն վիճակ մը կը ստանայ երիտասարդական թատերախումբի այս անգամուան փորձը, չեմ գիտեր:

«Մարտահրաւէրներ միշտ եղած են, եւ մենք ալ հաւանաբար լուրջ խնդիր ունինք ժամանակի առումով: Վերջերս Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով արտայայտուած միտքերը կը խօսէին երիտասարդներու տագնապի գոյութեան մասին: Տագնապ ունինք ժամանակակից ըլլալու եւ հինին մէջ չմնալու առումով:

«Ճիշդ է, որ Համազգայինը վերջին տասնամեակներուն Վիգէն Ստեփանեանի, Յասմիկ Պէրթիզլեանի, Դաւիթ Յակոբեանի, Ռոպերթ Առաքելեանի հովանիին տակ երեխաներու պատանիներ բեմ բարձրացուցած է, եւ աշխատանք տարուած է այդ առումով, բայց այս երիտասարդական թատերախումբին պարագային մարտահրաւէրները տարբեր են:

«Իսկ ինչո՞վ կը բնորոշէ թատերախումբին երիտասարդական ըլլալը, ի՞նչ ըսել է երիտասարդական ըլլալ, եթէ այս թատերական կտորը առնէր ոչ երիտասարդ մը, ինչո՞վ պիտի տարբերէր® հարցումներ են, գիտե՞ս:

«Հրայրին ըսածները ինծի կը յուշեն, որ բոլոր արուեստներու գործերը պէտք է չակերտուած երիտասարդական ըլլան խորքին մէջ, այս պարագային հասկնալով ժամանակակից, երիտասարդին խօսող: Այսօրուան գործող մարդը երիտասարդն է, որ ամէնէն շատ այսօրուան քու խնդիրներդ կը տեսնէ: Եթէ արուեստը այդ ցոյց չի տար, ուրեմն կը ձախողի: Որքան ալ գեղեցիկ ըլլան մեր անցեալի արժէքները, մենք կը դատապարտուինք լճացումի, եթէ չգիտնանք թարմանալ: Այս չի նշանակեր, որ անցեալին մեզի հրամցուած արուեստը արժէք մը չեն, բայց եթէ անոնք այսօրուան երիտասարդութիւնը չեն հետաքրքրեր, ուրեմն պէտք է թարմացուին: Մենք պարտաւոր ենք այսօր երիտասարդական ըլլալ ա՛յս իմաստով` բեմադրական ոճով, երիտասարդները ներգրաւելու ձեւերով: Թատրոնը այն արուեստն է, որուն մէջ խնդիր կայ, եւ կռիւ գոյութիւն ունի: Ատոր համար թատրոնը պէտք է կարենայ ժողովուրդին յառաջապահ ձեւով գեղեցիկին եւ արժէքաւորին տեսութեամբ ու ընկալումով դաստիարակել: Եթէ ասիկա չկարենանք ընել, դատապարտուած կ՛ըլլանք լճացման:

«Այսօր մենք լաւատեղեակ ենք Լիբանանի մեր թատրոններուն դժուարութիւններէն: Հոն գոյութիւն ունին ժողովուրդին որոշ գեղարուեստական մակարդակ մը հրամցնելու եւ ժողովուրդին իբր թէ մօտ ըլլալու համար որոշ մակարդակէ զուրկ գործեր հրամցնելու, եւ գիտէք, թէ վերջինս ինչ աւերներ կը գործէ մեր հոգեզարգացման մէջ:

Բայց միւս գեղեցիկը եւ ժամանակիցն ալ տուողը չկայ, ո՛չ իբրեւ թատերական գործ եւ ոչ ալ իբրեւ թատերական բեմադրութիւն: Ահա ա՛յս մարտահրաւէրն է, որ, կը կարծեմ, իբրեւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ, մեր առջեւ կը դրուի: Կ՛ենթադրեմ, որ բոլոր թատերախումբերուն համար ալ նման հարցեր գոյութիւն ունին: Ասիկա մնայուն պայքար մըն է, զոր կը տանին: Վերջաւորութեան այս խնդիրը կապուած է մասնագիտական մօտեցումին հետ, եւ մենք այսօր դժբախտաբար մասնագիտական ըլլալու դժուարութեան մէջ ենք:

«Եթէ մենք մեր հայ կեանքին մէջ, մեր հայ թատրերգութեան մէջ չկարենանք այս կացութիւնը շրջանցել եւ այսօրուան խնդիրները արծարծել, թէկուզ, ինչո՛ւ ոչ, միջազգային թատրերգութիւններու թարգմանութիւններու ճամբով, խնդիրները կը մնան նոյնը, եւ մենք ալ լճացած:

«Այսօրուան խնդիրը ժամանակակից ըլլալն է, եւ երբ ժամանակակից չենք կրնար ըլլալ, եթէ երիտասարդ տարրը ամբողջական առումով մեր բոլոր մարզերուն մէջ գալով ղեկավարի դեր չի ստանձներ մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ, ատիկա ընկերային մեծ հարցեր կը յառաջացնէ: Երիտասարդը ինք գիտէ երիտասարդին պահանջը, արուեստի մէջ ալ, այլապէս ալ: Անշուշտ ասիկա բացարձակապէս պէտք չէ հասկնալ որպէս անցեալի արժէքներու անտեսում, բացարձակապէս ոչ,- անցեալի արժէքը կայ, կը մնայ արժէք, ատոր վրայ երիտասարդը կու գայ նորը կ՛աւելցնէ: Այսինքն այսօր  անկարելի է 50 տարի առաջ բեմադրուած գործ մը բեմադրել կամ նոյն ձեւով բեմադրել: Անշուշտ այդ գործը եւ մարդիկը արժէք ըլլալէ չեն դադրիր, բայց այսօրուան թատրոնին պահանջները չեն գոհացներ:

«Այսօրուան թատրոնը պիտի ընէ այն երիտասարդը, որ ժամանակը կ՛ապրի եւ կը զգայ հոգիով ու մարմնով: Ես կը կարծեմ, թէ այդպէս մեր առաքելութեան հասած կ՛ըլլանք: Եթէ այս հանգրուանին իրապէս այդ մթնոլորտը կարենանք ստեղծել, երիտասարդներ հաւաքել մեր շուրջը, մեր այս պարագային թատերախումբի եւ ընդհանրապէս մեր ազգային կեանքի բնագաւառներու մէջ, անոնք պէտք է առաջնորդի դերը ստանձնեն:

«Չեմ յիշեր ճիշդ երբ, վերջերս Երուանդ Փամպուքեանը իր խօսքը հետեւեալ ձեւով աւարտած եւ ի պատիւ իրեն կ՛ըսեմ. «Մենք շատ բան ունինք սորվելիք երիտասարդներէն»: Այսքան:

Հրայր Գալեմքերեանի հարուստ
կենսագրականէն բաժին մը

«Երբ Ճեմարան աւարտեցի 2008-ին, երկու տարի ետք Ֆրանսա գացի, որպէսզի թատերական գիտութիւն ուսանէի: Հոն առաւելաբար տեսութիւններ ուսանեցայ, թատրերգութիւններու ընթերցումներ եւ վերլուծումներ կ՛ընէինք: Բայց ասոր կողքին Ֆրանսայի մէջ բեմադրութեան եւ դերասանութեան այլ պահերու հետեւեցայ եւ ինքզինքս հոն աւելի շատ գտայ: Նոյնիսկ հոն քանի մը ընթերցումներու եւ ներկայացումներու մասնակցեցայ: Լիբանան վերադարձիս Լիբանանեան համալսարանի մէջ շարունակեցի ուսումս եւ ուսումիս երրորդ տարին առիթ ունեցայ դիմելու ու ընդունուելու Ռոպերթ Կէտիկեանի «Une histoire de fou» կամ «Don՛t Tell Me the Boy was Mad» շարժապատկերին եւ նկարահանումին համար ճամբորդեցի Փարիզ, Մարսէյ: Ասիկա մեծ փորձառութիւն մըն էր, որովհետեւ առաջին անգամն ըլլալով ըսենք մասնագիտական գետնի վրայ մասնագէտներու հետ կ՛աշխատէի եւ երկարաժամկէտ շարժապատկերի մը մէջ: Ատոր հետեւանքով հանրածանօթ դերասաններու ծանօթացայ, որոնց հետ մինչեւ հիմա կապի մէջ եմ: Վերադարձիս իմ համալսարանիս երրորդ տարուան ամավերջի աշխատութիւնս բեմադրեցի, որ շարժապատկեր մըն էր «Վարդան» խորագիրով, որ մօտ տասը տեղական փառատօններու շրջեցաւ եւ մրցանակներու տիրացաւ: Ժապաւէնը հայերէնով էր անգլերէն ենթավերնագիրներով եւ ատիկա լաւ երեւոյթ մըն էր եւ տեղական մակարդակի վրայ շատ մեծ անդրադարձ ունեցաւ: Առիթ ունեցաւ ժապաւէնը «Մայամի ֆիլմ ֆեսդիվըլ» փառատօնին մասնակցելու, թէեւ ես անձնապէս ներկայ չգտնուեցայ փառատօնին: Ուրախ եմ, որ «Վարդան» ժապաւէնը Հայաստան ալ ցուցադրուեցաւ: Երկու տարի առաջ Ջիւան Աւետիսեանի հետ Արցախի մէջ «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին պատրաստութեան մասնակցեցայ: Այս լաւ առիթ մըն էր ինծի այս անգամ շարժապատկերի արտադրութեան մէջ փորձառութիւն ձեռք ձգելու, նաեւ նկատի առած Արցախի մէջ նուազագոյն պայմաններով ժապաւէն մը նկարելուն մարտահրաւէրին:

Ատկէ զատ ութը տարեկանէս Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբին մէջ դերեր ստանձնած եմ Վիգէն Ստեփանեանին հետ, որ առաջին բեմադրիչ ուսուցիչս էր, որ սիրել տուաւ այս ասպարէզը, նաեւ Յասմիկ Պէրթիզլեանին բեմադրած գործով բեմ բարձրացած եմ: Պատանեկութեանս ըրած եմ մենախօսութիւններ եւ նախաձեռնած եմ անձնական տարբեր հանրային ցուցադրութիւններ, ինչպէս շուրջ 5 տարի առաջ մեր շէնքին տանիքը ներկայացուցած շուքերով խաղը խումբ մը ընկերներով: Յետոյ անցած եմ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի հետ եւ հիմա ալ բեմադրութին կ՛ընեմ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>