Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Սողոմոն Թեհլիրեանի Կիսանդրիի Բացման Օրուան Բանախօս Լեւոն Աւետանեանի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

15 մարտ 1921-ին Գերմանիոյ Պերլին քաղաքի «Հարտենպերկ շթրասսէ» պողոտային վրայ գնդակ մը որոտաց: 21-ամեայ Սողոմոն Թեհլիրեան մէկ փամփուշտով գետին փռեց հայ ժողովուրդի արեւմտեան հատուածի հայրենահանութեան ու ցեղասպանութեան հիմնական պատասխանատուներէն, օրին Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան: Թեհլիրեանի այս արարքը մէկն էր միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան յղացած ու իրականացուցած «Նեմեսիս» պատժական գործողութենէն. այսուհանդերձ, ասիկա բաւարար էր հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ կերտելու Թեհլիրեանի առասպելը, զինք դասելու հերոսներու, իսկակա՛ն ազգային հերոսներու շարքին:

Այդ օրհնաբեր օրէն սկսեալ սերունդներ դաստիարակուեցան Թեհլիրեանի օրինակով, գրական գործեր ստեղծուեցան անոր արարքը յաւերժացնող, երգեր հիւսուեցան անոր պատուին, Դաշնակցութեան ակումբներ օծուեցան անոր անունով:

Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է Երզնկայի մօտ` Ներքին Բագառիճ գիւղը, 1896-ին: Երբ կը բռնկի Համաշխարհային Ա. պատերազմը, հազիւ 18 տարեկան երիտասարդ Սողոմոն կը փութայ Թիֆլիս եւ կը միանայ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող կամաւորական Ա. գունդին: Չորս տարուան կամաւորական իր այս ծառայութիւնը դրուագ առ դրուագ պիտի կերտէր Սողոմոն Թեհլիրեանի` դաշնակցական մարտիկի կերպարը:

1915-ի յունիսին Թեհլիրեան հայ կամաւորներու հետ մուտք գործեց Վան եւ ականատես եղաւ տեղւոյն հայութեան բռնագաղթին: Սեբաստացի Մուրատին հետ 1916-ին, դարձեալ որպէս կամաւոր, հասաւ իր ծննդավայր Երզնկա: Երզնկայի մէջ Սողոմոնի ընտանիքէն ոչ մէկ անդամ փրկուած էր թրքական եաթաղանէն: Սպաննուած էին` մայրը, եղբայրը եւ Սողոմոնի գերդաստանի 85 այլ անդամներ: Հարազատներուն եւ ընդհանրապէս հայութեան կոտորածն ու պատմական հայրենիքի աւերումն ու կորուստը ցասումի, արդար դատաստանի ու վրէժի անհրաժեշտութեան զգացումով պատեցին Թեհլիրեանի միտքն ու հոգին:

1917-ին Թեհլիրեան անցաւ Կովկաս, ուր զբաղեցաւ արեւմտահայ գաղթական որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքով: Ապրիլ 1918-ին Սարըղամիշի մօտ թուրքերու դէմ մղուած մարտերուն Թեհլիրեան վիրաւորուեցաւ եւ ապաքինման համար տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս: Ապա անցաւ Պոլիս, ուր ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով ապրիլ 1920-ին կատարեց ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը` մահապատիժի ենթարկելով Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ, մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որուն կազմած «սեւ ցուցակ»-ի հիման վրայ ապրիլի 24-ին կատարուած էր հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւնը:

1919-ի աշնան Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը որոշած էր մահապատիժի ենթարկել Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական պատասխանատուները: Արմէն Գարոյի եւ Շահան Նաթալիի գլխաւորութեամբ կազմուած էր յատուկ մարմին` ծրագրելու, կազմակերպելու եւ գործադրելու համար Դաշնակցութեան որոշումը` «Նեմեսիս» գործողութիւնը:

Եւ ինչպէս յեղափոխական երգը կ՛ըսէ` «Թեհլիրեանի բախտը բացուեց»: Յայտնի է, որ իթթիհատական պարագլուխները ահաբեկելու կոչուած մարտիկները ընտրուած էին վիճակաձգութեամբ: Թեհլիրեանին բաժին ելած էր Թալէաթը:

Թեհլիրեան ուղեւորուեցաւ Ժընեւ, ապա Պերլին, ու 15 մարտ 1921-ին կատարելապէս իրագործեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը:  Այսպիսով, Սողոմոն Թեհլիրեան դարձաւ Դաշնակցութեան արդարադատ բազուկը` նոյնինքն նեմեսիսը: Ընդամէնը երկու օր տեւած դատավարութենէն ետք ան անպարտ հռչակուեցաւ: Թեհլիրեան իսկոյն բնակութիւն հաստատեց Պելկրատի, ապա կարճ ժամանակամիջոցի մը համար Փարիզի մէջ, ի վերջոյ  հաստատուելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր մասնակցեցաւ Դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքին մինչեւ իր մահը` 23 մայիս 1960:

Թեհլիրեանը իբրեւ բարոյական ու գաղափարական կերպար եւ անոր երկու հիմնական արարքները` դաւաճան ու մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանի ու հրէշ Թալէաթի ահաբեկումները, իբրեւ յեղափոխական արարքներ, այժմէական են նաեւ մեր ժամանակներուն համար:

Այսօր եւս, դժբախտաբար, մեր հայկական իրականութեան մէջ տակաւին կան օտարին ու անոր շահերուն գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար ծառայութիւն մատուցող մոլորեալներ:

Այսօր եւս Թուրքիան եւ իր արիւնակից Ազրպէյճանը տակաւին կը շարունակեն փայփայել ու սերունդներ սնուցանել Թալէաթ-Էնվեր-Ճեմալական ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած երազներով: Բարեբախտաբար հայկական իրականութիւնը երբեք չէ զգացած եւ այսօր ալ չի զգար բացակայութիւնը նորանոր Թեհլիրեաններու եւ նեմեսիսներու: 2016-ի արցախեան քառօրեայ պատերազմին հայորդիք կ՛երթային Արցախ` կամաւոր գրուելու, այնպէս` ինչպէս Թեհլիրեան հարիւր տարի առաջ կ՛երթար Թիֆլիս կամաւոր գրուելու:

Այսօր ու ապագային եւս հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթը յառաջ պիտի մղուի ու յաղթական աւարտի պիտի հասնի Թեհլիրեանի նման վճռական, պահանջատէր, կարգապահ ու միաժամանակ համեստ, վեհանձն ու անձնուրաց կամաւորներու, զէնքի թէ գրչի մարտիկներու գործերով:

«Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ընկերները իրենց ժողովներով յաճախ յայտնած են այս ակումբէն ներս Թեհլիրեանի կիսանդրի մը կանգնեցուած տեսնելու փափաքը: Ահա այսօր այդ փափաքը կը դառնայ իրականութիւն:

Դաշնակցութեան այլ տիտան մը` Կարօ Սասունի հետեւեալը կը պատգամէ Դաշնակցութեան ակումբին մասին. «Դաշնակցութեան ակումբը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, որքան ալ անշուք ըլլայ, հաւատքի բերդ մըն է, հայրենի հարազատ տուն մը, ուր մտնողները կը շրջապատուին մեր պատմութեան փառքը կերտող հերոսներու ոգիներով»:

Իրաւամբ, տասնամեակներու ընթացքին, Թեհլիրեան ակումբի յարկին տակ իրենց կազմակերպական խմորումն ու զարգացումը ապրած ու իրենց միութենական ու կուսակցական գործունէութիւնը ծաւալած պատանիներ, ԼԵՄ-ականներ ու կուսակցականներ այս ակումբը նկատած են Թեհլիրեանի եւ մնացեալ նեմեսիսներու հաւատքի բերդը, զգացած են մեր պատմութեան փառքը կերտող Թեհլիրեաններու ոգիներուն հարազատութիւնը, հաղորդուած են անոնցմով:

Մինչ մենք այսօր, այս սրահին մէջ կը հաստատենք մեծ վրիժառուին կիսանդրին, իրենց սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ Թեհլիրեանի մէկական յուշարձաններ արդէն իսկ կանգնեցուցած էին` Վաչէ Տաղլեանը, Մհեր Ջուլհաճեանը, Վիգէն Գուլաճեանը, Գէորգ Աշճեանը, Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանը ու իրենց կեանքը ազգին մատաղ ըրած բոլոր թեհլիրեանականները:

Ու աւանդութիւնը բնական ձեւով պիտի շարունակուի: Երիտասարդ թեհլիրեանականները, այս ակումբին մէջ, նոյնինքն Թեհլիրեանի պահանջկոտ հայեացքին տակ, պիտի դաստիարակուին ու կազմաւորուին նոյն այն ոգիով, որ Թեհլիրեանը երբեմն դարձուցած էր ֆետայի, երբեմն կամաւորական զինուոր, երբեմն հայահաւաք աշխատանք ծաւալած ազգային գործիչ, ապա բառին ազնուագոյն իմաստով` ահաբեկիչ, ու վերջապէս` շարքային օրինակելի կուսակցական:

Այսպէս, երիտասարդ թեհլիրեանականները կոչուած են ըլլալու առաջամարտիկները այն սերունդին, որ պիտի ամբողջացնէ Թեհլիրեանով եւ «Նեմեսիս»-ով սկսած, սակայն տակաւին իր արդար լուծումին չհասած հայկական պահանջատիրութիւնը:

5 մայիս 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles