Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հարցազրոյց Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի Հետ. «Ամէն Արուեստագէտ Կատարեալին Կը Ձգտի»

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:

Գրիգոր Ակոբեան մասնակցած է 58 ցուցահանդէսներու եւ արժանացած միջազգային պատուոյ շքանշաններու: Անոր գործերը կը յատկանշուին իրենց հարուստ ու խօսուն բովանդակութեամբ: Այս ցուցահանդէսին առիթով «Ազդակ» արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանին հետ  ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 3 յունիս 2017, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին  մասին Գրիգոր Ակոբեան ըսաւ, որ որոշ վերնագիր մը չունի ցուցահանդէսը: Անիկա տարիներու աշխատանքի արդիւնք է: Գրիգոր Ակոբեան յայտնեց, որ պատկերներուն տակ նշուած թուականները կը խօսին միայն աշխատանքի աւարտին մասին, բայց շատ անգամ գործը քանի մը տարի առաջ սկիզբ առած կ՛ըլլայ:

Խօսելով աշխատանքի ընթացքին մասին` արուեստագէտը ըսաւ, որ ինք գերիրապաշտ արուեստագէտ է: Նախ միտքին մէջ կը գծէ, յետոյ երբ ճերմակ պաստառին կը նայի, արդէն կը տեսնէ արտացոլուած պատկերը:  Ան իր զգացումները եւ յոյզերը կը դնէ պատկերին վրայ, ապա կ՛աշխատի աւարտել զայն, ինչ որ շատ աւելի ժամանակ կ՛առնէ, որովհետեւ գաղափարը պաստառին տրուելէն ետք,  երեւակայութիւնն ալ պէտք է իր ներգործութիւնը ունենայ: «Պատկերին գեղագիտական հաւասարակշռութիւնն ալ կարեւոր է», ըսաւ ան, ապա նշեց, որ սկսիլը շատ դիւրին է, դժուարը կանգ առնելն է, որ զգացումով կու գայ եւ տարիներու փորձառութեամբ: Գեղանկարիչը պէտք է գիտնայ, թէ ե՛րբ պէտք է աւարտէ պատկերը:

Գրիգոր Ակոբեան յայտնեց նաեւ, որ իր գործերը բանականութեան մասին են: Ամէն մէկ պատկերի ետին պատմութիւն մը կայ:  «Ընդհանուր զարգացում ունեցող մարդիկ դիւրաւ կը հասկնան գործերս, որոնք երբեք յարդարանքի եւ բարեզարդման համար չեն եղած: Գործերս լեցուն են մանրամասնութիւններով, այո՛, որովհետեւ կեանքը ինքնին մանրամասնութիւններէ կը կազմուի: Երբ կը կանգնինք պատկերին դիմաց, նախ պէտք է պատկերը խօսի, ապա մենք` պատկերին հետ»:

Գրիգոր Ակոբեան ամէն բանէ աւելի կարեւոր նկատեց գործը: Ան ըսաւ. «Ես ինքնաշխատութեամբ առաջ գացի: Համալսարանի օրերուս, երբ մեզի` ուսանողներուս, կը պարտադրուէր գործ մը տանիլ ուսուցիչին, ես կը տանէի 10 գործ: Ուսուցիչը ամէն մէկ պատկերիս մէկ վայրկեան տրամադրելով տասը վայրկեան ուղղութիւն կու տար  ինծի: Եթէ արուեստ չունիս մէջդ, չես կրնար սորվիլ: Ուղղութիւն կրնաս ստանալ, բայց ինքնաշխատութիւնը շատ կարեւոր է: Ես 8-15 ժամ կը գծեմ եւ չեմ զգար: Որեւէ գործի մէջ պէտք է նուիրուածութիւն եւ հարազատութիւն գոյութիւն ունենայ: Արուեստագէտը պէտք է կարգապահ ըլլայ: Ամէն օր պիտի նստի եւ մուսաները դրդէ, որ գան. իսկ երբ մարդ մտածէ, թէ «ի՞նչ պիտի ընեմ», բան չի կրնար ընել: «Ի՞նչ պիտի ընեմ»-էն առաջ պէտք է մարդ գիտնայ ընելիքը: Արուեստագէտը իր գաղափարները պիտի զարգացնէ եւ  առաջ տանի: Օրինակ` ես 100 հատ նուռ գծած եմ եւ 100-րդը շատ աւելի յաջող դուրս եկած էր, որովհետեւ կատարեալին հասած էր: Ամէն արուեստագէտ կատարեալին կը ձգտի»:

Ան կարեւոր նկատեց ժողովուրդի մը քաջալերանքն ու նեցուկը արուեստագէտներուն, որպէսզի անոնք մեծ յաջողութիւններ արձանագրեն եւ բարձրանան:

Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեան իր փորձառութենէն մեկնելով ըսաւ, որ մարդ իր անձին պէտք է  հաւատայ, արուեստագէտները պէտք չէ համեմատեն իրենց գործերը ուրիշներուն հետ: Ամէն գեղանկարիչ իր գործերը պիտի համեմատէ, բաղդատէ, թէ ո՛ւր էր եւ ո՛ւր հասաւ: Եթէ 15 տարիէ նոյն գործը կ՛ընէ, կը նշանակէ արդիւնք չի տար: 15 տարի գեղանկարիչը նոյն գործը կրնայ ընել կատարեալին հասցնելով գործը, գործը ուսումնասիրելով: «Այս օրերուն արուեստագէտները արագ կ՛աշխատին, որ ճիշդ չէ. արագ գծել կարելի է, երբ գաղափարդ փորձառութիւն ըրած ես: Գործեր ունիմ քանի մը  վայրկեան ժամանակ կ՛առնեն, բայց 30 տարուան փորձ ունիմ այդ քանի մը վայրկեանին ետին»:

Գրիգոր Ակոբեան եզրափակեց զրոյցը ըսելով, որ եթէ գործի մը մէջ ոգեղինութիւն եւ զգացական բան չկայ, գործը կը մարի: «Ես ամէն օր նոր բան կը յայտնաբերեմ եւ կը սորվիմ, որքան գծես այնքան շատ կը սորվիս: Մարդ պիտի չվախնայ սխալելէ: Սխալը նոր աշխատանքով պէտք է սրբագրել: Սխալներովդ պիտի սորվիս, եթէ չես աշխատիր, սխալ չես ըներ ու չես սորվիր. դպրոցը միայն ուղղութիւն կու տայ: Ամէն մէկ պատկեր ինծի համար վերանորոգուելու առիթ մըն է, նոր ուժ կու տայ, ապրելու նոր եռանդ: Ամէն մէկ պատկեր նոր կեանք մըն է ինծի համար. կեանքիս շարունակութիւնն են գեղանկարներս, որոնք յաջորդականութիւն ունին», ընդգծեց ան:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>