Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Նոր Ջուղա
Գէորգ Ստեփանեանի «Համազասպ» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, վերջերս Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայ գաղթօճախներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեանի «Համազասպ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Թորոսեան դրուատեց հեղինակին կատարած լայնածաւալ աշխատանքը` շեշտելով, որ գիրքը կը ծառայէ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ 17 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած սոյն գիրքի շնորհահանդէսի տեսերիզէն հատուած մը:
Յաջորդաբար խօսք առին Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս դոկտոր-փրոֆեսէօր Ալպերթ Խարատեան, որ հաստատեց, թէ գիրքը կ՛ընդգրկէ վիթխարի փաստեր եւ արխիւային նիւթեր, եւ անդրադարձաւ հեղինակին կատարած տքնաջան աշխատանքին` աւելցնելով, որ փաստավաւերագրական այս հաստածաւալ գիրքը ունի շատ ճկուն զարգացում եւ ճոխ լեզու:
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Աւետիս Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ թուեց Գէորգ Ստեփանեանի իրագործած շարք մը աշխատութիւնները, որոնց մէջ լուսարձակի տակ առնուած են 1918-1920 թուականներուն Գանձակի եւ Պաքուի մէջ իրականացուած հայերու ցեղասպանութիւնը եւ ինքնապաշտպանական մարտերը: Ան նաեւ անդրադարձաւ գիրքի եօթը գլուխներու բովանդակութեան, ուր ներկայացուած են հերոսի կեանքին եւ գործունէութեան զանազան ժամանակաշրջանները:
Աւարտին խօսք առաւ հեղինակը, որ նշեց, թէ նիւթերը հաւաքելու եւ ուսումնասիրելու ընթացքին հանդիպած է մեծ դժուարութիւններու: Ան անդրադարձաւ նաեւ հերոսի կեանքին ու գործունէութեան:
Յունաստան
Պարախումբերու Հաւաք
6 մայիսին Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարախումբերու հաւաք եւ գեղարուեստական երեկոյ:
«Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի անդամ Լիլիթ Շահզատէեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայ մշակոյթի կարեւորութեան վրայ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Պուլկարիոյ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ համայնքի պարախումբը, Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը, նաեւ` շաբաթօրեայ «Մալաքեան-Գասպարեան» վարժարանի պարախումբը, որոնք ներկայացուցին հայ մշակոյթի գերագոյն արժէքներէն մին` հայ պարը:
Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ սոյն ձեռնարկը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին դիմագիծը` աւելցնելով, որ հայ ազգը այսօր կրկին անգամ ցոյց կու տայ, թէ պատրա՛ստ է պահպանելու իր հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային արժէքները: Ան բարձր գնահատեց պարախումբերուն կատարումները եւ պարուսոյցներուն տարած աշխատանքը` յորդորելով բոլորը, որ միշտ բարձր պահեն հայ մշակոյթը եւ հայ պարը:
Միացեալ Նահանգներ
Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսի «Ահա Կինը» Հատորին Շնորհահանդէսը
Նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, 2 ապրիլին Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսի հեղինակած «Ահա կինը» գիրքին գինեձօնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ ներկայացուց նաեւ յայտագիրին մասնակցողներուն կենսագրականները:
Հատորը ներկայացուց ՀԲԸՄ «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանի ուսուցչուհի Ռոզալին Մատոյեան, որ անդրադարձաւ նաեւ հատորին հրատարակման դրդապատճառներուն, կնոջ կազմուածքի տարբեր դերերուն, ներողամտութեան եւ սիրոյ մասին:
Ապա երախտագիտութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ հատորին հեղինակը` Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսը, որմէ ետք Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան իր պատգամին մէջ հանդիսականներուն ուշադրութեան յանձնեց նմանատիպ գիրքերու ճշմարիտ տեղն ու դիրքը, ապա դրուատելով հեղինակն ու ներկայացնողը` օրհնեց անոնց իրականացուցած օգտակար աշխատանքը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին կատարուեցաւ գիրքին գինեձօնը:
Դասախօսութիւն` Սուրիոյ Հայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներուն Մասին
Նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին, 11 մայիսին, Կլենտէյլի Տարեցներու վերակենսաւորման կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական հանդիպում մը` նիւթ ունենալով Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Օրուան հանդիսավար, Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի վարչութեան անդամ Սոնա Մատարեան առաջին հերթին հրաւիրեց Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի վարչութեան մէջ թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը` զեկուցելու Անթիլիասի մէջ ապրիլ ամսուան աւարտին տեղի ունեցած ժողովին մասին: Տէր Յովհաննէսեան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ 29 ապրիլին կայացած ժողովին մասին, որ համախմբած էր Ս. Աթոռոյս թեմերու եւ գաղութային ներկայացուցիչները` քննարկելու համար մասնաւորաբար Հալէպի այժմու վիճակը եւ մշակելու յառաջիկայ փուլի ծրագիրները:
Օրուան դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան իր դասախօսութեան որպէս խորագիր ունենալով «Դիմադրականութիւն, գաղթ եւ վերադարձ. Սուրիոյ հայութեան դիմաց կանգնող մարտահրաւէրներ»-ը` ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ վիճակուած ահաւոր տագնապին, որ իր համապատասխան ազդեցութիւնը ունեցաւ երկրի հայկական գաղութին ու մասնաւորաբար Հալէպի շրջանին վրայ: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ կողմէ դար մը առաջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան հետեւողութեամբ դէպքեր արձանագրուեցան ու կը շարունակուին այդ երկրին մէջ: Թէեւ Հալէպի վիճակը որոշ բարելաւում արձանագրած է, սակայն ապահովութեան ու տնտեսական-ընկերային տագնապները չեն փարատած: Ան նաեւ նշեց, որ հայութեան զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի աղէտահար մեր գաղութին, որպէսզի անիկա կարենայ վերագտնել իր կենսունակ վիճակը:
«Վերջին Բնակիչը» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը
Նախաձեռնութեամբ Արցախի արուեստներու եւ մշակոյթի կազմակերպութեան, 7 ապրիլին, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի բեմադրած «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 700 հանդիսատեսներու:
Ժապաւէնը նկարահանուած է Արցախի մէջ եւ պատմութիւնն է 70-ամեայ քարտաշի մը` Աբգարին, որ Արցախի պատերազմի առաջին օրերուն վերջին հայն էր իր գիւղին մէջ, ուր կը մնար որոնելու համար իր դուստրը, որ Սումկայիթի ջարդերու իրարանցումին մէջ անհետացած էր: Անոր կ՛օգնէ իր դրացի Իպրահիմը, եւ այդ օգնութեան փոխարէն` Աբգար կը ստանձնէ գիւղի մզկիթի ճակատին վրայ պատգամ մը փորագրելու պարտականութիւնը:
«Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին երաժշտութիւնը գրած է ամերիկահայ երգիչ, երգահան եւ «ՍԻՍԹԸՄ ԱՖ Է ՏԱՈՒՆ» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան, որ այդ օր Հայաստան գտնուելով` հեռակայ կապով ըսաւ իր խօսքը:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք Արցախի արուեստներու եւ մշակոյթի կազմակերպութեան ատենապետ Կարօ Մատենլեան եւ ժապաւէնի գործադիր արտադրող Ատրինէ Միրզայեան բացատրութիւններ տուին ժապաւէնի արտադրութեան մասին` նկատել տալով, որ անիկա «Կոլտըն կլոպ»-ի այս տարուան օտար ժապաւէններու համար ներկայացուած 85 ժապաւէններէն մէկն էր եւ այն քիչերէն, որուն մասին յօդուած տեղադրուած էր «Կոլտըն կլոպ»-ի կայքին վրայ (www.goldenglobes.com/articles/last-inhabitant-armenia ):
Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ժապաւէնի յաջողութեան: Ան նշեց, որ արդէն իսկ դրամահաւաքի եւ արտադրութեան նախնական աշխատանքներ կը կատարուին իր յաջորդ ժապաւէնին` «Դրախտի դարպաս»-ին («Gate to Heaven») համար, որուն պատրաստութիւնը կրնայ սկսիլ 2018-ի գարնան` աջակցութեամբ Արցախի արուեստներու եւ մշակոյթի կազմակերպութեան անդամներ` Արթուր Չալըքեանի, Կարօ Մատենլեանի, Ճիւլիէթ Ղասեմեանի, Մարինա Թագւորեանի եւ Նունիկ Թարվերդեանի:
Վարդան Թաշճեանի «Բժիշկ, Հիւանդ Եւ Դեղորայք» Հատորին Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամբ Քալիֆորնիահայ բժշկական միութեան, վերջերս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Վարդան Թաշճեանի «Բժիշկ, հիւանդ եւ դեղորայք» հատորին շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար տոքթ. Սիլվա Քարճիկեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց յայտագիրի մասնակիցները, որմէ ետք Անժէլա Բարսեղեան կարդաց հեղինակին կենսագրականը, իսկ անոր հեղինակած բանաստեղծութիւններու ընթերցումը կատարեցին Մարիէթ Թաշճեան եւ Սեսիլ Քէշիշեան:
Բժիշկ Յարութիւն Արմէնեան խօսեցաւ հատորի բնոյթին ու արժանիքներուն մասին: Ան նշեց, որ հատորի էջերուն մէջ հեղինակը արձանագրած է կեանքի փորձառութիւններէն բխած եզրակացութիւններ ու հաստատումներ, որոնք կ՛արտայայտուին պոռթկումով կամ մտերմիկ ձեւով` լուսարձակի տակ առնելով մարդոց առողջապահութեան հոգածութիւնը յանձն առած բժիշկներու, հիւանդանոցներու եւ դեղի արտադրիչներու առաքելութեան անյարիր վարմունքները, որոնց զոհ կ՛երթայ հանրութիւնը: Տոքթ. Արմէնեան անձնական յուշերու ճամբով խօսեցաւ բժիշկ Թաշճեանի կերտած ճամբուն մասին` նշելով, որ մասնագիտական ասպարէզին կողքին, ան ունի ազգային ծառայութիւն` սկսելով Պէյրութէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նշենք, որ խորհրդարանի անդամ Էտըմ Շիֆ գնահատագիր մը յղած էր հեղինակին:
Բժիշկ Արշակ Գազանճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, ապա շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակը:
Աւարտին կատարուեցաւ հատորին գինեձօնը:
Ճէյմս Մելիքեան Կ՛արժանանայ Լոս Անճելըս Գաւառի Գնահատագիրին
18 ապրիլին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի նիստին ընթացքին խորհուրդի անդամներ Ճենիս Հան (4-րդ ընտրատարածք) եւ Քեթրին Պարկըր (4-րդ ընտրատարածք) գնահատագիրով մը մեծարեցին Ճէյմu Մելիքեանը, Քալիֆորնիոյ վարժարաններուն մէջ աւելի սննդարար ճաշեր ապահովելու նպատակով անոր տարած աշխատանքին համար:
Յիշեցնենք, որ նշեալ վերահսկիչներուն առաջարկով խորհուրդը ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակած էր, իսկ 18 ապրիլի նիստին որոշուած էր այդ օրը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակել` սգալու, յիշելու եւ միաժամանակ ողջունելու հայ ժողովուրդին դիմադրականութիւնը:
Այս առիթով վերահսկիչներու խորհուրդը կարգ մը հայ քաղաքացիներ մեծարեց` լուսարձակի տակ առնելով շրջանի հայութեան շինիչ ներդրումները:
Ճէյմu Մելիքեան հիմնադիրն է Քալիֆորնիոյ տարածքին գործող կրթաշրջաններուն սննդարար ուտեստեղէն տրամադրող «Փափքորն մեն» ընկերութեան: Ան նաեւ Ամերիկայի Հայկական համագումարի Հարաւային շրջանի վարչութեան անդամ է եւ կնքահայրերէն մէկն է Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին: Ան նաեւ հիմնադիր անդամներէն է «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին, որուն նուիրած է «Մայր ու որդի» արձանը, որ զետեղուած է թանգարանի մուտքին: Մելիքեան նաեւ 30 տարիներէ ի վեր կը պայքարի Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Տի Արմինիըն Չըրչ» Հատորին Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին, 27 ապրիլին, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի «Տի արմինիըն չըրչ» հատորի շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար Քրիստափոր Միքայէլեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց կաթողիկոսին մտաւորականի յատկանիշներն ու բազմաբեղուն վաստակը, որմէ ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Հրայր Ճերմակեան: Հատորը ներկայացուց Գարեգին քհնյ. Պետուրեան: Ան սահիկներու ցուցադրութեամբ անդրադարձաւ գիրքի բովանդակութեան, անոր մէջ արծարծուած պատմական, եկեղեցագիտական, աստուածաբանական, ծիսագիտական եւ ազգային նիւթերուն` վեր առնելով վեհափառին մտասեւեռումները եւ հատորէն մէջբերելով հատուածներ: Ան նշեց, որ հատորը կը բաղկանայ 10 գլուխներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պատգամ մը ունի ընթերցողին: Ան խօսեցաւ հատորի իւրաքանչիւր գլուխին մասին, որ կը ներկայացնէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, տեղն ու դերը քրիստոնէական եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ, աստուածաբանական իւրայատկութիւնները, գլխաւոր աւանդութիւնները, հաւատամքը, մշակութային աւանդներն ու հարստութիւնները, ընկերային ու դաստիարակչական մարզի մէջ ունեցած առաքելութիւնը, յարաբերութիւնները քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու եւ յարանուանութիւններու հետ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան նկատել տուաւ, որ ներկայիս կը գտնուինք համաշխարհայնացած ընկերութեան, հետեւաբար հարկ է զգուշ ըլլալ եւ պահպանել մեր ինքնութիւնը` հաղորդ ըլլալով ժամանակակից մարտահրաւէրներուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Շնորհահանդէսի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ հաստատեց, թէ սոյն եզակի գիրքը պատրաստուած է այս դարու պահանջներուն համապատասխան, որպէսզի մեր եկեղեցին ծանօթացուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, նաեւ լուսարձակի տակ առնուին այսօրուան մարտահրաւէրները: Առաջնորդը նշեց, որ հատորին մէջ վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտած է բարենորոգման եւ Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան անհրաժեշտութիւնը, որ օր ըստ օրէ մեծ հրամայական կը դառնայ Հայ եկեղեցւոյ ու ազգին համար:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ: