ԷՎԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Լսած էի հարկաւ Սելինա Տողան անունը: Կարօ Փայլանի հետ թրքական խորհրդարանին մէջ հայութեան անունը լսելի դարձնող, այլեւ` հայոց իրաւունքներուն մասին խօսող եւ իրաւատէրի ձայն բարձրացնող մեր երկու երեսփոխաններն են անոնք:
Սելինա Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանի միակ հայ կին երեսփոխանն է:
Բայց այն օրը, երբ լուրերու ճամբով ես ալ իմացայ, որ Սելինա Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք առնելով` արտայայտուած է հայ կին մտաւորականներու եւ գրողներու, կիներու իրաւունքներու պաշտպան Զապէլ Եսայեանի, Սրբուհի Տիւսաբի եւ այլոց մասին` հարց դարձնելով, թէ ինչո՞ւ անոնց անունները չեն յիշատակուիր իրենց սերնդակից եւ երբեմն ալ գործակից թուրք հեղինակներու կամ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու շարքին… եւ երբ նոյնպէս կարդացած էի, թէ ան իր զարմանքը յայտնած է, թէ ինչո՛ւ թրքական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ չէ գրուած ականաւոր հայուհիներու մասին եւս, Սելինա Տողանին մէջ գնահատած էի մարդկային իրաւանց պաշտպանի եւ համարձակ հայուհիի կերպարը:
Եւ արդէն որոշած էի անպայման կապ հաստատելու Սելինա Տողանին հետ եւ իրմէ խնդրելու հեռակայ հարցազրոյց մը:
Կապը հաստատուեցաւ. իր դրական պատասխանը անմիջական եղաւ: Եւ մեր միջեւ ստեղծուեցաւ հաղորդակցութեան հետաքրքրական ձեւ մը, քանի մը պարբերութիւններու մէջ պարփակուող ու փոխանակուող նամակագրութիւն մը, որուն արդիւնքը եղաւ իր մտածումները, տեսակէտները, համոզումները ցոլացնող այս «զրոյցը», եթէ կարելի է այդպէս անուանել այս գրութիւնը…
***
Ամփոփ կենսագրական.
Թուրքիոյ խորհրդարան մուտք գործած առաջին հայ կին պատգամաւորն է Սելինա Տողան: 40 տարեկան է երկու զաւակներու տէր այս հայուհին, կը պատկանի Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր ուժին` Ժողովրդային-հանրապետական կուսակցութեան:
«Ծնած եմ Պոլիս: Յաճախած եմ հայկական նախակրթարան, ապա շարունակած եմ ուսումս ֆրանսական երկրորդական վարժարանի մէջ», կը գրէ հայ երեսփոխանը:
Այնուհետեւ, Կալաթասերայի համալսարանէն իրաւաբանութեան մէջ վկայուելէ եւ Պոլսոյ Պիլկի համալսարանէն ստանալէ ետք մարդկային իրաւանց մագիստրոսի վկայականը, Սելինա Տողան սկսած է աշխատիլ իբրեւ փաստաբան, բայց իր զաւկին ծնունդէն ետք ստիպուած եղած է մնալու տունը եւ հեռանալու… իրաւաբանի ասպարէզէն:
Առիթով մը, իրեն ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով եւ իր կեանքի այդ ժամանակաշրջանին մասին արտայայտուելով` ան ըսած է, թէ ուրախ չէր այդ շրջանին. «Ես ինծի կ՛ըսէի` ֆրանսերէն կը խօսիմ, անգլերէն կը խօսիմ, բայց ոչինչ կ՛ընեմ ներկայիս, չեմ օգտագործեր գիտելիքներս: Մարդկային իրաւունքներու փաստաբան եղայ, բայց չեմ օգտագործեր սորվածներս, չեմ կրնար նոր մարդոց, նոր շրջապատի ծանօթանալ: Եւ ամուսինիս ըսի, որ կ՛ուզեմ անպայման բա՛ն մը ընել»:
Քաղաքական կեանք իր մուտքին մասին ուղղած իմ հարցումին Տողան կը պատասխանէ` ընդգծելով.
«Հայրս (Երուանդ Էօզուզուն) աւելի քան 30 տարի գործած է այս կուսակցութեան մէջ: Ան Պաքըրքէօյ շրջանի փոխքաղաքապետն էր… Հետեւաբար, ինչպէս կը տեսնէք, ես մեծցած եմ ժողովրդավար սկզբունքներու հաւատացող ընտանիքի մէջ, ինչ որ կը նշանակէ` համեմատաբար ազատ մտածողութեան տէր ընտանիք, բաղդատաբար աւանդապահ միւս հայ ընտանիքներուն»:
Շարունակելով` ան կ՛ըսէ. «2015-ին, Թուրքիոյ մէջ 7 յունիսի ընդհանուր ընտրութիւններու նախօրեակին, մեր կուսակցութեան ղեկավարը որոշում կայացուց նշանակելու Թուրքիոյ հայ համայնքին պատկանող կին թեկնածու մը, եւ զիս նշանակեց իմ բնակած թաղամասիս ցանկին գլուխը: Իր կողմէ դրական կեցուածք մըն էր ըրածը: Նաեւ` դէպի ժողովրդավարութիւն ընթացող մեծ քայլ մը, ինչպէս նաեւ յանդուգն որոշում մը` այս կուսակցութեան համար, որ կ՛ընթանար դէպի ընկերային ժողովրդավար իրա՛ւ կուսակցութիւն մը: Ես կը լրացնէի անհրաժեշտ պայմանները: Առաջին հերթին, սկիզբը, քիչ մը տատամսեցայ, որովհետեւ մանչս 17 ամսու էր միայն… Բայց ծնողքիս եւ ամուսնիս մղումով համարձակութիւնը ունեցայ ընդունելու ինծի եղած առաջարկը: Այսպիսով, դարձայ թրքական խորհրդարանին մէջ ընտրուած առաջին հայ կին երեսփոխանը»:
Շարունակելով` Սելինա Տողան կը հաստատէ. «Այսուհանդերձ, ոչ ոք կրնար գիտնալ, որ այդ ժամանակաշրջանը Թուրքիոյ Հանրապետութեան ամէնէն խառն ժամանակաշրջանը պիտի ըլլար: Ճիշդ երեք ամիս ետք արտահերթ ընտրութիւն տեղի ունեցաւ: Ես իմ տեղս պահեցի: Բայց ծայր աստիճան ծանր ընտրական մթնոլորտ մը կը տիրէր, որովհետեւ ամէն ինչ իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած էր այնպիսի ձեւով մը, որ կը միտէր արհեստականօրէն անշարժացնելու խորհրդարանը, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել նախագահական վարչակարգի հաստատումը:
«Թուրքիոյ արեւմուտքը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին պատճառով, կը տիրէր ծանր մթնոլորտ մը, միւս կողմէ` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան տասնեակ մը յարձակումներ (ՏԱՀԵՇ եւ այլք): Ստեղծուեցան ծայրայեղօրէն վտանգաւոր պայմաններ, աւելի քան հարիւր հազար անձեր պաշտօնանկ եղան, հարիւրաւոր լրագրողներ, մտաւորականներ ձերբակալուեցան եւ բանտարկուեցան, տեղի ունեցաւ տագնապ Եւրոպական Միութեան հետ եւ տագնապ` միջազգային քաղաքական պայմաններու մէջ»:
(Հարցազրոյցի այս բաժինով Սելինա Տողան կ՛անդրադառնար սահմանադրական փոփոխութեան համար ծրագրուած հանրաքուէին. առ այդ, Եւրոպայի մէջ ապրող բոլոր թուրք քաղաքացիներուն կոչ կ՛ընէր` «Ոչ» քուէարկելու հանրաքուէին: Դժբախտաբար «Այո»-ն շահեցաւ` անգամ մը եւս դժգոհութեան ալիք բարձրացնելով ամբողջ երկրին մէջ):
Այս բոլորին մասին արտայայտուելէ ետք Սելինա Տողան կ՛ընդգծէ. «Այս բոլորը ըսի ցոյց տալու համար, որ երեսփոխան ըլլալու լաւ ժամանակներ չէին: Իշխանութեան վրայ եղող քաղաքական ուժը կ՛ուզէր քրէականացնել ընդդիմադրութիւնը: Անշուշտ, իբրեւ հայ երեսփոխան, ես ալ իմ կեցուածքս ունեցայ»:
Արդէն երկու տարիէ ի վեր Թուրքիոյ Ազգային ժողովին (խորհրդարանին պաշտօնական անուանումը) մաս կը կազմէ Ս. Տողան: Ան կ՛աշխատի Եւրոպական Միութեան հետ համադրման խորհրդարանական յանձնախումբին մէջ: Մաս կը կազմէ նաեւ գաղթականներու հարցերով զբաղող յանձնախումբին:
Իսկ վերջին ամիսներուն, իր պատկանած կուսակցութեան ճամբով Ս. Տողան մեծ աշխատանք տարաւ, որպէսզի նշանաւոր 16 ապրիլի հանրաքուէին «Ոչ»-ի քուէն յաղթէր, եւ` «որպէսզի Թուրքիան քիչ մը շունչ քաշէ», ինչպէս որ կ՛ըսէ ինք` իր պատասխանին մէջ: Ան կոչ կ՛ընէր Եւրոպայի տարածքին ապրող բոլոր թուրք քաղաքացիներուն` «Ոչ» քուէարկելու Էրտողանը երկրին միահեծան տէրը դարձնելու աղէտին առաջնորդող հանրաքուէին: Բայց աւա՜ղ ապարդիւն:
Ան կոչ կ՛ուղղէր եւ կ՛ընդգծէր, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները իրաւունքներ եւ ազատութիւններ չունին, եւ իրերու այս կացութիւնը ամբողջ Եւրոպայի համար վտանգ է…
***
Հայութեան եւ հայկական մտահոգութիւններու վերաբերեալ հարցազրոյցի բաժնին անցնելէ առաջ, հոս տեղին է անդրադառնալ Տողանի կենսագրութեան եւ հասարակական գործունէութեան մասին հետեւեալ տեղեկութեան.
Քանի մը շաբաթ առաջ, մայիսի առաջին օրերուն, Պէյրութի միակ հայկական համալսարանին` Հայկազեան քոլեճին մէջ, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպութեամբ խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ` «Հայ կնոջ դերին ծիրն ու հզօրացումը» ընդհանուր խորագրով: Այս խորհրդաժողովի դասախօսներէն էր ամերիկեան ՄԻԹ համալսարանի դասախօսներէն պոլսահայ Լեռնա Էքմեքճիօղլու, որ իրեն վերապահուած «հայ կնոջ դիմագրաւած մարտահրաւէրները յետեղեռնեան Պոլսոյ մէջ» նիւթի ներկայացման ընթացքին ըսաւ, որ իր դասընկերուհին` Սելինա Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ իր զարմանքը յայտնած է, որ թրքական պատմութեան մէջ չէ գրուած ականաւոր հայուհիներու մասին եւ իրենք ամփոփ կերպով իմացած են Հայկանուշ Մարքի ու «Հայ կին» շաբաթաթերթին նուիրուած հայ գրականութեան դասապահի ընթացքին ու անոր ընդմէջէն: Լեռնա Էքմեքճիօղլու եւ Սելինա Տողան միասնաբար ուսումնասիրած եւ հրատարակած են ականաւոր հայուհիներու` Էլպիս Կեսարացեանի, Ս. Տիւսաբի, Զ. Ասատուրի, Հայկանուշ Մարքի եւ Զ. Եսայեանի մասին թրքերէնով աշխատասիրութիւն մը` «Արդարութեան ճիչ» խորագիրով, որ մրցանակի արժանացած է եւ թրքական կարգ մը համալսարաններու մէջ կը դասաւանդուի ներկայիս:
Վերոյիշեալ տեղեկութիւնը չունէի, երբ Սելինա Տողանին գրաւոր ուղղուած հարցումներուս շարքին կ՛ուզէի գիտնալ, թէ որքանո՞վ ինք մաս կը կազմէ Թուրքիոյ հայութեան ազգային-հասարակական կեանքին: Հարցումս արդէն մասամբ իր պատասխանը կը ստանար Լեռնա Էքմեքճիօղլուի կողմէ եղած վերի հաստատումին լոյսին տակ: Իսկ ինք` Տողան կ՛ըսէ.
«1990-ական թուականներու վերջերուն աշխատեցայ հայ կիներու խումբի մը հետ, որուն նպատակն էր Թուրքիոյ մէջ ապրած հայ ֆեմինիստ կիներու մասին փնտռտուքներ եւ պրպտումներ կատարել. միաժամանակ մեր այս խումբին նպատակն էր հայ գաղութին մէջ սեռերու հաւասարութեան մասին ծանօթութիւններ հրատարակել: Բաւական ընթերցումներ ըրինք, դասախօսութիւններ եւ այլն: Մեր համայնքը շատ բան չէր գիտեր կիներու եւ այրերու հաւասարութեան մասին…
Արդիւնքը եղաւ այն, որ ընկերուհիս` Լեռնա Էքմեքճիօղլուն եւ Մելիսա Պիլալը, որ մաս կը կազմէր մեր այս խումբին, հրատարակեցին գիրք մը: Եւ այս տարի, մարտ 8-ին Կիներու միջազգային օրուան առիթով, ես յիշատակեցի մեր անցեալի նշանաւոր հայ կիները Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Դրական անդրադարձ ունեցաւ այդ ելոյթը խորհրդարանին մէջ, որովհետեւ ակնարկութիւն կ՛ըլլար օսմանեան ժամանակաշրջանի կիներու եւ, հետեւաբար, Թուրքիոյ պատմութեան մտաւորական մէկ երեսը կը յայտնաբերէր: Շատ-շատեր հետաքրքրուեցան այս գիրքով…
Ընդհանրապէս հայ գաղութին եւ յատկապէս վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան տեղապահի ընտրութեան մտահոգիչ զարգացումներուն մասին ուղղուած հարցումին առ ի պատասխան` Սելինա Տողան դիտել կու տայ.
«Հայ գաղութին մէջ հարցեր կան, ինչպէս` պատրիարքի ընտրութիւնը եւ հայկական հաստատութեանց ղեկավարման հարցը: Վերջերս շատ կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան այս իմաստով: Այնպէս կը թուի, որ կղերականները եւ աշխարհական ղեկավարները, որոնք չեն ուզեր իրենց դիրքը կորսնցնել, կը ջանան օգտուիլ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն:
«Կը կարծեմ, որ նման տագնապներ անհրաժեշտ էին մեր համայնքի բնականոնացման համար: Բայց ամենայնդէպս վերանորոգում մը անհրաժեշտ է մեր բոլոր հիմնարկութիւններուն մէջ: Անհրաժեշտութիւն է այլեւս, որ երիտասարդները եւ կին դասակարգը աւելիով տեղ ունենան որոշումներ տուող մակարդակի կառոյցներու մէջ»:
Աշխարհասփիւռ հայութեան համար պարզ է ու մտահոգիչ, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ հայութեան համար շատ լուրջ եւ վտանգաւոր կացութիւն կը տիրէ պատրիարքի կամ պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան գծով: Այս մասին իրեն ուղղուած հարցումիս պատասխանելով` Սելինա Տողան աւելիով կը հիմնաւորէ վերեւի իր խորհրդածութիւնները.
«Տարիներէ ի վեր հայ համայնքը կը տառապի իր իսկ պատրիարքը ընտրելու անկարողութենէն, անկարելիութենէն: Դժբախտաբար ներկայիս չունինք կանոնագիր մը այս գծով: Պէտք է ստեղծենք թափանցիկ դրութիւն մը, որուն կիներն ու երիտասարդները մաս պէտք է կազմեն: Այլապէս, գործի վրայ եղողները միջոցներ պիտի գտնեն օգտուելու գոյութիւն ունեցող որոշակի… բացթողումներէն:
«Երկրի մը մէջ, ուր սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ կրօնական ազատութիւնը, ընդունելի չէ պետութեան միջամտութիւնը կրօնական ղեկավարներու ընտրութեան մէջ: Բայց պէտք չէ անտեսել նաեւ մեր համայնքի անդամներուն մեծամասնութեան կրաւորական կեցուածքը: Կարծէք` վերջերս բարեփոխում մը կը զգացուի այս գծով: Բայց ներկայիս լուրջ խնդիր է` մնա՞լ Թուրքիա, թէ՞ մեկնիլ (Թուրքիոյ քաղաքական կացութեան պատճառով): Քայլ մը, որուն կրնան դիմել անոնք, որոնք պայմանները ունին հեռանալու այս երկրէն: Հետեւաբար, կամաց-կամաց, եթէ Թուրքիան կարենայ շունչ մը առնել, մենք ալ պիտի ունենանք կարելիութիւնը վերանորոգելու մեր հաստատութիւնները»:
***
Անշուշտ կարելի է տակաւին երկար «զրուցել» Թուրքիոյ հայոց կեանքին ու կենսակերպին, հայ կիներու մտածելակերպին եւ այլ հարցերու մասին, բայց հոս վերջ կը գտնէ մեր հեռակայ զրոյցը Սելինա Տողանի հետ, որ այնքան պատրաստակամ եւ անմիջական գտնուեցաւ` հակառակ իր շատ բազմազբաղ առօրեային, որուն համար ալ կը յայտնեմ իմ անկեղծ շնորհակալութիւնս` մաղթելով իրեն, որ շարունակէ կիներու իրաւունքներուն պաշտպան մնալ եւ աշխատիլ, որ որոշումներ կայացնող մակարդակներու վրայ իրենց տեղը ունենան կիները եւ երիտասարդ նոր սերունդի անդամները: