Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հադրութի Մէջ Զոհուած Ազատամարտիկներուն Նուիրուած Յուշարձանի Բացում

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան մայիսի 12-ին այցելած է Հադրութի շրջան եւ Ակնաղբիւր գիւղին մէջ մասնակցած զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է նման յուշարձաններու կառուցումը` նշելով, որ անիկա իւրայատուկ ուխտավայր կը դառնայ գալիք սերունդներուն համար:

Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան համար եւ Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման ու Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին առիթով,  նախագահ Սահակեան պետական բարձր պարգեւներ յանձնած է խումբ մը ազատամարտիկներու:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

Էկոյեանի Անուան Թատերասրահ` Շուշիի Մէջ

Շուշի քաղաքի Մկրտիչ Խանամիրեանի անուան պետական թատրոնի սրահներէն մէկը անուանակոչուած է քանատահայ յայտնի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի անունով: Այս մասին գրած է Ատոմ Էկոյեանի կողակիցը` Արսինէ Խանճեան, «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ:

Արսինէ Խանճեան իր ամուսնոյն` Ատոմ Էկոյեանի, նաեւ` Սերժ Թանգեանի ու Էրիք Նազարեանի հետ միասին, ապրիլի սկիզբը եռօրեայ այցելութեամբ մը մեկնած էր Արցախ` տեղւոյն կեանքին ծանօթանալու եւ ժողովուրդին հետ անմիջականօրէն հաղորդակցելու համար: Ան աշխարհի արուեստագէտներուն կոչ ուղղած էր այցելելու Արցախ եւ աջակցելու երիտասարդ ու տաղանդաւոր այն արցախցիներուն, որոնք կը շարունակեն գրել, ստեղծագործել, նուագել ու նկարել` նոյնիսկ այս ժամանակ, երբ պատերազմի պատճառով մեկուսացած են աշխարհէն ու կը գտնուին շրջափակման մէջ:

Շուշիի Մէջ Հնագէտներ Կը Պեղեն Մեղրեցոց Եկեղեցին

Շուշիի մէջ գտնուող Մեղրեցոց եկեղեցին այժմ առաջին անգամ ըլլալով կը պեղուի: Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այս ծրագիրին նպատակը եկեղեցւոյ ուրուագիծը բանալն է:

«Եկեղեցին հիմնովին քանդած եւ կրաձոյլով պատած են: Մենք հիմնականօրէն եկեղեցւոյ հիմքերը պիտի ուսումնասիրենք», ըսած է հնագէտ Նժդեհ Երանեան` աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ արեւելեան պատն ու խորանը գոնէ պահպանուած են:

Շուշիի Մեղրեցոց եկեղեցին կառուցած են մեղրեցի ներգաղթողները: Արձանագրութիւններուն մէջ անիկա յիշատակուած է իբրեւ Ս. Ամենափրկիչ Մեղրեցոց եկեղեցի, որ կառուցուած է Մահտեսի Հախումեանցիի հովանաւորութեամբ, 1833-ին: Համալիրը 1960-ական թուականներուն քանդուած, յարմարեցուած եւ վերածուած է ամառնային բացօթեայ շարժապատկերի սրահի:

Արցախի Մէջ Օտարերկրեայ Զբօսաշրջիկներու Թիւի Աճ Արձանագրուած Է

2017-ի առաջին եռամսեակին Արցախի մէջ արձանագրուած է  զբօսաշրջիկներու 10 տոկոսի աճ` 2016-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատած:

Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան տեղեկութիւններով, այս տարուան առաջին եռամսեակին Արցախ այցելած են մասնաւորապէս Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու քաղաքացիներ: Առաջին եռամսեակին ամենաշատ այցելու ունեցող զբօսաշրջավայրերու շարքին են Տիգրանակերտի պատմական բանտը, Գանձասարի վանական համալիրը, Հունոտի կիրճ բնապատմական արգելոցը եւ Ծաղկաշատի ազգագրական համալիրը, ուր կը գտնուի Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը:

Հետաքրքրութեան աճ կը նկատուի նաեւ Տողի մելիքական ապարանքին նկատմամբ: Զբօսաշրջիկներու այցելութեան հիմնական նպատակն է ճանաչողական հանգիստի կազմակերպումը Արցախի մէջ:

Արցախի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Ս. Շահվերդեան կը յայտնէ, թէ  զբօսաշրջութեան եղանակին ընդառաջ` նման տուեալներու արձանագրումը խոստմնալից է, յատկապէս` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ խօսքը կը վերաբերի միայն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք մուտքի արտօնագիրներ ստացած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Հայաստան Հիմնադրամը Կը Սատարէ Տարեցներու Աջակցութիւն Բերող «Հանգանակ» Ծրագիրին

2016-ի վերջաւորութեան «Հայաստան» հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի տեղական մարմինը ստանձնած էր Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ գործող տարեցներու աջակցութիւն ցուցաբերող «Հանգանակ» ծրագիրին նիւթական նեցուկը: Ծրագիրին նպատակն է աջակցութիւն ցուցաբերել Շուշիի եւ յարակից գիւղերուն մէջ բնակող նիւթապէս անապահով ծերերուն` հնարաւորութիւն ընձեռելով անոնց ձեռք բերելու սնունդ եւ դեղորայք, հաղորդակցելու տարեկիցներու հետ:

«Հանգանակ» ծրագիրը, որ 2004-էն ի վեր կը գործէ Ստեփանակերտի մէջ, շահառուներուն կը տրամադրէ ընկերային, բժշկական աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ կ՛օգնէ կենցաղային հարցերու լուծման: Ընկերային ծառայողներն ու բուժքոյրերը անձամբ կ՛այցելեն անշարժունակ ծերերուն: Տարեցներու առօրեան աշխուժացնելու եւ հետաքրքրական դարձնելու նպատակով յաճախ կը կազմակերպուին հանդիպումներ, տեսերիզի ցուցադրութիւններ, այցելութիւններ` Արցախի տեսարժան վայրեր: Ծրագիրին ծիրին մէջ պարբերաբար կ՛իրականացուին բժշկական քննութիւններ, ներառեալ` աչքերու զննում: 2014-էն սկսեալ շահառուները նաեւ նիւթական աջակցութիւն կը ստանան ձմրան ամիսներուն` իրենց ջեռուցման ծախսերը հոգալու նպատակով:

Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի տեղական մարմինը իր նուիրատուներու հանգանակութիւններով մասնակիօրէն կ՛աջակցի «Հանգանակ» ծրագիրի` Ստեփանակերտի մէջ իրականացուող ձեռնարկներուն: Այժմ տեղական մարմինը կը նախատեսէ ամբողջապէս աջակցիլ Շուշիի մէջ իրականացուող ծրագիրին, որ ներկայիս ունի շուրջ երեսուն շահառու, որոնք ամէն ամիս կը ստանան անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն, դեղորայք, սնունդ եւ նիւթական աջակցութիւն: Ծրագիրը Շուշիի մէջ դեռ գրասենեակ չունի, եւ ծերերը օգնութիւնը կը ստանան իրենց բնակութեան վայրերուն մէջ:

Կը նախատեսուի Շուշիի մէջ եւս ընդլայնել ծրագիրը` համապարփակ աջակցութիւն եւ ընկերային շփում ապահովելով տարեցներուն:

Ծրագիրի լիարժէք իրականացման ու ընդլայնման նպատակով «Հիմնադրամ»-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի տեղական մարմինը յառաջիկային կը նախատեսէ դրամահաւաք կազմակերպել` ներգրաւելով ամերիկաբնակ մեր հայրենակիցները մարդասիրական այս ձեռնարկին:

Հայկական Օրկանական Արտադրութիւնը Կ՛արտածուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Հինգշաբթի, 11 մայիսին, Հայաստանի մէջ օրկանական եւ բնական պտուղ-բանջարեղէնէ պատրաստուած պահածոներով, անուշներով եւ հիւթերով բեռնուած բեռնատարը ուղեւորուեցաւ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` 5+աստղանի պանդոկներուն մատակարարելու համար: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Պայմանագիրը «Թամարա Ֆրութ» եւ «Al Falaj» ընկերութիւններուն միջեւ կնքուած է  «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովին ընթացքին: Արաբական գործընկերը արդէն 15 բեռնարկղ  հայկական օրկանական եւ բնական արտադրանք պատուիրած է: Հայկական արտադրանքը արաբական երկիրներու պանդոկներուն պիտի տարածուի NOHF (Natural organic healthy food- բնական, օրկանական, առողջ սնունդ) մակնիշով:

Նոյն օրը Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի նորանշանակ գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան, արտահանմանեան գործերու տնօրէն Հայկ Միրզոյեան եւ Հայաստանի ՏԶՆ նախարարութեան Ճիւղային տնտեսական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Արմէն Եգանեան այցելեցին «Թամարա Ֆրութ»-ի պահեստներ` հետեւելու արտահանման ընթացքին, գործարարին հետ քննարկելու հնարաւոր խնդիրներն ու աջակցման նոր ծրագիրները:

«Հիմնադրամը պիտի շարունակէ գործունէութիւնը` արտածման զարգացման ուղղութեամբ, քանի որ արտածումը Հայաստանի տնտեսութեան շարժիչներէն մէկն է», յայտնեց ՀԶՀ գործադիր տնօրէն Աւագեան:

«Համագործակցութեան էապէս նպաստեց մարտ 22-ին Ապու Տապիի ներդրումային համաժողովը` Հայաստանի նախագահին մասնակցութեամբ: Անիկա բաւական արագացուց գործընթացը: Մարդիկ հաւատացին, վստահեցան Հայաստանին», տեղեկացուց «Թամարա Ֆրութ» ընկերութեան տնօրէն Պորիս Յովհաննիսեան:

«Այս արտադրանքի ե՛ւ որակը, ե՛ւ գինը կը համապատասխանեն արաբական շուկայի պահանջներուն ու գիներուն», նշեց «Ալ Ֆալաժ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Համատ Շահէյ:

Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու տնտեսական կապերու աշխուժացման ուղղուած «Հայաստան-ԱՄԷ» ներդրումային համաժողովը տեղի ունեցած էր մարտ 22-ին, Ապու Տապիի մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապու Տապիի Էմիրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Նահիանի բարձր հովանաւորութեամբ, եւ Հայաստանի նախագահին մասնակցութեամբ:

Համաժողովին ներկայացուած էին գիւղատնտեսութեան եւ անասնաբուծութեան, ուժանիւթի, առողջապահութեան եւ դեղագործութեան, տեղեկատուութեան արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան, անշարժ գոյքի ոլորտներու վերաբերեալ շնորհահանդէսներ, Հայաստանի մէջ գործող օտարերկրեայ ընկերութիւններու յաջողած պատմութիւններ, ներդրումային շարք մը նախագիծներ:

Լեզուաբանները Կ՛ահազանգեն Լեզուի Պետական Տեսչութեան Լուծարման Առնչութեամբ

Գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան եւ գրաքննադատ Սուսաննա Յարութիւնեան չորեքշաբթի, 10 մայիսին, «Հայելի» ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիս հրաւիրած են` ահազանգ հնչեցնելու համար Լեզուի պետական տեսչութեան լուծարման առնչութեամբ:

«Մեր այսօրուայ չինովնիկները ձգտում են ստեղծել իրենց համարժէք երկիր` առանց լեզուի, առանց մտաւորականի, առանց գիւղացու եւ առանց համալսարանի», ըսաւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան: Ան աւելցուց, որ երկրի ղեկավարութեան ճիշդ ձեւը` մէկը երկու դարձնելն է, երկուքը` չորս, այլ ոչ թէ` հակառակը: Անոր խօսքերով, պէտք է պահպանել արժէքները, ստեղծուածը աւելցնել եւ զարգացնել:

«Կտրականապէս դէմ եմ Լեզուի տեսչութեան փակմանը, քանի որ այն պէտք է աշխատի ու լաւ աշխատի, այլ ոչ թէ քնի», նշեց Գասպարեան:

Գրաքննադատ Սուսաննա Յարութիւնեանի խօսքերով, Լեզուի տեսչութեան լուծարումը իշխանութեան կողմէ նպատակաուղղուած քայլ է երկիրը մտաւորականներէ դատարկելու:

«Լեզուի տեսչութիւնը մինչեւ հիմա չեղածի հաշիւ էր, չտեսանք, որ պայքարի ու դատարաններ դիմի», ըսաւ Յարութիւնեան:

«Մենք անփոյթ ենք վարւում մեր լեզուի հետ եւ պէտք է ամէն ինչ անենք, որ Լեզուի տեսչութիւնը յանկարծ չփակուի», ասուլիսը եզրափակեց Դաւիթ Գասպարեան:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը` ՆԱՍԱ-ի Տիեզերական Յաւելուածներու Միջազգային Վեցերորդ Մրցոյթի Աջակից

Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ սկսած է միջազգային ամէնէն հեղինակաւոր` ՆԱՍԱ-ի Տիեզերական յաւելուածներու վեցերորդ մրցումը, որուն Հայաստանը մասնակցած է արդէն երկրորդ անգամ: Միացեալ Նահանգներու օդանաւորդութեան եւ տիեզերական հետազօտութիւններու ազգային վարչութիւնը` ՆԱՍԱ-ն, միջազգային մրցումի մասնակիցներուն առջեւ դրած է յաւակնոտ հարց. 24 ժամուան ընթացքին մշակել եւ ներկայացնել նորարարական լուծումներ եւ առաջարկներ` կիրարկելով տուեալներու վիրթուալացում, քոտաւորում, ձեւաւորում եւ այլ միջոցներ:

Հայաստանեան փուլին մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած խումբերը յաւելուածային լուծումներ առաջարկած են «Երկիրը եւ մենք», «Կապոյտ մոլորակ», «Զգուշացէք, առջեւը վտանգ կայ», «Մեր բնապահպանական միջավայրը» եւ «Մտածեցէք եւ ստեղծեցէք» նիւթերու շրջանակներուն մէջ:

Հինգ նիւթի շուրջ կազմակերպած մրցոյթի ընթացքին մասնակիցներ իրենց գիտելիքները պիտի չափեն ե՛ւ խմբային, ե՛ւ անհատական մասնակցութեան շրջանակի մէջ: Ընդհանուր առմամբ, նորարարական բաց հարթակի վրայ մրցելով` մասնակիցները  կրնան հասնիլ կարեւոր նպատակներու. տարբեր մարտահրաւէրներու լուծման նպատակով օգտուելով ՆԱՍԱ-ի եւ առանցքային այլ կազմակերպութիւններու իրական տուեալներու շտեմարաններէն եւ առաջարկել կիրարկուող լուծումներ:

Մրցող խումբերու աշխատանքները ներկայացուած են տեղական եւ միջազգային դատական կազմի գնահատման: Անոնց հիմքին վրայ ուսանող, սկսնակ, փորձագէտ ճարտարագէտներու, քոտաւորման ծրագրաւորողներու, ձեւարարներու եւ վերլուծաբաններու կողմէ մշակուած նորարարութիւնները, նախաձեռնութիւններն ու գաղափարներն են:

«Բիւրականի աստղադիտարանը համախմբած է միջազգային ամէնէն հեղինակաւոր մրցումի հայաստանեան փուլի մասնակիցները: Հպարտ եմ արձանագրելու, որ անոնք իրենց առջեւ դրուած առաջադրանքին իրականացման ընթացքին պիտի օգտուին մեր տրամադրած գերարագ կապէն: Աստղագիտութեան բնագաւառին մէջ մեր երկրին նուաճումները անգնահատելի են: Գիտութեան հանդէպ այս երիտասարդներուն սէրն ու ձգտումը թոյլ կու տան մտածելու, որ այդ աւանդոյթները պիտի շարունակուին, եւ ոլորտին հետագայ զարգացումը երաշխաւորուած պիտի ըլլայ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Յայտնենք, որ միջազգային այս մրցոյթ-մարտահրաւէրին հայաստանեան փուլի կազմակերպիչը «X-TECH» ընկերութիւնն է, համակազմակերպիչը` «Locator» ընկերութիւնը:

Կարեւոր համարելով աստղագիտութեան բնագաւառին մէջ մեր երկրի նուաճումները` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մրցոյթի մասնակիցներուն ապահոված է գերարագ համացանցի կապով: Մանրամասն տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել www.spaceapps.am. կայքը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը «Էմ.Թի.Էս. Հայաստան»  Հայաստանի մէջ հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնն է, որն ունի ամէնէն հզօր 2G/3.75G/4G ցանցը եւ կը տրամադրէ ձայնային եւ տուեալներու փոխանցման ծառայութիւններու բազմազան տեսականի` Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Գործունէութեան հիմք ընդունելով իր բաժանորդներուն շահերուն լաւագոյնս ծառայելը, հիմնադրման օրէ`  2005 թուականի յուլիս 1-էն, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրցած է ստեղծել համահանրապետական ցանց եւ բաժանորդներու մեծ թիւ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը նորարարութիւններու առաջատարն է եւ հետամուտ է ոլորտի բոլոր զարգացումներուն` ի շահ երկրի շարժական հեռահաղորդակցութեան շուկային:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>