Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ստացուած Գիրքեր. Հայապատում (Հեղինակ` Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան)

$
0
0

Պատմութիւն Եւ Իրականութիւն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի «Սիփան» հրատարակչատունէն, «Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամ»-ի միջոցներով 2016-ին լոյս տեսաւ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեանի «Հայապատում. պատմութիւն եւ իրականութիւն» հատորը, բաղկացած` 455 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է Մեծ եղեռնի զոհերու սուրբ յիշատակին:

Երկու խօսքին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ հատորին բովանդակութիւնը կը կազմեն հայ ժողովուրդի անցեալի պատմական կարեւոր եղելութիւններն ու իրադարձութիւնները, որոնք բախտորոշ նշանակութիւն ունեցած են հայ կեանքէն ներս:

Ներածական խօսքով պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆեսէօր Արման Կիրակոսեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ գիտնական եւ հրապարակախօս Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեանին եւ կը շնորհաւորէ զայն իր «Հայապատում» հատորի հրապարակման կապակցութեամբ:

***

«Հին հայկական պետութեան առաջացումը» գլուխին տակ հեղինակը կ՛ըսէ, որ Հայկական լեռնաշխարհի, հնագոյն երկիրներու եւ ցեղերու մասին պատմական կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդեն ասորեստանեան, պարսկական եւ յունական գրաւոր աղբիւրները: Ասորեստանի Սալմանասար Ա. (1274-1245, մ.թ.ա.) թագաւորի արձանագրութիւնը պատմագիտութեան յայտնի ամենահին գրաւոր աղբիւրն է, ուր առաջին անգամ կը յիշատակուի Ուրարտու (Ուրառատ) անունը: Իր հաղորդած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ մ.թ.ա. ԺԳ. դարուն Ուրարտուն մէկ միասնական պետութիւն չէր, այլ` ներքին տնտեսական ու քաղաքական կապերով ցեղային միութիւններու միաւորում մը:

Մատոյեան-Տարագճեան կը շարունակէ ըսելով որ առանձին ցեղերու եւ ցեղային միութիւններու ռազմաքաղաքական, տնտեսական եւ էթնիկական մերձեցման շնորհիւ, մ.թ.ա. Թ. դարուն կը ստեղծուի Հայկական լեռնաշխարհի կեդրոնացած եւ հզօր առաջին հայկական պետութիւնը` Արարատեան թագաւորութիւնը, որ ասորեստանցիներու անուանումով կը կոչուի Ուրարտու:

Այդ ժամանակ, հայերը, ասորեստանեան սեպագիրերու նմանութեամբ կը ստեղծեն նաեւ իրենց սեփական գիրերը, որոնցմէ հասած արձանագրութիւններուն թիւը 600-էն աւելի է: Այդ արձանագրութիւններուն մէջ հայերը իրենց երկիրը կ՛անուանէին Բիայնիլի, իսկ իրենք զիրենք` բիայնացիներ:

***

«Ուրուագիծ հայ քաղաքական պատմութեան» խորագրեալ բաժինին մէջ Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ըսէ, որ հայ ժողովուրդի քաղաքական պատմութեան մէջ, Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը գտնուելով տարբեր քաղաքակրթութիւններու քառուղիներուն վրայ, պատճառ դարձած է հայութեան բաժին ինկած դժբախտութիւններուն: Հայերուն տեղական ծագումը եղած է ճակատագրական:

Հայաստանը հինէն ի վեր դարձած էր կռուախնձոր Եւրոպայի եւ Փոքր Ասիոյ միջեւ մղուած կռիւներուն: Դարեր շարունակ, հայը պայքար մղեց զինք շրջապատող երկու հզօր պետութիւններու` Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի դէմ: Պատմութեան ընթացքին հակառակ Բիւզանդիոնէն իրենց ունեցած դառն յուսախաբութիւններուն, հայերը միշտ վառ յոյսերով իրենց հայեացքը ուղղած են դէպի Արեւմուտք:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով, որ հայերուն առաջին իւրայատկութիւնը այն է, որ ունին իրենց սեփական լեզուն, բոլորովին տարբեր Հնդեւրոպական ընտանիքի միւս լեզուներէն, եւ թէ` որեւէ լեզուի մը ճիւղը չէ: Հայոց լեզուն ոչ միայն մշակուած, զարգացման բարձր փուլի հասած լեզու է, այլ ունի հարուստ գրականութիւն, եւ ոչ թէ  միայն թարգմանական գրականութեան լեզու է:

Երկրորդ, հայերը ունին իրենց իւրայատուկ ազգային եկեղեցին: Հայոց առաքելական եկեղեցին բոլորովին տարբեր է միւս եկեղեցիներէն, լրիւ անկախ եկեղեցի է, միշտ եղած է անսասան ու մնացած է կանգուն: Այն ժամանակ երբ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ սկսած էին յառաջանալ զանազան կրօնական բաժանումներ,- Արիոսական աղանդաւորական վարդապետութիւնը, որ 325 թուականին Նիկիոյ, եւ Նեստորական դաւանանքը 431 թուականին, որոնք Եփեսոսի տիեզերական ժողովներուն մէջ դատապարտուեցան: Հայոց եկեղեցին հեռու մնաց այդ բոլորէն: Եւ նոյնպէս 451 թուականին հայերը չմասնակցեցան Քաղկեդոնի ժողովին, ոչ ալ համամիտ գտնուեցան անոր դաւանած վարդապետութեան: Հայերը կառչած մնացին իրենց դաւանանքին, հետեւեցան միաբնակ վարդապետութեան, ինչպէս` աղուանները, ասորիները եւ եգիպտացիները:

***

«Մայիսեան պատմական ճակատամարտերը եւ Պաթումի դաշնագիրը» խորագրեալ բաժինին մէջ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կը շեշտէ ըսելով, որ Սարդարապատը ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ է եւ կ՛ընդգծէ.

Օրհասական օրեր կ՛ապրէր հայ ժողովուրդը, երբ յայտնի դարձաւ դէպի Հայաստանի սիրտը սողոսկող մօտալուտ վտանգը: Հարկաւոր էր մեծ ուժով դիմադրել թուրքին` չյանձնելու համար Երեւանն ու Էջմիածինը:

Սակայն գօտեմարտի ելած զինուորներն ու համայն ժողովուրդը չուզեցին նահանջել: Անոնք ոտքի ելան այն համոզումով, որ «այլեւս անհնար է նահանջել, յանձնել Արարատեան դաշտը, յանձնել Երեւանը», այլ հարկաւոր է մարտնչիլ ու յաղթել:

Ճակատագրական ու բախտորոշ այդ օրերուն, պայքարի երկար ուղի անցած, հզօր ներուժ ունեցող ժողովուրդը միայն կրնայ գերմարդկային լարումով իր ուժերը բազմապատկել, նուաճելու համար իր ապրելու ու գոյատեւելու իրաւունքը:

Ահա այդ վճռական պահուն, հայ ժողովուրդը առանց ընկրկելու տիրող կացութեան առջեւ, յաղթանակի հասնելու խոր հաւատքով կը ցուցաբերէր իր աննկուն կամքը: Հայոց զօրքը նահանջել չէր գիտեր այս անգամ, այլ ուժեղ հարուածներով կ՛անցնէր հակայարձակման:

Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ըսէ, որ Սարդարապատը հայոց երկրորդ Աւարայրն էր, որովհետեւ ե՛ւ Աւարայրի, ե՛ւ Սարդարապատի ճակատամարտերուն, հայ ժողովուրդը կը լուծէր իր լինել-չլինելու հարցը, թշնամիին հզօր եւ գերակշիռ ուժերուն դէմ:

Երկու պատերազմներուն ալ մասնակցեցան հայութեան բոլոր խաւերը, յանուն հայրենեաց` կռուելու եւ նահատակուելու պատրաստակամութեամբ:

Եթէ Աւարայրով բարոյական մեծ յաղթանակ արձանագրեց հայ ժողովուրդը, Սարդարապատը, մէկ քայլ առաջ անցնելով, եկաւ ապացուցելու մեր ժողովուրդին բռնցքուած ուժին կարողութիւնը, եւ հայ հերոսներուն ռազմական հմտութիւնը:

***

«Զօրավար Անդրանիկ հայ ազատագրական պայքարի անվեհեր հերոսը» խորագրեալ բաժինին մէջ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ըսէ, որ Անդրանիկ, իր անձնուրաց նուիրումով, իր մարդկային անբասիր նկարագիրով, դարձաւ ոչ միայն հայ ժողովուրդին հարազատ ու պաշտելի հերոսը, այլեւ նուաճեց ճնշուած ժողովուրդներու սէրն ու յարգանքը, մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք բերելով իր հերոսական պայքարով:

Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ընդգծէ ըսելով, որ Անդրանիկ հայ ժողովուրդի առասպելական հերոսն էր. անհերքելի ճշմարտութիւն է, թէ հայ ազատագրական պայքարի դրօշակիր հերոսներուն սխրանքը կը կայանայ իրենց անբասիր հայրենասիրութեան, անսասան հաւատքին ու անձնուրաց ամբողջական նուիրումին մէջ:

Անդրանիկ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յայտնի է «Քաջ Անդրանիկ» անունով: Իրմով կը պարծենայ իւրաքանչիւր հայ, որպէս հայ ազատագրական պայքարի առասպելական հերոսը:

Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած, հայրենիքի ազատութեան գաղափարով համակուած, բռնակալութեան դէմ դիւցազնօրէն մարտնչող անվեհեր հերոսն էր Անդրանիկ: Իր բնածին տաղանդին շնորհիւ, դարձաւ հայ ազատագրական շարժման առաջնորդ, եւ հայ զօրքի հրամանատար:

Մատոյեան-Տարագճեան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Անդրանիկի մասին հիմնաւորուած ճշմարտացի խօսք ըսելու համար, պէտք է ուսումնասիրել ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները, խորամուխ ըլլալով պատմական իրողութիւններու մէջ:

Զօրավար մը, որ երեսուն տարի շարունակ պայքարեցաւ Օսմանեան իշխանութիւններուն կիրառած բռնութիւններուն դէմ: Իր ողջ կեանքը նուիրեց հայոց հայրենիքի ազատագրման սրբազան գործին, կառչած մնալով իր դաւանած հաւատամքին` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին: Անբասիր հայրենասէրի եւ ամբողջական հայու վեհ իտէալներով օժտուած, ուժեղ սկզբունքի տէր մարդ էր, մարդ բառի ամենախոր եւ լայն իմաստով: Խիզախ հայդուկապետին խօսքն ու գործը անբաժան էին` «Ես զինուոր եմ, զինուոր ճնշուածների, տառապողների ազատութեան: Որտեղ պայքար կայ բռնակալութեան դէմ, այնտեղ է եւ իմ սուրը»:

***

Խրիմեան Հայրիկի նուիրուած բաժինին մէջ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ըսէ, որ այսօր, Խրիմեան Հայրիկը վերապրեցնելու հրամայականութիւն մը կայ մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ: Խրիմեանը` որպէս հայ կեանքի բարձր ձգտումներու ներշնչարան, որպէս հայ միտքի ու գաղափարի աղբիւր:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով, որ Մկրտիչ Խրիմեան, հերոսատիպ քաջ անձնաւորութիւն մը, հայոց պատմութեան յիշարժան ակնառու դէմքերէն մէկը, որ շնորհիւ իր անբասիր նկարագրին, իր իմացական ունակութիւններուն եւ կարողութիւններուն, հայ ժողովուրդին անձնուրացաբար ծառայելու իր նուիրումին, մեծարուեցաւ «Հայոց Հայրիկ» պատուանունով: Խրիմեան հայ ժողովուրդին համար դարձաւ հայրենասիրութեան խորհրդանիշ, հայ երիտասարդութեան համար` Հայաստանի ազատագրման ուղեցոյց:

Հայոց Հայրիկը ծնունդով վանեցի (1820-1907), պատանի տարիքէն ծրագրած էր ուսումնասիրել հայրենի երկիրը, հայոց պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ներկան:

Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ընդգծէ ըսելով, որ Խրիմեանի մշտական հոգն ու մտասեւեռումը եղաւ հայ ժողովուրդին բարօրութիւնը: Իր նպատակակէտը դարձաւ հայութեան լուսաւորութիւնը, մտային զարգացումն ու հոգեկան ազնուացումը: Այն տուեալները, որոնք ճամբայ պիտի հարթէին հայ ժողովուրդին ձեռք բերելու իր քաղաքական ազատութիւնը:

Խրիմեան Հայրիկի յեղափոխական-հասարակագիտական հայեացքներուն անդրադառնալով Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ըսէ, որ Խրիմեան իր առաջնորդող գաղափարներով կը ձգտէր հոգեկան յեղաշրջում յառաջացնել հայութեան շարքերէն ներս, ինքնաճանաչման հասցնել դարերով կեղեքուած ու ստրկացած հայ ժողովուրդը: Ան իր ուժեղ անհատականութեամբ, յեղափոխական խիզախ գործունէութեամբ, եւ իր մարգարէաշունչ խօսքով, կու գար իր անջնջելի դրոշմը դնելու հայ հասարակական-քաղաքական կեանքի բնագաւառներէն ներս:

1869 թուականին Մ. Խրիմեան Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրուելէ ետք, Օսմանեան կայսրութեան մեծ եպարքոս Ալի փաշան, նկատելով հայ կղերականին վայելած ժողովրդականութիւնը, զինք կը հրաւիրէ իր մօտ զրոյցի մը: Ապա կ՛առաջարկէ բանավէճ գրել ու ներկայացնել բարձրագոյն Դրան: Պատրիարքը չուզեց կատարել եպարքոսին առաջարկութիւնը, այլ նախընտրեց շարունակել արեւմտահայութեան վիճակը բարւոքելու իր պայքարը:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով, որ 1870 նոյեմբեր 21-ին, սուլթանի նստավայրի խօսանցուկ պատերու մէջ, երբ հաւաքուած էին տարբեր հայեացքներ ու համոզումներ ունեցող երեսփոխաններ, Խրիմեան բոլորին ներկայութեամբ կը յայտարարէ.- «Հայաստանի մէջ հարստահարութիւնը միշտ կայ եւ պիտի շարունակէ, քանի որ հոն երկու եղբայր, երկու ժողովուրդ կը բնակին, որոնց մէկին ձեռք Աւետարան եւ միւսին ձեռք Ղուրան կայ: Ղուրանի հաւատացեալը այնպէս կը կարծէ, թէ նա որ հաւատք չ՛ընծայեր անոր, արժանի է հարստահարութեան, իսկ Աւետարանը կ՛ըսէ` ուրիշ իրաւունք մը չունիս, այլ միայն պիտի հարստահարիս մինչ ի գերեզման»:

***

«Հայկական հարցը` երէկ եւ այսօր» բաժինին մէջ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ըսէ, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ընդհանրապէս ընդունուած է Հայկական հարցը կապել 1877-1878 ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին Սան Սթեֆանոյի մէջ կնքուած պայմանագրին հետ:

Այսօր, Հայկական հարց կը նշանակէ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, եւ հայ ժողովուրդի բռնադատուած հայրենիքի, հայոց արդար իրաւունքներու ճանաչման եւ հատուցման հարցը:

Թուրքերը Հայկական հարցը կը դիտեն իրենց տեսանկիւնէն: Թուրքիոյ պետական դիւանագիտական բնագաւառներու ներկայացուցիչներն ու պատմաբանները կը պնդեն, թէ Հայկական հարցը ռուս-թրքական յարաբերութիւններու սրման հետեւանքն էր:

Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ընդգծէ ըսելով որ թուրքը, Միջին Ասիոյ տափաստաններու մոնկոլ թաթարներու եւ ենիչէրիներու սերունդը, դարերու ընթացքին հետեւողականօրէն ջարդի ու կոտորածի ենթարկեց այն ազգութիւններն ու ժողովուրդները, որոնք փորձեցին արգելք հանդիսանալ իր ազգաշինութեան:

Կանխամտածուած այս ծրագիրը կ՛իրագործուէր, երբ աշխուժացաւ փանթուրքիզմի գաղափարախօսութիւնը, զոր կը հետապնդէր Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ ժողովուրդները բռնի ուժով ուծացնելու եւ թրքացնելու քաղաքականութիւնը: Թուրքին նպատակն էր ենթակայ ժողովուրդներուն վրայ տարածել իր ազդեցութիւնը, իւրացնել անոնց քաղաքակրթութիւնը:

***

«Մեր անկորնչելի իրաւունքները կը սպասեն իրենց արդար դատաստանին» խորագրեալ բաժինին մէջ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ըսէ, որ արդար եւ արդարութիւն բառերը վաղուց անհետացած են ժողովուրդներու կեանքի պատմութենէն: Այն օրէն երբ քաղաքակիրթ աշխարհը քար լռութիւն ցուցաբերեց հայ ժողովուրդի կրած անլուր տառապանքներուն, Ի. դարու ամենամեծ սպանդին, պատմութեան առաջին Ցեղասպանութեան նկատմամբ:

Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ընդգծէ ըսելով, որ աստուածաշնչեան այն սուրբ լեռը, որ դրոշմուած է հայ հոգիէն ներս, կ՛ապրի իւրաքանչիւր հայու մտորումներուն մէջ: Այն լեռը, որ կենսատուն աւիշը դարձած է հայ գրողին ու բանաստեղծին ներշնչումներուն: Արարատը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ խորհրդանիշը հայոց բռնագրաւուած հողերուն:

***

«Վերանորոգ ուխտով պիտի նուաճենք արդարութեան եւ իրաւունքի յաղթանակը» խորագրեալ բաժինին մէջ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ըսէ, որ պատմական նոր հանգրուան մը կը թեւակոխէ հայ ժողովուրդը: Հայ ժողովուրդի իրագործումներուն եւ սքանչելի նախաձեռնութիւններուն, իր միահամուռ կեցուածքին եւ համազգային պայքարին ապացոյցն է` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը օտար պետութիւններու կողմէ, եւ այսօր առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ միջազգային հասարակութեան մէջ:

Երեւոյթ մը, ուր անգամ մը եւս յստակօրէն կ՛երեւայ հայ ժողովուրդին բնազդին ու հոգիին ուժը, իր ինքնութիւնը պահելու կամքը, ի խնդիր պատմական սրբազան առաքելութեան մը, ի խնդիր նոր ապագայի մը: Եթէ այսօր աշխարհի ղեկավարներու մեծամասնութեան մօտ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքը դրական է, անդին մի քանիներու մօտ, այդ կեցուածքը կը տարուբերի անտարբերութեան եւ ժխտումի միջեւ:

***

«Անցեալի ուրացումը չի կրնար ճնշել իրաւունքը» խորագրեալ բաժինին մէջ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կ՛ըսէ, որ ո՞վ կրնայ հերքել համաշխարհային քաղաքակրթութեան գանձարանին հայերուն կտակած մեծ աւանդը: Երբ հայ ժողովուրդը, դարերու ընթացքին, իր ճակատագրէն թելադրուած ազատագրական պայքար կը մղէր, իր խաղաղասէր ոգին յարատեւ ստեղծագործելու եւ խիզախելու մշտական լիցք կը հաղորդէր հայ մշակոյթի գործիչներուն:

Հայերու մասին որպէս խաղաղասէր, ճարտարագործ ու մտացի ժողովուրդ, կը խօսին մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու` գրականութեան, արուեստի, գիտութեան եւ ճարտարապետութեան, համաշխարհային պատմութեան եւ մշակոյթի լաւ իմացութիւնը ունեցող աշխարհահռչակ գրողներ, պատմագէտներ ու մշակոյթի գործիչներ: Անոնք ընդգծելով ժողովուրդներու մշակոյթին հայերուն ընծայած ծառայութիւնը, բարձր գնահատանքով կը յիշեն մարդկային յառաջընթացին հայուն ցուցաբերած անմնացորդ նուիրումը:

***

Գիրքին մէջ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան կ՛արծարծէ նաեւ պատմական այլեւայլ հարցեր եւ իրադարձութիւններ: Գիրքին վերջին մասով ներկայացուած են հայ եւ օտար ուսումնասիրողներ Հայ դատի մասին: Կայ նաեւ ծանօթագրութիւններու բաժին մը, նաեւ` պատմագիտական աղբիւրներու մատենագիտական ցանկ մը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>