ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Ահաւասիկ` այն պարունակը, որուն մէջէն պէտք է դիտել Դաշնակցութեան ազգային աշխարհահայեացքը եւ քաղաքական ռազմավարութիւնն ու անոր համաձայնական կառավարութիւններու մասնակցութիւնը նկատել մարտավարական մէկ փուլ եւ ոչ թէ` ռէալփոլիթիք, ինչպէս կ՛ուզեն տեսնել ՀԱՔ-ՀԺԿ-ի անդամները, կամ անոնք, որոնք իշխանափոխութիւնը կը տեսնեն ռազմական միջոցներով:
Այսօր, նոր սահմանադրութեամբ խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտին, երբ արդէն յայտնի է քաղաքական ուժերու դասաւորումն ու անոնց ունեցած ժողովրդականութիւնը, արժէ յետադարձ ակնարկով մը ներկայացնել, թէ ի՛նչ վիճակ կը պարզէր Հայաստանի քաղաքական բեմը, եւ թէ` ընտրութիւններուն ներկայացած կուսակցութիւնները որքանո՛վ ընկալած էին նոր սահմանադրութեան տրամադրութիւններն ու ոգին եւ անոնց ընտրական քարոզարշաւները գաղափարական ի՞նչ հիմունքներու վրայ խարսխուած էին:
Արագ հայեացք մը ցոյց կու տայ, որ հազիւ երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մէջ 50-է աւելի կուսակցութիւններ կը գործէին, որոնք բարեբախտաբար նոր սահմանադրութեամբ որդեգրուած համամասնական ընտրակարգի դրութեան բերումով ինքնաբերաբար քաղաքական բեմէն դուրս մղուեցան:
Յատկանշական երկրորդ երեւոյթը, որ անցնող ամիսներուն դրսեւորուեցաւ, կառավարական փոփոխութեան եւ ընտրական դաշինքներու շնորհիւ, կուսակցական պատկանելիութեան հարցն էր:
Գաղափարական ի՞նչ համոզումներով Յովիկ Աբրահամեանի, Սէյրան Օհանեանի, Զարուհի Փոսթանճեանի կամ Անահիտ Բախշեանի նման երկրի գործադիր եւ օրէնսդիր կառոյցներէն ներս պատասխանատու պաշտօններ վարած անձինք ՀՀ կուսակցութեան կամ Ժառանգութիւն կուսակցութեանց կ՛անդամակցէին` այդ ճամբով ծառայելու հայրենիքին եւ ընտրութիւններու նախօրէին վարչական պատճառներով լքեցին ու հեռացան այդ կուսակցութիւններու շարքերէն` միանալու այլ կուսակցութեանց, կազմելու ընտրական դաշինքներ կամ հիմնելու նոր կուսակցութիւններ:
Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ, որ տակաւին Հայաստանի մէջ անհատի մը գաղափարաբանական համոզումներն ու քաղաքական պատկանելիութիւնը անոր կազմաւորման ու իմացական մշակոյթին մէջ չեն ամրագրուած, որ` անհատի կուսակցական պատկանելիութիւնը տակաւին նոյնացած չէ ենթակային դիմագիծին, հանգամանքին ու արժեւորումին հետ, եւ թէ` անհատականը գերազանց է հաւաքականէն:
Իշխանական ուժերը, որոնք նախագահական համակարգէն օգտուելով` կը հակակշռէին պետական կառոյցները, տակաւին կը շարունակեն այլ միջոցներով սահմանադրական փոփոխութեամբ որդեգրուած նոր համակարգը իրենց հակակշիռին տակ պահել: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել, որ հանրապետութեան նախագահը, որ իր հանգամանքով կը ներկայացնէ ամբողջ ժողովուրդը, միաձայնութեամբ… բաց քուէարկութեամբ ընտրուի ՀՀԿ-ի նախագահ: Նոյնպէս նորանշանակ, մինչ այդ անկուսակցական վարչապետն ու նախարարներ առանց կուսակցական շարքերէն անցնելու եւ առանց կուսակցական փորձառութեան` նոյն ձեւով ընտրուին ՀՀԿ-ի փոխնախագահ եւ գործադիր մարմինի անդամներ:
Ի՞նչ հիմնաւորումով նախագահը տակաւին իր ստորագրութիւնը Թուրքիոյ հետ ստորագրուած փրոթոգոլներէն չի վերցներ` հակառակ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ անոր հակասահմանադրական ըլլալը հաստատելուն:
Արցախի հարցով ինչպէ՞ս բացատրել ՀՀԿ-ի տարածքային զիջումներու քաղաքականութիւնը:
Նժդեհեան գաղափարախօսութիւնը, որ ՀՀԿ-ն կը դաւանի ընկալած ըլլալ, ազգի տեսլականը կ՛արժեւորէ` ըսելով. «Պատերազմող մի ժողովուրդ, ամէն կռուող կողմ կամ բանակ այնքան է յամառ ու տոկուն, որքան խոր նա գիտակցում է արժէքին այն դատի, իրաւունքի, երկրամասի, յանուն որի մղում է կռիւը»(3):
Վերոնշեալ օրինակներէն մեկնելով` կարելի է հաստատել, որ ՀՀԿ-ն տակաւին հեռու է նոր սահմանադրութեան տառն ու ոգին ընկալած ըլլալէ ու իր գործելաոճին հիմք նկատելէ` չկարենալ արժեւորելով փետրուար 2016-ի սահմանադրութեան գծով նախագահի ելոյթին բովանդակութիւնը, իմաստն ու խորքը:
Իսկ ԲՀԿ-ն, իր ընտրարշաւի սկիզբէն, «Ծառուկեան դաշինք» անուան տակ հանդէս գալով, անհատը դարձուց քաղաքական մտածողութեան խորհրդանիշ` դառնալով սակաւապետութեան գոյատեւման վառ օրինակ:
Պրն. Ծառուկեանի խոստումները, Գիւմրիի մէջ թէ ընտրարշաւի ընթացքին, ուղղուած` մասնաւորաբար հայ գիւղացիին, աւելի շատ ընտրակաշառքի բաժանում յուշեցին, քան` Հայաստանի տնտեսական բարգաւաճման նպաստող ծրագիր եւ խոտոր համեմատեցան նոր սահմանադրութեան ոգիին:
Հայ ազգային քոնկրեսը իր ծրագրով ըլլալով ազգային-ազատական ու ժողովրդավար` իր գաղափարաբանութեամբ կը դաւանի ազգերու ազատութեան, ինքնորոշման եւ անկախ պետականութեան` իբրեւ համամարդկային սկզբունք կարենալ երաշխաւորելու ազգերու գոյատեւումն ու զարգացումը: Այս սկզբունքներու իրականացման համար ՀԱՔ-ը կը հաւատայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ըլլայ իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան երաշխաւորը` ըլլալով հզօր, ունենալով մարտունակ բանակ` կարենալ դիմագրաւելու արտաքին վտանգները եւ ունենալ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն` դրացիներուն հետ մշակելով բարիդրացիական յարաբերութիւն(4):
Իր նախընտրական ծրագրի քաղաքական բաժինով ու նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի հեռուստաելոյթներու ընթացքին նշմարեցինք, որ ՀԱՔ-ը Հայաստանի տնտեսաքաղաքական ներկայ վիճակը բարեփոխելու համար շեշտը դրաւ շրջափակումէ դուրս գալու եւ, առ այդ, առաջարկեց հարեւաններու հետ հաշտութեան եզր գտնել` զիջելով ազատագրուած տարածքները` կարենալ ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը, հակասելով իր ծրագրի ազգային բաժնի սկզբունքներուն:
ՀԱՔ-ը քաղաքական ի՞նչ երաշխիքներ ունէր, որ հարեւաններու հետ հաշտութեան եզր գտնելը պիտի երաշխաւորէ Հայաստանի գոյութիւնն ու անկախութիւնը, երբ Թուրքիան այսօր իր ծաւալապաշտական նկրտումներէն մեկնած, հակառակ Սուրիոյ` Թուրքիոյ նկատմամբ վարած բարի դրացնութեան քաղաքականութեան եւ Ալեքսանտրէթի նահանգի հարցը չարծարծելու, հանդիսացաւ Սուրիան հարուածող գլխաւոր երկիրը: Մի՞թէ Թուրքիոյ փանթուրանական ծրագիրներուն գլխաւոր արգելքը Հայաստանի գոյութիւնը չէ՞: Թուրքիա ինչո՞ւ չստորագրեց Ցիւրիխի փրոթոգոլը` զայն առնչելով Արցախի հարցին եւ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ յամառելով պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծման վրայ:
Իսկ Ազրպէյճանի հետ ինչպէ՞ս հաշտութեան եզր գտնել, երբ պահանջուածը ամբողջ Արցախն է ու ելք` դէպի Նախիջեւան:
Մի՞թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ու իր խորհրդատուներուն արտաքին գետնի վրայ ազգային հիմունքներէ զուրկ, դրացիներուն նկատմամբ զիջողական ու ամէն կերպով համաձայնութեան եզր գտնելու քաղաքական ուղեգիծը, իսկ ներքաղաքական այլամերժ, ոչ համախմբող ու անձնակեդրոն վարկագիծը սկիզբ, առիթ ու դրդապատճառներ չեն ու պատասխանատուութեան իրենց բաժինը չունին Հայաստանի ներկայ ոչ բարեհաճոյ վիճակի յառաջացման մէջ:
Ինչ կը վերաբերի քաղաքական միւս ուժերուն, ՀՎԿ-ը, ԵՀՔ, ՕՐՕ-Ազատ դեմոկրատականներ կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու ընտրական ծրագիրներու արժեւորման, մէջբերենք «Առաւօտ»-ի թղթակից Էմմա Գաբրիէլեանի 17-2-2017 յօդուածէն բաժիններ, որոնք լաւագոյնս կը ներկայացնէին այդ քաղաքական ուժերուն մակարդակը:
Գաբրիէլեան կը գրէր. «Զաւեշտն աւարտուեց: Դաշինքները ձեւաւորուեցին: Անսկզբունքայնութեան, ապաքաղաքական գործընթացների շքերթն ամփոփուեց: Որեւէ ուժի ինքնանպատակ կցուելու: Առջեւում է ապագաղափարական «թէժ» պայքարը»:
«Արդէն բոլորին համար պարզ է, որ «ռէյթինկային» ընտրապայքարը լինելու է փողի պայքար, բայց ոչ երբեք` քաղաքական-գաղափարական տեսակէտների բախում»:
«Եթէ «քաղաքական ուժերի» ներկայացուցիչները գաղափարական մարդիկ լինէին, պէտք է Հայաստանի ներքին քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, ժողովրդավարութեան վերաբերեալ իրենց տեսակէտները յայտնէին, ցոյց տային իրենց ու իշխանութեան տարբերութիւնը»:
Խորհրդարանական ընտրութիւններու այս թոհուբոհին մէջ պէտք է հարց տալ, թէ արդեօք ո՞ւր էր «Հիմնադիր խորհրդարան» շարժումը: Նոր սահմանադրութեան հիմունքով խորհրդարանի ընտրութիւնները յարմարագոյն առիթը չէի՞ն իրենց ազգային, քաղաքական ու իշխանավարական սկզբունքներն ու ծրագիրները հայութեան արժեւորումի բովէն անցընել` ունենալու համար ժողովուրդի տպաւորութիւններն ու անդրադարձը:
Վերջապէս, անդրադառնալով ՀՅ Դաշնակցութեան, անվարան պէտք է ըսել, որ միակ կուսակցութիւնն էր, որուն ծրագիրը հիմք ունէր սահմանադրութեան կարգերն ու տրամադրութիւնները: Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէր, որ Հայաստանի զարգացումը պէտք է ընթանայ նոր սահմանադրութեամբ ամրագրուած օրէնքներուն եւ կանոններուն հիմունքներով, որոնց անշեղ կիրարկումը պիտի ապահովուի պետական կառավարման համակարգի հանրային ծառայութեան կողմէ:
Ան կը հաստատէր, որ սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացը պէտք է իւրացնել ու իր աւարտին հասցնել` օգտուելով խորհրդարանական համակարգերու միջազգային նորօրեայ փորձերէն:
Մեկնելով իր գաղափարաբանական ու ծրագրային սկզբունքներէն եւ քաղաքական փորձառութենէն` ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը նպատակադրէր կառուցել ազատ քաղաքացի, հզօր եւ արդար երկիր, ուր կան մրցակցական արդար պայմաններ, եւ կառավարման համակարգը ղեկավարողները կ՛ըլլան բարձր մասնագիտութեան եւ մարդկային արժէքները կարեւորող անձինք:
Իսկ քաղաքական գետնի վրայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը դաւանի կերտել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, ուստի` հզօր ու երկրի անվտանգութիւնը երաշխաւորող պետութիւն, որուն համար պէտք է վարել արտաքին անկախ քաղաքականութիւն` հիմնուած ազգային շահերու եւ պետութեան զարգացման հեռանկարային ռազմավարութիւն, որ պէտք է ըլլայ հայամէտ ու հայաստանակերտ:
Զանց ընելով Դաշնակցութիւնը` կրնանք ըսել, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակից կուսակցութիւններու եւ հաւաքներու ծրագիրներուն այս արժեւորումը ցոյց կու տայ, որ անոնց առաջարկներն ու խոստումները պարզ լոզունգներու սահմանը չէին անցներ եւ չունէին գաղափարական ու քաղաքական խորք ու ոչ մէկ ձեւով զիրենք կը պարտաւորեցնէին յաչս ժողովուրդին:
Այս երեւոյթը կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը ցարդ չէ քաղաքականացած, որ` երկրի քաղաքական, ընկերատնտեսական ու իշխանութեան համակարգի վերաբերեալ անոր պատկերացումները չունին գաղափարական յստակ կողմնորոշում եւ սահմանադրական արժեչափ, որոնք կը միտին համապարփակ ռազմավարական ծրագրով մը պատկերացնել երկրի ապագան:
Քաղաքական մտածողութեան բացակայութիւնը հետեւանք է անցեալ 25 տարիներու սահմանադրութիւններով որդեգրուած նախագահական համակարգի գործելաոճին, որ երկրին մէջ յառաջացուցած է ընկերային երկու խաւ: Առաջինը` իշխանաւոր, որ գլխաւորաբար կը բաղկանայ սակաւապետներէ, անոնց շրջապատէն եւ վարչամեքենայի պաշտօնեաներէ, իսկ երկրորդը` հասարակութիւնը: Այս երկու դասակարգերը Հայաստանի քաղաքական կեանքի ներգործօն ուժերն են, որոնք տարբեր մակարդակի եւ տարբեր արժեչափերով քաղաքական մտածողութիւն չունին, այլ կը ներկայանան` մէկը իբրեւ շնորհատու, միւսը` իբրեւ խնդրարկու:
Ժողովուրդին մէջ քաղաքական մտքի զարգացման համար անհրաժեշտ են երկու գործօններ: Նախ` տեսլական ունեցող մտաւորականութիւն, որ քաջածանօթ է իր ժողովուրդի քաղաքական, ընկերային եւ իմացական վիճակին ու մակարդակին: Եւ երկրորդ` ստեղծել այն միջավայրն ու միջոցները, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ սերմանել գաղափարական այն մտածողութիւնը, որ յարիր է ժողովուրդի մը ազգային ձգտումներուն` կարենալ գոյատեւելու եւ բարգաւաճելու համար: Այդպէս եղած է ազատագրական պայքար մղած բոլոր ժողովուրդներուն պարագային: Այդպէս է նաեւ մեր պարագային:
Նկատի ունենանք մեր վերջին 400 տարիներու պատմութիւնը միայն, սկսած` Իսրայէլ Օրիէն` իբրեւ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, որ ձեւաւորած է ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարը, անցնելով Ռաֆայէլ Պատկանեանէն ու հասնելով Խաչատուր Աբովեան եւ Րաֆֆի, որոնք իրենց գրական ստեղծագործութիւններու ճամբով ոչ միայն ներկայացուցած են հայ ժողովուրդի պարզած ընկերային վիճակը, այլեւ եղած են ռահվիրաները ժողովուրդի ազատագրման ու հայրենիքի կերտման գաղափարներուն:
Աւելի ետք Մկրտիչ Փորթուգալեանի, Ռուբէն Խանազատի, Քրիստափորի, Զաւարեանի, Գարեգին Խաժակի, Ակնունիի, Վարանդեանի մտքերն ու արեւմտահայ մտաւորականութեան գործերը կարեւոր դեր ունեցած են ժողովուրդի քաղաքական մտածողութեան կերտումին մէջ, որոնց բիւրեղացումը կը բանաձեւուի Հայ ազատագրական պայքարի մղիչ ուժը հանդիսացող համահայկական կուսակցութիւններու գաղափարախօսութեամբ:
Իսկ քաղաքական մտքի զարգացման ու տարածման միջավայրի ու մթնոլորտի ստեղծումին գլխաւոր նպաստողը եղած է այդ օրերու հայ մամուլը` Խրիմեան Հայրիկի «Արծուի Վասպուրականի»-ն- Մոսկուայի «Հիւսիսափայլ»-ը, Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»-ը ու անոնց շուրջ բոլորուած մտաւորականութիւնը, ի վերջոյ յանգելու գաղափարաբանական յստակ ուղղուածութեամբ կուսակցական պաշտօնաթերթերու հրատարակութեան:
Ժողովուրդի զարգացման, յառաջդիմութեան լուսաւորման, հաւաքական մտքի ստեղծման ու մշակոյթի ճամբով քաղաքակրթականացման մէջ կարեւոր եղած են հայ մտաւորականներուն հաւաքները, որոնք կը միտէին հայրենիքի ազատագրման գաղափարը գրականութեան ճամբով ժողովրդականացնել:
Այս իմաստով ուսանելի են Յովհաննէս Թումանեանի «վերնատան» հաւաքները: Հայ պետականութեան բացակայութեան` հոն հաւաքող լուսաւոր մարդոց նպատակը ոչ միայն հայ լեզուն ու գրականութիւնը փրկելը եղած է, այլեւ` հայոց պետականութեան վերականգնումը:
Զրոյցներու, ընթերցումներու, ասուլիսներու, տպագրուած եւ անտիպ հայ թէ համաշխարհային գրական ու բանահիւսական երկերու քննարկումներով անոնք կը միտէին բիւրեղացնել միտքն ու ճաշակը, ստեղծել ազատ մտածողութիւն ու արտայայտութեան ոգի, որով վերնատան հաւաքներուն կը քննուէին նաեւ հայ հասարակական-քաղաքական կեանքին առնչուող խնդիրներ: Անոնք կը հաւատային, որ պէտք է ժողովուրդին մօտենալ ու հաղորդակից դառնալ անոր հոգերուն, ատոր համար ալ ժողովրդական ստեղծագործութիւնները պիտի հանդիսանային իրենց գրականութեան աղբիւրները:
Այսօր ժողովուրդին մտածողութիւնը քաղաքականացնելու եւ սահմանադրութեան գործընթացը իր վերջնական հանգրուանին հասցնելու համար, գաղափարաբանական համապարփակ ծրագիր ունեցող կուսակցութիւններու բացակայութեան, համահայկական կուսակցութիւններուն եւ առաջին առիթով ՀՅԴ-ին ուսերուն կը ծանրանայ ժողովուրդի քաղաքականացման աշխատանքը, որուն համար ՀՅԴ-ն պարտի որդեգրել հրապարակագրական, հրապարակախօսական ու կազմակերպական շարք մը նախաձեռնութիւններ:
Առաջին առիթով Դաշնակցութեան օրկան «Դրօշակ»-ի եւ Հայաստանի շրջանի օրկան «Երկիր»-ի խմբագրականներով ու ղեկավար ընկերներու եւ համակիր մտաւորականներու առաջնորդող յօդուածներով վերլուծել, բացատրել, պարզաբանել սահմանադրութեան տրամադրութիւնները, ինչպէս նաեւ` խորհրդարանական համակարգի ժողովրդավարական հասկացողութիւնը:
Համախմբել, արժեւորել եւ բեմ տալ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան` համագումարներով, լսարաններով, կլոր սեղաններով ու հանրային դասախօսութիւններու միջոցով քաղաքական մտածողութեան դրսեւորման ու տարածման:
Հայ արդի պետականութեան կերտումն ու ազատ, անկախ, միացեալ, յառաջադէմ ու բարգաւաճ Հայաստանի տեսլականը անցնող 25 տարիներուն հարկ էր, որ Հայ եկեղեցւոյ, յատկապէս Էջմիածնի, ուշադրութեան յատուկ առարկան դառնար:
Մեր պատմութեան ընթացքին, մասնաւորաբար քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք, Էջմիածնի գահակալները, Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոս` Հայաստանի ազատագրութեան հարցի արծարծումով, Խրիմեան Հայրիկ` բարենորոգումներու եւ եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման հարցով, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նախօրեակին ճակատամարտերու մասնակցող հայ մարտիկներու կողքին կենալով եւ Սեւրի վեհաժողովին մասնակցող «Հայ ազգային պատուիրակութիւն»-ը յառաջացնելով, Խորէն Ա. Մուրատբէկեան կաթողիկոս` ընդդիմանալով խորհրդային կարգերու ճնշումներուն, վերջ տալու Հայ եկեղեցւոյ գոյութեան, արի կեցուածք եւ հիմնական դեր ունեցած են հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ համազգային ճակատագրին առնչուող հարցերուն մէջ:
Էջմիածինը ցարդ, Հայաստանի քաղաքական ապագայի, ժողովուրդի ընկերատնտեսական թէ Արցախի հարցի գծով, ոչ մէկ կշռադատուած ու ազդու յայտարարութեամբ հանդէս եկած է` իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերէն մեկնած, զգաստութեան հրաւիրելու թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ հանրութիւնը: Էջմիածինը կը թուի հետեւիլ իշխանութիւններու քայլերուն` մնալով փրոթոգոլային ու աշխարհիկ սահմաններու մէջ, զիջելով իր ազգային ու հոգեւոր պատմական դերակատարութենէն:
Հայաստանը իր ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու եւ բարգաւաճման ընթացքի մէջ դնելու համար քաղաքական հիմնական ուժերը կը դաւանին որդեգրուած սահմանադրութեան լիիրաւ կիրարկումն ու վերջնական բանաձեւման գործընթացը իր աւարտին հասցնել:
Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, այսօր աշխարհի վրայ կան 197 պետութիւններ, որոնց 193-ը ՄԱԿ-ի անդամ են:
Այս երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի իր պետական համակարգն ու սահմանադրութիւնը, որուն հիմամբ կ՛առաջնորդուի անոնց քաղաքական կեանքը: Անոնցմէ ոմանք կը բոլորեն քաղաքականապէս հանդարտ եւ խաղաղ ժամանակաշրջան, իսկ ուրիշներ կ՛անցնին ըմբոստութիւններով, խռովութիւններով եւ յեղափոխական իրավիճակներով յատկանշուող ժամանակներէ:
Արդեօք ի՞նչ հիմունքներու վրայ մշակուած սահմանադրութիւններ կրնան քաղաքական հոսանքներու` երկիրը յուզող հարցերու գծով ունեցած մօտեցումներուն համադրումը կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ ծայրայեղութիւններու առաջքը առնել եւ ապահովել երկրի բարգաւաճումը:
Ըստ Անտրէ Հորիուի անկախութիւն ստացած երկիրները ընդհանրապէս սահմանադրութիւններու մշակման երկու մօտեցումները կը կիրարկեն: Մէկը` դաւանաբանական հիմունքներով, իսկ երկրորդը` կիրառական, գործնականութեան մօտեցումով:
Դաւանաբանական խորքով սահմանադրութիւն մը իբրեւ հիմք կ՛ունենայ կրօնական կամ ընկերային գաղափարաբանական վարդապետութիւն մը, որ ընկալուած կ՛ըլլայ իբրեւ սկզբունք եւ ընդհանրապէս վիճարկելի չէ, ինչպէս է պարագան Սէուտական Արաբիոյ, Իրանի, Քուպայի, Հիւսիսային Քորէայի սահմանադրութիւններուն:
Նմանօրինակ սահմանադրութիւններ որդեգրած երկիրներու մէջ պետութեան արտաքին ցուցական երեսը կը սերտաճի եւ աւելի կը կարեւորուի, որ տեսանելի է եւ կը դրսեւորուի արարողակարգերու եւ փրոթոգոլային արտայայտչաձեւերով, յաճախ արգելակելով պետական կառոյցներու աշխատանքը` մղում տալու եւ զարգացնելու երկրի տնտեսական, ընկերային, մշակութային ու արհեստագիտական կեանքի յառաջընթացը:
Կիրառական կամ գործնական հիմունքներու վրայ մշակուած սահմանադրութիւններն ալ ունին իրենց անպատեհութիւնները: Անոնցմէ գլխաւորը գործող քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ ընկերային դասակարգերու միջեւ պետական կառոյցները հակակշռելու համար մղուող մրցակցութիւնն է:
Այս ուժերը յաճախ պետական կառոյցները կ՛օգտագործեն իբրեւ ընկերային եւ քաղաքական պայքարի խաղաքարտ, իսկ այլ պարագաներու` իբրեւ նպատակ` իշխանութեան տիրանալու համար:
Սահմանադրութիւններու մշակման այս երկու պատկերացումներէն տարբեր, արդեօք այլ մօտեցում կարելի՞ է իբրեւ հիմք ընդունիլ, որպէսզի անիկա առաւելագոյնս նպաստէ ժողովուրդի մը ընկերաքաղաքական իտէալներու իրականացման, պատշաճի անոր ազգային դիմագիծին ու յատկանիշներուն:
Կարգ մը սահմանադրագէտներ կը թելադրեն սահմանադրութեան մշակման իբրեւ մեկնակէտ ու հիմք ունենալ ժողովուրդներու պատմական եղելութիւններն ու իրադարձութիւնները, որոնք առարկայական տուեալներ են` աւելի իրապաշտ եւ հարազատ հայեցակարգի մշակման հիմք ընդունելու:
Նման հիմունքով սահմանադրութիւն որդեգրած երկիրներու մէջ, որոնք յաճախ գերազանցապէս քաղաքականացած եւ օրինակելի հաւաքականութիւններ են, սահմանադրակարգային կառոյցներու գործունէութիւնը կը կարողանայ հաւասարակշռել կառավարող իշխանութեան իրաւասութիւնները եւ քաղաքացիներուն կեանքի, մտածելակերպի, արտայայտութեան ազատութիւնը:
Այս փորձառութիւնը ապրած եւ ունեցած են վաղ յունական քաղաքակրթութիւնը յատկանշող «քաղաք» հասկացողութեամբ վարչական կառոյցին մէջ ապրած հաւաքականութիւնները: Միջին դարուն զայն որդեգրած է Մեծն Բրիտանիան, իսկ 18-րդ դարու աւարտին` Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան:
Իր աշխարհագրական դիրքով, հնդեւրոպական ընտանիքին պատկանող լեզուով ու աւելի ետք քրիստոնէութիւնը իբրեւ կրօն որդեգրելով` Հայաստանը վաղ հելլենիզմի օրերէն միշտ ալ Արեւմուտքին մօտ եղած է, հայեացքը ուղղած է Եւրոպային, որ մեր ժողովուրդին համար հանդիսացած է քաղաքակրթական բեւեռ:
Եւրոպան լուսաւորած ազգային ու մարդկային արժէքները մեր կողմէ իւրացուելով` ներշնչած են հայ ընկերաքաղաքական մտածողութիւնը, որ իբրեւ հայու կերպար` կը դրսեւորուի մեր մշակոյթով, կենցաղային յատկանիշներով բարոյական ըմբռնումներով ու ստեղծագործական ոգիով:
Պատմութեան հետագայ իրադարձութիւնները, միջին դարուն Հայաստանի ազատութեան գաղափարը, Պերլինի վեհաժողովն ու բարենորոգումներու ծրագիրը, 1860-ի Ազգային սահմանադրութիւնը, 19-րդ դարու հայ ազատագրական շարժումները եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ծնունդը, 20-րդ դարու անցուդարձերը` Ցեղասպանութիւն, սփիւռք, Հայաստանի առաջին հանրապետութիւն, Սեւրի դաշնագիր, երրորդ հանրապետութիւն, Արցախի ազատագրում` իրադրութիւններ ու եղելութիւններ են, որոնք հայ կեանքը հարստացուցին ու ամբողջացուցին ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով ու ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազատական ընկերատնտեսական գաղափարաբանութեամբ: Արդ, հայ ժողովուրդը, ժառանգելով մեր պատմութենէն ընկալած արժէքները, զանոնք նուիրականացուց եւ դարձուց մերօրեայ ազգային քաղաքականութեան հիմքը, որ Հայաստանի քաղաքական ուժերը իբրեւ սկզբունք (հիմք) պարտին որդեգրել սահմանադրութեան գործընթացը իր աւարտին հասցնելու համար:
Հայաստանի 3-րդ հանրապետութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը օրէնսգիտական երկու կարեւոր փաստաթուղթեր են (երկու կարեւոր փաստագրեր են), որոնց վերանայումը, վերախմբագրումը ներառելով եւ ամբողջացնելով նշուած խորքային արժէքներով` Հայաստանի քաղաքական կեանքը դուրս պիտի բերեն անցնող 25 տարիներու իր վարչական, դիւանակալական, տնտեսավարական, ընկերային ու դիւանագիտական խարխափումներէն` անոր տալով ազգային քաղաքական ամուր կռուան եւ ուղի: Իսկ պետական կառավարման համակարգին ամբողջական ու յառաջընթաց ժողովրդականացումը, մանաւանդ` Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան համաձայնագրի նախաստորագրման լոյսին տակ, պիտի երաշխաւորէ Հայաստանի բարգաւաճման գործընթացը` ժողովուրդը դուրս բերելով ներկայի իր անձուկ դրութենէն ու խնդրարկուի հոգեվիճակէն, անոր տալով ազատ մտածողութեան կարելիութիւն, քաջութիւն, կորով` իր ծաղկումն ու յառաջդիմութիւնը երաշխաւորող ղեկավարութեան անկաշկանդ ընտրութիւնը կատարելու:
Հայաստանի զարգացումն ու բարգաւաճումը ապահովող, քաղաքականացած հասարակութիւն կերտող եւ գերազանցապէս ժողովրդավար համակարգ առաջադրող սահմանադրութեան մը մշակման ու որդեգրման համար հարկ է, որ գաղափարական մտածողութեան տէր մեր մտաւորականութիւնը, արուեստագէտները, ակադեմականները, լրագրողները, ազատ ասպարէզի մարդիկ, երիտասարդութիւնն ու քաղաքական ողջմիտ գործիչներ իրենց հաւաքական ներուժը ի գործ դնեն Հայաստանը արդի սահմանադրութեամբ մը օժտելու: Այլապէս` «Որքան դաժան պիտի ըլլայ պատմութեան դատաստանը Հայաստանի ղեկավար դասին համար, եթէ շարունակուի ներկայ անհեռատես, քմահաճ վերաբերումը ազգային գերագոյն շահերուն հանդէպ, եւ եթէ քայլեր չառնեն բարոյական ախտերը մաքրելու ընկերային կեանքէն: Եւ` եթէ արժանի չըլլան, բանիւ եւ գործով, իրենց վստահուած գանձին խնամակալութեան, որ հայութեան հայրենիքն է», ինչպէս կ՛եզրակացնէ Վահէ Օշական:
Մայիս 2017
(Շար. 2 եւ վերջ)
—————————–
3.- Գ. Նժդեհ «Լեռնահայաստանի գոյամարտը»:
4.- Հաստատումները առնուած են ՀԱՔ ծրագրէն:
5.- Վահէ Օշական, «Վտանգը», 11 փետրուար 2000, Ռետնըր, Փենսիլվանիա, Միացեալ Նահանգներ: