ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Շուրջ երկու ամիս առաջ, «Առաւօտ» (Aravot.am) կայքէջի Դիմատետրի էջերէն մէկուն վրայ կարդացի հայրենի մտաւորական Պերճ Զէյթունցեանի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ ուզում ես վրէժ լուծել, թուրքերի քթի տակ ստեղծիր բարեկեցիկ, օրինապահ երկիր, որտեղից մարդ չուզենար հեռանալ…»:
Յարգելի մտաւորականը կարճ ու դիպուկ նախադասութեամբ մը կը սահմանէ ապագայ Հայաստանի իր տեսլականը` նշելով ազգային քաղաքականութեան խորքային այն արժէքները, որոնք Հայաստանի գոյութեան կռուաններն են:
Պերճ Զէյթունցեանի խօսքը կը ցոլացնէ շուրջ տարի մը առաջ, 2 փետրուար 2016-ին սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէի նախօրեակին նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտասանած խօսքին էութիւնը, որ կ՛ըսէր.
«… Սահմանադրական փոփոխութիւնների արդիւնքում Հայաստանի քաղաքական համակարգը կը դառնայ առաւել բաց եւ ճկուն: Այն կը համապատասխանի մեր հասարակութեան տինամիք եւ բազմակողմանի զարգացող ընկերային կառուցուածքին: Կ՛արձագանգէ ազատ, ապահովուած, քննադատական մտածելակերպ ունեցող մարդկանց քաղաքական մշակոյթին: Ինչպէս շատ ժողովրդավարական պետութիւններում, քաղաքական պայքարի առաջնորդողները կը լինեն կուսակցութիւնները… քաղաքական համակարգը կը բարեփոխուի… քաղաքական ռազմավարական սկզբունքների, ընկերային կայունութեան, ազգային անվտանգութեան, սահմանադրական համակարգի հիմնարար դրոյթների եւ ինքնիշխանութեան պահպանման, քաղաքացու իրաւունքների եւ ազատութիւնների պաշտպանութեան շուրջ: Այնպիսի Հայաստան, որտեղ ապրողները իրենց երջանիկ կը զգան ու չեն մտածի այն լքելու մասին… այնպիսի հասարակական միջավայր, որտեղ չեն լինի արտօնեալներ, այլ կը լինի միասնական ժողովուրդ` կարգապահ, օրէնքները յարգող, խաղաղութիւն սիրող, հպարտ»:
«Մենք պիտի չբաւարարուենք միայն Հայաստանի ներքին խնդիրների կարգաւորմամբ: Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները մեզ հարկադրում են միաւորել աշխարհասփիւռ ողջ հայութիւնը` ապահովելու համար մեր ժողովուրդի անվտանգ գոյութիւնը եւ տեղն աշխարհում: Ես համոզուած եմ, որ կարճ ժամանակահատուածում սահմանադրութիւնը դառնալու է ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթ»:
Ասիկա նաեւ նկատողութիւն մըն է` ուղղուած Հայաստանի քաղաքական գործիչներուն` անոնց յիշեցնելով իրենց պարտաւորութիւնը երկիրը արագօրէն դուրս բերելու իր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամէն եւ սահմանադրութեան տրամադրութիւններու որդեգրումով զայն դնելու բարգաւաճման ուղիի վրայ:
Ուրախալի երեւոյթ է վերահասու ըլլալ Հայաստանի մտաւորականութեան մտածելակերպին ու կեցուածքին, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ապագայ քաղաքական համակարգի դրոյթին:
Սակայն Հայաստանի քաղաքական կեանքին մօտէն հետեւող իւրաքանչիւր անհատ հարց կու տայ, որ ինչո՞ւ անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին կարելի չէ եղած հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին յարիր ու անոր ընկերաքաղաքական իղձերու իրականացման նպաստող սահմանադրութիւն մը որդեգրել:
Ի՞նչ են պատճառները, որ իշխանութիւնը մղեցին սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը յառաջ քաշել ու Հայաստանի կառավարման համակարգը նախագահականէն խորհրդարանական վարչաձեւի անցում կատարել:
Նոր սահմանադրութիւնը արդեօք պիտի կարենա՞յ քաղաքական նոր մշակոյթի արմատաւորման գործընթացը յառաջ տանիլ:
Ինչո՞ւ նոր սահմանադրութեան հիմամբ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու հազիւ վեց ամիս մնացած` կառավարութեան փոփոխութիւն եւ նոր վարչապետի նշանակում կատարուեցաւ, որ իր վրայ հրաւիրեց քաղաքական բոլոր լուսարձակները, եւ տնտեսական նախարարութիւնը փոխարինուեցաւ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեամբ:
Ինչո՞ւ սահմանադրութեամբ նախատեսուած համամասնական ընտրակարգը ընտրական օրէնսգրքի ընդունման ճամբով շրջանցուեցաւ «ռէյթինկային» դրութեամբ շրջաններէն պատգամաւորներ ընտրելու որոշման յաւելումով:
Արդեօք վերոնշեալ տուեալները չե՞ն միտիր որոշ նրբութիւններով իշխանութեան վերարտադրման նպաստել:
Հայ ժողովուրդին նման` բռնատիական կամ գաղութատիրական կարգերու տակ տուայտող ազգեր ընկերատնտեսական ի՞նչ վիճակ կը պարզեն եւ անկախութեան տիրանալէ ետք քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կառավարման ի՞նչ տագնապներ կը դիմագրաւեն` մինչեւ յարմար սահմանադրութեան մը որդեգրումը, որ երկիրը դէպի կայունութիւն ու բարգաւաճում առաջնորդէ:
Ազգ մը ի՞նչ հիմունքներու վրայ, կամ ո՞ր փորձառութենէն մեկնած` պէտք է իր սահմանադրութիւնը մշակէ:
Վերոնշեալ հարցումներուն պատասխանը ունենալու համար կը դիմենք Փարիզի Իրաւաբանութեան եւ տնտեսագիտութեան կաճառի դասախօս Անտրէ Հորիուի, որ իր «Սահմանադրական օրէնք եւ քաղաքական կառոյցներ»(1) խորագրեալ գործին մէջ պատմաիրաւագիտական մօտեցումով լայնօրէն կը նկարագրէ ու կը վերլուծէ այդ երկիրներուն վիճակը` հաստատելով, որ նման երկիրներ դրամագլուխի եւ մասնագիտական միջոցներու ներդրման պակասի բերումով չեն կրնար իրենց մարդուժն ու բնական պաշարները ամբողջականօրէն օգտագործել, ընկերային գետնի վրայ կը մնան թերաճ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ սննդամթերքի անբաւարար արտադրութեան ու մահացութեան բարձր համեմատութեան, մասնաւորաբար` մանկական ծնունդներու պարագային: Տնտեսական գետնի վրայ Հորիու կ՛անդրադառնայ հնամենի ձեւերով հողամշակման երեւոյթին, մեքենական միջոցներու անբաւարար օգտագործման, ճարտարարուեստի սաղմնային վիճակի մէջ գտնուելուն, որոնց հետեւանք` անձ գլուխ տարեկան եկամուտը կ՛ըլլայ ցած ու անբաւարար, իսկ բաշխումը` անհաւասար:
Հորիու լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն երեւոյթը, որ այսօրինակ երկիրներու մէջ ընկերատնտեսական կեանքի ղեկը կը կեդրոնանայ փոքրամասնութեան մը ձեռքը, որ յաճախ կը բաղկանայ ազնուական հողատէրերէ (ազնուականութեամբ օժտուած երկիրներու պարագային), քարիւղատէրերէ (Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ), հարուստ դրամատէրերէ (Լատին Ամերիկայի երկիրներու պարագային) կամ սակաւապետ հողատէրերէ, դասակարգ մը, որ յաճախ կ՛արգելակէ պետական կառոյցներու հեզասահ գործունէութիւնը:
Հորիու կը հաստատէ, որ նորանկախ այս պետութիւնները ընդհանրապէս իրենց վարչամեքենային համար կ՛որդեգրեն խորհրդարանական կամ նախագահական համակարգը` արեւմտեան երկիրներու օրինակով, սակայն` ոչ երկկուսակցական դրութիւնը, ինչպէս` Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պարագային, այլ առաւելաբար` եւրոպական երկիրներու օրինակը, որոնց տիրապետութեան տակ ապրած են, զայն պատշաճեցնելով` նպաստելու քաղաքական ղեկավարութեան իշխանապետական ձգտումներուն: Օրինակ` վարչապետի ընտրութիւն խորհրդարանին կողմէ: Կառավարութեան վստահութեան համար խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան քուէի պահանջ, կամ խորհրդարանի ցրւում` նախագահին կողմէ ու նմանօրինակ հնարքներ, որոնք կը նպաստեն գերիշխող կուսակցութեան գոյատեւման, ինչպէս` Նոր սահմանադրական (Ne՛o-Dastour) կուսակցութիւնը` Թունուզի մէջ, Անկախութիւն (Istiqlal) կուսակցութիւնը` Մարոքի մէջ, կամ Ժողովրդավար կուսակցութիւնը` Կինէի մէջ:
Ըստ Հորիուի, գերիշխող այս կուսակցութիւններուն մէջ նոյնանման մտածողութիւնն ու միատարրութիւնը յաճախ կ՛ըլլայ փխրուն` գլխաւորաբար վարչական եւ ծրագրային պատճառներով: Այս միասնականութիւնը կարելի կ՛ըլլայ պահել, եթէ հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը իր ազդեցութեամբ կարենայ կուսակցականները վարչական ու ծրագրային հարցերու շուրջ համախմբուած պահել, ինչպէս կարողացաւ ընել Փանտի Նեհրիւ իր անհատականութեամբ` Անգլիոյ գաղութատիրական կարգերէ դուրս եկած Հնդկաստանի մէջ:
Հորիու կ՛աւելցնէ, որ գերիշխող կուսակցութիւնը կառավարութեան գլխաւոր յենարանը հանդիսանալով` ժամանակի ընթացքին կը դառնայ երկրի միակ կուսակցութիւնը, որպէսզի կարենայ պահել երկրի ազգային միասնականութիւնը, մղում տալ, որ վարչամեքենան գործէ եւ ապահովէ երկրի զարգացումը: Սակայն որդեգրուած այս խորհրդարանական վարչաձեւը յաճախ կը ձախողի հեզասահ գործելէ, եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի միապետութիւն, ինչպէս եղած է պարագան` Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Սուտանի, Իրաքի եւ ափրիկեան ու լատինամերիկեան շատ մը երկիրներու… Միապետական դրութեամբ ղեկավարուող այս երկիրները անպայմանօրէն հակաժողովրդավար չեն ըլլար եւ յաճախ կը ձգտին կարեւոր բարենորոգումներ կատարել, սակայն նշմարելի է, որ անոնք յաճախ քաղաքական եւ զինուորական ցնցումներու ենթակայ են ու մեծ տագնապներ կը դիմագրաւեն:
Անտրէ Հորիուի վերլուծումներուն վերարտադրումը Հայաստանի անցեալ 25 տարիներու ընկերատնտեսական եւ վարչաքաղաքական կեանքին վրայ կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.
– Բացի Արարատեան դաշտէն, երկրի միւս շրջաններուն մէջ եւ մանաւանդ ծայրամասերուն մշակելի հողատարածքներու ոչ ամբողջական օգտագործում,
– Հողագործութեան եւ անասնաբուծութեան բնագաւառէն ներս, հողամշակման եւ անասնապահութեան համար մեքենական միջոցներու օգտագործման պակաս, երկրագործական հնամենի միջոցներու յամեցում, արտադրութեան անբաւարարութիւն բաւարարելու բնակչութեան սննդամթերքը,
– Մահացութեան բարձր ցուցանիշ` նորածիններու մօտ,
– Ոռոգելի ջուրի պակաս եւ հինցած ենթակառոյցներ,
– Սեփականաշնորհուած, սակայն չգործող ճարտարարուեստական արդիւնատեղիներ,
– Հանքավայրերու ոչ ամբողջական շահագործում,
– Գործազրկութիւն, եկամուտի անբաւարարութիւն, աղքատութեան բարձր ցուցանիշ, արտագաղթ,
– Ուժանիւթի անբաւարար արտադրութիւն,
– Սակաւապետներու կողմէ բռնագրաւուած տնտեսութիւն, միջին եւ մանր ձեռնարկութիւններու նահանջ,
– Պետական ծառայութիւններու կաղացող եւ ոչ արդիւնաւոր գործելաոճ,
– Պետական պիւտճէի գործառնութեանց վերահսկողութեան պակաս, դանդաղ գործող եւ մեծաթիւ անձնակազմ,
– Կաշառակերութիւն,
– «Ղարաբաղ» կոմիտէ, ՀՀՇ-ի ստեղծում, իշխանութեան հակակշռում եւ նախագահական համակարգի որդեգրում,
– Ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ իշխանութեան անհանդուրժողականութիւն, յատկապէս` ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ եւ անոր գործունէութեան արգիլում,
– Շրջափակման վերացման պատրուակով Թուրքիոյ հետ ներկայի սահմաններու հիմամբ համաձայնագիր ստորագրելու միտում,
– Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան առանձին ցանկով խորհրդարանական ընտրութիւններու ներկայանալու հայցի մերժում,
– 1995 մայիս. անտեսում սահմանադրական յանձնաժողովին կողմէ ներկայացուած սահմանադրութեան նախագիծի եւ ի գոհացում Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բռնապետական տրամադրութիւններուն` ժողովրդային կեղծուած հանրաքուէով նախագահական համակարգով նոր սահմանադրութեան որդեգրում,
– ՀՀՇ-ական ընկերներու կողմէ լքուած` նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մեկուսացում,
– Ժողովրդային ցասում եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարում,
– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան յայտնութիւն եւ գերիշխանութիւն,
– 28 սեպտեմբեր 1999-ի սպանդ եւ Կարէն Տէմիրճեան-Վազգէն Սարգիսեան մերձեցման ոտնահարում,
– 2008-ի կեղծուած նախագահական ընտրութիւններ: Մարտ 1-ի խռովութիւններ եւ ՀՀԿ-ի մենատիրութեան հաստատում,
– Երկրի ելեւմուտքի համախառն արդիւնքի անկում, պիւտճէական բաց եւ պարտքերու կուտակում,
– Ընտրական օրէնսգրքի ճամբով «ռէյթինկային» դրութեամբ մարզերէն պատգամաւորներ ընտրելու որդեգրմամբ խորհրդարանական ականուած համակարգով սահմանադրութեան որդեգրում:
Հայաստանի ընկերատնտեսական ու քաղաքական կեանքի երեւոյթները, անոնց ժամանակագրական հոլովոյթի այս արագ թուարկումը ամբողջութեամբ կը համընկնին Անտրէ Հորիուի վերեւի բնութագրումին:
Տակաւին, Պերճ Զէյթունցեանէն շատ առաջ, սփիւռք-Հայաստան առաջին համագումարի աւարտին իսկ այս երեւոյթը գրաւած էր նոյն այդ ժողովին սփիւռքահայ մտաւորականութեան խօսնակը հանդիսացող Վահէ Օշականի ուշադրութիւնը, որ այս առթիւ, իր 11 փետրուար 2000 թուակիր «Վտանգը» խորագրեալ յօդուածով, ուղղուած` բացառաբար միայն սփիւռքահայ մտաւորականութեան եւ սփիւռքեան կառոյցներու այդ օրերու պատասխանատուներուն, կը գրէր.
«Եթէ մինչեւ տասը տարի առաջ սփիւռք ու Հայաստան պատմութեան լուսանցքին մէջ կ՛ապրէինք, պատասխանատու` միայն մեզի, հիմա միջազգային լուսարձակի տակն ենք` ամերիկեան ծերակոյտէն մինչեւ Կասպից ծովու նաւթահորերը: Մեզի համար արձակուրդը վերջացած է այլեւս»:
«Այս իրողութեան գիտակցութիւնը առաջին անգամ Գարեգին Ա. վեհափառին խօսքերուն մէջէն կը լսուէր, իր կեանքի վերջին տարիներուն: Ճիգը` արթնցնելու հայութիւնը, յատկապէս Հայ եկեղեցին գիտակցելու իր ներքին ու արտաքին պարտաւորութեան: Սակայն վտանգի մը ներկայութիւնը եւ մեր վրայ ճնշող պատասխանատուութեանց ծանրութիւնը իրապէս զգալի դարձան անցեալ սեպտեմբերի Համահայկական խորհրդաժողովի ընթացքին: Ահազանգը հոն էր, որ հնչեց, կա՛մ հայութիւնը կ՛անդրադառնայ իր վրայ տիրող կացութեան լրջութեան, հատուածական եւ անձնական շահերը կը ստորադասէ ազգային ու մարդկային շահերուն ու վերջ կու տայ դարաւոր բաժանումին, կա՛մ ալ պատմութիւնը կը կոխկռտէ մեզ ու կ՛անցնի-կ՛երթայ իր անյայտ ճամբան»:
«… Վտանգի բերանը, առաջին շարքին, կանգնած է Դաշնակցութիւնը: Անոր տալիք օրինակը պիտի որոշէ, մեծաւ մասամբ, միւս կազմակերպութիւններուն որդեգրելիք դիրքը: Իր յեղափոխական անցեալի պատմուճանը իրեն այդ մենաշնորհը կու տայ, հակառակ որ Դաշնակցութեան յեղափոխականութիւնը ներկայ պայմաններու մէջ զուտ իմացական յեղափոխականութիւն մըն է ու անոր ընկերվարական գաղափարաբանութեան կը վերաբերի, եւ ոչ թէ` որեւէ ռազմական կալուածի: Յեղափոխական ըլլալ` հինցած քարացած մտածելակերպեր ու գործելու եղանակներ մէկդի շպրտել եւ պահպանողական բնազդը տեղաշարժի ենթարկել կը նշանակէ»:
«… Որքա՞ն դաժան պիտի ըլլայ պատմութեան դատաստանը Հայաստանի ղեկավար դասին համար, եթէ շարունակուի ներկայ անհեռատես, քմահաճ վերաբերումը ազգային գերագոյն շահերուն հանդէպ, եւ եթէ քայլեր չառնեն բարոյական ախտերը մաքրելու ընկերային կեանքէն: Եւ` եթէ արժանի չըլլան, բանիւ եւ գործով, իրենց վստահուած գանձին խնամակալութեան, որ հայութեան հայրենիքն է»:
Այս գրութեամբ Վահէ Օշական ոչ միայն լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայաստանի ներքին կեանքի զանազան երեսներուն սպառնացող «Վտանգը», այլեւ համարձակօրէն կը մատնանշէ Հայաստանի ղեկավար դասին պատասխանատուութիւններն ու պարտաւորութիւնները` գործելու ազգային գերագոյն շահերէն մեկնած: Օշական կը նշէ նաեւ այն կառոյցները եւ յատկապէս Դաշնակցութիւնը, որոնք կրնան դիմագրաւել այս թերիներու սրբագրումը: Դաշնակցութիւնը իր «յեղափոխական մտածելակերպին» բերումով, իր քաղաքական փորձառութեամբ ու գործելաոճով կրնայ որոշումներ կայացնել եւ դարմանումի ծրագրեր առաջարկել:
Հայ ժողովուրդին մէջ յամեցող հինցած, քարացած քաղաքական մտածելակերպն ու գործելակերպը մէկդի շպրտելու եւ անոր պահպանողական բնազդը տեղաշարժի ենթարկելու Վահէ Օշականի` Դաշնակցութենէն ունեցած ակնկալիքներուն վերաբերեալ անմիջապէս ըսենք, որ տակաւին կանուխ, իր «Դէպի Երկիր» որոշումի կայացումէն անմիջապէս ետք, Դաշնակցութիւնը դեկտեմբեր 1990-ին, Երեւան հրատարակուած հայաստանեան իր «Գործունէութեան ծրագիր»-ին (փլաթֆորմ) (2) մէջ մեկնելով իր ծրագրային տեսութիւններէն` կը հաստատէ.
«Ազգը` իբրեւ պատմա-աշխարհագրական, լեզուական, մշակութային եւ քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն, ամէնէն էական ազդակներէն մէկը կը կազմէ համամարդկային լիակատար զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման: Ասով իսկ ազգը հիմնական արժէք է»:
«Ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման այն աստիճանն է եւ այն միջավայրը, որ անհատը ձեռք կը բերէ` ապահովութիւն, բարգաւաճման լայն հնարաւորութիւն, իր նմաններուն հետ լիակատար զարգացման լայն կարելիութիւն»:
Ծրագրային այս հաստատումներէն անցնելով` Հայաստանի պարզած այդ օրերու վիճակին փլաթֆորմը իր նախաբանին մէջ կը նշէ.
«Հայաստան ներկայիս կը գտնուի իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն կարեւոր մէկ հանգրուանին… որ ազգային պետականութեան վերակերտումն է», եւ կ՛առաջարկէ.
«Այսօրուան ու վաղուան Հայաստանին ի նպաստ նուաճուած հիմնական կռուանը յառաջացումն է ազգընտիր խորհրդարանին: Հայաստանը ի վերջոյ օժտուած է իր ինքնուրոյն խորհրդարանով, որ կը ձգտի`
– Երկրին մէջ ժողովրդավարութեան տանող սահմանադրական տրամադրութիւններուն ապահով խարիսխներ ստեղծելու,
– Հայաստանի մեր ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական պայմանները բարելաւման ընթացքի մէջ դնելու,
– Ինքնիշխանութենէն անկախութիւն տանող արահետին վրայ հայ ժողովուրդին երթը խոչընդոտող արգելքները յաղթահարելու, եւ ատով իսկ`
– Կարելի դարձնելու մեր Ազգային Մեծ Իտէալին հասնելու ճանապարհին հարթումը»:
Ազգային պետականութեան հիմքերու վերահաստատման բաժնին մէջ կը նշէ.
«Հայաստանն ու հայութիւնը օժտել հանրապետական այն անօթով, որուն առաջնահերթ խնդիրը եւ գոյութեան իմաստը ազգի բովանդակ շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնն է: Առ այդ, մշակել Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը, որուն ողնայարը պիտի կազմէ մեր ազգի բոլոր ուժերուն ու կարելիութիւններուն պետական ներգրաւման, կարգաւորման ու արդիւնաւորման առաջադրանքը: Անհրաժեշտ է պետական իշխանութիւնը ժողովրդականացնել եւ ժողովրդավարականացնել, ինչ որ կ՛ենթադրէ նաեւ պետական վարչամեքենայի ու կառոյցներու ապակուսակցականացում, ապա` օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութիւններու բաժանում»:
Դաշնակցութեան փլաթֆորմը` իր քաղաքական, տնտեսական, գիւղատնտեսութիւն-երկրագործութիւն, կրթամշակութային, առողջապահական, ազգային պաշտպանութիւն, աղէտի գօտի, Արցախի հարց, ութ ընդարձակ գլուխներու մէջ, իւրաքանչիւրը մասնագիտական իւրայատուկ ենթաբաժանումներով բացատրուած, 47 էջերու մէջ կը ներկայացնէ ապագայ Հայաստանի բարգաւաճման ծրագիր-գործընթացը` եզրակացնելով. «Մեզի կը սպասեն դժուարին եւ անակնկալներով յղի տարիներ, որոնք մեզմէ պիտի պահանջեն լարուած աշխատանք, երկարատեւ յանձնառութիւն, նուիրում եւ տոկունութիւն»:
«Ազգովին կանգնած ենք քննութեան` պատմական մեծ քննութեան առջեւ, ազգային միասնութեամբ դրսեւորուող ուժի միասնութիւնն է, որ կրնայ երաշխաւորել անցումի այս շրջանը պատուով ու յաջողութեամբ բոլորելու մեր առաջադրանքը»:
«Մենք` դաշնակցականներս, գիտակից ենք այն հսկայական աշխատանքին, որ յառաջիկայ տարիներուն յարատեւօրէն վիճակուած պիտի ըլլայ բոլորիս անխտիր»:
Դաշնակցութեան 1990-ի փլաթֆորմէն կատարուած վերոնշեալ լայն մէջբերումները կը միտին թարմացնել զանգուածային լրատուական միջոցներով եւ անձնական դիմատետրերու վրայ Դաշնակցութեան հայաստանեան քաղաքականութիւնը ձաղկող ընդդիմախօսներու յիշողութիւնը, տեղեկացնել ու լուսաբանել հանրութիւնը, որ Դաշնակցութիւնը տակաւին 25 տարիներ առաջ ժողովրդավար ու բարգաւաճ Հայաստանի կայացումը կը տեսնէր իշխանութեան ժողովրդավարականացման եւ պետական վարչամեքենայի ու կառոյցներու ապակուսակցականացման մէջ, որ կարելի կը դառնայ ազգային միասնութեամբ, գէթ` անցումային շրջանին, որուն աշխատանքի ծանրութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակից է Դաշնակցութիւնը:
Մայիս 2017
(Շար. 1)
———————————
1.- Droit Constitutionnel et Institutions Politiques.
Éditions Montchrestien-1968. Conforme Au programme Des Facultés de Droit Et Écoles D’Enseignement supérieur.
Ouvrage couronné par l’Institut (prix Demolombe, 1966).
2.- Գործունէութեան ծրագիրը (Փլաթֆորմ) Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Դեկտեմբեր 1990, քաղաք` Երեւան: