Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արուեստը` Կեանքի Նեկտարը

$
0
0

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ գործակցութեամբ «AD & D Sarkissian Partners եւ YM Development» ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական հաստատութիւններուն, «Նոազ արք» ցուցասրահը կազմակերպած է կերպարուեստի յատկանշական ցուցահանդէս մը Ռաս Պէյրութի «Միր Օմար» կառոյցի սրահին մէջ, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 17  մայիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին: Այս առիթով հետեւեալ հետաքրքրական եւ ուսանելի հարցազրոյցը ունեցանք «Նոազ արք»-ի տէր եւ տնօրէն` արուեստաբանութեան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ձեր ցուցահանդէսը դրուած է «Արուեստը` կեանքի նեկտարը» ընդհանուր խորագրին տակ: Ըստ ձեզի, իսկապէ՞ս արուեստ մը կրնայ կեանքի նեկտարի դեր կատարել:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ.- Եթէ խօսքը կը վերաբերի իրաւ ու բարձրորակ արուեստին (ինչպէս այս մէկը), ապա այո՛, անկասկած:

Հ.- Կրնայի՞ք յստակացնել ու բացատրել նեկտար բառի իմաստն ու բովանդակութիւնը:

Մ. Հ.- Հելլենիստական աստուածները կը բնակէին Ողիմպոս լերան վրայ: Անոնք կ՛ուտէին ամբրոս աստուածային անմահական կերակուրը եւ կը խմէին նեկտար աստուածային անմահական հեղուկը, որ կենսատու հիւթն է, անմահութիւն պարգեւողը աստուածներուն: Այս պարագային արուեստը համարժէք է կեանքի կենսատու աւիշի:

Հ.- Ինչո՞ւ…

Մ. Հ.- Պահ մը պատկերացնենք մարդը առանց ստեղծագործ միտքի եւ կեանքը` առանց արուեստի: Չէ՞ք կարծեր, որ մարդը պիտի վերածուի անասունի: Առանց արուեստի` կեանքը պիտի պարպուի իր ստեղծագործական պարունակէն ու, հետեւաբար,  դադրի նաեւ աստուածային պարգեւ մը ըլլալէ: Մարդը անցողիկ է ու գնայուն, մնայունը իր գործն է, այս պարագային` արուեստի բարձրորակ յղացքները, որոնք ոչ միայն կը դարձնեն զայն հետաքրքրական ու բովանդակալից, այլեւ մարդուն կը մօտեցնեն աստուածային ոլորտներու:

Հ.-  Ինչպէ՞ս…

Մ. Հ.- Թոյլ ու միջակ արուեստի գործերը ինքնաբերաբար կը մղուին լուսանցքի վրայ: Ժամանակաւոր ու արհեստականօրէն «ձեւակերպուած» յաջողութիւնները դատապարտուած են մոռացութեան: Եթէ մարդ արարածը պիտի ուզէ գոյատեւել ու ճամբորդել ժամանակի մէջ, ապա պիտի ստեղծէ այնպիսի բարձրորակ արուեստ, որ ոչ միայն պիտի հրապուրէ ներկայի սերունդներն ու անցնի, ապա պիտի կարողանայ դիմանալ ժամանակի անողոք մաշումին ու գնահատուի, այնքան ատեն որ մարդը կայ ու կ՛ապրի:

Հ.- Կը կարծէ՞ք, որ ձեր ներկայացուցած արուեստագէտները պիտի դիմանան ժամանակի մաշումին:

Մ. Հ.- Սկզբունքով «Նոազ Արք»-ը ժամանակի մաշումին չդիմացող արուեստ չի ցուցադրեր: Հետեւաբար մեր պատասխանը դրական է, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը (առաւել կամ նուազ չափով) իր լուման ներդրած պիտք է որ ըլլայ արուեստի զարգացման մէջ: Անոնց դիմանալու կարողականութիւնը պայմանաւորուած է իրենց ստեղծագործութիւններուն գեղարուեստական նորարարութեամբ, գեղագիտական որակով, անհատականութեամբ, ուժգնութեամբ, գլխագիր գեղեցկութեամբ եւ մասամբ նորին: Այնուամենայնիւ պէտք է նկատի առնել, որ մարդ արարածը կրնայ սխալիլ եւ, ի վերջոյ, վերջին խօսքը կը պատկանի ժամանակին:

Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք եւ կամ ի սկզբանէ ինչէ՞ն կրնաք կռահել, որ որոշ գեղանկարիչներ կը դիմանան եւ ուրիշներ` ոչ:

Մ. Հ.- Ի սկզբանէ վճիռներ արձակելը չափազանց դժուար է, սակայն բոլորովին անհնարին չէ: Նախ` մեր մասնագիտութեան, փորձառութեան ու նաեւ մեր բնազդին վրայ գրաւը դնելէ առաջ, մեր նախընտրած արուեստագէտները կը ցուցադրենք մէկէ աւելի միջազգային փառատօներու ընթացքին եւ անոնց յաջողութենէն ետք միայն կ՛որդեգրենք զանոնք իբրեւ առանձնաշնորհեալ (exclusive) արուեստագէտ: Երբ օտար արուեստի գործ հաւաքողը, առանց քեզ ճանչնալու, առանց արուեստագէտին անունին նայելու, առանց որեւէ տեսակ միջնորդի, առանց նիւթական արժէքով հետաքրքրուելու, միայն ու միայն հրապուրուելով անոր որակէն ու գեղեցկութենէն` կը վճարէ պահանջուած գինը, կ՛առնէ, կը տանի ու կը կախէ զայն իր տան կամ գրասենեակի պատէն` պարզապէս ըմբոշխնելու համար արուեստի հմայքն ու ապրելու` գեղարուեստական գերագոյն վայելքը: Այս մէկը մեծագոյն չափանիշն ու գնահատականն է արուեստի գործի մը:

Հ.- Exclusive բառը շատերու համար այնքան ալ ընկալելի չէ: Չէի՞ք կրնար քիչ մը աւելի բացատրել ու յստակացնել զայն:

Մ. Հ.- Հարցումը տեղին է: Կարգ մը ցուցասրահներ սխալ կերպով կ՛օգտագործեն այս բառը: Երբ ցուցասրահ մը մենաշնորհեալ (exclusive) արուեստագէտներ կ՛որդեգրէ, կը նշանակէ, որ միայն ինք իրաւունք ունի ներկայացնելու զայն ու վաճառելու անոր գործերը: Կարգ մը ցուցասրահներ առանց իրաւունքի կ՛օգտագործէին exclusive բառը եւ կ՛անգիտանան անոր բուն իմաստը, կամ գիտակցաբար կը չարաշահեն զայն ու կը շեղեն արուեստասէրներու ուշադրութիւնը եւ կամ ալ անգիտակցաբար կ՛օգտագործեն զայն` չիմացութեան պատճառով:

Հ.- Այս ցուցահանդէսին ներկայացուած կերպարուեստագէտները բոլո՞րն ալ ձեր մենաշնորհեալներն են:

Մ. Հ.- Ո՛չ, միայն Վահրամն ու Էդիկ Բերդեանը:

Հ.- Ցանկալի պիտի ըլլար, որ որոշ տեղեկութիւններ տայիք իւրաքանչիւրի մասին առանձինն:

Մ. Հ.- Վահրամ Դաւթեանը մեր մենաշնորհեալն է 1995-էն ի վեր: Երբ «Euro’Art  2000» միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցեցանք, սահմանուած դատական կազմին կողմէ նախ Վահրամը մտաւ աշխարհի քառասուն լաւագոյն կերպարուեստագէտներու կազմին մէջ, եւ ապա Կրիւյէրի «Ֆանթասթիք արթ» ժամանակակից թանգարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան կողմէ անոր մէկ ստեղծագործութիւնը` «Տը միտնայթ կէյմ», ընտրուեցաւ ամբողջ աշխարհի տարուան լաւագոյն ստեղծագործութիւնը եւ ներառուեցաւ թանգարանի մնայուն հաւաքածոյին մէջ: Եւ բնականաբար Վահրամին հետ վերանորոգեցինք մեր պայմանագիրը, որ կը շարունակուի ցայսօր: Իսկ  Բերդեանին հանդիպած ենք 2005-ին, Երեւանի «Վերնիսաժ»-ի շուկային մէջ: Ան յետտպաւորապաշտ եւ «ֆով» իրերայաջորդ դպրոցներուն կը հետեւի: Անոր մէջ ամէն ինչ տարերային է, ունի քանի մը անհատականութիւններ, այդ պատճառով ալ կը ստեղծագործէ տարբեր ոճերով` առանց սակայն կտրուելու իր վրձնահարուածի իւրայատուկ ուժգնութենէն եւ ինքնատպութենէն: Անոր գործերը ցարդ ցուցադրուած են Նիւ Եորքի, Փարիզի, Մոնրէալի, Պուէնոս Այրեսի, Լաս Վեկասի, Փեքինի, Մոնաքոյի, Սինկափուրի միջազգային փառատօներուն, եւ անոր արուեստը յուսախաբ չէ ըրած ո՛չ մեզ եւ ո՛չ ալ արուեստասէր հասարակութիւնը:

Հ.- Իսկ միւսնե՞րը…

Մ. Հ.-  Եուրոզին հանդիպած ենք 2002 թուին, Նիւ Եորքի «Ճեքըպ Ճէյվիթ» կեդրոնին մէջ կայացած «Art Expo» միջազգային փառատօնին, երբ արդէն ան Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծապէս գնահատուած ու մեծարուած արուեստագէտ էր: Անոր գործերը ցարդ ցուցադրուած են եւ կը շարունակուին ցուցադրուիլ աշխարհի տարբեր արուեստի կեդրոններու (որոնց կարգին` շարք մը ժամանակակից թանգարաններու) մէջ: Մենք իրաւունք ունինք զինք ներկայացնելու միայն Միջին Արեւելքի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի տարածքներուն: Եուրոզի արուեստը միջազգայնօրէն ընդունուած եւ գնահատուած է ու անընդհատ վերելքի մէջ կը գտնուի: Միայն անցեալ տարի Եուրոզ ունեցաւ երեք յատկանշական նուաճում, երկուքը Սեն Տիէկոյի եւ Լոս Անճելըսի ժամանակակից թանգարաններուն  եւ երրորդը` Չինաստանի «Au Wangshon Forest Sculpture Park»-ին մէջ զետեղուեցաւ անոր չորս մեթր բարձրութեամբ պողպատէ (stainless steel) «Յաւերժութիւն» քանդակը:

Ռումելեան Վահանի արուեստին ծանօթացած ենք 1995-ին, Հենրիկ Իգիթեանի միջոցով: Այդ օրէն ի վեր անոր արուեստը միշտ գնահատուած  ու մեծարուած է մեր կողմէ` իբրեւ վերացական արուեստի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը: Լիբանանի արուեստասէր հասարակութիւնը արդէն իսկ իրազեկ է, որ անոր արուեստը կը ներկայացուի այլ ցուցասրահի մը կողմէ եւս: Վահան Ռումելեանի ստեղծագործութիւնները ցարդ ցուցադրուած են երեսունէ աւելի միջազգային ցուցահանդէսներու եւ փառատօներու, որոնցմէ շուրջ կէսը «Նոազ արք»-ի միջոցով: Իսկ Մազմանեանի արուեստը կը բաժնեկցինք «Էսքիզ» ցուցասրահին հետ, որ անցնող ապրիլին մասնակցեցաւ Նիւ Եորքի «Pier’94» Art Expo-ին եւ անոր մէկ ստեղծագործութիւնը` «Սալոմէ»-ն արժանացաւ առաջին մրցանակի` իբրեւ տարուան լաւագոյն քանդակը: Ան Լիբանանի արուեստասէր հասարակութեան ծանօթ է 1992-էն ի վեր, երբ հայրենիքէն եկաւ եւ սկսաւ դասաւանդել Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիային մէջ: Մազմանեան Լիբանանի մէջ ունեցաւ մեծ եւ մնայուն վաստակ եւ անոր անունը արդէն իսկ ամրագրուած կը համարուի Լիբանանի կերպարուեստի պատմութեան մէջ: Լիբանանի քաղաքական, մշակութային եւ կամ հոգեւոր բազմաթիւ դէմքերու յուշարձանները վստահուած են իրեն:

Հ.- Օրինակներ կրնա՞ք տալ…

Մ. Հ.- Շա՜տ: Քամիլ Շամուն, Սաէպ Սալամ, Ռաֆիք Հարիրի (երկու հատ), Մար Շարպել, Սֆէյր պատրիարք, Ղասսան Թուէյնի, Ժպրան Խալիլ Ժպրան, Օմար Տաուք, Ապունա Անթուան, Տէր Ամարի Տիրամայրը, Տէր Սալիպի «Գթութիւն եւ երախտագիտութիւն» թեմայով արձանախումբը եւ այլն:

Հ.- Իսկ հայ անձնաւորութիւններու տիպարներ չէ՞ կերտած:

Մ. Հ.- Թէեւ խորհրդային շրջանին անոր վստահուած էին բազմաթիւ յուշարձաններ եւ արձանախումբեր,  սակայն Հայաստանի անկախացումէն ետք մեզի ծանօթ են միայն Սօս Սարգսեանի եւ Վարդուհի Վարդերեսեանի կիսանդրիները: Լիբանանի մէջ ան իրագործած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ ճարտարապետ Ալթունեանի դիմաքանդակներն ու Պետիկ Հերկելեանի բարձրաքանդակը: Հայկական թեմայով ունի հսկայածաւալ որմնաքանդակ մը Քուէյթի մէջ, ուր ներկայացուած են հայոց մեծերը` սկսեալ Ս. Մեսրոպէն մինչեւ Գարեգին Նժդեհ: Անոր պատուիրուած է նաեւ Ռոստովի Եղեռնի յուշարձանը:

Հ.- Այս բոլորը շատ լաւ եւ շահեկան տեղեկութիւններ են: Սակայն անոր արուեստի մասին չխօսեցանք:

Մ. Հ.- Մազմանեանի արուեստը ամբողջութեամբ ծանօթ չէ մեր ընթերցողներուն: Անոր գործերը ինքնատիպ են, արտայայտիչ ու գեղեցիկ: Իր ուսուցիչը` Արթօ Չաքմաքճեանը զայն կը համարէ ժամանակակից քանդակագործներու լաւագոյններէն մէկը: Մազմանեանի ստեղծագործութիւնները կարիքը ունին լուրջ ու մասնագիտական ուսումնասիրութեան եւ համապատասխան գնահատման:

Հ.- Վերադառնալով ցուցահանդէսի խորագիրին` արուեստը նեկտարի նման, իբրեւ կեանքի կենսատու աւիշ, որքանո՞վ կ՛արտայայտուի եւ ի գործ կը դրուի կեանքի մէջ:

Մ. Հ.- Նախ այն արուեստասէրները, որոնք հնարաւորութիւն կ՛ունենան իրենք զիրենք շրջապատել բարձրորակ ու իրաւ արուեստով, անոնք իրենց կեանքը կը հարստացնեն, կ՛իմաստաւորեն ու կ՛արժեւորեն հոգեւոր ոլորտներու մէջ, հեռու` զուտ անասնական հաճոյքներէ: Անոնք հոգեպէս կը լիցքաւորուին, կը դառնան առաւել մարդկային, առաւել վեհանձն ու ազնիւ, որովհետեւ` «Արուեստի իւրաքանչիւր գործ աստիճան մը աւելի կը մեղմացնէ մարդկային տառապանքը», ինչպէս կը հաստատէ մեր վաղամեռիկ բանաստեղծներէն Պետիկ Հերկելեանը:

Հ.- Տակաւին չըսիք, թէ իւրաքանչիւր արուեստագէտէ քանի՛ գործ պիտի ցուցադրէք:

Մ. Հ.- Սկզբունքով` տասական գործ, սակայն շարելու ատեն թիւերը կը փոխուին` համաձայն չափի եւ տեղի:

Հ.- Իսկ ի՞նչ բնոյթի են անոնք եւ կամ ի՞նչ է անոնց հասարակ յայտարարը, եթէ ունին անշուշտ: 

Մ. Հ.- Այո՛, տարբեր ոճերու եւ դպրոցներու կը պատկանին անոնք: Բերդեանը տպաւորապաշտ, ֆով երբեմն նաեւ արտայայտչապաշտ ոճերու կը հետեւի միաժամանակ: Եուրոզը խորանարդապաշտ է, թէեւ հեռու է դասականութենէ: Ան աստիճան մը աւելի բարձրացուցած եւ քայլ մը առաջ տարած է դասական «խորանարդապաշտութիւնը» ու արդիականացուցած` զայն: Վահրամը անհեթեթ գերիրապաշտ է: Մազմանեանը` կիսավերացական ժամանակակից քանդակագործ, իսկ Վահան Ռումելեանը` ժամանակակից արտայայտչապաշտ-վերացապաշտ: Արտայայտչաձեւի առումով անոնք ընդհանրութիւններ չունին, եւ այս մէկը դրական է անշուշտ: Սակայն նկատի առէք, որ բոլորն ալ տառապած ու տագնապած հայ արուեստագէտներ են (խորհրդային կարգեր, երկրաշարժ, տնտեսական ճգնաժամ, արցախեան պատերազմ…): Բոլորին յղացքներուն մէջ դրսեւորուած է մարդկայինը`  առանց վրիժառութեան եւ կամ որեւէ տեսակի վայրագութեան: Անոնք բոլորն ալ հետամուտ են որոնելու եւ բացայայտելու Մարդու անկողոպտելի եւ անհպելի հոգեւոր ու ոգեղէն արժէքները: Գուցէ այս վերջինն է իրենց ընդհանուր յայտարարը:

ԹՂԹԱԿԻՑ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>