Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Լիբանանի վայրի դրամատիրական համակարգի պետութիւնը հրաժարած է իր օրէնսդիր, գործադիր եւ արդարադատ իշխանութիւններէն… յօգուտ դրամատուներուն, մեծ կալուածներուն, կալուածային առեւտուրի մեծ ընկերութիւններուն եւ ապօրինի մրցակցութեանց միջնորդ շանաձուկերուն, որոնք մեծագումար կաշառքներով Լիբանանի խորհրդարանին, կառավարութեան եւ սահմանադրական խորհուրդին վաւերացնել տուին բնակարանի վարձքերու բռնագաղթի սեւ օրէնք մը, որ չնաշխարհիկ է, հակասահմանադրական, հակաօրինական, հակականոնական եւ անտառային, որուն դէմ կը պայքարի 2014-էն ի վեր` 15 փաստաբաններէ, երկրաչափներէ եւ սենտիքայականներէ կազմուած հին վարձակալներու իրաւանց պաշտպան կոմիտէն` իրաւական գծով եւ հասարակական պայքարի այլազան միջոցներով, արգիլելով ատոր գործադրութիւնը մինչեւ այսօր, երբ պայքարը թեւակոխած է ճակատագրական փուլ, ուր վճռորոշ դեր մը պիտի ունենայ հին վարձակալներուն զանգուածային մասնակցութիւնը պայքարին. հետեւաբար հին վարձակալները պարտին ուժգնօրէն մասնակցիլ այս պայքարի տարբեր միջոցառումներուն, որպէսզի պահպանեն իրենց անփոխարինելի բնակարանները եւ փողոց չթափուին: Իրաւականօրէն մօտենալով հարցին, պայքարի նորագոյն առաջադրանքն է այս սեւ օրէնքը կասեցնել նոր օրէնքով մը` «քանուն մու՛աժժալ մուքարրար» (շտապ կրկնեալ օրէնք), որ կը պատրաստեն կոմիտէի փաստաբանները եւ զայն խորհրդարանին պիտի ներկայացնեն` կոմիտէին կողքին կանգնած այն ժողովրդանուէր երեսփոխանները, որոնք երկու անգամ ստորագրեցին օրէնքին դէմ երկու բողոքարկումները` ներկայացուած Սահմանադրական խորհուրդին (հարկ է յիշեցնել, որ այս ժողովրդանուէր երեսփոխաններու շարքին մէջ կը գտնուէր նաեւ հայ երեսփոխաններէն միայն Յակոբ Բագրատունին, ժողովրդանուէր միակ հայ երեսփոխանը…):
Առաջին բողոքարկումին իբրեւ պատասխան` անվաւեր հռչակուեցան օրէնքին երեք կարեւորագոյն յօդուածները, որով անգործադրելի դարձաւ օրէնքը, եւ խորհրդարանի վարչական եւ դատաստանական յանձնաժողովը ստիպուեցաւ փոխարինել տասնեակ մը յօդուածներ, եւ այս «բարեփոխեալ» տարբերակը օրէնքին` մեքենականօրէն վաւերացուեցաւ խորհրդարանին կողմէ եւ կողմնակալօրէն եւ հակասահմանադրականօրէն հաստատուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ:
Արդ, այս տողերուն հեղինակը, «Հին վարձակալներու իրաւանց պաշտպան կոմիտէ»-ին մէջ` լիբանանահայութեան ներկայացուցիչի իր հանգամանքով, կոչ կ՛ընէ հայ հին վարձակալներուն, որ պայքարի այս երրորդ փուլին զանգուածային, ո՛չ խորհրդանշական մասնակցութիւն բերեն պայքարի միջոցառումներուն, քանի որ այս երկրին մէջ իրաւունքը զօրաւորին կը պատկանի եւ ոչ թէ` զօրութիւնը` իրաւատէրին..., ինչպէս` վայրի անտառին մէջ:
Թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս այս բռնագաղթիչ օրէնքը պէտք է տապալի… Հասկնալի դարձնելու համար ընթերցողներուն, նախ ամփոփ կերպով ցոյց պիտի տամ այս իբր թէ բարեփոխեալ օրէնքին խոցելի յօդուածները, ապա ընդհանուր տուեալներ ու նկատառումներ` բնակարանի իրաւունքի բնոյթին ու վարձակալական օրէնքներու տեսակներուն եւ այս բռնագաղթիչ սեւ օրէնքին հակասահմանադրականութեան ու հակաօրինականութեան շուրջ, եւ հուսկ, Սահմանադրական խորհուրդի վերջին վճիռին հակասահմանադրական պատճառաբանութիւնները ցոյց պիտի տամ:
1.- Օրէնքին բարեփոխեալ տարբերակին խոցելի յօդուածները.
ՅՕԴ. 3-ը կը խոստանայ, որ մինչեւ 4 ամիս պիտի ստեղծուի նպաստներու «սնտուկ» մը, որ տանտիրոջ պիտի վճարէ հին վարձքին եւ նոր վարձքի տարբերութիւնը` ամբողջ կամ մասնակի կերպով: Այսինքն այդպիսի «սնտուկ» գոյութիւն չունի այսօր եւ ստեղծուելու պարագային ալ չի վճարեր տարբերութեան ամբողջութիւնը, այլ միայն` մէկ մասը, իսկ մնացեալը կը մնայ վարձակալի ուսերուն:
ՅՕԴ. 5-ը կ՛ըսէ, որ այս «սնտուկ»-ին եկամուտները պիտի գոյանան պետութեան տարեկան յատկացումներէն, որոնք նշուած կ՛ըլլան պետութեան տարեկան պիւտճէին մէջ… բայց արդէն` այս տարուան պիւտճէն ոչ միայն չի նշեր այսպիսի յատկացում, այլեւ տակաւին վարեւացուած չէ խորհրդարանին կողմէ: Այսինքն այս մէկն ալ օդէն կախուած է:
ՅՕԴ. 6-ը կ՛ըսէ, որ այս «սնտուկ»-ին ֆինանսական գործառոյթը պիտի սահմանուի յատուկ հրամանագրով մը (մարսում), որ տակաւին պատրաստուած եւ որդեգրուած չէ կառավարութեան կողմէ:
ՅՕԴ. 7-ը կ՛ըսէ, որ նոր վարձքերու յաւելումներու սակը կ՛որոշէ «դատաստանական հանգամանք ունեցող« «յանձնախումբ» մը, որ պիտի նշանակուի երկու ամսուան միջոցին` երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ, յատուկ հրամանագրով... որ նոյնպէս տակաւին որդեգրուած չէ կառավարութեան կողմէ… եւ այս յանձնախումբերուն պաշտօններն ու անոնց թոշակները պիտի սահմանուին յատուկ հրամանագրով, որ նոյնպէս տակաւին որդեգրուած չէ կառավարութեան կողմէ…
Այս յօդուածը (7-րդ) անվաւեր հռչակուած էր Սահմանադրական խորհուրդի առաջին վճիռին մէջ, քանի որ յանձնախումբ մը չի կրնար դատաստանական հանգամանք ունենալ, քանի որ չունի անկախութեան երաշխիքը, երբ անոր պաշտօնեաները կախեալ են գործադիր իշխանութենէն:
Իբր թէ բարեփոխելով յօդ. 7-ի նախկին բառապաշարը, նախ բառապաշարին մէջ աւելցուած է «դատաստանական հանգամանքով»` յանձնախումբ բառին վրայ… եւ Սահմանադրական խորհուրդը լուռ անցած է յօդ. 7-ի այս նոր որակումին վրայէն… սուտ կոյր ձեւանալով, ինքնուրացումով:
ՅՕԴ. 10-ը, որ նախապէս «սնտուկ»-էն նպաստաւորուելու պայման կը դնէր, որ վարձակալին ամսական եկամուտը ըլլայ նուազ քան նուազագոյն աշխատավարձին երեք պատիկը, բարեփոխած է հին բնագիրը եւ ըսած, որ վարձակալը կրնայ նպաստաւորուիլ, եթէ իր ամսական եկամուտը նուազ է նուազագոյն աշխատավարձին հինգ պատիկէն: Այս մէկն ալ մէկն է կարկտան այն բարեփոխութիւններէն, որոնք ոչինչ կը փոխեն այս սեւ օրէնքին բռնագաղթիչ հանգամանքէն, բայց որոնք կը ներկայացուին որպէս զիջումներ` վարձակալներու ցոյցերուն առջեւ:
«Սնտուկ»-ին նպաստը ուղղակի կը փոխանցուի տանտիրոջ: Այս յօդուածին հին բնագրին մէջ անորոշ ու մութ ձգուած էր այն պարագան, երբ ելեւմտական նախարարութիւնը «սնտուկ»-ին տանտիրոջ չի փոխանցեր նպաստին գումարը:
Նոր բնագրին վրայ, որպէս զիջում, աւելցուած է, որ այդ պարագային տանտէրը չի կրնար այդ գումարը պահանջել վարձակալէն… Այս պարագան մէկն է միայն այն տասնեակներ կազմող պարագաներէն, ուր անորոշ եւ մութ հարցեր դիտմամբ թոյլ տրուած են` չարամիտ տանտէրներու առջեւ ճամբան բաց ձգելու համար անարդար դատերով վարձակալը փողոց նետելու… Այս մէկ «զիջում»-ը tautologie (նոյնաբանութիւն, Ա.) մըն է, քանի որ այս պարագային արդէն յստակ է, որ վարձակալը պատասխանատու չէ «սնտուկ»-ի թերացումներուն:
ՅՕԴ. 13-ը մասնակի զիջում կատարելով` կ՛ընդունի վարձակալին իրաւունքը` «յանձնախումբ»-ի որոշումներուն դէմ վերաքննութեան հայց ներկայացնելու պետական վերաքննիչ ատեանին առջեւ, բայց թոյլ չի տար, որ վարձակալը դիմէ վճռաբեկ ատեանին` վերաքննիչ ատեանի վճիռին դէմ, ինչ որ դատավարական կանոններու ոտնահարում մըն է, որուն վրայէն լուռ անցած է Սահմանադրական խորհուրդը իր վճիռին մէջ:
ՅՕԴ. 15-ը վարձակալական պայմանագրութիւնը տեսականօրէն կ՛երկարաձգէ ինը (9) տարի, իսկ «սնտուկ»-էն նպաստ ստանալու իրաւունք ունեցողներու պարագային տասներկու (12) տարի, պայմանաւ որ վարձակալը նոր վարձքը վճարէ աստիճանաբար վեց (6) տարիներու ընթացքին, առաջին չորս տարիներուն` տարին նոր վարձքին 15 առ հարիւրին յաւելումով (4 x 15 առ հարիւր = 60 առ հարիւր) եւ յաջորդող երկու տարիներուն` տարին նոր վարձքին 20 առ հարիւրին յաւելումով (2 x 20 առ հարիւր = 40 առ հարիւր): Այսինքն հին վարձակալը եթէ ունեւոր է եւ բարեկեցիկ պայմաններ ունի, տեսականօրէն, հաւանաբար, կարենայ աստիճանաբար իր եկամուտը աւելցնել յիշուած յաւելումներուն համեմատութեամբ, բայց գործնականօրէն ասիկա անկարելիութիւն մըն է երկու հիմնական պատճառներով, առաջին` նոր վարձքերու խելացնոր վերելքը տասնապատիկ ու քսանապատիկ է, որուն համեմատական չի կրնար ըլլալ եկամուտը, երկրորդ` Լիբանանի վայրի դրամատիրական տնտեսակարգը բնա՛ւ պատրաստ չէ եւ սովոր չէ քաղաքացիներու աշխատավարձերը բարձրացնելու հերթականօրէն` կեանքի սղութեան ցուցանիշին համեմատ:
Իսկ չունեւոր վարձակալը իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, մինչեւ մահ, չի կրնար, առանց «սնտուկ»-ի նպաստին, մնալ իր բնակարանին մէջ, եւ ոչ ալ գտնել մատչելի վարձքով տարբեր բնակարան մը… Ուրեմն այս սեւ օրէնքը բռնագաղթիչ է վերջին հաշուով, որքան ալ յետաձգէ «մահապատիժ»-ի գործադրութեան ժամկէտը…
ՅՕԴ. 18-ը կը սահմանէ բնակարանի նոր վարձքը որոշելու եղանակը հետեւեալ ձեւով.
Ա.- Տանտիրոջ եւ վարձակալին համաձայնութեամբ: Բայց եթէ վարձակալը «սնտուկ»-ի նպաստին պիտի դիմէ, անհրաժեշտ է նաեւ համաձայնութիւնը` «յանձնախումբ»-ին:
Բ.- Եթէ տանտէրն ու վարձակալը չհամաձայնին օրէնքի գործադրութեան թուականէն սկսեալ երեք ամիսներուն ընթացքին, տանտէրը`
1) Պարտի երկու փորձագէտներ նշանակել, շինարար եւ գնահատող, պետական ցուցակէն, որոնք պիտի տան իրենց կարծիքը տեղեկագրով մը,
2) Տանտէրը նօտարի միջոցով վարձակալին պիտի հաղորդէ այդ տեղեկագիրին մասին, վարձակալը երկու ամսուան միջոցին կա՛մ պիտի ընդունի վճարել, ճշդուած վարձքը եւ կա՛մ ալ նոյն ժամանակամիջոցին ինք եւս պիտի նշանակէ երկու փորձագէտներ եւ,
3) Անոնց տեղեկագիրը նօտարի միջոցով պիտի հաղորդէ տանտիրոջ:
4) Տարբերութեան եւ անհամաձայնութեան պարագային, կողմերէն աճապարողը արտօնուած է դիմելու «յանձնախումբ»-ին եւ պահանջելու նոր վարձքին ճշդումը` հիմնուելով երկու տեղեկագրերուն վրայ: Այս «յանձնախումբ»-ին որոշումը չընդունող կողմը կրնայ միայն վերաքննութիւն պահանջել պետական վերաքննիչ ատեանէն, որուն վճիռը վերջնական հանգամանք կ՛ունենայ եւ` անբեկանելի: Այս եւս դատավարական կանոնի ոտնահարում է, զոր տեսանք յօդ. 13-ին մէջ:
ՅՕԴ. 20-ը կը պարտադրէ, որ բնակարանին տարեկան նոր վարձքը ըլլայ հաւասար անոր այսօրուան արժեգինի 4 առ հարիւրին, վարձակալին զբաղեցուցած բնակարանը ենթադրելով` դատարկ: Այս ենթադրումը մեծ ՍՈՒՏ մըն է, որ կը հակասէ իրականութեան, քանի որ խնդրոյ առարկայ բնակարանը իրականութեան մէջ զբաղեցուած է վարձակալին կողմէ: Այս ենթադրութիւնը տանտիրոջ կ՛ապահովէ ապօրինի հատուցում մը, քանի որ մինչեւ այսօր եւ 70 տարիներու ընթացքին կիրարկուած օրէնքով բնակարանը դատարկելու-լքելու պարագային, վարձակալը տանտէրէն կը ստանար բնակարանի արժեգինէն 40 առ հարիւրը կամ 50 առ հարիւրը, իսկ բնակարանը տանտէրէն ինք գնելու համար պարտէր տանտիրոջ վճարել միայն ու միայն` բնակարանի արժէքին 60 կամ 50 առ հարիւրը: Իսկ այս սեւ բռնագաղթիչ օրէնքով վարձակալը, երբ չի կրնար վճարել նոր վարձքը, դուրս կը դրուի իր 30, 40, 50 տարուան բնակարանէն` առանց 1 դահեկան հատուցում ստանալու:
Այս կոտոշաւոր առաւ-փախաւութիւնը` վարձակալներու իբր թէ պայքարին որպէս զիջում:
ՅՕԴ. 23-ը կ՛ուզէ օգնել տանտիրոջ` վայրկեան առաջ վարձուած բնակարանը վերստանալու ծրագրին եւ կ՛առաջարկէ վերստացման (իսթիրտատ) 3-րդ տարբերակ մը: (Առաջին տարբերակը` «ընտանեկան անհրաժեշտութեան» (տարուրա այիլէ), որուն դիմաց տանտէրը վարձակալին կը վճարէ որպէս հատուցում` նոր վարձքին հինգ պատիկը: Իսկ տարբերակը` «շէնքը փլելու եւ նոր շէնք շինելու» (հետմ էլ-պինա), որուն դիմաց տանտէրը վարձակալին որպէս հատուցում` կը վճարէ նոր վարձքին վեց պատիկը:
Երրորդ նոր տարբերակը հետեւեալն է.
Շտապող տանտէրը` վարձակալին կը յայտնէ, որ ինք պատրաստ է հատուցում մը վճարելու, եթէ վարձակալը պատրաստ է լքելու բնակարանը: Եթէ երկու կողմերը համաձայնին հատուցումի գումարին եւ բնակարանը պարպելու պայմանաժամին շուրջ, տանտէրը այս համաձայնութիւնը կ՛արձանագրէ նօտարին մօտ եւ անոր մօտ պահ կը դնէ համաձայնուած գումարը:
Վարձակալը նօտարին մօտ ստորագրելով որոշեալ պայմանաժամին բնակարանը պարպելու յանձնառութիւնը` կը գանձէ գումարին 90 առ հարիւրը, իսկ մնացեալ 10 առ հարիւրը` բնակարանը պարպելէ ետք: Եթէ վարձակալը ուշանայ պարպելու, ամէն ուշացած օրուան համար կը վճարէ տուգանք մը, որ հաւասար կ՛ըլլայ նոր վարձքի 5 օրուան... Եւ տանտէրը Գործադիր գրասենեակի (տէիրաթ թանֆիզ) նախագահէն կը պահանջէ հրահանգել վարձակալին` անմիջապէս պարպել բնակարանը, եւ այս հրահանգը անառարկելի է:
ՅՕԴ. 27-ը կ՛ըսէ, որ վարձակալը, երբ արտօնուած է անոր օգտուիլ «սնտուկ»-ի նպաստէն, եթէ ուզէ, կրնայ իր վարձակալի իրաւունքը զիջիլ (թանազուլ) տանտիրոջ` փոխարէնը կրնայ շարունակել օգտուիլ «սնտուկ»-ի նպաստէն` հետեւեալ եղանակով.
1.- Նոր վարձքի ճշդումի թուականէն մինչեւ երկու ամիս` տանտիրոջ կը հաղորդէ իր այս զիջումը, եւ տանտէրը «սնտուկ»-էն կը պահանջէ, որ նպաստներու ամսական վճարումները ուղղակի կատարէ վարձակալին` ամսական հերթականութեամբ:
2.- Վարձակալը իրաւունքը կ՛ունենայ այս ամսավճարները զիջիլ ֆինանսաւորող հաստատութեան մը (դրամատան մը), որ իրեն կը վճարէ ամբողջ գումարը միանուագ, եւ այդ հաստատութիւնը ինք կը սկսի յանձնել «սնտուկ»-ին մասնավճարները, որոնք կը նկատուին բնակութեան փոխատուութիւն եւ զերծ կը մնան տուրքերէ: Այս «դիւրութիւն»-ը եւս յօգուտ տանտիրոջ է, որ շուտով կը վերստանայ դատարկ բնակարանը, բայց վարձակալն է, որ պիտի վճարէ ֆինանսական հաստատութեան պահանջելի տոկոսները…
ՅՕԴ. 33-ը իբր թէ պաշտպանելու համար վարձակալին իրաւունքը, պայման կը դնէ`
1.- Որ ընտանեկան անհրաժեշտութեան պատրուակով բնակարանը վերստացող (իսթիրտատ) տանտէրը, եթէ բնակարանը վերստանայ մինչեւ մէկ տարի, ինքը չբնակի ատոր մէջ... պարտի վարձակալին վճարել յաւելեալ հատուցում մը` երկուքուկէս տարուան նոր վարձքը:
2.- Շէնքը փլելու պատրուակով վերստացման պարագային ալ, եթէ տանտէրը մինչեւ ՄԷԿՈՒԿԷՍ տարի չփլէ, յաւելեալ հատուցումը կ՛ըլլայ երեք տարուան նոր վարձքը: Այսինքն անպարկեշտ տանտէրը կրնայ կամայականօրէն վերստանալ բնակարանը` վճարելով միայն եօթուկէս եւ ինը տարուան նոր վարձքը:
ՅՕԴ. 38-ը վարձակալներու միջեւ խտրականութեան, անհաւասարութեան աչք ծակող պարագայ մըն է: Ոչ բնակելի վայրերու վարձակալական պայմանագրութիւնները կ՛երկարաձգուին մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2018` սպասելով ատոնց համար յատուկ օրէնքի մը որդեգրումը: Մինչ այդ այս վայրերուն վարձքերը յաւելում կը կրեն տարեկան միայն դրամանիշի արժեզրկման տարեկան ցուցանիշին համեմատութեամբ: Այս խտրականութիւնը եւս ցոյց կու տայ, որ այս նոր բռնագաղթիչ սեւ օրէնքը կանգնած է ունեւորներու կողքին, ընդդէմ` չունեւորներուն, զօրաւորի կողքին, ընդդէմ` տկարին… համաձայն վայրի անտառի օրէնքին…
ՅՕԴ. 50-ը տեղի տալով Վարձակալներու իրաւանց պաշտպան կոմիտէին մղած հետեւողական պայքարին` վարձակալական դատերու քննութիւնն ու վճռահատումը կը վերապահէ անհատ դատաւորներուն (յանձնախումբին փոխարէն) եւ կ՛ընդունի ասոնց վճիռներուն դէմ ոչ միայն վերաքննութեան իրաւունքը, այլեւ` Վճռաբեկ ատեանին դիմելու իրաւունքը` այն պարագային, երբ` դուրս դրուելու դատին մէջ նախադատ եւ վերաքննիչ դատարաններու վճիռները զիրար հակասեն:
- Սակայն վերաքննութեան պայմանաժամը մէկ ամիսէն կ՛իջեցնէ կէս ամիսի եւ կը ջնջէ դատը բանալու օրէն մինչեւ կողմերու գրութեանց փոխանակումին պայմանաժամը եւ կը պահանջէ դատի բացման օրին իսկ նշանակել առաջին նիստին թուականը եւ ի զօրու կը պահէ Աճապարանօք կարգի դատարանի իրաւասութիւնը անմիջական դատարանի իրաւասութիւնը անմիջական կարգադրութիւններու վերաբերեալ հարցերուն մէջ:
ՅՕԴ. 54-ը դարձեալ կ՛օգնէ անպարկեշտ եւ օրինախախտ տանտէրները հետեւեալ տրամադրութեամբ: Այն բնակարանները, որոնց շինութեան մէջ խախտուած են շինութեան օրէնքները, ասոնց պայմանագրութիւնները անվաւեր չեն նկատուիր, եթէ ատակ են յարդարուելու (թէսուիյէ)… երկրի մը մէջ, ուր ամէն ապօրինութիւն կարելի է յարդարել… Եւ կը շեշտէ, որ այս տրամադրութեան հակասող միւս բոլոր օրէնքներու հակառակ տրամադրութիւնները նկատի չեն առնուիր:
ՅՕԴ. 55-ով նախկին թիւ 160/192 օրէնքը ի զօրու կը մնայ մինչեւ 28 դեկտ. 2014 միայն, եւ 1 փետր. 2012 թուականէն սկսեալ հին վարձքերը յաւելում կը կրեն 12,8 առ հարիւր համեմատութեամբ, եւ եթէ վարձակալը այս միջոցին արդէն վճարած է այս տոկոսէն աւելին, տարբերութիւնը կը հաշուուի որպէս կանխավճար յաջորդող շրջանին համար:
Յետադարձ կարգով այս տրամադրութիւնը հակաօրինական է: Հին օրէնքը ի զօրու կը մնայ մինչեւ նոր օրէնքին օրինական գործադրութեան թուականը: Իսկ այս բռնագաղթիչ սեւ օրէնքը տակաւին գործադրութեան ուժ չունի, նոյնինքն` այս օրէնքին յօդ. 58-րդին մէջ…
ՅՕԴ. 57-ը կը խոստովանի նաեւ, որ այս օրէնքին գործադրութեան մանրամասնութիւններն ու նրբութիւնները պիտի սահմանուին յառաջիկային, յատուկ հրամանագրերով, որոնք պիտի որդեգրուին կառավարութեան կողմէ` արդարադատութեան եւ ելեւմուտքի նախարարներուն առաջարկով:
ՅՕԴ. 58-ը կը տրամադրէ այս օրէնքին այն տրամադրութիւնները, որոնք կը վերաբերին վարձակալական իրաւունքի, «սնտուկ»-ի նպաստներուն, նոր վարձքի սահմանումին եւ այս բոլորին յարակից գործադրութեանց մանրամասնութիւններուն, ԱՌԿԱԽՈՒԱԾ ԵՆ մինչեւ այն թուականը, երբ «սնտուկ»-ը մտնէ գործադրութեան փուլ:
Այսինքն, ըստ յօդ. 3-ին, մինչեւ չորս ամիս` 28 փետր. 2017 թուականէն սկսեալ… Եւ այստեղ կայ մեծ ԵԹԷ մը, քանի որ պետական պիւտճէն հսկայական բացեր ունի, եւ արդէն 2017 թուի պետական պիւտճէն նկատի չէ ունեցած այս «սնտուկ»-ը 2017 թուականին համար եւ… պիւտճէն ալ տակաւին հաստատուած չէ:
2) Ընդհանուր նկատառումներ
– Բնակարանը համազօր է ապահովութեան. այս երկուքը կենցաղային կարիքներ են եւ վերապրումի անփոխարինելի պահանջներ, ինչպէս` օդը, ջուրը եւ հացը, եւ ուրեմն վարձակալութեան պայմանագրի ազատականացումը, առանց ստեղծելու փոխարինող բնակարանի մը առիթը, համազօր է մահապատիժի:
– 1992 թուին, երբ նոր պայմանագրութիւնները ազատականուեցան, նախկին (հին) պայմանագրութիւններու ազատականացման համար օրէնքը պայման դրաւ, որ պետութիւնը մշակէ բնակեցման համապարփակ ուղեգիծ մը, որ վարձակալին կ՛ապահովէ փոխարինող բնակարան մը` մարդավայել ու մատչելի գինով կամ վարձքով:
– Որովհետեւ Լիբանանի սահմանադրութիւնը Մարդու իրաւանց տիեզերական հռչակագիրը որդեգրած է մարդավայել բնակարանի իրաւունքը դասած է առաջնահերթ` սնունդի եւ հագուստի իրաւունքներէն…
– Եւ քանի որ մարդասիրական իրաւունքը մարդու իրաւունքը պաշտպանող օրէնքները գերիվեր եւ պարտադիր նկատած է միւս բոլոր տեսակի օրէնքներուն եւ նոյնիսկ` տեղական, ազգային սահմանադրութիւններուն…
– Եւ քանի որ Լիբանանի մէջ բոլոր վիճակագրութիւնները կը հաստատեն, որ բնակչութեան 70 առ հարիւրին եկամուտները նուազ են բնակարանային փոխատուութիւններ կատարող դրամատուներուն պահանջած նուազագոյն եկամուտէն…
– Եւ քանի որ վերջին տարիներուն քարիւղի գիները նուազեցան, երկաթին գինը` մէկ թոնը 1200 տոլարէն իջաւ 300 տոլարի, բայց հողին եւ շէնքին գիները խելայեղ բարձրացում մը արձանագրեցին դրամատուներու եւ կալուածային ընկերութիւններու ապօրինի եւ անհիմն մրցակցութեանց եւ միջնորդավճարներու պատճառով, նաեւ շուկայի վրայ առաջարկը բազմապատիկը եղաւ պահանջարկին: Այս պատճառով ալ հարիւր հազարաւոր յարկաբաժիններ դատարկ մնացին, որուն լաւագոյն նմուշն է Պէյրութի երկնամերձ աշտարակներէն Վերտէօն պողոտային եւ Քորայթէմ փողոցին միջեւ կանգնած սթէյպրիճ անուն լեռնածաւալ համալիրը, որուն 95 առ հարիւրը դատարկ է մինչեւ օրս, ինչ որ պատճառ եղաւ, որ միայն Պէյրութի մէջ կանգ առնեն 5 վիթխարի համալիրներու աշխատանքները, ինչպէս` 182 «Պելլաքաս-2», ուր` քառ. մեթրին գինը` 2,800$ էր, 32 «Տեք»-ը, ուր` քառ. մեթրին գինը` 4,500$ էր եւ` «Արմոնիալ»-ը` որուն տարածութիւնն էր 528 քառ. մեթր` միայն 25 միաւորի համար: Այս նոր խելացնոր գիները կրնան վճարել միայն Ծոցի էմիրները, կամ` այն լիբանանցի որակաւոր մասնագէտները, որոնք հարստացան Ծոցի մէջ, եւ Լիբանանի մէջ այս յարկաբաժինները կրնան գործածել որպէս պանդոկ` ամառնային կամ այլ տօնական արձակուրդներու շրջաններուն… եւ այս տեսարանէն ամբողջովին բացակայ է պետութիւնը, որ չի միջամտեր` պատրուակ գործածելով Լիբանանի վայրի դրամատիրական տնտեսակարգը, մինչդեռ աշխարհի միւս բոլոր վայրի դրամատիրական հասարակարգերուն մէջ անգամ պետութիւնը կը միջամտէ` ոչ միայն ժողովրդային բնակարաններ կառուցելով, այլեւ` տուրք հաստատելով դատարկ մնացած շէնքերու տէրերուն վրայ, որպէսզի անոնց ստիպէ, որ գիներն ու վարձքերը…
– Ներկայ խորհրդարանը, որ ընտրուած չէ ուղղակիօրէն ժողովուրդին կողմէ, այլ ինքզինք վերընտրած է արդէն երկու անգամներ, պատրուակելով երկրին մէջ տիրող արտակարգ պայմանները, փոխանակ ազատականացնելու վարձակալական պայմանագրութիւնը, պարտաւոր էր պահպանելու վարձակալական նախկին արտակարգ օրէնքները, որոնք հիմնաւորուած էին ներկայէն աւելի նուազ արտակարգ պայմաններով, բայց միաժամանակ` արդարութիւն ընելու հին, բայց ոչ նոր, տանտէրերուն, տարեկան յաւելումներ հաստատելով հին վարձքերուն վրայ, մատչելի յաւելումներ միայն…
3) Կարգ մը խոցելի կողմերը` Սահմանադրական խորհուրդի վերջին վճիռին:
1) Սահմ. խորհուրդին այս վերջին վճիռը, փոխանակ հաստատելու օրէնքին սահմանադրականութիւնը, հաստատեր է օրէնքին իմաստուն ըլլալը, որ ըստ իրեն, աւելի կարեւոր է, քան` սահմանադրականութիւնը, եթէ նոյնիսկ կը սահմանափակէ որոշ սահմանադրական իրաւունքներ… Այսպէս վարուելով` կատարած է երկու սահմանադրական խախտումներ: Առաջինը` բռնազաւթած է օրէնսդիրի իշխանութիւնը եւ իմաստութիւնը գերիվեր հռչակած` սահմանադրականութենէն: Երկրորդ` դրժած է իր սահմանադրականութիւնը պահպանելու կոչումը, այսինքն` արդարութիւնը ընելու պարտաւորութիւնը, որ կը կոչուի Deni degustice:
2) Արդարացնելու համար իր այս վճիռը` կ՛ըսէ, որ Լիբանանի տնտեսակարգը դրամատիրական է, այսինքն` ոչ ընկերվարական: Բայց կը մոռնայ կամ կը ձեւացնէ, թէ մոռցած է, որ բնակարանի իրաւունքը հաստատուած է նոյնինքն Լիբանանի սահմանադրութեամբ…
3) Շատ շատախօսած է օրէնքի մը հաւասարակշիռ ըլլալու պայմանին շուրջ, բայց փաստօրէն վաւերացուցած է այս կողմնակալ օրէնքը, որ պաշտպանելու համար տանտիրոջ իրաւունքը` ամբողջութեամբ ոտնահարած է վարձակալին իրաւունքները:
4) Այս վճիռը կ՛ըսէ, որ քաղաքացիին բնակարան ապահովելու պարտականութիւնը տանտիրոջ ուսերուն չի ծանրանար, այլ` պետութեան: Ասոր ֆրանսերէնով կ՛ըսեն` tautologie, կամ` enfoncer des portes ouvertes, քանի որ վարձակալները պետութենէն կը պահանջեն, եւ ոչ թէ տանտէրէն, բնակարան ունենալու իրենց իրաւունքը: Եւ Սահմ. խորհուրդը կը ներկայացնէ այս պետութեան դատաստանական, արդարադատ իշխանութիւնը: Հետեւաբար Սահմ. խորհուրդը ինք եւս պատասխանատու է պետութեան պարտաւորութեանց, որովհետեւ ինք միայն տանտիրոջ իրաւունքը պաշտպանող իշխանութիւն չէ:
Պէյրութ, 12 մարտ 2017