Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Շուշիի Ազատագրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 25-ամեակներու Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Հաւաքուած ենք այսօր միասնաբար մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ տօնակատարելու Շուշիի ազատագրութեան փառահեղ յաղթանակի 25-ամեակը եւ այդ սրբազան ազատագրութեան ճամբուն վրայ նահատակուած մեր  բոլոր ընկերներուն յիշատակին առջեւ անգամ մը եւս խոնարհելու: Որովհետեւ չկայ աւելի՛ վսեմ, աւելի՛ գաղափարական, աւելի՛ վեհ եւ սրբազան բան, քան` ազգի, հայրենիքի եւ արդար դատի համար նահատակուիլը:

Հաւաքուած ենք նաեւ միասնաբար ոգեկոչելու, նշելու հայոց պատմութեան նորագոյն էջերը իմաստաւորող Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի թոհ ու բոհին մասնակցած եւ նահատակուած հայ ժողովուրդի անզուգական զաւակներէն մէկուն` Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 25-ամեակը:

Ահաւասիկ` այսօրուան հաւաքին խորհուրդը:

Հայ ժողովուրդի գիտակցութեան, հոգւոյն, սրտին ու պատմութեան մէջ, ինչպէս որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սերունդը իւրայատուկ տեղ ունին յանձինս Դրոներու, Արամներու, Նժդեհներու, Ռուբէններու սխրագործութիւնները, նոյնպէս ալ արցախեան պայքարի ամբողջ տեւողութեան մասնակցած, ռազմաճակատներու վրայ նահատակուած Վիգէն Զաքարեանի, Վարդան Տուշմանի, Կարօտի, Մհերի, Պետոյի եւ միւսներուն սխրագործութիւնները յանուն հայրենիքի: Անոնք պիտի փոխանցուին սերունդէ սերունդ, անոնց խիզախ նկարագիրը, ազնիւ բնաւորութիւնը, քաջութիւնը, անհատականութիւնը պիտի դաստիարակեն ու կերտեն նոր հայու տիպարը: Տիպար մը, որ Վիգէնի եւ իր անզուգական մարտական ընկերներու օրինակէն մեկնելով ամէն ինչէն վեր դասեց Հայաստանը, հայութիւնը եւ իր պաշտած ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Տիպար սերունդ մը, որ համահայկական արժէքներով օժտուած ըլլայ, կարգապահ եւ կազմակերպուած, ռազմաքաղաքական արդի գիտելիքներով զինուած, գաղափարական յստակ տեսութեամբ տոգորուած:

Տիպար սերունդ մը, որ չուշացաւ ինքզինք արժանապատիւ կերպով դրսեւորելու Արցախի վերջին կայծակնային քառօրեայ պատերազմի ընթացքին, անկրկում կամքով, մինչեւ իրենց վերջին շունչը, փամփուշտը պայքարող եւ դիրքերը իրենց կեանքի գնով պաշտպանող հերոսները, որոնք նոյնպէս նահատակուեցան յանուն Արցախի անկախութեան եւ անկաշկանդ գոյատեւման:

Փա՛ռք ու պատիւ` Վիգէն Զաքարեաններուն եւ իր մարտական ընկերներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ` Շուշիի ազատագրութեան մասնակցած եւ նահատակուած բոլոր ազատամարտիկներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին անմահացած բոլոր տղաներուն:

Այսօր, Վիգէնի նահատակութեան յիշատակութեան առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկի տարողութիւնը, իմաստը սովորական, արարողական ձեռնարկներու սահմաններէն դուրս պիտի տեղափոխենք, բնաւ պիտի չբաւարարուինք ընկերոջ սոսկ յարգանքի տուրք մատուցելու եւ զայն վերյիշելու ձեւաչափէն: Համայն հայութիւնը այսօր պարտաւոր է, մանաւանդ արցախեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ դարձեալ ուժեղ կրակի վրայ կը թուի ըլլալ Արցախի քաղաքական կարգավիճակը կամ բանակցային գործընթացը, բազմատեսակ ճնշումները, շրջանային թէ միջազգային ուժերու աշխարհաքաղաքական միջամտութիւնները` այս բոլորը այսօր մեզ կը մղեն ազգովին եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան մարտունակ երիտասարդութեան, որ այս տեսակի ձեռնարկները վերածուին տեսակ մը մեր ուխտը վերանորոգելու, մեր վճռակամութիւնը վերահաստատելու, որ մենք ոչ մէկ պարագային կրնանք Վիգէններու եւ նորօրեայ հերոսներու արդար արիւնով ազատագրուած հողեր, շրջաններ զիջիլ:

Բացառուած պէտք է ըլլայ պարտուողական դիրքերէ բանակցիլը, մանաւանդ` քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ մենք դարձեալ ապացուցեցինք, որ երբ ազգը միաւորուած է, երբ Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ միաւորուած են, մենք միշտ ի վիճակի ենք կասեցնելու որեւէ սադրանք, որեւէ անհաւասար կռիւ, որեւէ լայնածաւալ յարձակում, ինչ տեսակ գերարդիական զէնքեր ալ գործածելու ըլլան մեր թշնամիները:

Ի դէպ, վերջերս ներհայաստանեան քաղաքական առումով մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս հաստատեց, որ ինք դէմ է միակողմանի զիջումներու, պարտուողական մօտեցումներու եւ կ՛արհամարհէ պատերազմական սպառնալիքներով հանդէս եկող ազերի անհաւասարակշիռ ղեկավարները: Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները միանգամընդմիշտ յստակ դարձուցին ժողովրդային այս համոզումը, երբ մերժեցին իրենց վստահութեան քուէն տալ` Արցախի հարցի կարգաւորման զիջումնային տրամաբանութեամբ հանդէս եկող քաղաքական կողմերուն համապատասխան ժխտական կեցուածք ցուցաբերելով:

Իրաւացի է Գ. Նժդեհ, երբ կ՛ըսէ. «Զէնքը չէ, որ այդ տղաներին զինուոր է դարձրել, այլ` մարտական ոգին ու խմորը, արիութիւնը, հայրենի հողի ու սրբութեան զգացումը, հայրենիքի ազատագրութեան համար կռուելու եւ անգամ մեռնելու հաստատակամութիւնը»:

Ես վստահ չեմ, որ օրին Վիգէն Զաքարեան եւ իր ընկերները, արցախեան պատերազմի մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը արհեստավարժ զինուորականներ էին, կամ` բացառիկ, գերարդիական զէնքերու գիտութեան կը տիրապետէին, բայց ես վստահ եմ, որ անոնք անխորտակելի այլ հոգեմտաւոր ուժի մը կը տիրապետէին, անոնք լաւապէս ըմբռնած էին Գարեգին Նժդեհի խորհուրդը, այն համոզումը, որ առիթով մը կ՛արտասանէր Վիգէն Զաքարեան խօսակցութեան մը ընթացքին` «Հայրենիքը ամէն բանէ առաջ է, ետքը կու գայ մնացեալը», «իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է իր մասնակցութիւնը բերէ հայրենիքի կերտման ու ազատութեան ձեռքբերման ի խնդիր:

Անխորտակելի է այս համոզումը, այս կամքը, ազգասիրութիւնը, արդարամտութիւնը, ոչ մէկ գերարդիական զէնք կամ բանակ կը տոկայ այս տեսակ գաղափարական երիտասարդութեան դիմաց:

Ահա այստեղ պէտք է փնտռել Վիգէն Զաքարեանի ուժը, յեղափոխաշունչ խառնուածքը, ազատատենչ նկարագիրը, ներքնապէս անհանդարտ Վիգէնը, որ կ՛երազէր հայրենեաց հողին ազատագրութեան համար մարտնչիլ, որ կը տառապէր իր ազգի գերութեան համար:

Այսօրուան հաւաքը պէտք է վերածուի կոչի, ուժի, քաղաքական գործօնի, պէտք է վերստին խիտ շարքերով զօրաշարժի ենթարկէ ինքզինք, որովհետեւ մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք եւ ամէն վայրկեան պատրաստ պէտք է ըլլանք արժանապատիւ կերպով դիմակայելու իւրաքանչիւր յարձակում, վտանգ միջազգային թէ շրջանային ճնշումներ:

Արդարեւ, այսօր կը նշենք Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակը:

Շուշին մեր յաղթանակի լուսապսակն է:

Շուշիի ազատագրումով մենք առաջին քայլը կատարեցինք պատմական արդարութեան վերականգման ճանապարհին:

Շուշիի ազատագրութիւնը սրբազան, մշակութային, կրթական, ռազմավարական տարածք եւ կարեւորութիւն ունենալու հանգամանքէն անկախ, Շուշին ազատագրեց մեր հոգիները, վերադարձուց համայն հայութեան իր արժանապատուութիւնը, հպարտութիւնը վերակենդանացուց մեր մէջ Արամներու եւ Քրիստափորներու պայքարի ոգին, լարեց համայն հայութիւնը` յանուն Արցախի ամբողջական ազատագրութեան:

Բնաւ տարօրինակ չէ, որ Շուշիի ազատագրումը միշտ աւելի մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի, պարզ այն պատճառով, որ իրականութեան մէջ Արցախի անկախացումը զանազան պատճառներու բերումով պայմանաւորուած էր Շուշիի ազատագրումով:

Շուշիի ազատագրումը հայկական ուժերու առաջին նշանակալի յաղթանակն էր…

Շուշիի ազատագրումը պատմական անհրաժեշտութիւն էր, որովհետեւ  ինչպէս ռազմագէտ Դրոն պիտի ըսէր` «Ով տիրում է Շուշիին, տիրում է Արցախին»:

Շուշիի ազատագրումով արցախեան կռիւները թեւակոխեցին որակական նոր փուլ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը դարձաւ աւելի քան իրական:

Շուշիի ազատագրումը նաեւ տնտեսական անհրաժեշտութիւն էր, ցամաքային եւ օդային ճանապարհներու շրջափակման վերացման իմաստով, ինչպէս նաեւ` կազի եւ ելեկտրական հոսանքի, ըմպելի ջուրի ապահովման իմաստով:

Շուշիի ազատագրումով վերջնականապէս ապահովուեցաւ Արցախի ու Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող կենսական միջանցքի անվտանգութիւնը, զինուորական, քաղաքական, տնտեսական, մարդկային, պատմական, ռազմավարական, անգնահատելի նշանակութիւն ունէր Շուշիի ազատագրումը:

Մէկ խօսքով, կենսական էր Շուշիի ազատագրութիւնը ամէն գնով:

Շուշիի ազատագրումով կ՛երաշխաւորուէր Արցախի անվտանգութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման հիմնական եւ անշրջանցելի գրաւականը:

Շուշիի ազատագրման ժամանակագրութիւնը.-

Մայիս 4-ին կը ստորագրուի Շուշիի ազատագրման մարտական հրամանը:

Շուշիի մարտական գործողութիւններուն անունն էր` «Հարսանիք լեռներում»:

Մայիս 5-ին Արցախի խորհրդարանը նիստ մը գումարելով` կ՛որոշէ փոխել ազերիներու դէմ ցարդ կիրարկուող պաշտպանողական մարտավարութիւնը եւ անցնիլ յարձակողականի` չէզոքացնելու համար հրետանիի այն կեդրոնները, ուրկէ կը ռմբակոծուէր մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:

8 Մայիս 1992 կը սկսի Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը: Հայկական ուժերը կը սկսին յարձակումը` 4-5 ճակատներու վրայ զուգահեռաբար:

Դէպի Ջանհասան ուղղուող ազատամարտիկներու խումբը անակնկալօրէն կ՛ենթարկուի պաշարման: Տեղի կ՛ունենան կատաղի կռիւներ, որոնք նոր թափ կը ստանան Քէօսալարէն հասնող հայ ազատամարտիկներու օգնութեամբ: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ընդհանուր յարձակման ազդանշանէն 5 ժամ ետք,  Քէօսալարը եւ Ջանհասանը բուռն բախումներէ ետք կ’իյնան հայկական ուժերու հակակշիռին տակ:

Դէպի Շուշի հայկական ուժերը Շուշիի պաշտպանողական ամրութիւնները կը ճեղքեն հիւսիսէն եւ արեւելքէն:

Միաժամանակ, Բեկորի գլխաւորութեամբ, Դաշնակցութեան ջոկատը Շոշ գիւղէն կ՛իջնէ ձոր եւ մագլցելով Շուշիի բարձունքը` անակնկալօրէն կը յարձակի ազերիական ուժերուն վրայ, կը ստեղծէ խուճապ ու կը կոտրէ թշնամիի դիմադրականութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան միւս վաշտը, շրջանցելով լեռնաշղթան, Սըղնախ գիւղի վրայով կը մօտենայ Լիսագորի: Վաշտը կը քալէ 14 ժամ եւ կը հասնի Լիսագորի եւ Զառիսլուի միջեւ բարձունք մը, ուր հերոսաբար բուռն բախումներու իր մասնակցութեան ընթացքին կը նահատակուի բոլորիս սիրելի եւ անմոռանալի, ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամ ընկ. Վիգէն Զաքարեանը:

8 մայիսի ուշ երեկոյեան Շուշին ամբողջութեամբ կ՛ենթարկուի հայկական զինեալ ուժերուն: Կայծակնային 48 ժամ տեւող «Հարսանիք լեռներում» մարտական ծրագիրը, գործողութիւնները յաջողած էին կոտրել Ազրպէյճանի բանակի դիմադրականութիւնը եւ ոգին: Շուշին ազատագրուած էր: Ստեփանակերտը ցնծութեան մէջ էր: Հայոց ամբողջ աշխարհը ցնծութեան մէջ էր: Հարսանիք էր ամէնուրեք:

Փա՛ռք, հազա՛ր անգամ, փառք Վիգէններու յիշատակին, որոնք իրենց սուրբ արիւնով Արցախի ազատութիւնը կերտեցին, Արցախի անկախութիւնը եւ Հայաստանի սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովեցին:

Կայծակնային եղաւ ընկ. Վիգէն Զաքարեանի կեանքը, սակայն ան դարձաւ սփիւռքի երիտասարդութեան խորհրդանիշներէն մէկը:

Ընկ. Վիգէնին` հայրենիքին մատուցած բարձր ծառայութեան համար յետմահու շնորհուած են բազմաթիւ շքանշաններով` արիութեան եւ խիզախութեան, երկրորդ աստիճանի մարտական խաչ եւ Շուշի քաղաքի ազատագրութեան առթիւ մասնակցութիւն ցուցաբերելուն համար:

Այսօր ընկերոջ սուրբ մարմինը ամփոփուած է իր մարտական ընկերներուն կողքին` Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, միանալով առ յաւէտ անմահացած իր պաշտելի ընկերներուն փաղանգին:

Վիգէն Զաքարեանի անբասիր եւ խիզախ նկարագրի եւ խառնուածքի էութիւնը խտացուած է հետեւեալ կարճ, բայց բարացուցական արտայայտութեան մէջ, «Ես շատ պիտի չապրիմ, օր մը պիտի նահատակուիմ»:

Ընկ. Վիգէն համոզուած էր իմացեալ մահը անմահութիւն է կարգախօսին խորքին, յանուն Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, արեւմտահայաստանի ազատութեան ի խնդիր:

Նիւթականացած այս աշխարհին վերջին հրաժեշտը տալու պահուն դիպուկ են ընկ. Վիգէնի կատարած թելադրաքները իր ընկերներուն, որոնք հաւաքուած էին իր շուրջը` օգնութիւն ցուցաբերելու համար, երբ ան կը խնդրէր, որ իրեն հետ չզբաղուին, այլ շարունակեն կռիւը, մարտը: Այդ իմաստով բարացուցական է նահատակ Վարդան Տուշմանի մօր նամակը Զաքարեան ընտանիքին: Կարդացէք զայն աւելի լաւ պիտի հասկնաք ընկ. Վիգէնին ներաշխարհը:

Վիգէն Զաքարեան կը սիրէր իր ընտանիքը, հարազատները, ընկերները, երախտապարտ էր ծնողքէն ստացած կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար, բայց մեր ընկերը ամէնէն շատ կը սիրէր Հայկական Բարձրաւանդակը, Արցախը, կ՛երազէր անոր ազատագրութեան եւ անկախութեան մասին, որովհետեւ կը սիրէր կեանքը, իր ժողովուրդը, եւ կ՛ուզէր, որ անոնք արժանապատիւ կեանք մը ապրին ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ: Հայ ժողովուրդը հպարտանալու իրաւունք ունի: Դաշնակցութիւնը նաեւ հպարտանալու իրաւունքը ունի, որ իր շարքերէն ներս այդպիսի քաջեր կան:

Ի դէպ, կ՛արժէ վերյիշեցնել հետեւեալը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հպարտանալու իրաւունք ունի եւ արդարացի է, որովհետեւ յիշեցման կարգով, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերը իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին կը վերյիշեցնէ անհերքելի հետեւեալ իրողութիւնները, որ`

–  Արցախի առաջին խորհրդարանի նախագահը դաշնակցական էր:

–  Բանակի առաջին հրամանատարը դաշնակցական էր:

–  Առաջին կանոնաւոր զինուորական գումարտակը` Շուշիի գումարտակը դաշնակցական էր:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բիւրեղ շարքերէն այդ կռիւներուն զոհուած են աւելի քան 300 կուսակցական ընկերներ` Վիգէն, Վարդան, Բեկոր, Մհեր, Պետօ, Կարօտ, Մերուժան եւ միւս բոլորը:

Անցեալ ապրիլին Արցախի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին ալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վեթերան եւ երիտասարդ ազատամարտիկներ նորէն առաջիններէն էին, որոնք մեկնեցան ճակատ` պաշտպանելու Արցախը:

Հայաստանի հողային ամբողջականութեան հիմնարար սկզբունքէն մեկնած` դարձեալ` Դաշնակցութիւնը եւ անցեալ դեկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը գործակցաբար ստեղծեցին առաջին պահեստազօրային գունդը:

Այսօր հաւաքուած ենք, այո՛, յարգանքի տուրք մատուցելու մեր հերոս ընկերոջ անսակարկ նուիրաբերումին` ի խնդիր հայրենիքի, բայց հիմնականին մէջ հաւաքուած ենք մեր ուխտը վերանորոգելու, մեր վճռակամութիւնը վերահաստատելու` շարունակելու համար ընկ. Վիգէնին գործը: Մենք պարտաւորութիւններ ունինք մեր բոլոր նահատակուած ընկերներուն, ազգին, հայրենիքին եւ կուսակցութեան հանդէպ, որ տուեալ ազգային Սուրբ Գործին եւ պայքարին մեզի վերապահուած բաժինը մենք յանձնառու եւ արժանապատիւ կերպով պիտի վերցնենք եւ այդ սրբազան գործը պիտի հասցնենք իր աւարտին:

Ճիշդ է` Արցախը անկախ է, ազատ է, բայց տակաւին մենք պատերազմի մէջ ենք, տակաւին ամէն օր ամբողջ սահմանի երկայնքին օրական ազրպէյճանցիները կը խախտեն զինադադարը` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր: Մեր տղաները, մեր ազատամարտիկները եւ բանակայինները կը պաշտպանեն մեր Արցախի անառիկ լեռները, մեր սրբազան դիրքերը խրամատներուն մէջ: Անոնք կը պաշտպանեն նաեւ Հայաստանի գոյութիւնը: Անոնք կը պաշտպանեն մեր արժանապատուութիւնը, մեր ազգը:

Սիրելի՛ ԼԵՄ-ականներ,

Ընկեր Վիգէն Զաքարեան ի՞նչ պիտի թելադրէր մեզի, ի՞նչ պիտի ակնկալէր մեզմէ, բոլորէս:

Առաջին հերթին, պիտի թելադրէր, որ երիտասարդութիւնը չտկարանայ, չկորսուի խաբուսիկ նոր ժամանակներու արհեստական արժեհամակարգին ընձեռած ենթադրեալ ազատութիւններէն եւ արդիական կարելիութիւններէն, որոնք շատ անգամ ազգակործան հետեւանքներ կրնան ունենալ:

Պիտի թելադրէր, որ ժողովրդային լայն խաւեր, մանաւանդ` երիտասարդ տարրեր, իրենք իրենց չսպառեն ընկերային ցանցերու վրայ կատարուող ընդհանրապէս անհեթեթ եւ ապակառուցողական բանավէճերով, չներքաշուին նեղ անհատական եւ հատուածական շինծու վէճերու մէջ` հարցերը անհատականացնելով եւ զանոնք թիրախի վերածելով:

Ներազգային եւ ներկուսակցական յետադիմական բամբասանքներով չառաջնորդուին, որոնք լաւագոյն պարագային հայ ժողովուրդի դարաւոր թշնամիներուն ջաղացքին ջուր լեցնելու կը ծառայեն միայն:

Ընկեր Վիգէն պիտի յիշեցնէր, որ մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք, որ յատկապէս երիտասարդութիւնը լաւագոյնս օգտագործէ նոր ժամանակներու ընձեռած արդի տեղեկատուական, քարոզչական եւ արհեստագիտական հնարաւոր բոլոր միջոցները, նախ` դիմակայելու Արցախի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին յատկապէս շեշտուած ընկերային ցանցերու վրայ թուրք ազրպէյճանցիներու կողմէ կատարուած տեղեկատուական, քարոզչական ու ապատեղեկատուական նոր տեսակի պատերազմները, ու ապա զանոնք օգտագործեն` սատարելու մեր ազգի եւ հայրենիքի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր: Մենք տակաւին շատ ընելիք ունինք այսօր, մանաւանդ` դուք լիբանանահայ երիտասարդութիւնը:

Դուք, որ միշտ առաջատարը եղած էք, միշտ առաջին գիծերու վրայ` համահայկական բոլոր կռիւներուն եւ բոլոր ճակատներու վրայ: Ինքնա-պաշտպանութեան կռիւներ, զինեալ պայքար, Արցախեան ճակատամարտ, Հայ դատ…

Այսօր նոյնպէս պիտի աշխատինք, որպէսզի հիւսիսային Արցախի տակաւին գրաւեալ շրջանները` Շահումեանի, Գէտաշէնի եւ Մարտունաշէնի ազատագրումը կատարուի, եւ ատիկա մեր սերունդին, այո՛, մեր պատմական օրակարգերէն մէկը պէտք է ըլլայ:

Մենք պէտք է ազգովին աշխատինք, որպէսզի Արցախի հարցի լուծման ներկայ հանգրուանին բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցի:

Ազգովին երբ կ՛ըսեմ, այսինքն` Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ աշխատինք, որպէսզի ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ ռազմաքաղաքական պայմանագիր ստորագրուի:

Մենք պէտք է ազգովին աշխատինք, որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ յստակ կերպով ամրագրուին Արցախի տարածքային ամբողջականութեան դրոյթները:

Իսկ վերջապէս, ինչ կը վերաբերի վերջերս թէժ կրակի վրայ ընթացող տեսակցութիւնները, նախագահներու միջեւ հանդիպումները, բանակցութիւնները, ըլլան անոնք Վիեննայի թէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, իբր թէ ազատագրուած շրջաններու փոխարէն` Արցախի որոշակի քաղաքական կարգավիճակի մը տարբերակի կարելիութիւնը, առաջին անգամ չէ, որ այս տեսակի դրսեւորումներ, ճնշումներ եւ տարաձայնութիւններ կը կատարուին, ոչ ալ հաւանաբար վերջինը ըլլան: Դիւանագիտական սակարկութեան եւ քաշքշուք-ներուն մէջ շատ բան կախեալ է մեզմէ, հայութեան միասնակամութենէն, մեր անզիջող քաղաքական վճռակամութենէն, Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքի թափէն եւ համազգային զօրակցութեան չափէն:

Հետեւաբար սիրելի՛ ԼԵՄ-ականներ,

Այո՛, գործունէութեան դաշտը ձեզի է, ոտքի՛ ելէք, ոտքի՛ հանեցէք ձեր շրջապատը, ձեր գաղափարական, կարգապահական եւ մարտական ոգիով խանդավառեցէ՛ք երիտասարդութիւնը, տուէ՛ք իրենց հեռանկար, ընկեր Վիգէնի երազը, շունչը, կորովը եւ ընկերոջ պատգամը բացատրեցէ՛ք, որ հայրենիքը ամէն ինչէ վեր է…

Անորոշութեան եւ պարապութեան մէջ գտնուող երիտասարդութեան դուք պէ՛տք է համոզէք, տոգորէք, պէ՛տք է ուղղէք զիրենք դէպի Հայաստան,  Արցախ, Ջաւախք, Նախիջեւան եւ Արեւմտահայաստան:

Դո՛ւք` ԼԵՄ-ականներդ, պիտի չտկարանաք աշխարհաքաղաքական մեծապետական խաղերէն եւ շինծու կացութիւններէն, պիտի չտկարանաք արդի ժամանակներու համաշխարհայնացման կեղծ արժէքներէն, որոնք կ՛այլասերեն, կ՛ապազգայնացնեն, կ՛ապաքաղաքականացնեն պահանջատէր ժողովուրդներ,

Դո՛ւք պիտի մերժէք, շպրտէք այս կեղծ արժեչափերը:

Դո՛ւք բոլորդ պիտի զինուորագրուիք մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն վերականգնման աշխատանքներուն, ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըլլան շրջանային թէ միջազգային պայմանները:

Իբրեւ հաւաքականութեան եւ լիբանանահայութեան փուլի մեր դերակատարութիւնը պէտք չէ միայն, ինչպէս ըսինք, սահմանուած ըլլայ երեւոյթի մը, կացութեան մը կամ փուլի մը զօրակցական կոչերով կամ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուող բանավէճերով` հայկական իրականութիւնը յուզող ցանկացած երեւոյթներու գծով:

Մենք իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ իբրեւ գործօն երիտասարդութիւն` պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլանք Հայաստանի պետականաշինութեան, տնտեսական զարգացման, զոյգ հանրապետութեանց սահմաններու անվտանգութեան, մենք պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլանք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքին:

Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին նահատակուած մեր բոլոր կայծակնային եւ առասպելական Վիգէնները:

Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Եռաբլուր ննջող մեր բոլոր ազատամարտիկները:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>