Զրոյցը արտագրեց եւ համադրեց`
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներ` Շահան Գանտահարեան` «Ազդակ», Անի Եփրեմեան` «Արարատ» եւ Սեւակ Յակոբեան` «Զարթօնք», երկուշաբթի, 8 մայիս 2017-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ համացանցային զրոյց մը ունեցան ազգային բարերար, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի հոգաբարձութեան նախագահ Ալեքքօ Պէզիքեանին հետ: Զրոյցի ընթացքին Ալեքքօ Պէզիքեան եւ հայկական երեք օրաթերթերու խմբագիրները արծարծեցին բազմաթիւ հարցեր: Հայաստանի պարագային անոնք բնորոշեցին, որ պէտք է զարգացնել սահմանամերձ շրջանները, գիւղերը եւ մարզերը, իսկ սփիւռքի պարագային, պէտք է երիտասարդութիւնը կուսակցութիւններուն մօտեցնել, հայկական ծրագիրներուն հաղորդ դարձնել, համակարգուած ու միացեալ աշխատանք տանիլ եւ վերականգնել համագործակցութեան աշխատելաձեւը: Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղի ունեցած զրոյցին ընդհանուր պատկերը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներուն մէջ սփիւռքի մէջ ամէնէն կարեւոր իրագործումը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին կառուցուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանն է Ժիպէյլի մէջ: Թանգարանի երկու տարուան գործունէութեան ընդհանուր գնահատական մը տալու, այցելուներու թիւի, թանգարանի կարեւորութեան եւ գործնական տուեալներու իմաստով Ալեքքօ Պէզիքեան ըսաւ, որ թանգարանը իրեն համար երազ մը եղած է: Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը նման վայրի մը կարիքը ունեցած են, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը վառ պահուի եւ նաեւ` անոնց, որոնք ողջ մնացած ու այդ որբանոցին մէջ հաւաքուած ու հասակ առած են:
Ան ցաւով նշեց, որ Լիբանան այցելութեան ընթացքին հանդիպած է երիտասարդ ու միջին տարիքի մարդոց, որոնք Ժիպէյլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին կառուցուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի գոյութեան մասին տեղեակ չեն: Ան իր վրդովմունքը յայտնեց այս երեւոյթին համար, ապա քննելով պատճառները, ընդգծեց Լիբանանի հայ մամուլին դերակատարութիւնը` պատմական մեծ արժէք ու նշանակութիւն ունեցող այս վայրը լուսարձակի տակ առնելու ու հասարակութիւնը իրազեկ դարձնելու:
Ան յայտնեց, որ թանգարանը երկու տարուան ընթացքին 9000 այցելու ունեցած է, բայց ըստ Պէզիքեանին, 9000 այցելու ունենալը չէ, որ կը գոհացնէ, այլ պէտք է երիտասարդութիւնը ներգրաւել ու մղել դէպի ազգային կեանք եւ արժէքներ. լաւ իմանալով ազգային կեանքին մէջ կամաւոր աշխատելու դժուարութեան մասին` ան կարեւորութեանբ նշեց, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչները պարտաւոր են գէթ իրենց ներկայութեամբ, քաջալերանքով եւ կարողութեան սահմաններուն մէջ մասնակից ըլլալու հայ կեանքին:
Ալեքքօ Պէզիքեան յանձնարարեց, որ հայկական վարժարանները այցելութիւններ կազմակերպեն թանգարան, որպէսզի աշակերտները տեսնեն, ծանօթանան ու ապրին գիրքերու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրենց կարդացածը: Ան ըսաւ, որ հասարակութեան բարենորոգումը մանկապարտէզէն կը սկսի եւ ոչ թէ` համալսարանէն: Սերունդները մանկութեան տարիներուն պէտք է կրթել ու դաստիարակել, որպէսզի հետագային կերտուի իր պատմութեան ու ազգային արժէքներուն իսկական ու արժանի ժառանգորդը:
Անդրադառնալով Լիբանանի հայ գաղութի կարեւորութեան` Ա. Պէզիքեան ըսաւ. «Շատ բան կը պարտինք Լիբանանի: Եթէ Ժիպէյլը, Ղազիրը, Այնթուրան, Սայտան, Անթիլիասը չըլլային, այսօր սփիւռքը ի՞նչ պատկեր պիտի պարզէր, գոյութիւն պիտի ունենա՞ր: Որբանոցներուն մէջ ջարդէն ճողոպրած մեր հայրերը ոչ մէկ ճիգ խնայեցին իրենց զաւակներուն լաւագոյն ուսումը տալու: Անոնք մեր մէջ կերտեցին հայկական զգացումը, հայ հոգին: Անոնց տարիներու զոհողութիւնները ձրիաբար անտեսելը արդար չէ, կարելի չէ: Ես մեծ յարգանք ունիմ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք հայկական որբանոցներէն դուրս եկած, ընտանիք կազմած, պահած ու լաւագոյնս դաստիարակած են իրենց զաւակները: Եթէ այսօր ճարտարապետներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ ունինք, շատ մարզերու մէջ յաջողած եւ փայլուն հայեր ունինք, կը պարտինք որբանոցի սերունդներու զոհողութեան»:
Խմբագիրները իրենց կարգին յայտնեցին, որ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը միջազգային թանգարաններու ցանցին մէջ ներկայ է արդէն եւ ընդգրկուած` թանգարաններու բաց գիշեր ծրագրին մէջ, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանին հետ: Այս իրականութիւնը առիթ կը հանդիսանայ, որ մանաւանդ օտարները ներկայ ըլլան, տեսնեն ու իրենց վկայութիւնը տան մեր պատմութեան մասին: Անոնք հարկ նկատեցին Լիբանանի մշակութային ծրագիրներու մէջ առաւելագոյն չափով ընդգրկել «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը: Խմբագիրները հաստատեցին նաեւ, որ թանգարանի բովանդակութեան հիմքը ամբողջ որբանոցն է: Ամբողջ սփիւռքը այսօր քաղաքական գործօնի վերածուած է` շնորհիւ այդ որբանոցներէն դուրս եկած ու դաստիարակուած եւ հայապահպանման աշխատանքներուն լծուած այդ սերունդին:
Իր կարգին, Ալեքքօ Պէզիքեան յայտնեց, որ աշխատանք տարուած է Ժիպէյլի քաղաքապետին միջոցով, որ թանգարանը զբօսաշրջութեան այցելութիւններուն մաս կազմէ: Ան ըսաւ, որ նախատեսուած է նաեւ թանգարանի վերի յարկը վերածել ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի, գիտաժողովներու եւ դասախօսութեան յարմար վայրի: Ան ըսաւ, որ ծրագիրը պատրաստ է, մօտ ժամանակէն կ՛իրագործուի. հիմնական, բայց յաղթահարելի դժուարութիւնը նիւթականն է:
Խմբագիրները առաջարկեցին, որ յառաջիկային Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին կազմակերպուած երիտասարդական հսկումը «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին շուրջ տեղի ունենայ: Անոնք համաձայն գտնուեցան նաեւ միասնաբար գիտաժողով մը կազմակերպել «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մէջ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի երիտասարդութիւնը ազգային մտահոգութիւններուն եւ արժէքներուն հաղորդ դարձնելու, ազգային կեանքին մէջ ներգրաւելու քայլին, զրուցակիցները համոզում յայտնեցին, որ պէտք է սովորական միջոցներէն դուրս գալ, իմանալ երիտասարդներուն հետաքրքրութիւնը, պահանջներն ու ակնկալիքները եւ ըստ այնմ պատրաստել դաշտեր, ուր աշխատելու եւ արդիւնաբերելու լայն հնարաւորութիւն ունենան անոնք: Այս առումով ալ տեղեկատուական եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը պէտք է կարեւորութեամբ նկատի առնել, որովհետեւ երիտասարդները աւելի շատ համացանցի ընթերցողներ են:
Ա. Պէզիքեան հաստատեց, որ եկեղեցին, դպրոցները եւ յատկապէս ընտանիքները մեծ դերակատարութիւն ունին սերունդներու առողջ եւ հայեցի կրթութիւն ջամբելու վեհ ու ազնիւ գործին մէջ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ կազմակերպութիւններու եւ յատկապէս հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն կարեւոր դերակատարութիւնը սփիւռքի կեանքին մէջ` ըսելով, որ անոնք հայապահպանման, ուղիղութեան, մաքրութեան, պարկեշտութեան օրինակ պէտք է դառնան երիտասարդութեան համար: Ան ըսաւ. «Մեր կազմակերպութիւնները պէտք է դուռ բանան երիտասարդութեան եւ ոչ թէ անոնց դիմաց դռները գոցեն»:
Խօսելով սփիւռքի մայրաքաղաք Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասին իր ունեցած տպաւորութեան` Ա. Պէզիքեան իր ընդվզումը յայտնեց համայնքներու եւ կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան բացակայութեան համար: Ան կոչ ուղղեց` անպայման կեանքի կոչելու գործակցութիւնը բոլոր համայնքներու, կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններուն միջեւ: Ան ըսաւ. «Այն օրը, որ մենք կ՛ունենանք հզօր սփիւռք, կ՛ունենանք հզօր հայրենիք, եւ այն օրը, որ հզօր հայրենիք կ՛ունենանք, հզօր սփիւռք կ՛ունենանք: Կը տեսնեմ հրեաները` աշխարհով մէկ ինչպէ՜ս կը գուրգուրան իրենց թէ՛ սփիւռքին, թէ՛ հայրենիքին վրայ: Պէտք է համագործակցութիւնը ամէն գնով կրկին մէջտեղ բերել, այլապէս վտանգուած է սփիւռքի ապագան»:
Խօսելով Հայաստանի մէջ իրականացուցած ծրագիրներուն մասին` ան ըսաւ, որ «Անի Պէզիքեան երիտասարդական կեդրոն»-ի ստեղծման եւ կառուցման հիմնական նպատակը համալսարանական ուսման նպատակով շրջաններէն Երեւան հասած անապահով ընտանիքներու աղջիկներու կեցութեան եւ ապրելու կեդրոն մը, գուրգուրանքի վայր մը ապահովելը եղած է: Ուսանողուհիները իրենց ուսումը աւարտելէն ետք դուրս կու գան` նորերու տեղ յատկացնելով: Ան յայտնեց նաեւ, որ 1988-ի ահեղ երկրաշարժին պատճառով 17 տարուան ընթացքին ստանձնած է 350 մանուկներու խնամքը ու շատ մը ընտանիքներու օժանդակութիւնը: Ալեքքօ Պէզիքեան անդրադարձաւ նաեւ Ծաղկաձորի մէջ ամառնային ճամբարին, որուն շնորհիւ ամրան ամիսներուն հերթաբար 200-էն աւելի պատանիներ 15 օրով կը զուարճանան եւ հաճելի պահեր կ՛ունենան:
Զրոյցի աւարտին զրուցակիցները անդրադառնալով Ալեքքօ Պէզիքեանի` Հայաստանի մէջ իրականացուցած ծրագիրներուն, որոնք նուիրուած են Հայաստանի զարգացման, աղէտի գօտիի վերականգման, որբերու, երիտասարդութեան եւ անպատսպար ընտանիքներու օժանդակութեան, գնահատանքով մատնանշեցին, որ բոլոր աշխատանքներուն նիւթական նուիրատուութիւնը Ալեքքօ Պէզիքեան կատարած է լուռ, համեստօրէն եւ առանց մեծ քարոզչութեան, եւ այս բոլոր բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման մէջ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եկած է լրացնելու երկար շունչի վրայ Ալեքքօ Պէզիքեանին տարած աշխատանքները, որոնք տարուած են եւ կը շարունակուին:
Ալեքքօ Պէզիքեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց լիբանանահայ մամուլին տարած անդուլ աշխատանքին համար` շեշտելով լիբանանահայ մամուլին կարեւոր դերը սփիւռքի հայապահպանութեան ծիրին մէջ եւ կարեւոր նկատելով համագործակցելու եղանակը տարբեր առիթներով: Ան շնորհակալութիւնը յայտնեց անոնց օգտաշատ զրոյցին համար եւ մաղթեց, որ նման հանդիպումները յաճախակի ըլլան, որ կարելի ըլլայ տեսակէտներ եւ կարծիքներ փոխանակել: