Հինգշաբթի, 27 ապրիլին Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները նշեցին Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը եւ ՀԲԸՄ-ի 111-ամեակը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Փափազեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ապրիլ 24- ը դադրած է սուգի ու լացի օր ըլլալէ, այլ վերածուած է պահանջատիրութեան, արդարութիւն եւ իրաւունքներու հատուցում հետապնդող օրուան: Ապա աւելցուց` ըսելով, որ մեր պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ մեր հայրենիքին, հետապնդենք Հայ դատը մինչեւ որ ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, հատուցուին մեր արդար պահանջները եւ կերտուի ամէն հայու մեծ երազը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:
Բացման խօսքէն ետք Լէա Յարութիւնեան երգեց «Ատանայի ողբը»: Ապա Դ. դասարանի տղաքը ներկայացուցին «Եւ աւելցուցէք Զոհրապի անունը» թատրերգութիւնը: Գալին Ժերթիտեան եւ Լին Յարութիւնեան ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այնտեղ»-ը: Դ. կարգի աղջիկներն ու Ը. կարգի տղաքը հանդէս եկան «Հայուն ձայնը» ներկայացումով: Ապա Դ. դասարանի աշակերտները երգեցին «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ երգը»:
Յայտագրին երկրորդ մասը նուիրուած էր ՀԲԸ Միութեան 111-ամեակին: Քրիսթել Հալաճեան, Քրիսթել Կիւլիւզեան եւ Փերլա Գէօհիւլեան ներկայացուցին միութեան պատմականը, որմէ ետք Մելոտի Էլսուէյտի, Լոռի Պետրոսեան եւ Սէրլի Ժումժեան արտասանեցին Հրանդ Արսլանեանի «ՀԲԸՄ»-ը, ապա Զ. կարգի աշակերտները երգեցին Համբիկ Մարտիրոսեանի գրած երգը` «ՀԲԸՄ»: Յայտագրին գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ Դ. կարգի աղջիկներուն «Ով հայոց աշխարհ» շուրջպարով:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հիւր բանախօսը Համբիկ Մարտիրոսեանը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ Բարեգործականը Մեծ եղեռնի օրերուն եւ անկէ ետք իր ամբողջ ուշադրութիւնը սեւեռած է եղեռնահար հայ ժողովուրդի վերապրումին վրայ` մեծապէս օժանդակելով որբահաւաքի խիստ կարեւոր աշխատանքին, հիմնելով որբանոցներ եւ այլ խնամատար հաստատութիւններ:
Հուսկ, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ծաղկեփունջով մը պատուեց հիւրը, որ սիրայօժար ընդառաջած էր վարժարանի հրաւէրին: Ապա բարձր գնահատեց յայտագրին մաս կազմող աշակերտներուն ներկայացումը եւ պատասխանատու ուսուցչուհին` Մանիշակ Ալեքսանեանը:
Երեքշաբթի, 2 մայիսին Ա.-Զ. կարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ վարժարանի շրջափակին մէջ գտնուող հայ որբերու դամբարանը եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին հայ որբերու շիրիմին: Այնուհետեւ Սեն Ժոզեֆ դպրոցի պատմութեան դասատուն` Շարլ Հայեք, պատմական դառն տեղեկութիւններ տուաւ որբերուն մասին:
Ապա աշակերտները ուղղուեցան Սեն Ժոզեֆ եկեղեցին, ուր միասնաբար աղօթեցին հայ որբերու անբիծ հոգիներուն համար` խոստանալով անոնց, որ իրենք ալ պիտի հետեւին անոնց օրինակին` պիտի խօսին ու տէր կանգնին մեր ոսկեղինիկ լեզուին: