28 ապրիլ 2017-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններ:
Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ նախ կայացաւ արդէն աւանդական դարձած ընդհանուր հաւաքը, ուր վարժարանի աշակերտները ներկայացան Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով: Անոնք նաեւ բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհերուն յիշատակը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը նշող պաստառներ, մինչ մանկապարտէզի փոքրիկները կը տողանցէին ազգային տարազներով` վերյիշեցնելով կորուսեալ հայրենիքի այն բնակավայրերը, որոնցմէ տարագրուեցան հարիւր հազարաւոր հայեր:
Ոգեկոչումի օրուան կարեւոր մէկ հանգրուանը կազմեց Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին նմանակը, որուն առջեւ ծաղիկներ դնելով` նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցին վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, հոգեւոր վարիչ Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:
Տեղի ունեցան ոգեկոչման զոյգ ձեռնարկներ` նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններուն համար անջատաբար: Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Մեսրոպեանի աշակերտներ, դասարանային խումբեր եւ «Ծիծեռնակ» երգչախումբը. ասմունքի, երգի եւ երաժշտութեան կատարումներու երկար շարքով մը Մեսրոպեանի աշակերտները արտայայտեցին իրենց ցաւը` 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն համար, արդար ցասումը` ի տես Ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալուն, դատապարտումը` ցեղասպանին եւ ամենակարեւորը` իրենց կամքն ու վճիռը` միշտ յիշելու նահատակները ու հաւատարիմ մնալու անոնց սուրբ կտակին: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն հետ կայացած հարցազրոյցներու շարք մը, ուր հայ մանուկները կ՛արտայայտէին իրենց ապրումներն ու մտածումները` Ցեղասպանութեան մասին:
Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքին մէջ յորդորեց միշտ վառ պահել պահանջատիրութեան ջահը` մինչեւ արդարութեան ամբողջական վերահաստատումը, հայ ժողովուրդի կրած վնասներուն արդար հատուցումը եւ մեր անկատար մնացած բոլոր տենչերուն իրականացումը: Ան յատկապէս խորհուրդ տուաւ աշակերտներուն իրենց ընկերային միջավայրին մէջ ըլլալու մէկական դեսպան Հայ դատին ու Հայաստանին, որպէսզի հայութեան ձայնը միշտ բարձր հնչէ` ի խնդիր արդարութեան: Կ. Գալուստ այս առիթով ողջունեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար եւ հայկական բանակի հրամանատար զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանցը եւ արեւմտահայութեան Դատի պաշտպան հասարակական գործիչ Կարէն Միքայէլեանը, որոնք հիւրաբար ներկայ էին ձեռնարկներուն: