9 մայիսը կը համարուի հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն փայլուն էջերէն մէկը` Շուշիի ազատագրումով դրոշմուած:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ 9 մայիս 2017 թուականը երկակի ուրախութեան եւ հպարտութեան օր էր, որովհետեւ այդ օրը վարժարան այցելեցին Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ -ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատի զինուորները` գլխաւորութեամբ հրամանատար Կարէն Աթոյեանի:
Վարժարանի դրան մուտքին Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն կողմէ աղ ու հացով դիմաւորուելէ ետք, զինուորները` «Մեր անունն է հայկական բանակ» երգի կշռոյթին տակ մուտք գործեցին բակ, ուր դպրոցի ամբողջ աշակերտութիւնը խմբուած էր Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշարձանին շուրջ:
Տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ըսաւ, որ դպրոցին համար անսահման ուրախութեան եւ հպարտութեան օր է, որովհետեւ մենք առիթը ունինք պատուելու ա՛յն զինուորները, որոնք յանձնառութիւնը ստանձնած են պաշտպանելու Լիբանանի սահմանները: Ան ըսաւ. «Հայրենիք պաշտպանելը իւրաքանչիւր բանակի պարտականութիւնն է, եւ զինուորին` վեհագոյն նպատակը: Բայց ուրիշին հայրենիքը պաշտպանելը կ’ենթադրէ յաւելեալ գնահատանք, որուն համար բաւարար խօսքեր չկան պատշաճ կերպով շնորհակալութիւն յայտնելու»: Ան նաեւ ըսաւ, որ մեր վարժարանը կրկնապատիկ ուրախութիւն կը զգայ Շուշիի ազատագրութեան փառահեղ տարեդարձը նշելու հայ զինուորներուն ընկերակցութեամբ, որոնցմէ շատեր նաեւ պատերազմած են Արցախի սահմաններուն վրայ, անոնց մաղթելով Լիբանանի սահմաններուն անվտանգ ծառայութիւն եւ յաջողութիւն:
Ռ. Պոյաճեան յուշանուէրով մը պատուեց հայկական ջոկատին հրամանատարը, որ խօսք առնելով բոլորին անունով` ուրախութիւն յայտնեց հայ երիտասարդներու մէջ ներկայ գտնուելով, որովհետեւ, ըսաւ ան, իրենք կը հաւատան, թէ երիտասարդներն են վաղուան ապագան, որոնք պիտի պաշտպանեն հայրենիքը եւ բարձր պիտի պահեն անոր անունը:
Սերժիօ Ահարոնեանի «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» եւ «Գետաշէն» երգերու կատարողութեան ընկերակցեցան հայ զինուորները եւ ոգեւորութեամբ երգեցին նաեւ այլ երգեր: Այնուհետեւ հայրենի զինուորները ծաղիկներ զետեղեցին Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշարձանին, խանդավառ մթնոլորտի մէջ շաղուեցան աշակերտներուն հետ, ապա մեկնեցան` իրենց հետ աշակերտներուն նուիրած վարդերը: