ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու աւարտէն ետք քանի մը հիմնական մտածումներ եւ մտահոգութիւններ կ’անհանգստացնեն մեզ:
Նախորդ վեց տարիներուն հայաստանցիք տարեկան դրութեամբ ցոյցերու դիմած են տարբեր-տարբեր նպատակներով իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու` քաղաքական եւ տնտեսական տարբեր դատերու առնչութեամբ:
Նորութիւն չէ, որ Հայաստանը առողջ կարգավիճակի մէջ չէ. ասոր հիմնական փաստն է արտագաղթը:
Հայաստանաբնակ հայը կը նախընտրէ երկրէն դուրս ապրիլ, երբեմն մէկէ աւելի գործ աշխատելով: Այդ իրողութիւնը արդէն մեծ բան կ՛ըսէ երկրի պայմաններուն մասին:
Վերոնշեալները թուելու ոչ մէկ կարիքը կայ` քանի որ անսակարկելի հնութիւն մըն է Հայաստանի ներկայ իրավիճակը:
Հետեւաբար հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ, ինչո՞ւ Հայաստանի ժողովուրդը «գնաց եկաւ» ու վերընտրեց այդ փտած ու նեխած համակարգին պատկանողներուն նոյն մեծամասնութիւնը եւ ինչո՞ւ «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան» կարգախօսին ընդառաջում չկատարուեցաւ:
Եկէք պահ մը մենք մեր ոտքերը դնենք այդ զանգուածին նեղ կօշիկներուն մէջ` քանի մը հանգրուաններով:
Ժողովուրդը կը փնտռէ կայունութիւն
Գործող քաղաքական ուժերուն մէջ յայտնի են մենատիրական ուժերն ու կողմերը, որոնք անշուշտ ունին այդ կոչումին համապատասխան դրամագլուխներն ու «հնարքը»: Մենատիրականի հասկացողութեան մէջ կը մտնեն այդ անձի շարունակականութիւնն ու վերարտադրումը, հետեւաբար` կայունութիւնը:
Բայց «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան» կարգախօսողներու շարքերն ու սկզբունքները արդեօք անկայո՞ւն են:
Եթէ արժեւորենք Դաշնակցութեան կազմակերպական դիմագիծը, կը նկատենք, թէ հակառակ անոր որ Հայաստանի մէջ գործող դաշնակցական դէմքերը վերջին տասը, եթէ ոչ աւելի տարիներուն եղած են նոյները, ոչ մէկ ձեւի անկայուն վիճակի մատնուած են անոնց շարքերը, ընտրազանգուածը եւ կամ ծրագիրը:
Իշխանութիւնները կը գործածեն պետական լծակները
Կ՛ըսուի, թէ իշխանութեան վրայ գտնուող ուժերը ինքնաբերաբար կը վայլեն քուէներու առնուազն տասնհինգ տոկոս համեմատութիւն` միայն իրենց լծակները օգտագործելով: Այս ենթադրութեամբ երբ տասնհինգ տոկոսը նուազեցնենք Հանրապետական կուսակցութեան ստացած համեմատութենէն, կը տեսնենք, որ վերջինս եւ Ծառուկեանի դաշինքը մօտաւորապէս նոյն համեմատութիւնը կամ «ժողովրդականութիւնը» կը վայելեն:
Լաւ, այդ դժգոհ ու ընդվզած ժողովուրդը ինչո՞ւ այդ մեծ համեմատութեամբ (իւրաքանչիւրը միջին հաշուով մօտ երեսուն տոկոս) կը քուէարկեն անոնց, որոնք կ՛առաջնորդեն իրենք զիրենք մենատիրական եւ շահագործական գաղափարաբանութեամբ, եւ ինչո՞ւ անոնք յուսալիր չեն քուէարկեր արդար Հայաստանի մը …
Հաւը կուտով կը բռնեն, իսկ մարդը` արծաթով
Անօթութեան եւ արժանապատուութեան հասկացողութիւնները տարբեր թաղամասերու մէջ կը բնակին… Ընտրակաշառքը եւ յոյսի չգոյութիւնը հայրենիքի ապագայի հանդէպ կը մղեն զանգուածը որ ապրի օրը օրին: Կան մենատէրեր, որոնք երկիրը կը կողոպտեն, եւ երբ օրը գայ պարզապէս քուէ կը գնեն, եւ կան ուրիշներ, որոնք տարուան ընթացքին ժողովուրդն ու երկիրը կողոպտելու արդիւնքները կաթիլ առ կաթիլ կը կաթեցնեն ծարաւ ժողովուրդին թասին մէջ: Ի վերջոյ, ծովը կողոպտողին համար կաթիլ մը ջուրը ոչինչ է:
Ան իւրաքանչիւր կաթիլի վրայ գրած կ՛ըլլայ իր անունը, եւ երբ ժամանակը գայ, ժողովուրդը կրկին կը քուէարկէ իր փրկարար «առաքեալներուն»… որպէսզի շարունակեն կլլել ծովը եւ փոխարէնը կաթիլներ բաժնեն :
Անհանգստացնող, սակայն հասկնալի երեւոյթ մըն է, որ ոչ մէկ ծնողք իր երեխային անօթութեան ցաւը կը նախընտրէ այդ կաթիլէն, հետեւաբար այդ քուէէն:
Հաւատք նոր սկիզբի ու արդար Հայաստանի նկատմամբ
Զանգուածին կողմէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ըմբռնումն ու ընկալումը քիչ մը տարբեր է մեր իրողութենէն:
Դաշնակցութիւնը կը հասկնան իբրեւ ծայրայեղ հակաթուրք կուսակցութիւն, որուն հիմնական նպատակն է ազատագրել Արեւմտահայաստանը եւ լուծել Հայ դատը: Դաշնակցութիւնը, որ ռուսերուն հետ բարեկամութիւն չունի, ինչպէս… ուրիշներ:
Դաշնակցութիւնը, որ մէկուն մտիկ չ՛ըներ եւ միայն գիտէ իր նպատակադրումները, որոնք ընդհանրապէս ամբողջական Հայաստանի եւ Հայ դատի ուղղութեամբ դիրքորոշուած են:
Կը կարծուի, թէ Դաշնակցութիւնը քուէ կ’ուզէ, բայց պատրաստ չէ օժանդակելու ծարաւ ժողովուրդին: Կը կարծուի, թէ Դաշնակցութիւնը միայն իր կուսակցականներուն կ՛օժանդակէ եւ ոչ ժողովուրդին: Կը կարծուի, թէ Դաշնակցութիւնը կը նախընտրէ անօթի ու ծարաւ մեռնիլ եւ իրեն հետ մեռցնել իր հայրենակիցները` քան թէ այս կամ այդ երկրի կամ «դասակարգի» ձեռք երկարէ:
Հաւատքի պակաս չկայ, այլ աշխատանքի: Յոյսի պակաս չկայ, այլ` հասկացողութեան:
Հարեւաններ` տարածաշրջանային քաղաքականութիւն
Եւ ահա հիմնական հարց մը, որուն մասին չենք կարդար եւ քիչ կը լսենք, եւ որ դժուար չէ վերլուծել:
Խորհրդային համակարգի փլուզումէն ետք նոր անկախացած երկիրներուն մեծամասնութիւնը մնաց համանման վարչակարգի մէջ, որն է «Մոսկուայի եւ Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի» վարչակարգը:
Գաղտնիք մը չէ, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի, Ուզպեքիստանի, Ղազախիստանի, Ազրպէյճանի ներկայ նախագահները կամ հայրերը նախապէս մաս կազմած են այդ վարչակարգին, ինչ որ զուգադիպութիւն մը չէ: Վերոնշեալ երկիրներուն կողքին Տաճիկիստանի, Պելառուսիոյ վարչակարգերն ալ մնացած են անփոփոխ խորհրդային միութեան փուլ գալէն ետք, Եւ անոնց ղեկավարներն ու նախագահները դարձած են իրենց երկիրներու մենատիրական եւ սակաւապետական նուիրապետութեան պարագլուխները:
Հետեւաբար փաստօրէն երկար տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցած նախկին խորհրդային այս տարածաշրջանին մէջ կայ «սթաթիւս քօ» , որ կը գերիշխէ եւ կամքն ու շահերը կը պարտադրէ անոր քաղաքական, տնտեսական եւ հետեւաբար ընկերային համակարգերուն:
Այդ «Սթաթիւս քօ»-ն մարտահրաւէրի չի՞ կանչուիր
Այս «Սթաթիւս քօ»-ն ջնջեցին կամ փորձեցին ջնջել քանի մը երկիրներ` ինչպէս Ուքրանիան եւ Վրաստանը, իսկ ահա այսօր կը տեսնենք, թէ քանի մասերու բաժնուած են այս երկիրները, կը տեսնենք այդ երկիրներուն մէջ տիրող անկայունութիւնն ու տագնապը բոլոր մակարդակներու վրայ` ըլլան անոնք թէ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, ապահովական, վեհապետական կամ այլ:
Վերոնշեալը հաստատելէ ետք, մէկ մեծ ու հիմնական հարցադրումի մը կը հանդիպինք:
Որո՞ւ կը պատկանի Հայաստանը` հայերո՞ւ,
կա՞մ գերիշխան վարչակարգերու
Զգացական պատասխանը դիւրին է, Հայաստանը կը պատկանի ազատատենչ, հայրենասէր եւ նուիրեալ հայերու:
Իսկ առարկայական մտածողութիւնը բարդ է ու վիճելի` Հայաստանը կը պատկանի համայն հայութեան, սակայն զինք իւրացուցած է մենատիրական վարչակարգ մը, որ ունի արտասահմանային նեցուկներ, որը կը գերիշխէ սեւամաղձ վարչակարգով մը:
Լաւ. ի՞նչ կրնանք ընել արդեօք բոլոր այս պատնէշներուն դիմաց, ուր թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին կաշկանդող գործօններ կան:
Գոնէ երեւութաբար, վերջին շրջանին, Հայաստանի վարչակարգը` գլխաւորութեամբ նախագահին, այն եզրակացութեան եկած է, թէ այս ուղիով երկիրը ապագայ չունի, յատկապէս երբ արտագաղթը դարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հիմնական օրակարգերէն մէկը: Նաեւ սփիւռքի կարեւորութեան անդրադարձած է եւ ձեւեր որդեգրած է սփիւռքը «սիրաշահելու»` գործակցելով անոր հիմնական կազմակերպութեանց հետ:
Իսկ մենք ո՞ւր կ’իյնանք այս հաւասարումին մէջ…
Ամէն ինչէ վեր, հարկ է բարելաւել հայաստանաբնակ ժողովուրդին ընկերային վիճակը` գաղափարական եւ քաղաքականացուած ձեւով, արդար կերպով եւ անշուշտ մաքուր միջոցներով:
Միւս կողմէ` ըլլալ դիւանագէտ եւ հնարամիտ, գտնելու համար յարմարագոյն ձեւերը տիրանալու լաւագոյն դիրքերուն չոտնակոխուելու համար պղտոր եւ խափանիչ «քաղաքական ռազմափորձերէ» (political maneuvers):
Եւ վերջապէս, Հայաստանի մէջ բացայայտ է քաղաքական աշխուժացման կիրքը, որ հիմնականին մէջ պէտք է գայ քաղաքական եւ ընկերային զարթօնքի միջոցաւ:
Առ այդ, ժողովուրդը պէտք է մաս կազմէ քաղաքական կեանքին եւ իր ճակատագիրը չյանձնէ անարժան «ստորադասին»: Ան պէտք է ըլլայ պահանջատէր իր քաղաքական կառուցողականութեամբ: Հետեւի եւ ճնշում բանեցնէ երկրի մէջ տիրող անարդարութիւնը եւ փտածութիւնը երաշխաւորողներուն վրայ, իսկապէս արդա՛ր Հայաստանի մը կերտման ուղիով: