Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ո՞ւր Հասաւ Հայ Դատի Պայքարը

$
0
0

ՃՕ ՊԱՍԹԱՃԵԱՆ

Զարթօնքի շրջանէն ի վեր հայ ազգը սկսաւ լրջօրէն մտածել գործնական քայլերու դիմելու մասին` լուծելու համար Հայկական հարցը: Շարք մը դէպքերէ ետք ազգը կրցաւ ապահովել իր ինքնապաշտպանութիւնը եւ ունենալ ազատ հայրենիք, բայց Հայ դատը հոն կանգ չառաւ, կարգ մը ծրարներ կը մնային անորոշ: Որոշ երրորդութեան մը շուրջ կարելի է խմբաւորել Հայ դատի աշխատանքները` ձեռքբերումներու պահպանումը,  Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ քարոզչութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը, հողային պահանջատիրութիւնը:

Հայկական կողմը արձանագրած է նշանակելի ձեռքբերումներ եւ կը շարունակէ զանոնք պահպանել շնորհիւ գաղութային կառոյցներուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն, յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան, քոյր միութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անխնայ ջանքերուն: Այս մէկը թոյլ կու տայ, որ հայկական գաղութներուն ազգային դիմագիծը պահպանուի: Այսպէս, գաղութը եւ հայրենիքը զիրար կ’ամբողջացնեն եւ կ’ապահովեն ազգին գոյատեւութիւնը, ըլլայ ան նիւթական, ընկերային, օրէնսդրական, դիւանագիտական կամ նոյնիսկ զինեալ պայքարի միջոցով:

Կուսակցութիւնը` իր քոյր միութիւններուն օժանդակութեամբ եւ ազգային այլ կառոյցներու հետ գործակցութեամբ, կ՛ապահովէ գաղութներուն ներքին կարիքները` ընկերային եւ առողջապահական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ մշակութային կեանքի կազմակերպումը, իսկ քաղաքական գետնի վրայ կուսակցութիւնը պետութեան մօտ կը ներկայացնէ հայկական գաղութին ձայնը եւ կը պաշտպանէ անոր իրաւունքները:

Գալով Հայաստանի Հանրապետութեան ներդրումին, ան իր ընկերվար քաղաքականութեամբ կ՛ապահովէ Հայաստանի բնակիչներուն կենսական պէտքերը, ինչպէս` անվճար բժշկութիւնը եւ ուսումը: Իսկ իբրեւ համագործակցական  միացեալ աշխատանք կրնանք անդրադառնալ 2016-ի Արցախի քառօրեայ պատերազմին, երբ ազգին տարբեր խաւերէն անհատներ` երիտասարդներ, տարեցներ, բանուորներ, ուսանողներ հաւաքական պայքար մղեցին միեւնոյն թշնամիին դէմ` ըլլան անոնք Հայաստանէն թէ սփիւռքէն:

Այս երեւոյթը կը վստահեցնէ, որ հայ ազգը, իր հաւաքական ուժին շնորհիւ, եթէ պէտք ըլլայ պատրաստ է իր զաւակներուն կեանքին գնովն իսկ, կատաղօրէն պահպանելու իր ձեռքբերումները:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզչութեան իմաստով, վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին յիշատակելի   յառաջդիմութիւններ արձանագրած է հայկական կողմը: Այլազան ճիգերով այսօր մեր դատը ծանօթ է արդէն օտարներուն, որոնք մեր կողքին ձայն կը բարձրացնեն. մտաւորականներ, արուեստագէտներ, քաղաքական դէմքեր կամ պարզապէս ուսանողներ միացած են մեր դատին:

Սակայն, քարոզչական աշխատանքներուն ծիրին մէջ, մեր առաջին թիրախը եղած է հայ ժողովուրդը, որպէսզի ան լաւատեղեակ ըլլայ Հայ դատի էութենէն եւ կարենայ պահանջել իր իրաւունքները: Այս իմաստով, մօտաւորապէս 50 տարիներու միջգաղութային քարոզչական աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուած է, յաջորդ թիրախը նկատի ունենալով օտարը` ըլլայ ան թուրք կամ այլ:

Տեղեկատուական միջոցներու աշխարհին մէջ ճիշդ կամ սխալ տեղեկութիւններու պատերազմ մըն է, որ կը մղուի: Թրքական կողմը ժխտական եւ մերժողական քարոզչութիւն կը տանի միջազգային գետնի վրայ: Ասով հանդերձ, հայկական կողմը կը պահէ իր գերազանցութիւնը ոչ թէ նիւթական ներդրումին շնորհիւ, այլ որովհետեւ այս դարուս ալ

դժուար եղած է կարգ մը պատմական իրականութիւններ ժխտելը, իսկ մարդիկ եղած են աւելի քննադատ: Փաստօրէն, տարբեր խաւերէ օտարներ արդէն իսկ ձայն կը բարձրացնեն մեր կողքին, մօտիկ ապագային միջազգային համայնքը (international community) ամբողջութեամբ անկասկած պիտի ճանչնայ Հայ դատը, պաշտօնապէս կամ անպաշտօն ձեւով: Ահա թէ ինչպէ՛ս Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ճանաչման ալիքէն ետք, 2015-ի յունիսին, Գերմանական Պունտեսթակը միաձայնութեամբ հաստատեց, որ 1915-ին օսմանցիներուն կողմէ հայերու զանգուածային սպանդը օրէնսդարականօրէն ցեղասպանութիւն կը համարուին: Իսկ 2017-ի ապրիլին Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանը եւս միաձայնութեամբ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտեց:

Կը մնայ Հայ դատին հիմնական կէտերէն մէկը,  որ հողային պահանջատիրութիւնն է: Այս մէկը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր քարոզչական աշխատանքներուն յաջորդող հանգրուանն է, ինչպէս նաեւ էական բաժինը: Հողային պահանջատիրութիւնը կախեալ է աշխարհաքաղաքական պայմաններէ, որոնց իբրեւ արդիւնք կրնայ ունենալ նոր երկրի մը երեւան գալ կամ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող երկիր մը, այս պարագային Հայաստանի, ականատես ըլլայ հողային տարածքին ընդարձակումին` ի հաշիւ սահմանակից երկիրներու տարածքին: Հայաստանը  կռուախնձոր մը ըլլալով,  կրնայ նեղութիւն պատճառել շրջակայ ազդու ուժերուն, որովհետեւ Հայաստանի զարգացումը հզօր պետութիւններուն շահերը կը վտանգէ: Եթէ շրջանին մէջ ստեղծուի քաղաքական անկայունութիւն մը, որ ի շահ ըլլայ հայկական կողմին, հարկ է շարժիլ եւ դիւանագիտական կամ ռազմավարական մանր յառաջխաղացքներով փորձել ձեռք ձգել Սեւրի դաշնագիրին համապատասխանող տարածքը:

Հողային հարցը մէկ կողմ դնելու անյաջող փորձեր եղան եւ հաշտութիւնը առաջնահերթ նկատող կոչեր ուղղուեցան, ինչպէս` Ցիւրիխի նախագիծը: Սակայն, այնքան ատեն որ ազգը կը մնայ պահանջատէր եւ լաւատեղեակ իր պատմութենէն եւ դատէն, կարելի կ’ըլլայ օրուան յարմար ռազմավարութիւնը որդեգրել վերստին տիրանալու համար մեր հողերուն եւ կերտելու ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը:

Այսօր հայկական կողմը կը յառաջդիմէ իր անձնական ճիգերով, ինչպէս նաեւ օտարներու օժանդակութեամբ: Նախորդ սերունդը կը ցանկար ներկայ Հայաստանի մէջ բանակումներ կազմակերպել, այսօր Հայաստանի մէջ բանակումներ եւ ճամբարներ կը կազմակերպենք` ցանկալով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բանակումներ կազմակերպել:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>