Կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի Համալսարանական ուսանողներու միութեան հինգշաբթի, 27 ապրիլ, 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան քննարկում-զրոյց մը:
ՀԵԸ-ի վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Քելէշեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը եւ բեմ հրաւիրեց ՀԲԸՄ-ի մշակութային մարմինի անդամ Կարօ Աբրահամեանը:
Աբրահամեան անդրադարձաւ վերջին տարիներուն պոլսահայ քաղաքական զարթօնքին` նշելով, որ Թուրքիոյ քաղաքական պայմաններուն եւ ժողովրդավարացման շարժումներուն առընթեր գրական մշակութային եւ հրատարակչական աշխատանքը գետին պատրաստեցին պոլսահայ երիտասարդութեան ինքնագիտակցութեան զարգացումին: Այս ծիրին մէջ ան թուեց պոլսահայութեան երկրորդ զարթօնքին նպաստած «Արազ» հրատարակչատունն ու զայն կանխած` «Ակօս» երկլեզու թերթը: «Հրանդ Տինքի եւ Մեսրոպ արք. Աշճեանի գործակցութեամբ եւ քաջալերանքով լոյս տեսած Ֆաթհիէ Չեթինի «Մեծ մայրիկս» խորագրեալ հատորը ազդանշանը կու տար ընկերային մեծ երկրաշարժի մը», ըսաւ ան եւ անդրադարձաւ նաեւ իսլամ հայերու, մահմետականացած եւ մահմետականացուած հայերու երեւոյթին` զայն նկատելով հայ իրականութեան կարեւոր հարցերէն մէկը: Աբրահամեան թուեց այս տարի հիւրաբար Պէյրութ ժամանած բանախօսները, որոնք զուգադիպաբար բոլորն ալ պոլսահայ են, ինպէս` երգչուհի Սիպիլ, «Վարդանանց» երգչախումբ, պոլսահայ դոկտ. Լերնա Էքմեքճիօղլու, փորձագէտ, «Ակօս» շաբաթաթերթի թղթակից Ալին Օզինեանն ու հետազօտող թղթակից եւ Ունիէի իր հայկական արմատներուն հետքը պրպտող` Ճաաֆեր Սարըքայան:
Ապա ՀԵԸ-ի վարչութեան ատենադպիր Պետիկ Թորոսեան անգլերէն լեզուով անդրադարձաւ ձեռնարկին առիթին: Ան ամփոփ գիծերու մէջ փոխանցեց այս առիթով հրաւիրուած բանախօսներ Ալին Օզինեանի եւ Ճաաֆեր Սարըքայայի կենսագրական գիծերը եւ խօսքը փոխանցեց օրուան առաջին բանախօսին:
Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ փորձագէտ Ալին Օզինեան խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ հայոց եւ յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան հարցին գծով որդեգրուած քաղաքական վարքագիծին մասին, թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններու օրով` քեմալական թէ իսլամական էրտողանեան շրջանին: Օզինեան թուական փաստագրեալ պատկերներով անդրադաձաւ Թուրքիոյ յատկապէս, պոլսահայ կրթական իրավիճակին, պատմական զուգահեռ մը գծելով անցնող դարու եօթանասունական թուականներէն մինչեւ օրս: Ըստ անոր Էրտողանի օրով յարաբերական մեղմացում նկատելի է հակահայ կեցուածքներուն մէջ: Ապա այս մասին տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում: Պատասխանելով Թուրքիոյ դասագիրքերուն մէջ հակահայ արտայայտութիւններուն մասին «Ազդակ»-ի հարցումին, Օզինեան ըսաւ, թէ նախորդ շրջաններուն հետ բաղդատելով, հակահայ կարծր կեցուածքները եւ արտայայտութիւններ մեղմացած ու նուազած էին:
Իսկ Ծագումով Ունիէէն իր հայ մեծ մօր ինքնութեան հետքերը պրպտող Ճաաֆեր Սարըքայա անգլերէն լեզուով անդրադարձաւ Լեւոն Սիւրմելեանի հատորին` մէջբերումներ կատարելով անկէ: Ան անդրադարձաւ տօնական, յատկապէս` Ս. Զատկուան առիթով պատրաստուած հայկական «չէօրէկ»-ին, որ իրենց ինքնութիւնը ծածկող հայ ընտանիքներու հիւրասիրութեան հասարակաց խմորեղէնն էր, ինչպէս հաստատած էր Ֆաթհիէ Չեթին իր ծագումով հայ «Մեծ մայրիկս» հատորով: Խօսելով Օրտուի եւ Ունիէի հայ ընտանիքներուն եւ Ցեղասպանութեան շրջանին անոնց վիճակուած ճակատագիրին մասին`Սարըքայա թուային պատկերներով յիշեց անոնց իրավիճակին տուեալները, Եղեռնէն առաջ եւ ետք: Սարըքայա նաեւ յիշեց նշանաւոր «լոխումը», որ նոյնպէս հիւրասիրուող հասարակաց քաղցրեղէն դարձած էր հայկական տօներու թէ իսլամական ռամատանին առիթով, շնորհիւ հայուհիի մը հմտութեան: Ապա Սարըքայա պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին անդրադառնալով Ճաաֆեր Սարըքայս յայտնեց, թէ քիւրտերուն մեծ մասը, յատկապէս` Վանի եւ Տիգրանակերտի մէջ կ՛ընդունին եւ կը խոստովանին, թէ իրենք ալ մեղսակից դարձած են Հայոց ցեղասպանութեան: