Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Կարմիր բանակին եւ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերուն մէջ պատկառելի եղած է հայ զինուորներու, բարձրաստիճան զինուորականներու եւ հերոսներու թիւը:
Հայաստանի պատմագիտութեան թեկնածու, սփիւռքագէտ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Քնարիկ Աւագեան «Նիւզ էյ. էմ.» կայքին մէջ ներկայացուցած է տուեալներ` Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ հայերու մասնակցութեան մասին:
Ն.
Ճակատագրի բերումով ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած հայերը Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1939-1945), այլ ժողովուրդներու հետ մարտնչելով, նուիրուած էին ֆաշականութեան, բռնութեան դէմ պայքարին` իրենց նշանակալի ներդրումն ունենալով յաղթանակի նուաճման գործին մէջ: Այս առումով, իւրայատուկ տեղ ունին ամերիկահայերը, որոնք ամբողջ պատերազմի ընթացքին մասնակցելով զանազան մարտական գործողութիւններու` միւսներուն հետ հաւասար կռուած են, յաղթանակած, զոհուած` յանուն իրենց ապաստան տրամադրած երկրի պաշտպանութեան, յանուն ամբողջ մարդկութեան ազատագրման: Յատկանշական է, որ ամերիկահայ զինուորականներու հիմնական մասը պատմական հանգամանքներու բերումով Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած հայեր էին, հակառակ անոր որ նոյնպէս քիչ չէին Ամերիկա ծնած հայերը:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Միացեալ Նահանգներու բազմամիլիոննոց բանակի բոլոր ստորաբաժանումներուն մէջ (հետեւակ, օդուժ, ծովուժ), բոլոր մարտական գործողութիւններուն աւելի քան 20 հազար ամերիկահայ մասնակցած է (1940 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան 200 հազար հայ կը բնակէր):
Ամերիկահայ զինուորականներու հիմնական մասը յաղթանակած վերադարձաւ, բայց նոյնպէս քիչ չէր հերոսաբար ինկածներուն (շուրջ 500 մարդ), վիրաւորներուն (աւելի քան 500) եւ անհետ կորսուածներուն (շուրջ 50) թիւը: Անոնք հերոսաբար կռուած են` Փըրլ Հարպըրի, Արալեան ծովու, Միտուէյի մարտերուն, Հիւսիսային Ափրիկէի, Իտալիոյ, Պուրմայի, Հնդկաստանի, Չինաստանի, Իրանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, բարձր գնահատելով ամերիկահայերու նուիրուածութիւնը, արիութիւնն ու ռազմական հմտութիւնները, շատերուն ամերիկեան բանակի բարձր զինուորական կոչումներ, հերոսի կոչում շնորհեց, բարձրագոյն պարգեւներ յանձնեց: Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ բարձրագոյն զինուորական կոչում ունեցող ամերիկահայերէն էր զօրավար Հայկ Շեքերճեանը, որուն 1942 թուականին այդ կոչումը շնորհեց նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթ: Հայկ Շեքերճեան հայազգի առաջին ամերիկացի զինուորականն էր, որ ընդունուած է «Ուեսթ փոյնթ»-ի զինուորական ակադեմիա` բացառիկ քաղաքացիական արիութեան համար, որը ցուցաբերած էր տակաւին պատանի տարիքին (16 տարեկանին ան նետուած է կրակի ճիրաններուն մէջ յայտնուած շէնք եւ փրկած կին մը եւ անոր երեխան): Ակադեմիան յաջողութեամբ աւարտելէ ետք ան մեծ յաջողութիւններու հասած է ծառայութեան մէջ, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք ծառայած է Դաշնակից ուժերուն մէջ:
Հայ սպաներու շարքին քաջութեամբ նոյնպէս աչքի ինկած են Ճեք (Սիրակ) Նահիկեանը, գնդապետներ Քըրք Պուչախն ու Սարգիս Զարդարեանը եւ այլք:
Միացեալ Նահանգներու Բանակի Ականաւոր Հայերը
![](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2017/05/2-ErnestDervishian-Eyzenhauer-I-HighOrder_51217.jpg?resize=560%2C380)
Ամերիկեան բանակի գերագոյն հրամանատար զօր. Տուայթ Էյզենհաուըր կը շնորհաւորէ Եռնեստ Տերվիշեանը՝ Քոնկրեսի Պատուոյ շքանշանին արժանանալու առիթով
Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն պարգեւի` Քոնկրեսի պատուոյ շքանշանի արժանացած է ամերիկեան հերոս, աւագ գնդապետ Էռնեստ Հ. Տերվիշեան: Այս պարգեւը, որ ամերիկեան բանակի 87 զինուորականի շնորհուած է, Տերվիշեանին յանձնած են 1944 թուականի մայիսին իտալական Սիսթիեռնայի մէջ ցուցաբերած բացառիկ եւ առասպելական արիութեան համար: Դաժան մարտերու ընթացքին, կորսնցնելով զինակիցները եւ մինակ մնալով` շրջապատուած թշնամիներով, Տերվիշեան մարտարուեստի իր հմտութիւններուն շնորհիւ կը յաջողի հակառակորդի 45 զինուորներ գերեվարել եւ 3 գնդացիր ու 10 հրացան գրաւել: Պատերազմէն ետք գնդապետի աստիճանով զօրացրուած Տերվիշեան շարք մը բարձր զինուորական պաշտօններ ստանձնած է. եղած է Ամերիկեան ազգային պահակագունդի հրամանատարի տեղակալ, զինուորական եւ պետական հարցերով խորհրդական:
Հետեւակին մէջ ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Միացեալ Նահանգներու երկրորդ բարձրագոյն պարգեւի` յատուկ ծառայութիւններու համար «Խաչի շքանշան»-ի արժանացած են Հենրի Գալփաքեան (յետմահու), ծովուժի մէջ` զօրավար Քետրիք Ճանեան, գնդապետ Հարրի Քիզիրեան եւ Վիքթոր Մաղաքեան: Արիութեան համար «Արծաթէ աստղ» շքանշանին արժանացած են 52 ամերիկահայեր, որոնցմէ հինգը` յետմահու:
Նուիրուածութեան եւ օրինակելի ծառայութեան համար «Վաստակաւոր Լեգէոնի շքանշան»-ի արժանացած են գնդապետ Քըրք Պուչախ, փոխգնդապետ Արամ Թութելեան, «օդուժի խաչ»-ի` 44 ամերիկահայեր, որոնցմէ երկուքը` յետ մահու:
Ամերիկահայ զինուորներէն առաջին հերոսներէն է արմատներով Վանէն (Արեւմտեան Հայաստան), Ա. դասի շարքային Վարդան Աղաբաբեանը (Սփրինկֆիլտ): Ան մասնակցած է երկու համաշխարհային պատերազմներուն, 14 անգամ վիրաւորուած է: 1941 թուականի 7 դեկտեմբերին ճափոնցիներու կողմէ Խաղաղական ովկիանոսի Փըրլ Հարպըրի մէջ 86 ամերիկեան մարտանաւերու ռմբակոծման ժամանակ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ատեն կը զոհուի սպայ Ճեյմս Թոփալեան (պատերազմէն ետք Պոսթոնի փողոցներէն մէկը անոր անունով կը կոչեն):
Հայերու նուիրուածութիւնը իրենց ապաստան տրամադրած եւ երկրորդ հայրենիք դարձած երկրին այնքան մեծ էր, որ բազմաթիւ ընտանիքներ նոյն ատեն քանի մը որդիներ եւ դուստրեր ճակատ կ՛ուղարկէին. անոնց շարքին երկուորեակներ եւ եռեակներ, ամուսնացած զոյգեր, հայրեր եւ որդիներ, ազգականներ կային:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Միացեալ Նահանգներու բանակի բոլոր ստորաբաժանումներուն մէջ հարիւրաւոր հայուհիներ կային:
Ամերիկայի հայերը իրենց բոլոր ուժերը ներդրած են բոլոր ասպարէզներէուն մէջ. ե՛ւ միտքի ներուժը, ե՛ւ «ներքին ճակատին վրայ»` գործուն աշխատելով նաւաշինութեան, զինամթերքի արտադրութեան եւ ռազմարդիւնաբերութեան այլ ասպարէզներու մէջ` ընդհուպ հիւլէական ռումբի ստեղծումը: 32-ամեայ կորիզային մասնագէտ, դոկտոր Հարրի Տաղլեան զոհուած է փորձարկումներու ժամանակ, որոնք յանգեցուցած են կորիզային ռումբի ստեղծման: Այս ասպարէզին մէջ նոյնպէս աչքի ինկած են զինուորականներ` Ճոն Յովհաննիսեան, Սիմոն Էքիզեան, Արամ Փառունակ, Հարոլտ Շահնազարեան, Զաւէն Նալպանտեան եւ Քարլ Տոքմեճեան, որ նոր հզօր հրասայլի համար ստեղծած է վառելանիւթ, որ առաջին անգամ օգտագործուած է Իտալիոյ ազատագրման ժամանակ մարտական գործողութիւններու ընթացքին:
Համաշխարհային Բ. Պատերազմի տարիներուն ամերիկահայերը անձնազոհաբար ծառայած են զինուորական բժշկութեան ասպարէզին մէջ: Այստեղ աչքի ինկած է Լոս Անճելոսէն վիրաբոյժ, փոխգնդապետ Լեոն Աշճեան` Լոնտոնի զինուորական հիւանդանոցին մէջ կատարած հազուագիւտ վիրահատութիւններուն շնորհիւ: Ամերիկեան բանակին մէջ անձնազոհութեամբ եւ հոգատարութեամբ աչքի ինկած են հիւանդապահուհիներ, որոնք մասնակցած են զանազան երկիրներու մէջ ամերիկեան Կարմիր Խաչի կողմէ իրականացուած փրկարար գործողութիւններուն:
Համաշխարհային Բ. Պատերազմին յաղթանակին մէջ իրենց ներդրումը նոյնպէս ունեցած են բազմաթիւ ազգային կազմակերպութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, ամերիկահայերու կուսակցութիւնները: Օրինակ` պատերազմի ամբողջ ընթացքին Նիւ Եորքի ամերիկահայ խորհուրդը հանգանակութիւն ըրած է եւ քանի մը միլիոն տոլար փոխանցած է ամերիկեան կառավարութեան ` զինուորական սարքեր գնելու համար: Այդ միջոցներով գնած են օդանաւեր եւ նաւեր, որոնք կոչած են «Հայաստանի ոգին», «Արարատ» եւ այլն: 1942 թուականի օգոստոսին Սան Ֆրանսիսքոյի հայերու նուիրատուութեան շնորհիւ Հայկական խորհուրդի անունով Ամերիկեան կարմիր խաչին «Մասիս» երկաթուղային շարժակազմը փոխանցուած է, իսկ 1942 թուականին երկրի կարիքներուն համար 1 միլիոն տոլար փոխանցուած է: «Ֆրեզնոյի ամերիկահայ քաղաքացիներու լիկա»-ի ջանքերով, չուզելով անուններ հրապարակել, 1942-1944 թուականներուն 8,5 միլիոն տոլար հանգանակուած է:
Ֆաշականութեան դէմ պայքարի ճակատագրական այդ տարիներուն ամերիկայի հայկական զանազան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ոչ միայն իրենց քաղաքացիական պարտքը կը կատարէին, այլեւ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն կը ցուցաբերէին իրենց հեռաւոր հայրենիքին: Ատոր վկայութիւնն է 1941 թուականին Նիւ Եորքի մէջ ամերիկահայերու զանգուածային հանրահաւաքի ժամանակ կազմուած Խորհրդային Միութեան կառավարութեան ուղղուած դիմումը. «Մենք` ամերիկահայերս, որոնց նախնիներու հայրենիքը կը պաշտպանէ Կարմիր բանակը, կը զգանք, որ պարտաւոր ենք օգնել Խորհրդային Միութեան` պայքարելու այնքան ժամանակ, քանի տակաւին երկրի երեսէն չէ ջնջուած ֆաշականութիւնը»:
Վճռորոշ այդ տարիներուն հայութիւնը միացաւ ազգային ճակատներու, որոնցմէ մէկն ալ 1944 թուականի 19 մարտին Նիւ Եորքի մէջ կազմաւորուած Ամերիկահայերու ազգային խորհուրդն է (Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբ): Ամերիկայի հայկական զանազան կազմակերպութիւններու միասնական ճակատը, որ ամբողջ երկրին մէջ գործող իր մասնաճիւղերու միջոցով զանազան բարեգործական միջոցառումներ, հանգանակութիւն կը կազմակերպէր ամերիկեան եւ Կարմիր բանակի, Կարմիր խաչի եւ մայր հայրենիքի ի նպաստ, իսկ հետագայ տարիներուն կը պայքարէր նորակազմ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ` հայկական հարցի արդար լուծման համար:
Ամերիկայի հայերը, որոնք տարաբնոյթ օգնութիւն կը ցուցաբերէին պատերազմի պատճառով ուժասպառ եղած Խորհրդային Միութեան եւ յատկապէս հեռաւոր Մայր Հայաստանին, նոյնպէս մեծ ներդրում ունին «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային շարասիւնի ստեղծման գործին մէջ: «Սասունցի Դաւիթ»-ը մասնակցած է խորհրդային տարածքներու ազատագրման համար Կարմիր բանակի յաղթարշաւին: Իսկ «Զօրավար Բաղրամեան» հրասայլային շարասիւնի կազմութիւնը, որ սկսած է 1945 թուականին, կանգ առած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ետք:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած Ցեղասպանութենէն հրաշքով ողջ մնացած հայերու մեծ մասին համար բնորոշ են Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայուհիի խօսքերը իր որդիին մասին, որ կը ծառայէր ամերիկեան բանակին մէջ եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ հասած էր Պերլին. «Իմ որդիս վրէժ լուծեց իր ազգի այն ներկայացուցիչներուն համար, որոնք սպաննուեցան նախորդ պատերազմի(1915) ժամանակ գերմանացիներու մասնակցութեամբ եւ անոնց արտօնութեամբ: Տղաս նոյնպէս վրէժ լուծեց նախորդ պատերազմին մէջ մորթուած հարիւր հազարաւոր հայերու համար»: Այդ պատճառով Ամերիկայի հայերը Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակին կը կապեն Հայկական հարցի արծարծման եւ իրենց արդար պահանջներու բաւարարման յոյսը: