Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Շնորհալի» Երգչախումբը Կը Ներկայացնէ «Անուշ» Եւ «Դաւիթ Բեկ» Օփերաները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը երաժշտասէր հանրութիւնը պիտի հմայէ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» եւ «Դաւիթ բեկ» օփերաներով: Այս առիթով զրոյց մը ունեցանք «Շնորհալի»-ի խմբավար Գարեգին վրդ. Շխրտմեանին հետ, որպէսզի մեզի հետ կիսուի նման աշխատանքի պատրաստութեան ենթահողը:

Խօսելով համերգին պատրաստութեան ընթացքին մասին` Գարեգին վրդ. Շխրտմեան կը յայտնէ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը շաբաթ,13 մայիսին ելոյթով հանդէս պիտի գայ մշակութասէր եւ երաժշտասէր մեր հասարակութեան: Այս անգամ պարզ համերգի սահմաններէն դուրս կ՛ուզենք տեսնել ելոյթը եւ զայն որակել իբրեւ փառաբանանք հայ մշակոյթի: Պիտի ներկայացուին հայոց երաժշտական գոհարներէն «Անուշ» եւ «Դաւիթ Բեկ» օփերաներէն հատուածներ` հայ ժողովուրդի ակունքէն ծնած, վառ արտայայտչականութեամբ երկու մեծ աշխատանքներ»:

«Զոյգ օփերաները ներկայացնելու իւրայատուկ մտայղացումը կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Ան, հակառակ իր բազմազբաղ ու հեւքոտ առօրեային, շէնշող իր գաղափարներով եւ արեւոտ մտածումներով կը զարմացնէ մեզ: Ամէն անգամ նո՛ր ըսելիք ունի բոլորիս: Մեծ հայրապետին թելադրութենէն եւ քաջալերանքէն մղուած, յանդգնեցանք ձեռնարկել այս աշխատանքին: Խիստ դժուար էր երգացանկին ընտրութիւնը կատարել: Պէտք էր գեղեցիկներուն մէջէն ամէնէն գեղեցիկը եւ գերազանցներուն մէջէն առաւել գերազանցը ընտրել. այլ խօսքով` ծանր էր, բայց միաժամանակ քաղցր էր պարտականութիւնը»:

Խմբավար՝ Գարեգին վրդ. Շխրտմեան

Անդրադառնալով հայ արուեստին մէջ «Շնորհալի» երգչախումբին ներդրումին` հայր սուրբ ընդգծեց. «Շնորհալի» երգչախումբին հոգեւոր թեքումի տուեալը ոմանց կարծել կու տայ, թէ երգչախումբը հանդէս կու գայ միայն հոգեւոր համերգներով: Սակայն այդպէս չէ: «Շնորհալի» երգչախումբը հայ երգի ջատագովն է: Երբ հայ երգ կ՛ըսենք, կը հասկնանք հոգեթով եկեղեցական երաժշտութիւնը, արտայայտիչ ու հնչեղ ազգային-հայրենասիրական երգերը եւ լայնօրէն մեղեդիական` ժողովրդական երաժշտութիւնը»:

«Նշենք, որ Անուշ» օփերայի ստեղծագործութիւնը տեւած է չորս տարի` 1908-1912 թուական. բայց իր վերջնական ձեւը ստացած է 1935-ին, այսինքն` ստեղծագործութենէն 23 տարուան յարատեւ ու անձանձիր աշխատանքէ ետք. նաեւ բաւական է յայտնել, թէ Հայաստանի մէջ 1935-36 թուականներուն, «Անուշ»-ը ներկայացուած է 100 անգամ: Հետեւաբար, մեծ նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւն ունի ան այս եւ նման համերգներու: Պատգամ է նոր սերունդին եւ վերյիշեցում բոլորիս` տէր կանգնելու մեր մշակութային գոհարներուն եւ փոխանցնելու զանոնք յաջորդող սերունդներուն», կը շեշտէ խմբավարը:

Նման համերգ մը պատրաստելու մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով` Գարեգին վրդ. Շխրտմեան բացատրեց. «Մեր պատրաստութեան խարիսխը համբերութիւնն ու յոյսը եղաւ: Առանց նկատի ունենալու մեներգողներուն հետ առանձին աշխատանքները, շաբաթական դրութեամբ երկու անգամ հաւաքուեցանք պատրաստելու համար այս ներկայացումը: Միայն փորձ չըրինք. զիրար գօտեպնդեցինք, միասին յոգնեցանք, միասին ուրախացանք, ընկերային պահեր ունեցանք եւ վերջապէս շուրջ մէկ տարուան աշխատանքէ եւ պատրաստութենէ ետք, 20-50 տարիք ունեցող սիրելի երաժշտասէրներու հետ 45 հոգիով բեմ պիտի բարձրանանք` հոգեկան ուրախութիւն ապրելու եւ հայ արուեստ ջամբելու»:

«Երգչախումբը անգամ մը եւս ինքզինք գերազանցելու մարտահրաւէրը դիմագրաւեց եւ յաջողեցաւ: Այդ մէկը կրցանք ընել միայն մեր անդամներուն ծով զոհողութեամբ: Շատ անգամ ընտանեկան պարտաւորութիւններ զոհելով, աշխատանքի յոգնութիւնը անտեսելով, մեր անդամները իրենց ժամանակը ի սպաս դրին կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին ընդմէջէն վառ պահելու հայ երգը եւ զայն մեկնաբանելու երաժշտական ամենայետին մանրամասնութիւններու գերազանց ներկայացումով»:

Անդրադառնալով հայ երաժշտասէր հանդիսատէսին հետաքրքրութեան եւ թէ` որքա՛նով օփերան այդ հետաքրքրութիւններուն ծիրին մէջ կ՛իյնայ, հայր սուրբ ըսաւ, թէ համերգին համար նկատի ունին բոլոր անոնք, որոնք իրենց երակներուն մէջ թարմ կը պահեն հայկազեան արիւնը: «Ճիշդ է, թէ ամէն մարդ օփերա մտիկ չ՛ըներ, բայց ամէն հայու սուրբ պարտականութիւնն է ըլլալ հայրենասէր, ազգասէր եւ տէր իր մշակութային հարստութիւններուն: Մենք կը սիրենք մեր հայրենիքը. եթէ այդպէս է, պէտք է սիրենք ամէն ինչ, որ անոր կը պատկանի` երգը, երաժշտութիւնը, գիրը, գրականութիւնը եւ ամէն բան: Եթէ կը սիրենք, ուրեմն բոլորս միեւնոյն հոգին, սիրտը եւ միտքը ունինք»:

«Մենք կը սպասենք, բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն հայրենիքը»:

Վերջապէս երիտասարդ խմբավարը նշեց. «Այս համերգը երաժշտական գանձարանիս մէջ աւելցուց ոսկէհատիկ մը. այս ոսկէհատիկը չփոխեց զիս, այլ` հարստացուց: Այս համերգը իմ մատղաշ հոգիիս մէջ առաւել սէր եւ ակնածանք մշակեց հայ մշակոյթին եւ մանաւանդ հայ երաժշտութեան հանդէպ: Այս համերգը ինծի սկսաւ մտածել տալ, թէ արդեօք հրեշտակները երկինքի մէջ` Աստուծոյ առջեւ, հայերէ՞ն կ՛երգեն»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>