Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Լիբանանի Մէջ Հայկական Պարը` Արուեստի Եւ Մշակոյթի Միջեւ. Հարցազրոյց «Արին» Պարախումբի Պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի Հետ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Պարուսոյց Գայեանէ Մածունեան

«ՀԲԸՄ-ՀԵԸ» «Արին» պարախումբի մանկապատանեկան խումբը մայիս 19-20 հանդէս պիտի գայ «Կարուսել» վերնագիրով ելոյթով մը, ուր պիտի ներկայացնէ զանազան ժանրի պարեր: Այս առիթով կարճ զրոյց մը ունեցանք պարախումբի պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանին հետ, որուն հետ խօսեցանք ելոյթին եւ լիբանանահայ պարի իրավիճակին մասին:

Ամփոփ ակնարկ «Կարուսել»-ին եւ անոր քուլիսներուն մասին

««Կարուսել»-ը «Արին» մանկապատանեկան պարախումբին երկրորդ ելոյթն է, առաջինը տեղի ունեցած է 2014 թուականին, որուն ընթացքին բեմ բարձրացող մանուկներն ու պատանիները թէ՛ պիտի պարեն, թէ՛ ալ պիտի զուարճանան ու լաւ ժամանակ անցընեն իրենց պարերով, ինչպէս պիտի ըլլայ պարագան կարուսելի վրայ եղած ժամանակ: Թէեւ մանկապատանեկան խումբը «Արին» պարախումբի տարեկան ելոյթներուն ընթացքին քանի մը պարերով բեմ կը բարձրանայ, սակայն այդ մէկը ճիշդ արտացոլացումը չ՛ըլլար իր աշխատանքին: Բնականաբար փոքրերը ելոյթի պատրաստելը աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի, ոչ միայն պարի պատրաստութեան տեսակէտէ, այլ նաեւ քուլիսային աշխատանքի առնչութեամբ` տարազ փոխելու, քուլիսին մէկ ծայրէն միւսը երթալու եւ այլն: Այս իմաստով, անոնց հետ տարուած աշխատանքը կը կուտակուի եւ քանի մը տարին անգամ մը կը հրամցուի հանրութեան: Յատկանշական էր, որ դեկտեմբեր 2016-ին մեր կատարած ելոյթին մանկապատանեկան խումբին մասնակցութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր պարողներուն մէջ: Այս ոգեւորութիւնը ես կրցայ օգտագործել «Կարուսել»-ի իրականացման մէջ»:

«Պարերու տեսակի ընտրութիւնը իրենց ձգեցի եւ մէջտեղ ելաւ, որ պարողները փափաքեցան պարերու այլազանութիւն ունենալ: Այս իմաստով, մենք բեմ պիտի բարձրանանք 20 պարերով, որոնց մէջ կան դասական Չոսթաքովիչ, իտալական թարանթելլա, լիբանանեան տապքէ, ճազ եւ վերջին ելոյթէն քանի մը պարեր, քանի որ դժբախտաբար երբ մենք պար մը կը ստեղծագործենք եւ կը բեմադրենք, միայն մէկ ելոյթի կեանքի կը դատապարտենք ատիկա, բայց այս ստեղծագործական աշխատանքը իրաւունք ունի ապրելու, ինչպէս` որեւէ այլ արուեստի դրսեւորում: «Կարուսել»-ով պարային երաժշտական զարգացման գունաւորում մը տեղի պիտի ունենայ, եւ երբ ատիկա իրենց շատ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ, պարզ է, որ պիտի յաջողի»:

««Արին» պարախումբին բոլոր պարերը իմ ստեղծագործութիւններս են, բացի անշուշտ` ազգագրական պարերէն: Չեմ կրկներ նոյնիսկ հանրածանօթ երաժշտութիւններու պարի հանրածանօթ բեմադրութիւնները, քանի որ ես այդ երաժշտութիւնը այլ ձեւ կ՛ընկալեմ, քան ինչ որ գրուած էր տասնամեակներ առաջ Խորհրդային  Հայաստանի մտածելակերպին մէջ. ես Լիբանան կ՛աշխատիմ եւ կը ստեղծագործեմ, ուրեմն իմ մտածելակերպս ուրիշ է, մանաւանդ որ կը խօսինք անհատներու երաժշտութիւններու եւ անոնց մտքի թռիչքի մասին, եւ ես ալ որպէս անհատ` իմ միտքի թռիչքս ու ըսելիքներս ունիմ: Իմ ստեղծագործութիւններս աւելի շատ ներկային հետ առնչուած են: Եթէ ես աւելի մօտէն կը ճանչնամ հայկական մշակոյթը, իմ պարողս, հաւանաբար իր տարիքին բերումով, տակաւին չէ հասած այդքան գիտելիք կուտակելու: Այս իմաստով, անոր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու համար պէտք է զինք սիրաշահիմ` նախ եւ առաջ իր լեզուով խօսելով, առիթ ընծայելով, որ ան իր իրականութեան հետ հաղորդակցի եւ այդ ամէնը ձեւով մը ներգրաւէ զինք: Երբեմն կը դժգոհինք, որ նոր սերունդը հեռու է հայկական պարերէ կամ մշակութային այլ դրսեւորումներէ, բայց իրականութեան մէջ երբ հայկական մշակոյթը, արուեստը եւ կամ նոյնիսկ լեզուն երեխային համար լուրջ գոյապաշտական բնաբանի ծիրին մէջ կը հրամցնես, մինչ այս բոլորը սովորական արտայայտուելու միջոցներ պէտք է ըլլան, տեղ մը վստահաբար պարը կը դադրի փոքրիկին խանդավառելէ»:

«Մենք պիտի ունենանք երեք ելոյթ, 19 եւ 20 մայիսին, որոնցմէ մէկը աշակերտական ելոյթ է: Աշակերտական ելոյթը շատ կարեւոր է, քանի որ վստահ չենք կրնար ըլլալ, որ իւրաքանչիւր ծնող իր զաւակը ելոյթին պիտի բերէ: Շատ կը պատահի, որ աշակերտը ելոյթը դիտելէն ետք ոգեւորուի եւ պարախումբին միանայ: Ուրախութիւն է ինծի համար «Արին» պարախումբին պարողներուն տարբեր դպրոցներէ եւ տարբեր միջավայրերէ ըլլալը, եւ ես զատողութիւն չեմ հանդուրժեր, հոն բոլորս մէկ ենք»:

««Կարուսել»-ը տեղի պիտի ունենայ աստղազարդ երկինքի եւ ճամբու լոյսերու տպաւորութեան տակ: Մեր ելոյթներուն բեմայարդարումը, լոյսի սարքաւորումը, որմազդը արդէն 10 տարիէ ի վեր կ՛իրագործուի Վարդան Մկրտիչեանի հետ, եւ մենք զիրար շատ լաւ կը հասկնանք ու տեղեր ալ կարծես կ՛ամբողջացնենք զիրար»:

«Ելոյթին տարազները, ինչպէս միշտ, իմ ստեղծագործութիւններս են, քանի որ ատիկա ստեղծագործական աշխատանքին բնական մասն է: Տարազներուն իրականացման ներշնչումներս հիմնականօրէն երաժշտութիւնն է: Բացի անկէ, որ գոյներ ներառելը շատ կը սիրեմ, տարազներուն համար գործնական հաշիւներ ալ կ՛ընեմ, օրինակ` ինչ գոյնի հագուստ չունինք, այդ գոյնի տարազ կը պատրաստենք: Երբեմն հին տարազներ փոփոխութեան կ’ենթարկեմ, ինչ որ վերագործածութեան եւ տնտեսումի ձեւ մըն է: Նաեւ կերպասներուն ընտրութեան մէջ առաջնահերթութիւն կը նկատեմ կերպասին որակն ու գործնականութիւնը, այսինքն` լուացուելու ձեւը, տոկունութիւնը կամ եթէ միշտ արդուկ կ՛ուզէ եւ այլն: Այս ելոյթին համար ունինք նոր տարազներ, նաեւ` նորոգուած տարազներ: ՀԵԸ-ի պարախումբին առաւելութիւնը այն է, որ գումարի պակաս չկայ, այսինքն գումարի չգոյութիւնը չի սահմանափակեր ստեղծագործական միտքս, եթէ միտք մը յղանամ, որուն համար նիւթական պէտք է, իմ միտքս չէ, որ ես ստիպուած պիտի ըլլամ ծալելու մէկ կողմ դնելու»:

«Նշեմ, որ մեր պարախումբերու պարագային երեւոյթ դարձած է, որ շատ աշխատանք տանինք տարազին, լոյսին, բեմայարդարման համար, որովհետեւ մենք գիտենք, թէ այսպիսով կ՛օգնենք պարողին` մատուցելու իրեն վստահուած պարը: Հանդիսատեսը կը դիտէ պարը, նաեւ ներկայացումը` իր ամբողջութեամբ եւ կը շոյուի: Ձեւով մը մեր բացթողումները կը գոցենք»:

Լիբանանահայ գաղութին միութենական
պարախումբի մը մարտահրաւէրներ

«Նկատի ունենալով, որ «Արին» պարախումբը, ինչպէս գաղութիս հայկական պարախումբերը, նպատակ ունին պարողներուն ելոյթի պատրաստելու, տեղ մը զոհողութիւններ եւ բացթողումներ կ՛ըլլան, մանաւանդ` պարողի հաշուոյն: Այսինքն տարեկան ելոյթ պատրաստելը լուրջ խնդիր մըն է, երբ պարողը շաբաթը մէկ անգամ քանի մը ժամով կու գայ պար սորվելու եւ քանի մը ամիսէն բեմ կը բարձրանայ: Ժամանակի խնդիրը հարց է: Լաւ է, որ երկար տարիներէ ի վեր պարողներ ունիմ խումբիս մէջ, որոնք պարողի պէտք եղած հիմքը ունին եւ ծանօթ են գործի լրջութեան»:

«Այլ մարտահրաւէր մըն ալ նաեւ ընդհանրապէս մեր մշակութային կեդրոններուն գործելաոճն է: Մեր մշակութային կեդրոններուն նպատակներէն է արուեստի միջոցով  մշակոյթը փոխանցել եւ յուսալ, որ այս ընթացքով պզտիկը իր ինքնութեան հետ հարազատութիւն մը կը զգայ: Հոս պարը որպէս արուեստ` կը զիջի մշակոյթին: Այս երեւոյթը պատճառ կը դառնայ, որ պարող երեխան չկայանայ որպէս անհատ, այլ դառնայ հայկական պար պարող: Արուեստ` կը նշանակէ անհատ, ստեղծագործ եւ մեր հասարակութիւնը անհատներ չի սիրեր, մենք աւելի շատ հաւաքականութիւն կը սիրենք, կ՛ուզենք անպայման խումբի մը պատկանիլ եւ բանի մը մաս կազմել, բայց արուեստի մէջ զարգանալու համար լուրջ աշխատանքի պէտք ունի անհատը: Երբ պզտիկը պարելու կու գայ, իրեն համար երկրորդական է բեմ բարձրանալը, քանի որ եկած է զուարճանալու եւ պարելու»:

«Հայկական պարը յաջողելու համար, որպէս արուեստ, պէտք է պարախումբերը դուրս ելլեն միութենական սահմաններէն եւ պարը սկսի ընկալուիլ որպէս արուեստ: Արուեստի դիմակի տակ մեր մշակոյթին վրայ է, որ մենք կը կեդրոնանանք եւ դժուար է մշակութային միութիւններու պարախումբերուն մէջ նիւթի ազատութիւն ունենալ, իսկ որպէս պարուսոյց` կարենալ թէ՛ ուսուցիչ, թէ՛ ալ ստեղծագործ ըլլալ. կը յաջողի ան, որ ոսկիէ միջինը կը գտնէ:

«Ոմանք միշտ ահազանգ կը հնչեցնեն նոր սերունդին նկատմամբ. ըսեմ, որ նոր սերունդը որեւէ ձեւով ախտահարուած չէ, շատ ալ առողջ է, պարզապէս նոյն լեզուն չենք խօսիր: Պարզ օրինակ մը տամ ձեզի. պարախումբիս մէջ ունիմ օտար վարժարան յաճախող կամ մէկ օտար ծնող ունեցող երեխաներ, որոնց ծնողները զանոնք պարախումբ կը բերեն հաւանաբար մեղքի զգացումը թեթեւցնելու համար: Զգալի է, որ այս երեխաները շատ կարճ ժամանակի ընթացքին իրենց մէջ պահուած ծինային տեղեկութիւնները դուրս կը հանեն եւ կը կապուին երաժշտութեան: Մեզի կը մնայ պարզապէս երեխաներուն մէջ արթնցնել այս մէկը ճիշդ ձեւերով եւ ցոյց տալ այն, ինչ որ իրեն կը պատկանի: Ոմանք շատ արագ կը հակազդեն ու հարազատ կը զգան, ոմանք ալ չեն առնչուիր, բայց երբ պարտադրուած չէ ատիկա եւ բռնազբօսիկ չէ, սերունդը աւելի հարազատ կը մօտենայ խնդիրին: Պէտք չունինք հայկական պարը եւ երաժշտութիւնը միշտ լուրջ կամ տխուր կամ ծանր բնագիրի մէջ հրամցնելու երեխային, որ եկած է պարելու, քանի որ հաճելի բան մըն է պարելը: Անշուշտ չեմ հերքեր, որ պարախումբի կրթութիւնը նկարագրի կրթութեան մէջ շատ մեծ դեր կը խաղայ, բայց որպէս պարի կրթութիւն` տեղ մը կը զիջի»:

«Ես 6 տարեկանէս սկսած եմ պարել Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցին եւ «Քնար» պարախումբին մէջ: Երբ դպրոցս աւարտեցի, ինծի համար բնական էր, որ Հայաստան պիտի երթայի եւ շարունակէի պարի ուսումս: Համալսարանէն բացի, Հայաստանի մէջ միայն պարելը եւ այդ արուեստի միջավայրին հետ հաղորդակցիլը եւ անմիջական ծանօթներ ունենալը արդէն շատ մեծ դաստիարակիչ բնոյթ ունէր: Լիբանան վերադարձիս բնականաբար այս ծիրին մէջ պիտի աշխատէի: Ժամանակի ընթացքին բացայայտեցի, որ դասաւանդելն է, որ կը սիրեմ, եւ պարը դասաւանդման նիւթերէն մէկն է: Չափազանցութիւն չէ, երբ կ՛ըսեն` ուսուցիչը աշակերտներէն շատ բան կը սորվի, այդ շփումը, որ կ՛ունենաս երեխաներուն հետ, ինքնին այլ մակարդակի բան մըն է»:

«Համազգայինի մէջ պարոն Ֆելիքսին (Յարութիւնեան) հետ պարած օրերէս հասկցեր էի, որ ան աշխատելու լայն հորիզոն մը ունէր եւ ռիսք առնող էր: Հետը աշխատիլը ձանձրացուցիչ չէր բնաւ, քանի որ միշտ նորութիւն կը բերէր: Չեմ կրնար ըսել, որ Հայաստան բոլոր սորվածներս ուղղակիօրէն օգտագործեցի, բայց ինքնազարգացման ընդմէջէն եւ ես ալ իմ կողմէս ռիսք առնելով` ստեղծագործական շատ բաներ բեմ բարձրացուցի: Ստեղծագործողի մը համար չվախնալը ամէնէն կարեւորն է: Ես կորսնցնելիք բան մը չունէի եւ փոքրերուն իրենց մակարդակէն միշտ աւելի բարձրը տուի»:

Լիբանանահայ պարը` Լիբանանի մակարդակի վրայ

«Ըսեմ, որ Լիբանանի մէջ արուեստը եթէ նախապատերազմեան շրջանին Ռահպանիներուն մենաշնորհն էր, յետպատերազմեան շրջանին կը սկսի այդ սահմաններէն դուրս գալ եւ աւելի շատ զարգանալ կատարողական արուեստով (performing arts): Նոր արուեսագէտներ կը յայտնուին եւ նորութիւններ կը բերեն, մանաւանդ աժան վարձքով օտար պարողներ կու գան դուրսէն: Լիբանանի մակարդակի վրայ ալ արուեստը կը զիջի ժամանցին (entertainment) եւ ցուցադրական (show) ներկայացումներու, որոնք աւելի մեծ շուկայ ունին եւ շահաբեր են: Լիբանանի ոչ հայ շրջանակներուն մէջ ալ արուեստը իր նեղ շրջանակը ունի եւ անոր մէջ հայերը զետեղելը քիչ մը, կ՛երեւի, դժուար է: Դժուար է, նախ` քանի որ կ՛երեւի մեր միութիւններուն ղեկավարներն ալ գիտեն, որ իրենց գործը կատարելագործուած չէ տակաւին, որովհետեւ ինչպէս վերը ըսինք, ելոյթի պատրաստութեան համար տարուած աշխատանքներ են եւ ոչ` արուեստի, իսկ միւս կողմէն` քանի որ տեղ մը մենք զմեզ կը թերագնահատենք եւ մեր գործին թերահաւատութեամբ կը մօտենանք:Անշուշտ կան հայեր, որոնք Լիբանանի մակարդակի վրայ կը փայլին, բայց ընդհանրապէս հետեւորդներ են եւ ոչ` առաջնորդներ: Ատկէ բացի, եթէ մենք չենք յաջողած Լիբանանի մէջ պարզել մեր ով ըլլալը, պարզ է, որ անոնց ալ չհետաքրքրէ մեր աշխատանքը: Դժբախտաբար մենք եւ ոչ հայ լիբանանցիները քով-քովի կ՛ապրինք, բայց անոնք մեզ չեն ճանչնար»:

Հայ հանդիսատեսին պահանջը

««Արին» պարախումբը բեմ բարձրացուած է տարբեր պարացանկերով եւ բեմադրութիւններով: Քանի մը շատ մեծ ելոյթներ պատրաստած եմ, մէկը «Ոսկէ ձայնապնակ»-ն էր 2012-ին, 2013-ին «Լեռներու կանչը», որուն համար Գագիկ Կիրակոսեանը հրաւիրած էինք եւ ելոյթին առաջին արարով ազգագրական եւ երկրորդ արարով Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակը ներկայացուցինք եւ յետոյ` «Սասնայ ծռեր»-ը: Տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ հանդիսատեսը չ՛ուզեր նման մեծ արտադրութիւններ եւ ատոնք իր կարողութենէ վեր է: Մեր հիմնական հանդիսատէսը միջին տարիքի այն հանդիսատէսն է, որ կու գայ վերստին ապահով զգալու իր մորթին մէջ եւ տեսնելու իր գիտցած ու վարժուած հայկական պարերու ելոյթը, եւ անոր համար ալ, երբ նորութիւն կը հրամցնես անոնց, անգամ մը իրենց ոտքին տակը գետինը կը շարժի: Ես կը սիրեմ մեծ ծաւալի աշխատանքները, եւ ինծի համար պարը, մանաւանադ մեր այս բնագիրին մէջ, միջոց է եւ ոչ արդիւնք, բայց հանդիսատեսին համար պարը արդիւնք է: Ինծի համար ուրախութիւն է, որ օրինակ` «Սասնայ ծռեր»-ուն ընթացքին, որ 100 երեխայ այնքան լաւ ընկալեցին դիւցազներգութիւնը իր շերտերով եւ արժէքներով, քանի որ պարի բեմականացումէն անդին ես կը բացատրեմ իւրաքանչիւր պար ինչ իմաստ ունի եւ ինչ պատմութիւն կ՛ընդգրկէ:

Անշուշտ չեմ խօսիր տարած ուսումնասիրական հսկայ աշխատանքիս մասին, որ երբեմն, մանաւանդ` «Սասնայ ծռեր»-ուն պատրաստութեան ատեն, շատ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ վրաս, եւ ես մտովին իսկապէս Սասնոյ մէջ էի»:

Գայեանէ Մածունեանին հետ մտերմիկ զրոյցը կը շարունակուի ու սեղանին վրայ կը դրուին պարարուեստին ու մշակութային միութիւններու վերաբերող այլ խնդիրներ եւ հարցադրումներ, բայց ամէնէն շատ նկատելի կը դառնայ, որ այս բոլոր հարցերուն մէջ տակաւին էական է շարունակել ստեղծագործել հայկական պարերով ու սերունդները չզրկել հայկական պարի ճաշակէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>