Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Այնճար-Պուրճ Համուտ ճամբան Վաչէ Ատրունիէն կ՛անցնի:
Մայիս 12-ին «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կը ներկայացնէ Այնճարի եւ այնճարաբնակներուն մասին գրուած «Խնձորի բուրմունքը» խորագիրով թատերախաղը, որուն նիւթը առնուած է իրական կեանքէ: Այս առիթով մտերմիկ զրոյց մը կ՛ունենանք հեղինակ եւ բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիին հետ:
«Նիւթը կը վերաբերի մենք զմեզ յայտնաբերելուն մէջ, թէ ո՛ւր ենք, ի՛նչ ենք: Նախքան մեր ընելիքներուն մասին խօսիլը` պէտք է մեր արժեչափը գտնենք. բնօրրան չունենալով` աշխարհագրական անուանումներ կը գտնենք մեզի համար եւ այսպէս մեզի կու տանք սփիւռքահայ անուանումը, բայց «սփիւռքահայ» սահմանումը ընդհանրական է` պատմութեան ամբողջ ընթացքին հայերուս համար սփիւռքը գոյութիւն ունեցեր է: Ես հաւատացի, որ վերոնշեալ հարցումին որպէս պատասխան` կրնայ միայն ըլլալ գիւղը, այսինքն հողին հետ առնչուած մարդն է, որ մշտական կեցութեան իրաւունք ունի, միւսներս բոլորս անընդհատ մէկ տեղէն միւս տեղը ճամբորդող զանգուածներ ենք»:
«Այս իմաստով յայտնաբերեցի չորս հիմնական գիւղերու կենսագրութիւնները` Ուիլիըմ Սարոյեանի Ֆրեզնոն, հոն ուր առաջին հայկական գաղթականներու խումբը հաւաքուեր եւ փոքրիկ կեթոյանման գիւղաւան մը շիներ է, մեր պատմական Քեսապն ու Եագուպիէն, որոնք հարիւր տոկոսանոց հայկական գիւղեր են եւ պատմական անցեալ ունին, եւ վերջապէս` Այնճարը: Որոշեցի անդրադառնալ մեր այս հայկական գաղթօճախներուն: Ֆրեզնոն դժբախտաբար գոյական չէ այլեւս, որովհետեւ հայեր այլեւս բնորոշ չեն այդ տարածքին. Քեսապին մասին անդրադարձած եմ «Ծերունին եւ լեռը» գործով ու կիսաւարտ գործ մը ունիմ Եագուպիէի մասին. ահաւասիկ այս գործը, որ ամբողջապէս Այնճարին եւ այնճարաբնակներուն մասին է, կը ներկայանայ «Խնձորին բուրմունքով»»:
«Թէեւ գործին առաջին անունը «Խնձորի բոյր»-ն է, քանի որ բոյր հասկացողութիւնը իր մէջ եթերայնութիւն ունի եւ հոգեվիճակ մը կայ, իսկ բուրմունքը աւելի գոյապաշտական է ու հոտառութեան բնորոշիչ է, թատերախաղին համար «Խնձորին բուրմունքը» ընտրեցի: Գործին մասին մտածած եմ շատոնց, բայց անմիջապէս գրականութեան վերածուած է 1982-84 թուականներուն»:
«Պատմութեան մասին երկար չեմ ուզեր խօսիլ. ան կը դառնայ սերունդներու բախումի ու սիրոյ թեմային շուրջ եւ հիմնականօրէն իւրաքանչիւր սերունդի իր պահանջին ընդհառաջ երթալու ագահութեան մասին, այսինքն` մէկը գիւղ մնալու եւ հողին կապուած ըլլալու եւ միւսը գիւղէն մեկնելու մասին: Եթէ գիւղը իր օրէնքները ունի, որ առաջին հերթին հողին հետ կապուածութիւն կը նշանակէ (եթէ հողին հետ չես կապուած, գիւղացի ըլլալէ կը դադրիս), անուանումով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ քաղաքաբնակ դառնալու փորձեր կ’ընեն: Այս արդէն մէջտեղ կը բերէ իր մէջ բարդոյթ մը ամփոփող պատմութիւն մը»:
«Պայման չէ, որ դէպքը տեղի ունեցած ըլլայ քսան տարի առաջ կամ պատկանի ներկային, քանի որ իրադարձութիւնները իրենց բովանդակ հանգոյցներով բոլոր ժամանակներուն համար են:Այնճարեան կենցաղին մէջ դէպքերը յատկանշական արտայայտիչներ ունէին, որովհետեւ Այնճարը չի փոխարիներ ուրիշ բան. կայ Այնճարը եւ այնճարցին եւ ասոնցմէ դուրս ան անյայտ անորոշ մարդ կը դառնայ, նոյնիսկ` սփիւռքահայ կոչուելու չափ դժուար: Զգո՛ւշ, խնդիրը հայ ըլլալուն-չըլլալուն մէջ չէ, այլ այնճարցի ըլլալուն-չըլլալուն մէջ է:Այնճարցին այն մարդն է, որ պարտադրաբար տեղափոխուած է այդ աշխարհագրական տարածքին մէջ` միշտ հիմնական խնդիր ունենալով վերադարձը դէպի իր հայրենի հող: Այնճարին համար հայրենիքը հող է, որ իր սեփական գիւղի տարածքն է: Այնճարցիները կու գան Կիլիկեան թագաւորութեան այդ քանի մը գիւղերէն, իրենց որոշիչ բարբառով, սովորութիւններով, մտածելաձեւով եւ ոչ միայն կը տարբերին իրենց արտաքին կառոյցով, այլեւ` իրենց մտածողութեամբ, ազնուութեամբ, յամառութեամբ, գործին կառչելու եւ աւանդութիւններուն կառչելու սովորութեամբ: Այնճարը միւս կողմէն ալ կը տարբերի իր հսկայ մտաւորականութեամբ եւ յառաջադէմ մտքերու գործիչներով: Այս բանը երկուութիւն ստեղծած է, որ միայն Այնճարին կամ այնճարցիին յատուկ է»:
«Երուանդ Օտեան» թատերախումբը իր դերասաններով «Խնձորի բուրմունքը» գործին ճամբով իրական կեանքէ առնուած այս ամբողջը պիտի ներկայացնէ: Բնականաբար բեմին վրայ բարբառ չէ, որ պիտի խօսին, հակառակ անոր որ գրական գործիս մէջ ծերունի հերոսը իր ապրումներու կիզակէտին մէջ բարբառին կը դիմէ արտայայտելու համար իր միտքը: Ի հարկէ հոս հանդիսատեսին համար Այնճարի բարբառ չենք խօսիր, իսկ միւս կողմէն` նաեւ քանի որ չունէինք բարբառի յստակ խօսելաոճին ծանօթ դերասան մը: Այնճարի բարբառը կեղծել շատ սխալ է իմ կարծիքով. հոն կան դարձուածքներ, որոնց միայն այնճարցին կրնայ տիրապետել: Այնճարի բարբառը ունի թաքնուած երաժշտութիւն եւ տարիներու կուտակուած լեզուամտածողութիւն, որուն դժուար է տիրապետել»:
«Նաեւ անոր համար կ՛ըսեմ, որ պարզ գիւղացիէն կը տարբերի այնճարցին իր գոյական եսը պաշտպանելուն մէջ: Ոչ միայն հողին մէջ արարելու, այլ նաեւ իր տեսակի պաշտպանութեան խնդիր ունի: Եթէ մենք Հայաստան ունինք, այնճարցիին Հայաստանը իր լեռն է, Մուսա Լեռը. եթէ իր ձեռքէն լեռը խլես ան կը դառնայ հերթական սփիւռքահայ, որ պէտք է որոշէ տակաւին, թէ ո՛ր տեսակի սփիւռքահայ է եւ ի՛նչ կ՛ուզէ…»:
«Վերջապէս ըսեմ, որ թատերախաղը տրամա մըն է եւ հոն կան մտածողութեան խնդիրներ: Հաւանաբար հանդիսատէսը հասկնայ, որ պէտք ունի ամբողջովին այնճարամտածողութեան բովանդակին մէջ տեղափոխուելու, որպէսզի ընկալէ թատերախաղը»:
«Խնձորին բուրմունքը» «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի մէջ բեմ կը բարձրանայ մայիս 12-ին ժամը 8:30-ին, երկու յաջորդական շաբաթավերջերու համար: