ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Կարդացողը կը կարծէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւր երկու տարի ետքի ներկայի մասին է իմ գրածս, ըսելիքս արդէն գիտէ, ի՜նչ յոգնութիւն:
Անցեալին, օր մը, Ռիճֆիլտ Նիւ Ճըրզիի «Պենք օֆ Նիւ Եորք»-ի գրասեղանին վրայ կարդացածս միտք պահածս եթէ ընդօրինակած ըլլայի, հիմա զայն յիշելու ջանք պիտի չթափէի: Գրուած էր, որ հարիւր տարի ետքը մէկ պիտի չյիշէ՞ իմ ո՛ւր ծնած, ո՞ր բնակարանը ապրած ըլլալս, ո՞ր համալսարանը աւարտած ըլլալս, ի՞նչ մակնիշի ինքնաշարժ քշած ըլլալս, եւ դրամատան ու աշխարհին մէջ որքա՞ն դրամ ձգած ըլլալս… գրուածին իմաստը պարզ ըլլալուն համար կը յիշեմ հիմա. կը յիշեմ` հոգելոյս հոգեւոր եղբայր տէր Վարդան Գասապեանը, որ օր մը պատմեց, թէ իր հօր հետը Փրաւիտընսի գերեզմանը եղած ատեն տեսած են տասնեակներով շքեղ կառքերու թափօրի մը անցնիլը, հայրը ըսեր էր, թէ ննջեցեալը մեծահարուստ, յայտնի մէկը ըլլալու էր, բայց ունեցուածքէն բան չէր կրնար տանիլ հետը… Տէր Վարդանին յուղարկաւորութեան օրն ալ նմանապէս զինք հարիւրաւոր սիրող մարդիկ իր կորուստը սգացին, աղօթեցին իրեն համար:
Ամերիկացիներուն ըսածին պէս, passed away պիտի ըլլամ ես ու երթամ: Զիս սիրողներն ու չսիրողները ննջեցեալը, լուսահոգին, կամ ալ ուրիշ բաներ պիտի ըսեն իմ մասիս… Հարիւր տարի շատ է զիս յիշելու, եւ յիշողն ալ գացած կ՛ըլլայ… Մարդիկ, հարազատ ու բարեկամ ու չարեկամ կարդալիք, դիտելիք եւ լսելիք այնքան բան ունին, որ հազիւ թէ յիշեն մեր ծննդեան կամ մահուան տարեդարձը Դիմատետրէն… ուստի մտածելու և հոգ ընելու կարիք չկայ յիշատակի մը համար:
Միայն Աստուած պիտի գիտնայ մեր ուր ըլլալը: Մեր ծնիլն ու ետ երթալը չգիտնալը գէ՞շ բան է:
Բարեկամի մը զաւկին պսակին համար անցեալները գիւղ մը գացինք զոյգին ընտրած եկեղեցին տեսնելու համար. նկարեցի պատկերներն ու արձանները: Դուրս ելած ատեն տեսայ, որ բարեկամս ելևմուտի բաժնին մէջի այս թռուցիկը կը կարդար «Մկրտութեանդ… ծնողքդ քեզ այստեղ բերին ձեր պսակին` դուք հոս եկաք: Յուղարկաւորութեանդ` ընտանիքդ քեզ հոս պիտի բերէ… Դուն `ինքդ ալ կրնա՞ս հոս գալ»:
Մէկու մը հարցուցեր էին` եկեղեցի կ՛երթա՞ս, պատասխաներ էր` «Զատկէ Զատիկ, Զատկէ Զատիկ», եւ կրկներ էր ու կրկներ էր, որ լսողը կարծէ, թէ ինք շատ կ՛երթայ եկեղեցի. Զատկէ` Զատիկ»:
Եկեղեցւոյ շրջակայքի շէնքին մասին բարեկամս ըսաւ, թէ բարերար մը ըլլալու է զայն շինողը. եւ ըսաւ, որ քովի բնակարաններն ալ եկեղեցւոյ կը պատկանին: Խորհեցայ, որ ժողովուրդը եկեղեցին կը շինէ ու պահէ, եւ եկեղեցին կը փակուի, երբ քովը ապրող հաւատացեալ ժողովուրդ չմնայ. Ֆրանսայի եւ ուրիշ տեղեր եկեղեցիներ կը փակուին ի չգոյէ ժողովուրդին: Մեր հսկումի խաղաղական աղօթքը կ՛ըսէ` «Ողորմեա՛ եկեղեցի շինողաց, երախտաւորաց, պտղատուից, սպասաւորաց եւ այնոցիկ, որք ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյ են հանգուցեալ՛» սուրբ եկեղեցւոյ հովանիին տակ հանգուցեալները շինած ու պահած կ՛ըլլան համայնքի մը եկեղեցին` ժամ, պատարագի, մկրտութեանց, պսակներու եւ յուղարկաւորութեանց համար: Մեր տեսած եկեղեցին ալ այդպէս է վստահաբար: Եկեղեցւոյ հովանիին տակ ննջողներուն տապանները կը վկայեն:
Բարեկամս պնդեց, որ բարերարը կ՛ըլլայ եկեղեցի շինելու ծրագիրը յղացողը, նուիրատուութիւն կատարողը, եւ ան իրեն հետ շարժման կը դնէ ժողովուրդն ու հոգեւորականը` եկեղեցին կառուցելու իր տեսիլքը միասնաբար իրականացնելու համար: Արաբ Բունարի մեր եկեղեցին այդպէս շինուած ըլլալու էր, եւ հայ ժողովուրդին մեկնելէն ետքն ան փակուեցաւ. Նիս, Փարիզ եւ ուրիշ տեղեր ալ բարերարը ժողովուրդը ոտքի հաներ է: Կարեւորը այն է, որ բարերարն ու երախտաւոր հաւատացեալն ու եպիսկոպոսը հաւանութիւն տան եւ միասին գործի լծուին հիմնարկէքն ու օծումը կատարելու և անոր շուրջը բնակելու համար: Չզարմանաք, եթէ բարեկամ մը օր մը ըսէ, որ եթէ իրեն դրամ ելլէ բախտախաղէն, եկեղեցի պիտի շինէ… կ՛ըսէ:
Կառք մտնելու ատեն մեր առջեւ շարուածին վրայէն կատու մը մերինին ապակիէն իջաւ ու վրան ելաւ, բարեկամս ըսաւ, որ կատուները կը սիրեն տաք տեղ նստիլ. գիտէի. մեր Թաուլին ալ այդպէս կ՛ընէր: Կատուին գետին իջնելէն ետքը շարժեցանք: Արաբ Բունար կատուներուն երես չէին տար, կը զայրացնէին ու կը հալածէին զանոնք այնպէս, որ յիշեն ու ետ չգան:
Նախաճաշին ու ճաշերուն կատուները կու գային մեր սեղանէն օգտուելու, մէկը անոր «փը՛շտ» կը պոռար, միւսներն ալ «փը՛շտ, փը՛շտ» կ՛ըսէին. հասկնար` լաւ, չլսելու զարնէր` յետոյ կը զղջար:
Մէկը կար` վրան տաք թէյ կը թափէր, եւ լեղապատառ կատուն պատէն տանիք` կը կորսուէր, բարի մըն ալ կը քարոզէր, թէ կատու չարչարելն ու սատկեցնելը մահացու մեղք է. կատու սատկեցնողը եթէ նոյնիսկ եօթը եկեղեցի կառուցէ` չի կրնար իր մեղքը քաւել ու թողութեան արժանանալ:
Ուաո՜ւ, եօթը եկեղեցի շինել ու չփրկուիլ գործած մեղքէն…:
Հարիւր տարի ետքը եղեր մարդիկ պիտի չյիշեն իմ ուր ծնած եւ որ դպրոցը յաճախած ըլլալս, որ քաղաքէն, որ քաղաքը գացած ըլլալս` օրուան հացս վաստկիլս եւ կտոր մը կեանք մը ապրելու համար. կտոր մը կեանք եւ այդքա՛ն բան: Արարիչին ամէն մէկուս պարգևած թանկագին կեանքը արարչական սերունդէ սերունդ կը շարունակուի, եւ ժամանակ մը կտոր մը հողին վրան ապրելէն եւ կեանքին քաղցրն ու լեղին ճաշակելէ, սիրոյ, հողին, ծովուն, օդին ու բնութեան լաւն ու գէշը ճանչնալէն ետք անդին կ՛երթանք:
Հարիւր տարի ետք հոս չըլլալս իմ հոգս չէ, ես հոս չեմ ըլլար, բայց իմ տեղս կ՛ըլլայ մէկը, կ՛ըլլան հայեր, որ մեզ յիշեն եւ մեր կեանքը շարունակեն մարդկութեան մէջը, մեզ յիշողը մեր զաւկին թոռն ու կամ ծոռը, պիտի ըլլայ եւ ան յիշէ իր նախահարց աղօտացած պատմութիւնը, պիտի ուզէ մեր մասին քիչ մ՛աւելի բան իմանալ. պիտի պրպտէ, կարդայ, գրէ, խօսի, ուտէ, ըմպէ, կենացի պէս ճառեր խօսի, եւ հոս չըլլանք: Մեր երթալէն հարիւր տարի ետք մեզ յիշող ու մեր մասին խօսող կ՛ըլլայ, որ կը կարծէ, թէ ինք` «մենք» ենք: Մենք կ՛ըսէ, բայց իր ըսած մենքը ինքն է: Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետքը մեր բողոքի ցոյց կատարած ատենը մենք ալ կը յիշենք եւ կը պահանջենք արդարութիւն հայոց հարցին, խօսքով մեր հողը ե՛ւ կ՛ուզենք ե՛ւ կ՛ըսենք, թէ ` «Հարիւր երկու տարի առաջ թուրքերը մեզի ոչնչացնել ուզեցին, բայց չյաջողեցան, հոս ենք, եւ այլն, եւ այլն…»: Հիմա, մենք մեզի կը վերագրենք բաներ, որոնք մեզի անձամբ չեն վերաբերիր: Մեզի չեն պատահած, մեր ըսածները այդ անձերը ապրած ու անցած գացած մեր ննջեցեալ մեծ ծնողքն ու հայերն էին, եւ մենք հոն չէինք այն ատենը. մեր աշխարհ գալն ալ ապագայ մըն էր, մեր վերապրած մեծ ծնողքն ալ մանուկ էին, կամ պատանի, նորապսակ գաղթականներ, յետոյ ծնանք ու եկանք աշխարհ եւ հարիւր տարի ետքը մե՛նք կը շարունակենք ապրիլ իրենց մեզի տրուած կեանքը եւ յիշատակը մեր նախահարց, հոս, ամէն տեղ, կ՛ապրինք հայ եւ օտար մեր լեզուով ու ճակատագրով:
Հարիւր տարի ետք…
Նիս, 5 մայիս 2017