Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գաղութէ –Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քուէյթ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակի Նշում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քուէյթի պատասխանատու կազմին, 25 ապրիլ 2017-ին, Քուէյթի ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի 90-ամեակին նուիրուած երեկոյ:

Ցուցադրուեցաւ «Ազդակ»-ի 90-ամեակի բացառիկին նուիրուած Լիբանանի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական բաժանմունքին պատրաստած տեսանիւթը, ուր բացառիկի խմբագրական կազմի անդամները լայնօրէն ներկայացուցին  յօդուածներու հաւաքման, յօդուածագիրներու ապահովման,  յուշագրութիւններու գրառման աշխատանքներն ու վերլուծումներու եւ հարցազրոյցներու արծարծած բաժինները:

Խօսք առին ՀՅԴ Քուէյթի պատասխանատու կազմի ներկայացուցիչ Յակոբ Պետիրեան, Քուէյթի ազգային վարժարանի տնօրէն Ներսէս Սարգիսեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժան Պէպէճեան: Աւարտին, «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան ներկայացուց «Ազդակ»-ի տարած այսօրուան բազմաշերտ աշխատանքները:

Երեկոն առիթ էր նաեւ, որ ներկաները մանրամասնօրէն լուսաբանուին «Ազդակ»-ի տարած աշխատանքներուն, ծրագիրներու եւ 90-ամեակին առիթով ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներուն մասին:

Սուրիա

 Հայկական Մշակութային Շաբաթ

Հովանաւորութեամբ Հալէպի պետական համալսարանի նախագահ դոկտ. Նայեֆ  Սալթիի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան, 25 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով, Հալէպի պետական համալսարանի «Ռազի» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական մշակոյթի շաբթուան:

Շաբթուան ձեռնարկները սկսան արուեստագէտ Զաւէն Պարտաքճեանի գեղանկարներուն եւ հայ հեղինակներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով արաբերէնի թարգմանուած գիրքերու ցուցահանդէսով:

Յիշեալ ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որմէ ետք խօսք առին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ համալսարանի մշակութային ձեռնարկներու կուսակցական պատասխանատու Ֆաթիմա Աճուր:

26 ապրիլին ճարտարապետական համալսարանի սրահին մէջ հայերէն, արաբերէն եւ ռուսերէն երգերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, որմէ ետք Համազգայինի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, ապա Աննա Պարսումեան` հայկական եւ արաբական երգերով:

«Խոստումը» Հալէպի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, Հալէպի մէջ «Խոստումը» ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ «Զահրաա» պատկերասրահին մէջ, հինգշաբթի, 4 մայիսի երեկոյեան, ներկայութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու, Հալէպի պետական համալսարանի պատասխանատուներու, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, արաբ հասարակական գործիչներու, քրիստոնեայ համայնքապետներու, հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու:

Արաբերէն բացման խօսքով Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ֆուատ Իզմիրլի յայտնեց, թէ ժապաւէնները միջոցներ են ժողովուրդներու դատը ներկայացնելու եւ պատմութենէն դասեր քաղելու համար: Հայոց ցեղասպանութեան մասին մէկէ աւելի ժապաւէններ պատրաստուած են, վերջինը «Խոստումը» ժապաւէնը` որ պատրաստուած է Սպանիա, խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ` զերծ մնալու համար նման ծրագիրներու ուղղուած թրքական ճնշումներէն:

Ապա Իզմիրլի ներկայացուց «Խոստումը» ժապաւէնը` դիտել տալով, որ անիկա կը միտի Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան ներկայացնել: Աւարտին ան ըսաւ. «Եկէ՛ք միասնաբար դիտենք եւ պահենք մեր խոստումը: Խոստում, որ նահատակներու արիւնը ի զուր պիտի չանցնի, խոստում` դատապարտելու ոճրագործները, մինչեւ որ դադրեցնեն իրենց ցեղասպանական արարքները եւ մանաւանդ արդար հատուցում կատարեն: Մենք, մեր խոստումով, թոյլ պիտի չտանք, որ աշխարհը լուռ մնայ որեւէ ցեղասպանական արարքի դիմաց, յատկապէս այն պատճառով, որ 102 տարի ետք ականատեսը դարձանք անոր կրկնութեան, այս անգամ Սուրիոյ մէջ»:

«Խոստումը» Հալէպի մէջ պիտի շարունակուի ցուցադրուիլ 15 յաջորդական օրերու ընթացքին:

 

Յունաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ

23 ապրիլին, Աթէնքի Սինտաղմա հրապարակի մերձակայ «Փալաս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկը:

ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին անունով օրուան նախագահ եւ հանդիսավար Սթաւրոս Ապարեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը իրաւական դաշտի մէջ արմատաւորելու այսօրուան անհրաժեշտութեան վրայ:

Ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Արմէն Աճեմեան, հելլէն կառավարութեան, հելլէն խորհրդարանի եւ Ատտիկէի մարզպետարանի ներկայացուցիչները:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Տիմիթրիս Փափատիմուլիս  նկատել տուաւ, որ Յունաստանը պէտք է առաւել կենսունակութիւն ցուցաբերէ, որպէսզի համաեւրոպական անհրաժեշտ ճնշումը բանեցուի թրքական իշխանութեանց վրայ, եւ Թուրքիա ընդունի իր պատմական պատասխանատուութիւնը` ի խնդիր պատմական արդարութեան եւ հայոց իրաւունքներու վերականգնումին:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` աշխարհի զանազան վայրերու մէջ տեղի ունեցած պահանջատիրական ցոյցերէն:

Հանդիսութեան աւարտին Սինտաղմայի հրապարակի «Անծանօթ զինուոր»-ի յուշադամբանին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

* 24 ապրիլին Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ:

Մարզպետարանին անունով Ակելիքի Լեւենտի շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան օրինակով ծանրակշիռ յանցագործութիւնները մոռացութեան չտալու եւ արդար դատաստանի ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Յունահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան հաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան մեծ ոճիրը եւ թրքական պետութեան կրած անժամանցելի պատասխանատուութիւնը:

Աւարտին, յուշարձանին դիմաց զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:

Ֆրանսա

Գրիգոր Զօհրապի Յիշատակին` Յուշատախտակի Բացում

3 մայիսին Փարիզի արուարձաններէն Իսի-լէ-Մուլինոյի Ֆրանսայի Փաստաբաններու պատրաստութեան դպրոցի ընդունարանին մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Զօհրապի յիշատակին զետեղուած յուշատախտակին բացումը` ձեռամբ Փարիզի Փաստաբաններու պալատի նախագահ Ֆրետերիք Սիքարի եւ փոխնախագահ Տոմինիք Աթթիասի, ինչպէս նաեւ` Հայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութեան նախագահ Վիրժինի Տիւշենի, Հօ-տը-Սենի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեանի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի:

Յուշատախտակին վրայ գրուած է` «Եղբայրական մեծարանք` Գրիգոր Զօհրապին-Փաստաբան, երեսփոխան, գրող եւ պատժական իրաւագիտութեան դասախօս- եւ` 1915-ի Ցեղասպանութեան սպաննուած բոլոր հայ փաստաբաններուն»:

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչումներ Նիսի Մէջ

Խաչատուր Ա. քհնյ. Պօղոսեան կը յայտնէ, որ 23 ապրիլ 2017-ին, Նիսի հայկական պարտէզին հրապարակին մէջ գտնուող նահատակ բժիշկ, բանաստեղծ սրբացեալ Ռուբէն Սեւակի յուշարձանին շուրջ Հայ մշակութային օճախի երիտասարդները կազմակերպեցին յիշատակի եւ բողոքի հաւաք: Կէսօրէ ետք ալ Հայ Մշակութային օճախը կազմակերպեց ոգեկոչում գեղարուեստական ասմունքի եւ երաժշտութեան տպաւորիչ յայտագիր, երեք երիտասարդ ասմունքող եւ երգող հայուհիներու եւ Տուտուկահար Պերճ Մելքիսեթեանի բեմադրութեամբ կատարեցին Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ը` Կոմիտասի երաժշտութեան երգ – նուագով. մանուկներու երկսեռ երգչախումբին ելոյթով, բեմավարութեամբ Հայ Մշակութային օճախի նախագահ Մակի Պօշնակեան-Ճորճեանի: Նիսի քաղաքապետին ներկայացուցիչը Օլիվիէ Ռոպոն յայտագիրէն ներշնչուած յարգանքի զգացումը յայտնեց հայութեան նպաստին համար:

Ապա, հայ արի-արենուշները, առաջնորդութեամբ Սեւակ Ճորճեանի եւ Սօսի Շեխոյեանի, մոմերով խաչ կազմեցին, եւ աղօթք` հոգեւոր հովիւ Խաչատուր Ա. քհնյ. Պօղոսեանի առաջնորդութեամբ:

Երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն Փրովանս Ալփ Քոթ Տ՛Ազիւր Շրջանին եւ Նիսի քաղաքապետութեան կազմակերպութեամբ, ներկայութեամբ Նիսի քաղաքապետ Ֆիլիփ Փրատալի եւ պաշտօնական անձնաւորութեանց, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քայլերգներէն ետք ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Նիսի զոհերուն յուշարձանին առջեւ: Նիս Քոթ Տ՛Ազիւրի հեռատեսիլի եւ մամուլի լրագողներ հարցազրոյց ունեցան քաղաքապետ Ֆիլիփ Փրատալի, Նիսի հոգեւոր հովիւ Խաչատուր Ա. քհնյ. Պօղոսեանի եւ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Արթին Օքսայեանի հետ. անոնք սփռուեցան լուրերէն եւ լոյս տեսան յաջորդ օրուան օրաթերթերուն մէջ:

Երեկոյեան` Հարաւային Ֆրանսայի Նիսի Հայկական կազմակերպութեանց համակարգիչ մարմնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն: Քաղաքապետին ներկայացուցիչը Օլիվիէ Ռոպոն եւ Հայկական կազմակերպութեանց համակարգիչ մարմնի Հարաւային Ֆրանսայի փոխնախագահը Փաթրիք Մալաքեան` զաւակը շարժանկարի համաշխարհային ճանաչման տիրացած Հանրի Վերնէոյի, ծաղկեպսակ զետեղեցին Ռուբէն Սեւակի յուշարձանին դիմաց եւ ճառեր արտասանեցին: Փաթրիք Մալաքեան ցաւ յայտնեց, որ աւելի մեծ թիւով հայեր չեն մասնակցիր ոգեկոչմանց արարողութեանց, եւ դատապարտեց Սահմանադրական Խորհուրդի ժխտողականութիւնը պատժող օրէնքը չեղեալ նկատելու որոշումը:

Հուսկ, Տէր Խաչատուր Պօղոսեանի աղօթքի պահով` ներկաները երգեցին «Հայր մեր»-ը եւ ոգեկոչման ձեռնարկները աւարտեցան տէր հօր պահպանիչով:

Քանատա

 «Խոստումը» Ժապաւէնին Հասոյթէն 20 Միլիոն Պիտի Տրամադրուի «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի Մէջ Մարդկային Իրաւանց Հիմնարկ Հիմնելու Ջանքին

13 ապրիլին Քանատայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ժապաւէնի ցրուիչ «Ֆիլմզ Սեվիյ» ընկերութեան յատուկ հրաւէրով, Հայ դատի Քանատայի յանձնախումբը նեկայացնող պատուիրակութիւն մը Մոնրէալի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը արծարծող յիշեալ  ժապաւէնի առաջին շարժապատկերի ցուցադրութեան:

Հայ դատի Քանատայի յանձնախումբը կոչ ուղղեց քանատահայութեան, որ ներկայ գտնուին շարժապատկերին բարձրորակ արուեստով պատրաստուած ժապաւէնի ցուցադրութիւններուն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ թրքական պետութիւնը իր ուրացման քաղաքականութիւնն ու հակահայ քարոզչութիւնը արդէն շղթայազերծած է ժապաւէնին դէմ:

Նշենք, որ յանձնախումբը ներկացնող այլ պատուիրակութիւն մը 12 ապրիլին Թորոնթոյի մէջ նոյնպէս ներկայ գտնուեցաւ ժապաւէնի առաջին ցուցադրութեան:

* «Խոստումը» ժապաւէնէն գոյացած հասոյթէն աւելի քան 20 միլիոն տոլար պիտի նուիրուի Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի իրաւագիտութեան բաժանմունքին, անոր մէջ մարդկային իրաւանց նուիրուած` «Խոստումը» անունով նոր հիմնարկ մը հաստատելու նպատակով:

Բաժանմունքի տնօրէնուհի Ճենիֆըր Լ. Մնուքի նկատել տուաւ, որ Մարդկային իրաւունքներու «Խոստումը» հիմնարկը, մարդկային իրաւունքներու կրթութեան մէջ առաջամարտիկ պիտի դարձնէ մեր բաժանմունքն ու այս համալսարանը, ընդգծելով, որ 20 միլիոն տոլարը ամենամեծ նուիրատուութիւնն է, զոր բաժանմունքը ցայսօր ստացած է` այս հիմնարկը հաստատելու համար:

«Խոստումը» ժապաւէնի արտադրող եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի բժշկական բաժանմունքի մարսողական հիւանդութիւններու բաժինի համաղեկավար Էրիք Էսրայէլեան յայտնեց, որ շատերու ծանօթ չէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր դէմ շարունակական ուրացման արշաւ եղած է 102 տարի: Ան յոյս յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով առկայ մութը ցրուելով` կրնանք յառաջանալ եւ իսկապէս առաջատար ըլլալ մարդկային իրաւունքներու հարցերով` կրթութեան եւ ուսումնասիրութիւններու ջատագովման գործին մէջ:

Յայտնենք, որ նոր հիմնարկի առաջին տնօրէնը պիտի ըլլայ իրաւագէտ փրոֆ. Ասլի Պալի:

Միացեալ Նահանգներ

Ցեղասպանութեան Նուիրուած Խաչքարի Բացում` «Ազուզա Փըսիֆիք» Համալսարանին Մէջ

Նախաձեռնութեամբ «Ազուզա Փըսիֆիք» համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան, 22 ապրիլին համալսարանին արեւելեան հատուածին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած խաչքարին պաշտօնական բացման արարողութիւնը:

Խաչքարի հովանաւորներն են նոյն համալսարանի շրջանաւարտներէն Կերի Մկրտչեանն ու իր ընտանիքը:

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Հայ ուսանողական միութեան ատենապետ Ըլայժա Յակոբեան: Սոյն համալսարանի շրջանաւարտ վեր. Ճօ Մաթոսեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, ապա համալսարանի նախագահ դոկտ. Ճան Ուալըս անդրադարձաւ իր մօր հեղինակած մէկ հատորին մասին, որ նուիրուած է անոր ամենամօտիկ բարեկամուհիին` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայուհիի մը ոդիսականին:

Իր կարգին, համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Պրուս Պալոյեան խօսեցաւ Հայց. եկեղեցւոյ եւ հայկական արուեստի պատմութեան մէջ խաչքարերու նշանակութեան եւ կարեւորութեան մասին:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Հայ Դատի Նախաձեռնութեամբ Կլենտէյլի Վարժարաններուն Մէջ Ցեղասպանութեանց Ծանօթացման Արշաւ

Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան, 29 մարտ, 6 եւ 17 ապրիլին յաջորդաբար` Կլենտէյլի, «Քլարք Մեկնեթ»ի եւ «Հուվըր» հանրային երկրորդական վարժարաններուն մէջ իրականացուց «Տարֆուր ճամբար» անունով ձեռնարկները, որոնց նպատակն է ցեղասպանութեանց պատմութիւնները իւրայատուկ կերպով ծանօթացնել աշակերտներուն:

«Տարֆուր ճամբար» դաստիարակչական ձեռնարկները կ՛իրականացուին «Այ.Էյ.Սի.Թի.» կազմակերպութեան կողմէ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնեն Տարֆուրի մէջ շարունակուող ցեղասպանութիւնը` միաժամանակ անիկա դնելով պատմական ընդարձակ պարունակի մը մէջ եւ տալով Հայոց ցեղասպանութեան, Հրէական ողջակիզման, ինչպէս նաեւ Ռուանտայի եւ Պոսնիոյ ցեղասպանութիւններէն օրինակներ:

Ներկայացումը կը կատարուի գաղթակայանի մը տեսքով, ուր իւրաքանչիւր ցեղասպանութեան պատմութեան համար յատկացուած է վրան մը, որուն մէջ կան լուսանկարներ, փաստաթուղթերու եւ լրատուութիւններու կրկնօրինակներ, վերապրողներու վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ` վերջին քանի մը տարիներուն այս ներկայացումներուն մասնակցած բազմաթիւ աշակերտներու իւրայատուկ տպա-ւորութիւնները:

Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Արմինա Կարապետեան դրուատեց այս նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ անիկա ոչ միայն աշակերտներուն, այլեւ ուսուցիչներուն եւ վարժարաններու անձնակազմերուն համար նպաստաւոր ծրագիր մըն է:

Իր կարգին, Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լուսի Պետրոսեան յայտնեց, թէ «Տարֆուր ճամբար»-ը յատկանշական եւ ազդեցիկ յաւելում մըն է ամէն տարի ապրիլ ամսուան ընթացքին Կլենտէյլի վարժարաններուն մէջ իրականացուող Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն, որ կը նպաստէ ցեղասպանութիւններու մասին դասաւանդումներ պատրաստող ուսուցիչներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ սոյն ներկայացումները կը շարունակուին ապագային եւ նման ներկայացում մը կը կատարուի նաեւ Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճին մէջ:

Ցոյց Թրքական Հիւպատոսարանի Դիմաց

24 ապրիլին ՀՅԴ Երուսաղեմի երիտասարդական միութեան անդամները հակաթրքական ցոյց կազմակերպեցին Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց:

Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներ ծածանելով եւ պահանջատիրական պաստառներ պարզելով` երիտասարդները հանդԷս եկան հայերէն-անգլերէն ելոյթներով` յիշեցնելով պատմական փաստերու եւ Թուրքիոյ, յատկապէս Էրտողանի հերքողական քաղաքականութիւնը:

Ցոյցի ընթացքին անոնք երգեցին յեղափոխական երգեր:

Վրաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան Նշում

24 ապրիլին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգեն եպս. Միրզախանեան մատուցեց Ս. պատարագ:                 Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը հայցեց Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը հայ ժողովուրդի, հայրենիքի ու անոր սահմանները պաշտպանող հայ զինուորի համար: Ան կարեւոր նկատեց հայ մարդու օրինահնազանդութիւնը եւ հաւատարմութիւնը իր հաստատուած երկրի օրէնքներուն հանդէպ` ընդգծելով հայուն ազգային արժէքները պահպանելու, իր ճակատագրի ողբերգական էջերը յարգելու անկոտրում կամքը, որ կ՛արտայայտուի աղօթքով ու մոմավառութեամբ, հոգեհանգիստով ու յիշատակի խոնարհումով:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ կատարուեցաւ յատուկ արարողութիւն եւ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը, որուն յաջորդեց ծաղիկներու զետեղում:

Ապա Վրաստանի «Հայ համայնք» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր կազմակերպութեան նախագահ Սամուէլ Մկրտչեանը ելոյթ ունենալով,  24 ապրիլը անուանեց հայութեան միասնութեան օր` կոչ ուղղելուվ հանրահաւաքի մասնակիցներուն նախանձախնդրութեամբ տէր կանգնելու Հայ դատին եւ հայոց արդար պահանջատիրութեան:

Հանրահաւաքի ընթացքին հնչեցին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ եւ երգեր, նաեւ հայերէն, վրացերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, դատապարտման, ճանաչման եւ  հատուցման կոչով հանդէս եկան` Սանդրօ Օհանեան, Միքայել Աւագեան, Լեւոն Չիդիլեան, Սուսաննա Խաչատուրեան, Գարեգին Քոչեան, Մոնիքա Քիւրքճեան, Մարինա Կիրակոզովա-Մոսեսովա, Սուսաննա Մանուէլեան, Գուրգէն Մխիթարեան եւ այլն:

Նշենք, որ նոյն օրը յիշատակի պատարագներ, բողոքի ցոյցեր, քայլարշաւներ եւ հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Վրաստանի հայաբնակ քաղաքներուն մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>