Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գայլին Բոյնը Մանր Ոսկոր Չի Մնար

$
0
0

ՅՈՎԻԿ ԱԴԱՄԵԱՆ

Երիտասարդ տարրի միտքի կազմաւորման հիմնական գործօններէն են երիտասարդական զրոյցները: Այս միտքին յենելով, բնականաբար,  դաշնակցական երիտասարդը իր դաշնակցականի տիպարը կազմաւորելու համար կարիքն ունի այնպիսի զրոյցներու, ուր ան ամենայն հանգստութեամբ կը քննարկէ իր անդամակցած կուսակցութեան գաղափարական հիմքերը: Գաղափարական հիմքերու քննարկումը անպայմանօրէն չի նշանակեր տատամսիլ իր անհատական համոզումներուն մէջ, այլ երիտասարդը բնազդային կերպով կ՛ուզէ ներհայեցողութեան ճամբով քննարկել այն խաչաձեւումները, որոնք ակնյայտ կը դառնան իր ապրելակերպին եւ հաւատացած սկզբունքներուն միջեւ:

2 ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրական գործընթացը եղաւ այն նիւթերէն մէկը, որ հայ երիտասարդին մօտ ստեղծեց իւրայատուկ իրավիճակ մը: Բնականաբար իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ, որ առնուազն հետաքրքրուած էր հայրենիքի բարգաւաճմամբ եւ բարեփոխումներով, անձնական գետնի վրայ կամ ընկերային հաւաքոյթներու ընթացքին քննարկեց եւ իր վերլուծողականը ունեցաւ այս պատմական տարողութիւն ունեցող իրադարձութեան գծով: Նոյն մեկնակէտէն ուղղուած, իւրաքանչիւր դաշնակցական երիտասարդ վերատեսութեան ենթարկեց ընտրական գործընթացը, եւ նկատի ունենալով, որ ան կը պատկանի գաղափարական հիմքեր ունեցող կուսակցութեան մը, ինքնաբերաբար պիտի վերլուծէր եղածը` գաղափարական հիմնաւորումներէ մեկնած եւ կրկին ներհայեցողութեան ճամբով քննարկելով արժեւորելով իր անձնական համոզումներն ու համակարգի գործընթացը:

Հայաստանի ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը  սահմանադրական փոփոխութեան իմաստով հպարտանալի եւ անդրժելի է: Սակայն այս հաստատումը կը մղէ, որ դաշնակցական երիտասարդը աւելի խորանայ իր վերլուծողական աշխատանքին մէջ: Բաղդատելով նախորդ տարիներու ընտրութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած են մեծամասնական կամ կիսահամամասնական դրութեամբ, 2017-ին տեղի ունեցած Հայաստանի Ազգային ժողովի  համամասնական ընտրութիւնները աւելի արդար եւ զուսպ շրջագիծի մէջ կայացան: Իսկ ամէնէն հետաքրքրական բաժինը այն է, որ ոչ մէկ նկատառելի ու ցնցիչ բողոք ներկայացուած է պատկան մարմիններուն: Գաղտնիք մը չէ սակայն, ընտրութեան ատեն տեղի ունեցած ընտրակաշառքի բաշխման երեւոյթը: Պիտի կեդրոնանամ ընտրակաշառքի հարցին վրայ` նկատի ունենալով, որ այս խնդիրը հիմնական խնդիրներէն մէկն է, որուն պատճառով Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութեան արդիւնքները ունեցան այսօրուան պատկերը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգիրքի առաջին մասին մէջ` «Ընդհանուր դրոյթներ» վերնագիրը կրող, առաջին բաժինի, 4-րդ գլուխի, 19-րդ յօդուածին 6-րդ կէտը կ՛ըսէ. «Նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան նախորդ եւ քուէարկութեան օրը թեկնածուներին, ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութիւններին արգելւում է անձամբ կամ նրանց անունից կամ որեւէ այլ եղանակով ընտրողներին անհատոյց կամ արտօնեալ պայմաններով տալ (խոստանալ) դրամ, սննդամթերք, արժեթղթեր, ապրանքներ կամ մատուցել (խոստանալ) ծառայութիւններ: Այն բարեգործական կազմակերպութիւնները, որոնց անուանումները կարող են նմանեցուել (ասոցացուել) ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութիւնների անուանումներին, թեկնածուների անուններին, նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ բարեգործութիւն չեն կարող իրականացնել այն համայնքներում, որտեղ անցկացւում են ընտրութիւններ, որոնց մասնակցում են այդ թեկնածուները, կուսակցութիւնները կամ նրանց առաջադրած թեկնածուները»: Ընտրակաշառքը դաշնակցականի բարոյական արժէքներու սկզբունքէն շեղում արձանագրելու երեւոյթ ըլլալէ բացի, մարդկային բարոյական արժէքներու խախտում է, իսկ վերոյիշեալ յօդուածի նշուած կէտը կու գայ հաստատելու, որ իրաւական գետնի վրայ պատահածը սահմանադրական օրէնքի բացայայտ խախտում է:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգիրքի առաջին մասին մէջ, «Ընդհանուր դրոյթներ» վերնագիր ունեցող առաջին բաժինի, 4-րդ գլուխի, նոյն յօդուածին 8-րդ կէտը կ՛ըսէ. «Եթէ առկայ է նախընտրական քարոզչութեան սահմանուած կարգի այնպիսի խախտում, որը կրում է շարունակական բնոյթ, եւ թոյլ տրուած խախտումը կարող է էական ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ, կամ թոյլ տրուած խախտման հետեւանքները հնարաւոր չէ վերացնել, եւ թոյլ տրուած խախտումը կարող է էական ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ, ապա թեկնածուին, ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութեան ընտրական ցուցակը գրանցած ընտրական յանձնաժողովը¬դիմում է դատարան` թեկնածուի, ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութեան ընտրական ցուցակի գրանցումն ուժը կորցրած ճանաչելու համար:

Դատարանը թեկնածուի, ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութեան ընտրական ցուցակի գրանցումն ուժը կորցրած կարող է ճանաչել, եթէ յանգում է այն եզրակացութեան, որ խախտումը կատարուել կամ ուղղորդուել է թեկնածուի կամ ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութեան կողմից»: Վերոյիշեալ կէտը, իր կարգին, կու գայ փաստելու, որ շարունակական խախտումի մը պարագային սահմանադրութիւնը նախատեսած է պատժական յարմար միջոցներ: Սակայն ինչպէս սկիզբը յիշեցի, հետեւողական բողոք ներկայացուած չէ ընտրութիւններուն:

Անառարկելի է ընտրակաշառքի առկայ եւ անոր ազդեցութիւնը 2017-ի Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ: Բազմաթիւ ականատեսներ, ինչպէս նաեւ արձանագրուած ձայնային հաղորդակցութիւններ եւ մեծ թիւով տեսալսողական փաստեր կը վկայեն անոնց ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը: Կուպրապատումի խոստումները, ինչպէս նաեւ նիւթական կաշառքներու գոյութիւնը շինծու սուտեր չեն, այլ փաստացի իրողութիւններ, որոնք վերոյիշեալ օրէնսգիրքի հաստատումով,  սահմանադրական խախտումներ եւ պատժելի արարքներ են: Իսկ դաշնակցական երիտասարդին մօտ, բողոքի շարքի չգոյութիւնը ինքնին հարցադրումներ կը ստեղծէ:

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր գաղափարաբանութեան, իր բոլոր ուժերով կը նուիրուի բովանդակ հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային շահերու պաշտպանութեան` ի խնդիր ազատ հայու, ազատ քաղաքացիի  եւ ազատ հայրենիքի կերտումին»: ՀՅԴ Ծրագիր

Ինչպէս վերը նշեցի, ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը Հայաստանի սահմանադրական փոփոխութեան իմաստով անժխտելի եւ հպարտանալի իրողութիւն է, սակայն բողոք չներկայացնելու խնդիրը` անցարգել մը դէպի արդար Հայաստան:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>