Հետեւելով նախորդ տարիներու աւանդութեան` այս տարի եւս ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը կազմակերպեց Մայրերու օրուան ձեռնարկ, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 մայիս 2017-ին, կ.ա. ժամը 11:00-ին, «Լա մարինա քլապ»-ի մէջ, Տըպայէ, նախագահութեամբ Ռեբեքա Կէօզիւպէօյիւքեանի:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին կինը` Իզապէլ Մկրտչեան:
Ներկաները եկած էին ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան պատսպարեալները պատուելու` իրենց աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոյտնկայս ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքը արտասանեց ՔԱՀԼ-ի Տիկնանցի ատենադպիր Շաքէ Գարայեան, ապա ատենապետ Սօսի Մենտիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ շեշտեց, որ ամէն օր մեզի համար մայրերու օր է, որովհետեւ ամէն օր կը սիրենք եւ կը գուրգուրանք անոնց:
ՔԱՀԼ-ի տնօրէն, պատուելի Սեպուհ Թերզեան, շնորհաւորեց բոլորին մայրերու օրը, ինչպէս նաեւ` մօրաքոյրերը, հօրաքոյրերը, մեծ մայրերը եւ դաստիարակ մայրական կրթութիւն տուողները: Շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, օրուան նախագահուհիին, Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամուհիներուն եւ ՔԱՀԼ-ի պաշտօնէութեան: Ապա ներկաներուն ներկայացուց հաստատութեան նորութիւններն ու ծրագիրները եւ խօսքը փակելով` վկայեց, որ տարեցները մեր գլխուն թագն են եւ մեծ պատիւ այն ազգին, որ իր տարեցը կը յարգէ ու կը պատուէ:
Հանդիսութիւնը ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ երգչուհի Քլարա Ալիխանեանի եւ մետաքսէ վզկապերու եւ dentelle bolero-ներու ցուցադրութեամբ :
Յայտագրի աւարտին վիճակահանութիւն կատարուեցաւ` զանազան վաճառատուներէ, անհատներէ եւ հաստատութիւններու կողմէ տրամադրուած արժէքաւոր նուէրներու շահումով:
ՔԱՀԼ-ի տարեց մամիկներուն անունով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորին: