Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

««Նըհնա Ուըլ Ատիէ» Երգը Յոյսի Երգ Է Եւ Նոր Սերունդին Երգն Է» Շեշտեց Ռազմիկ Ճուլֆայեան

$
0
0

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով լիբանանահայութիւնը այս տարի ունկնդրեց «Նըհնա ուըլ ատիէ» («Մենք եւ Դատը») անունը կրող նոր երգ մը, որուն ընդմէջէն ծանօթացաւ այդ երգը մեկնաբանող երգիչին` լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ռազմիկ ըսաւ, որ ինք 5 տարիէ ի վեր կը գտնուի արաբերէն դասական երգի մարզին մէջ եւ Ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով  նախաձեռնած է ձայնագրելու եւ հայ ժողովուրդին նուիրելու նոր երգ մը, որուն բառերուն հեղինակն է լիբանանցի բանաստեղծ Սամիր Նախլէ, իսկ երաժշտութիւնը յօրինուած է Ճօ Պարութճեանի կողմէ:

Ռազմիկին բառերով, «Նըհնա ուըլ ատիէ» երգը յոյսի երգ է եւ նոր սերունդին երգն է:

Պէտք է ըսել, որ «Նըհնա ուըլ ատիէ» երգին նախաձեռնութիւնը, ձայնագրութիւնը, տեսահոլովակի պատրաստութիւնը իր անձնական նախաձեռնութիւնն են, որովհետեւ, իբրեւ հայ երիտասարդ, ինք առնչուած կը զգայ Հայ դատին եւ արուեստի միջոցով իր նպաստը կ՛ուզէ բերել Հայ դատի պայքարին` մինչեւ անոր արդար լուծումը:

«Նըհնա ուըլ ատիէ» երգին տեսահոլովակը նկարուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին, Պուրճ Համուտի եւ Ճօ Պարութճեանի սթիւտիոյին մէջ: Ըստ Ռազմիկին այդ տեսահոլովակը կատարեալ բծախնդրութեամբ պատրաստուած է, փորձելով կեդրոնանալ հայութեան ապրելու կամքին վրայ:

Ռազմիկ երգի ասպարէզին մէջ յայտնուած է` անսալով իր նախասիրութիւններուն եւ վայելելով իր անմիջական շրջանակին քաջալերանքը:

Ռազմիկ կ՛երգէ նաեւ հայերէնով, սակայն իր հիմնական համերգները կը կատարուին արաբական աշխարհին մէջ:

Ապագայ ծրագիրներուն մասին խօսելով` Ռազմիկ յայտնեց, որ իր ապագայ ծրագիրներուն մաս կը կազմէ արաբերէնով սիրային երգի մը հրապարակումը, որուն տեսահոլովակը կը մտածէ նկարել Հայաստանի մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>