ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Շարժանկարի սրահի մը մէջ առաջին տեսած ժապաւէնս 50-ականներու կէսերուն էր:
Դժուար է ճիշդ թուականը յիշել, սակայն նիւթը եւ սրահին վայրը յիշողութեանս մէջ թարմ մնացած են:
Տակաւին հայկական Էշրեֆիէի բնակիչ էինք, եւ թաղեցիները` բոլորս, մեծ ու պզտիկ, տարեց ու երիտասարդ, խմբովին քալելով գացինք «Ազարիյէ» որբանոցէն ոչ շատ հեռու գտնուող շարժանկարի սրահ մը` դիտելու հնդկերէն ժապաւէն մը` «Մատըր Ինտիա», որ այդ տարիներուն տակաւին անխօս էր:
Դերասաններուն շրթունքները կը շարժէին, սակայն ո՛չ մէկ ձայն: Անոնք բոլորն ալ «համր» էին:
Նկարներուն վարի մասը ֆրանսերէնով եւ արաբերէնով կը գրուէր նիւթը:
Մենք` փոքրերս, երկու լեզուներն ալ կարդալու կարողութիւնը չունէինք, իսկ խելահասներէն հաւանաբար քանի մը հոգին կէս կատար ֆրանսերէն կարենային կարդալ եւ իրենց հասկցած ձեւով մեզի բարձրաձայն կը թարգմանէին:
Սրահին մէջ անձայն արցունքաբեր ռումբ մը պայթած ըլլար կարծես:
Բոլորս արցունքոտ աչքերով ելանք սրահէն:
Քանի մը օր թաղեցիները տարբեր նիւթ չունէին, իսկ մենք` փոքրերս, յաջորդ օրը մեր դասընկերներուն կը պատմէինք մեր տեսած ժապաւէնին պատմութիւնը` յաճախ մեր երեւակայութեան ուժ տալով, նաեւ կը պատմէինք տեսարաններ, որոնք գոյութիւն իսկ չունէին ժապաւէնին մէջ:
Թաղեցիներով, խմբովին, առաջին եւ վերջին շարժանկարի երթալն էր այդ մէկը, ինչպէս որ «Մատըր Ինտիա» դարձաւ առաջին եւ վերջին դիտած հնդկերէն ժապաւէնս:
* * *
Կանուխ պատանեկութեան տարիներս են. Նշան Փալանճեան Ճեմարանի աշակերտ եմ:
Հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը կէսօրէ ետքերը արձակուրդ ենք, եւ այդ օրերը շարժանկարի սակերը` կէս գին են: 60 լիբանանեան դահեկան` 110 լ. դահեկանի փոխարէն:
Շարժանկարի սրահներուն մեծամասնութիւնը կը գտնուին Պուրճի հրապարակին վրայ` «Ամփիր», «Ռիվոլի», «Մեթրոփոլ», «Տունիա», «Ռատիօ սիթի», «Պիպլոս», «Քափիթոլ» եւ տասնեակ մը ուրիշներ, իսկ Համրա պողոտային վրայ` «Սինեմա Համրա» եւ «Փիքատելլի»:
Քլեմանսօ պողոտայի վրայ գտնուող «Սինեմա Քլեմանսօ»-ի մէջ յաճախ ֆրանսերէն ժապաւէններ կը ցուցադրուէին, մնացածները` ամերիկեան, իսկ քանի մը սրահներու մէջ կը ցուցադրէին արաբերէն ժապաւէններ, սակայն մենք բնաւ չէինք յաճախեր այդ սրահները: Մատի վրայ կը համրուին արաբերէն տեսած ժապաւէններս, որոնք տարիներ ետք դիտած եմ հեռատեսիլէն:
Այդ տարիներուն դիտած ժապաւէններս զարմանալիօրէն դրոշմուած են ուղեղիս մէջ, եւ երբ ներկայիս հեռատեսիլէն պատանեկութեանս տարիներէն ժապաւէնի մը հանդիպիմ, ամբողջութեամբ կը վերյիշեմ նիւթը, մինչ տարի մը առաջ տեսած ժապաւէններս հազիւ թէ յիշեմ:
Բնաւ չէր պատահած, որ կէս ձգելով` սրահէն դուրս ելլէինք:
«Սփարթակիւս», «Ուեսթ սայտ սթորի», «Տը Սաունտ աֆ միւզիք», «Տը կրաճուէյթ», «Տը կրէյթ ըսքէյփ», «Տը կատֆատըր»` մէկական գլուխ գործոցներ էին:
Մեծ հաճոյքով կը դիտէինք «քաուպոյ»-ներու եւ «հնդիկ»-ներու կռիւը, իսկ պատանեկութեան տարիներուն սկսած էինք հետաքրքրուիլ սիրային ժապաւէններով:
Իգականներուն նախընտրած դերասաններն էին` Թրոյ Տօնահիուն եւ Ճէյմս Տինը, իսկ մենք` տղաքս, «սիրահարած» էինք Պրիժիթ Պարտոյին ու Սոֆիա Լորենին:
Շարժապատկերները կը ցուցադրուէին օրական 3 անգամ, կէսօրէ ետքերը, ժամը 3-6, 6-9, նաեւ` 9-էն գիշերուայ 12-ը, իսկ կիրակի օրերը` նաեւ առաւօտեան ժամը 10-ին:
Մեր պատանեկութեան տարիներուն, միայն շաբաթավերջերուն առիթ ունէինք դիտելու ժապաւէն մը, ընդհանրապէս 3-6: Հազուադէպ էր ժամը 6-9-ի ցուցադրութեան մեր ներկայ գտնուիլը, իսկ 9-12… բնա՛ւ: Տակաւին փոքր էինք, եւ մեր ծնողները մեզի չէին արտօներ մինչեւ այդ ժամերը փողոցները մնալ:
Ամէն շաբաթ նոր ժապաւէն մը կը ցուցադրուէր իւրաքանչիւր սրահի մէջ, իսկ կը պատահէր, որ կարգ մը ժապաւէններու ցուցադրութիւնը երկարաձգուէր քանի մը շաբաթով:
Շարժանկարի սրահի մուտքին զետեղուած մեծ պաստառին վրայ գրութեամբ մը հանրութիւնը կը տեղեկացուէր.- «Յաղթական երկրորդ, երրորդ կամ, մինչեւ իսկ, չորրորդ շաթաթ»:
Այդ ժապաւէններուն տոմս գտնելու դժուարութիւն կ’ունենայինք:
Դպրոցէն արձակուելէն ետք, երբ հասնէինք սրահ, տոմսերը արդէն սպառած կ’ըլլային:
Երկու ընտրութիւն ունէինք: Սպասել յաջորդ շաբթուան, կամ յաւելեալ գումար մը վճարելով` տոմսերը ստանալ «սեւ շուկայէն»:
Քանի մը ճարպիկ տղաք կանուխէն երթալով` տասնեակներով տոմս կ’ապահովէին եւ աւելի ուշ կը ծախէին աւելի սուղ:
Լիբանանցին վաճառական ժողովուրդ եղած է սկիզբէն: Վերջ ի վերջոյ փիւնիկեցիներէ սերած են …
Հազուադէպ պարագաներու միայն 60 լ. դահեկանի փոխարէն, մէկ լիբանանեան ոսկի վճարելով, գնած եմ այդ տոմսերէն:
Ժապաւէն մը քաղաքի սրահներէն մէկուն մէջ տեսնելու առիթը փախցնելու պարագային, համբերութեամբ կը սպասէինք քանի մը ամիս եւ նոյն ժապաւէնը ուշացումով կը դիտէինք Պուրճ Համուտի սրահներէն մէկուն մէջ:
* * *
Պուրճ Համուտի մէջ իրարմէ ոչ շատ հեռու կը գտնուէին տասնեակ մը շարժանկարի սրահներ, որոնց մէկ մասը հայկական անուններ կը կրէին`
«Սեւան», «Արաքս» եւ «Գերմանիկ»: Մնացածները եւրոպական անուններ ունէին` «Սանթրալ», «Մատոնա», «Արիզոնա», «Ֆլորիտա», «Րուայալ», զոր գրեթէ ամէն մարդ «Ռոյեալ» կ’անուանէր:
Պուրճ Համուտի մէջ տոմս ճարելու դժուարութիւն երբե՛ք չենք ունեցած:
Յաճախ, քալելով սրահի մը առջեւէն անցած ժամանակ, սրահի մուտքի նկարները մեզ քաշողական մագնիսի մը նման ներս կը հրաւիրէին եւ, եթէ ժամը յարմար ըլլար, տոմս մը առնելով կը մտնէինք սրահ:
Հազուադէպ պարագաներու, երբ հայերէն ժապաւէն մը ցուցադրուէր, ինչպէս` Մանուէլ Մենենկիչեանի խաղարկութեամբ «Երջանկութեան արցունքները», տոմս գտնելու դժուարութեան կը հանդիպէինք:
Պուրճ Համուտի բնակչութեան մեծ մասը, մինչեւ իսկ մամիկներն ու պապիկները, իրենց զաւակներով ու թոռներով, կ’երթային վայելելու ժապաւէն մը, որ իրենց հասկցած լեզուով` հայերէնով է:
* * *
Քաղաքի շարժապատկերի սրահներուն մէջ ուտել, խմել եւ ծխել արգիլուած էր:
Պուրճ Համուտի սրահներու պարագային, այդ բոլորը արտօնուած էին:
Սրահ չմտած, կ’ապահովէինք «Ֆելեֆիլ»-ի սանտուիչ մը, ինչպէս նաեւ` փեփսի կամ թան: Կային նաեւ, որ հետերնին կը տանէին մեծ քանակութեամբ թթումի կամ ձմերուկի կուտ, եւ ժապաւէնի ցուցադրութեան ժամանակ ամէն կողմէ կը լսուէր կուտ ուտողներու «չըթ-չթոցը»:
Ժապաւէնի աւարտին, սրահէն դուրս ելած ժամանակ, գետինը լեցուն կ’ըլլար կուտի կեղեւներով եւ փեփսիի պարապ շիշերով:
Սրահներէն ներս նաեւ արտօնուած էր ծխելը, եւ մեզ նման մեր ծնողներէն գաղտնի ծխողներուն համար տիպար վայրեր էին Պուրճ Համուտի սրահները:
Տհուր Շուէյրի հրապարակին վրայ կը գտնուէր «Սինեմա Տհուր Շուէյր»ը, իսկ Պոլոնիայի հրապարակին վրայ, Պանդոկ «Սամահայի» կից` «Սինեմա Պուա տը Պուլոնիը»: Այս սրահները կը գործէին միայն ամրան գիւղագնացութեան շրջանին, եւ օրական տարբեր ժապաւէն մը կը ցուցադրուէր:
* * *
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Պուրճի հրապարակի վրայ գտնուող շարժապատկերի սրահները դադրեցան գործելէ: Քանի մը հատը քար ու քանդ եղան, իսկ մնացածները փակեցին իրենց դռները:
Մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, Ժունիէի արուարձանը նշանաւոր էր իր պաղպաղակով ու ծովափներով:
Պատերազմէն ետք դարձաւ արեւելեան Պէյրութի «մայրաքաղաքը»:
Կառուցուեցան բազմաթիւ շուկաներ, նաեւ` տասնեակ մը շարժապատկերի սրահներ, որոնք տարբեր էին Պուրճի հրապարակի սրահներէն:
Միեւնոյն յարկին տակ, կողք-կողքի կը գտնուէին քանի մը համեմատաբար աւելի փոքր սրահներ: Բոլորը նոյն անունը կը կրէին եւ սրահները իրարմէ կը զանազանուէին թիւերով: Սրահ թիւ 1, 2, կամ աւելի, նայած` քանի՛ սրահ կը գտնուի նոյն յարկին տակ:
* * *
Լոս Անճելըսի շարժապատկերի սրահները, Ժունիէի սրահներուն նման կողք-կողքի, նոյն յարկին տակ տասնեակ մը փոքր սրահներ են: Բոլորը նոյն անունը կը կրեն, եւ կը զանազանուին թուանշաններով: Սրահ թիւ 1, 2, 3 եւ այլն:
Լիբանանի նման ցուցադրութեան որոշուած ժամեր գոյութիւն չունին:
Իւրաքանչիւր սրահ, կամ նոյնիսկ իւրաքանչիւր ժապաւէն կը ցուցադրուի տարբեր ժամերու:
Համացանցի գիւտը տակաւին չկար, եւ ցուցադրութեան ժամերը կը տեղեկանայինք հեռաձայնելով սրահ, եւ արձանագրուած պատգամով մը կը տեղեկանայինք մեր դիտելիք ժապաւէնի սրահին հասցէն եւ ցուցադրութեան ժամերը:
Ներկայիս այդ բոլորը կը տեղեկանանք համացանցի միջոցով:
Պուրճ Համուտի սրահներուն նման, ուտել-խմելը արտօնուած է, սակայն
«Ֆելեֆիլ»-ի սանտուիչներու փոխարէն, մեծ մասամբ ներս կը մտնեն ձեռքերնին ունենալով բաւական մեծ քանակութեամբ «փոփ քորն» եւ զովացուցիչ:
Ծխելը բացարձակապէս արգիլուած է, նաեւ կուտ ուտողներու չենք հանդիպիր:
* * *
Հեռատեսիլի գիւտը համեմատաբար նուազեցուց շարժանկարի սրահներ յաճախողներուն թիւը: Շատեր կը նախընտրեն տունը նստած` հանգստաւէտ հագուստներով, մինչեւ իսկ գիշերազգեստով վայելել ժապաւէն մը, հոգ չէ թէ` քանի մը տարի ուշ:
Հեռատեսիլին յաջորդեց վիտէոյի, ապա` Տի Վի Տի-ի գիւտը: Մարդիկ իրենց նախընտրած ժապաւէնը քանի մը օրով վարձելով` կրնային բազմաթիւ անգամներ դիտել, ապա վերադարձնելով` տարբեր ժապաւէն մը վարձել:
Ներկայիս վիտէոները թանգարանի կը պատկանին, իսկ Տի Վի Տի` գրեթէ մնացած չէ: Կարելի է նոյնիսկ նոր շուկայ իջած ժապաւէն մը հեռատեսիլէն դիտել` այդ ժապաւէնին ցուցադրութեան համար յաւելեալ չնչին գումար մը վճարելով:
Համացանցի գիւտը մեծ յեղաշրջում մըն է անկասկած:
Ներկայիս գրեթէ ամէն ժապաւէն կարելի է դիտել համակարգիչով կամ` «խելացի» հեռաձայնի վրայ:
* * *
Պատանեկութեանս կամ երիտասարդութեան տարիներուս նման, շարժապատկերի սրահներ շատ չեմ յաճախեր:
Ծննդավայրիս մէջ այդ մէկը հաճոյք էր, երբ խմբովին կը վայելէինք հիանալի ժապաւէններ:
Կարօտցած եմ այդ օրերը, երբ «ֆելեֆիլ»-ի սանտուիչ մը ձեռքերնիս, կը մտնէինք Պուրճ Համուտի սրահներէն մին, եւ ամէն կողմէ հայերէն լեզուն կը հասնէր մեր ականջներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Տը փրոմիս» ժապաւէնի ներկայացման գացած եմ ընտանիքովս:
Մեծ թիւով ծանօթ անձերու կը հանդիպիմ: Ամէն կողմէ հայերէն խօսակցութեան ձայներ կը հասնին ականջիս:
Պուրճ Համուտի շարժանկարի սրահներէն մէկուն մէջ ըլլայի կարծես, սակայն ո՛չ «ֆելեֆիլ»-ի սանտուիչի կը հանդիպինք, ո՛չ ալ կուտ ուտողներու:
Այդ օր սրահը միայն Պուրճ Համուտ չէ, նաեւ Երեւան է, Հալէպ, Թեհրան ու Պաղտատ:
Առաջին անգամ ըլլալով, այնքա՜ն պիտի փափաքէի, որ հայերու կողքին, շրջապատուած ըլլայինք նաեւ օտարներով: Ինքզինքնին «կոյր» ու «խուլ» ձեւացնողները այդ օր տեսնէին ու լսէին թուրքին անմարդկային արարքը:
Տեղեակ ըլլային, որ իրաւազրկուած, աշխարհի մէջ ցիր ու ցան ազգ մը գոյութիւն ունի: Նաեւ այդ ազգի զաւակներէն մեծ թիւով կը գտնուին Լոս Անճելըսի մէջ, որոնք արդարութիւն կը պահանջեն եւ տակաւին կը շարունակեն խօսիլ հայերէն:
«Հալիվուտում մենք խօսում ենք հայերէն,
Որովհետեւ «ԼՈՍ»-ի կէսը հայեր են» (Թաթա Սիմոնեան)
Լոս Անճելըս, 2017