Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Գնահատանքիտ Խօսքը, Որ Հայրենիքէն Կու Գայ, Աւելի Թանկ Է». Սիւզան Խարտալեան
Մայիս 3-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց շուէտահայ ճանչցուած լրագրող, բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանը:
Նախարարը ողջունեց սփիւռքահայ գործիչը, կարեւոր համարեց անոր հայանպաստ գործունէութիւնը` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելուն Հայ դատի հարցերուն վրայ, նաեւ` համամարդկային նիւթերու միջոցով հայկական հարցերը աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին պահելու ուղղութեամբ: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Հայոց ցեղասպանութեան թեման անցեալէն եկած ցարդ կը շարունակէ մնալ ե՛ւ պատմութեան, ե՛ւ հոգեբանութեան, ե՛ւ արուեստի կիզակէտին մէջ: Պարտաւոր ենք պատմական յիշողութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն, այնքան ատեն, որ չէ լուծուած Հայ դատը, քանի դեռ չէ կատարուած հայ ժողովուրդին արդար պահանջը: Սիւզան Խարտալեան Ցեղասպանութեան ամենազգայուն նիւթերէն մէկուն անդրադարձած է` հայ կնոջ տառապանքներուն, պայքարին ու դժուարին ճակատագրին: Իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Հայ դատի պաշտպանութեան` խոր համոզմունքով ու հաւատքով: Հայ դատի մարտիկները մեր ժողովուրդի սերուցքն են եւ արժանի են մեր երախտագիտութեանը, դրուատանքին, սիրոյն: Սիրով կ՛ուզեմ այդ սէրն ու երախտագիտութիւնը փոխանցել Սիւզան Խարտալեանին եւ պարգեւատրել զայն մեր նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` Ոսկիէ մետալով»:
Սիւզան Խարտալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ խօսքերուն ու բարձր գնահատանքին համար եւ աւելցուց. «Գնահատանքի խօսքը, որ հայրենիքէն կու գայ, աւելի թանկ է: Շնորհակալ եմ: Կրնամ բան մը խոստանալ, որ գործս պիտի շարունակեմ, իմ էութիւնս ասիկա է: Պատմութիւնը տղամարդիկ կը գրեն, եւ անոր համար ալ քիչ կը նշուին կանանց հերոսութիւնները: Կիներու հետ կապուած նիւթերը զգայուն են, եւ տղամարդիկ կը խուսափին արծարծելու Եղեռնի տարիներուն կիներու տառապանքներուն առնչուող նիւթերը»:
Այնուհետեւ յայտնի լրագրողն ու բեմադրիչը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Սիւզան Խարտալեան կրթութեամբ լրագրող է, ուսանած է Պէյրութի ու Փարիզի համալսարաններուն մէջ: Ան աւելի քան 3 տասնեակ ժապաւէններու հեղինակ է, ներառեալ` «Կ՛ատեմ շուները», «Երիտասարդ Ֆրոյտը Կազայէն», «Մեծ մօրս դաջուածքները» «Վերադարձ դէպի Արարատ»:
Անոր վերջին ժապաւէններէն` «Մեծ մօրս դաջուածքները» ժապաւէնը անդրադարձ է Հայոց ցեղասպանութեան, որուն մէջ կ՛արծարծուի ցեղասպանութիւնը վերապրած, ամօթի ու տառապանքներու մէջէն անցած կիներու նիւթը: Ժապաւէնը ցուցադրուած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, նաեւ` Եւրոխորհրդարանին մէջ, եւ մեծ հնչեղութիւն ստացած հասարակութեան լայն շրջաններուն մէջ: «Մեծ մօրս դաջուածքները» դիտած է 300 միլիոն մարդ:
Կրթութեան Եւ Լեզուի Պետական Տեսչութիւնները Պիտի Լուծարուին
Երեք ամիսէն Կրթութեան տեսչութիւնը պիտի լուծարուի, իսկ Լեզուի պետական տեսչութիւնը` տարեվերջին: Այս մասին հաղորդուած է 5 մայիսին, կառավարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած տեսչական բարեփոխումներու համակարգման խորհուրդի հերթական նիստին, զոր վարած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանը:
Նիստի օրակարգին առաջին հարցով խորհուրդը քննարկած եւ հաստատած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կրթութեան տեսչական մարմին ստեղծելու նախագիծը: Սոյն նախագիծով կը նախատեսուի կրթութեան գործող տեսչութեան լուծարումը` որոշումը ընդունելէ երեք ամիս անց, իսկ Լեզուի պետական տեսչութիւնը` տարեվերջին:
Հայաստանի Մէջ Սփիւռքահայ Արդիւնաբերողները Կը Ցուցադրեն Իրենց Արտադրանքները
Մայիս 5-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին աջակցութեամբ «Երեւան Էքսփօ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը:
Ցուցահանդէս-վաճառքի բացման ներկայ էր Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Նախարարը շրջեցաւ տաղաւարներուն մէջ, ծանօթացաւ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու գործունէութեան, հետաքրքրուեցաւ արտադրական գործընթացի նորարարութիւններով եւ հարցերով, դիտեց «Աշխարհի կեդրոնէն` տիեզերքներէն մէկուն մասնիկը» հայկական առաջին 360 աստիճան ժապաւէնը, պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Հրանուշ Յակոբեան իր տեսակէտը յայտնելով` ըսաւ. «Պատրաստուած է Հայաստանում» ապրանքանիշը կրող արտադրանքները միջազգային շուկային մէջ ժամանակի ընթացքին կը դառնան աւելի ընդունուած, պահանջուած եւ տարածուած: Այսպիսի ցուցահանդէսներով մենք պէտք է խրախուսենք սփիւռքահայ ներդրողները եւ աշխատինք օրինակ առնել հայրենադարձուած մեր հայրենակիցներէն, որոնք աշխատանքի եւ արտանդրանքի որակի հանդէպ պատասխանատուութեան իւրայատուկ մօտեցում ունին: Այս առումով, անոնց արտադրանքները մրցունակ են եւ նորարարական: Հայրենիքի մէջ սփիւռքահայ արտադրողներուն համար պայմաններ կը ստեղծուին, անոնց գործունէութիւնը դիւրացնելու նպատակով որոշակի քայլեր կ՛իրականացուին: Վերջին ժամանակաշրջանին, մասնաւորապէս տնտեսական ոլորտի մէջ, կառավարութիւնը հարկային արտօնութիւններ կը սահմանէ սփիւռքահայ ներդրողներու եւ արտադրողներու համար: Մեր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը շարունակուին մնալ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններ, որոնցմով յատկապէս կը զբաղին Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայեր»: Նախարարը նշեց, որ ցուցահանդէս-վաճառքին ներկայ սփիւռքահայ ներդրողները եւ արտադրողները հայրենիք վերադարձած են տարբեր երկիրներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ այլն:
Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին սուրիահայ գործարար Ալեքսան Գարատանայեան, որ Հայաստանի մէջ հիմնած է «Ալեքսան Արթ» (Alexan Art) եւ «Սոնա Փրինթ» (Sona Print) ընկերութիւնները, շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար: «2012-ի հոկտեմբեր 24-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ փոքր եւ միջին գործարարութեան սուրիահայ ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան հայաստանեան գործուածքներու ոլորտի արտադրողներուն հետ: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց մեզ եւ ամուր գործակցութեան հիմք դրաւ: Մեծ է նախարարութեան դերակատարութիւնը մեր գործարարութեան կայացման գործին մէջ, որովհետեւ առաջին համագործակցութեան առաջարկները ստացած ենք նոյնինքն սփիւռքի նախարարութեան մէջ», ըսաւ Ալեքսան Գարատանայեան:
Արցախի Տիգրանակերտի Մէջ Հնագիտական Պեղումները Կը Շարունակուին
Արցախի այցեքարտը դարձած Տիգրանակերտի մէջ այս տարի եւս կ՛ընթանան հնագիտական պեղումներ:
Մշակութային եւ քաղաքական մեծ նշանակութեամբ այս յուշարձանի միայն 3-4 տոկոսը բացուած է տակաւին: Քաղաքը խոստմնալից է, միջոցները` սահմանափակ: «Այս տարի Տիգրանակերտի պեղումներուն համար նախատեսուած է 10 միլիոն դրամ: Այս միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ աշխատիլ մօտ 25 օր, որուն առնուազն 7-ը պիտի տրամադրենք ընդհանուր հնագիտական մաքրման», կ՛ըսէ Համլէթ Պետրոսեան:
Հնագէտը կը փաստէ նաեւ, որ Տիգրանակերտի պեղումները կ՛ընթանան դանդաղ քայլերով: Արցախի իշխանութիւններուն տրամադրած համեստ գումարները չեն բաւականացներ այդ հզօր քաղաքը բանալու համար: «Մինչեւ հիմա մենք չենք բացած Տիգրանակերտի ամրոցին մուտքը, միանգամայն կարելի է, որ այնտեղ արձանագրութիւններ ըլլան, նաեւ չենք կրնար ընդարձակ պեղումներ ընել դամբարանադաշտին վրայ: Տիգրանի դրամները շատ եզակի եղած են նոյնիսկ իր ժամանակ, եթէ մենք հարիւր դրամ գտնենք, անկէ մէկ-երկուքը Տիգրանին ըլլալու են, բայց այդքան դրամ գտնելու համար պէտք է պեղենք առնուազն 30 դամբարան, որուն համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ տարեկան լրացուցիչ 20-30 միլիոն դրամ: Այսինքն նպատակները հասկնալի եւ տեսանելի են, իսկ միջոցները չեն համապատասխաներ անոնց», կ՛ըսէ Համլեթ Պետրոսեան:
Արշաւախումբին ղեկավարը կը վստահեցնէ` այսօր չկայ աւելի դիտարժան, մաքուր եւ հասանելի յուշարձան: Հանրութեան համար հասանելի յուշարձան ըլլալուն կը նպաստեն նաեւ պարբերաբար թարմացուող Դիմատետրի էջն ու կայքէջը: Նպատակը յստակ է` հարկաւոր է անընդհատ ներկայացնել փաստարկներ: Հնագէտը կը կարծէ, որ պետութիւնը յատուկ քաղաքականութիւն չի վարեր Տիգրանակերտի հարցով: Մինչդեռ այս յուշարձանը անոր համար է, որպէսզի մենք ներկայացնենք աշխարհին:
«Ազրպէյճանի հետ առնչուելու ժամանակ պատմական փաստերը շատ կարեւոր են: Ազրպէյճանը անընդհատ կը շեշտէ` այս հողերը պատմական ազրպէյճանական հողեր են, իսկ հայերը համոզուած են` անիկա հայերուն հայրենիքն է: Այսինքն Տիգրանակերտի հետազօտութիւնը, մեր կամքէն անկախ, կը ստանայ որոշակի քաղաքական երանգ` հակառակ այն բանին, որ Տիգրանակերտի խումբը հետազօտութիւնը կարելի եղածին չափ կը փորձէ պահել ակադեմական մակարդակի վրայ»:
Հնագէտը կը մեկնաբանէ, որ Տիգրանակերտը կ՛օգնէ նաեւ Արցախի հայութեան ինքնութիւնը ամրապնդելուն. «Այդ տարածքի գիւղերը բնակեցուած եղած են ազրպէյճանցիներով, հիմա այնտեղ հաստատուած հայ բնակիչները պատմական միջավայրին համակերպելու, սեփական մշակութային, ծիսական կեանքը կազմակերպելու կարիք ունին, եւ այսօր Տիգրանակերտը կը կատարէ անոնց հոգեւոր, սրբազան կեդրոնի դերը»:
Տիգրանակերտի հետազօտութիւնը կարծես մշակութային ժառանգութեան հանդէպ տարուող քաղաքականութեան նոր փորձ է: Տիգրանակերտի տարածքին գտնուող եւ թանգարանի վերածուած ուշ միջնադարեան ամրոցը, աղբիւրներն ու նստարանները յուշարձանը այցելուներուն համար աւելի հաճելի կը դարձնեն:
«Մենք ամէն ինչ ըրած ենք, որ յուշարձանը մատչելի ըլլայ: Տիգրանակերտը ունի շատ լաւ դիրք. Կը գտնուի անմիջապէս Ստեփանակերտ-Մարտակերտ մայրուղիին վրայ, բաւական է նստիլ այդ ճանապարհահատուածով ընթացող որեւէ երթուղային եւ կը յայտնուիք Տիգրանակերտի մէջ: Ամբողջ բնակատեղիի տարածքին կան ցուցատախտակներ, սլաքներ, բոլոր պեղուած յուշարձաններու մօտ յատուկ վահանակներ` եռալեզու բացատրութիւններով», կը նշէ արշաւախումբին ղեկավարը:
Հակառակ այն բանին, որ դեռ պեղուած է քաղաքին միայն 3-4 տոկոսը, մենք կրնանք պատկերացում կազմել տիգրանեան եւ աւելի ուշ ժամանակներու քաղաքի մասին` ամրոցը իր պարիսպներով, հնագոյն թաղամասեր, վաղ քրիստոնէական ընդարձակ եւ լաւ պահպանուած հրապարակ: Այս բոլորը կարելիութիւն կու տան ըսելու, որ տարածաշրջանին մէջ Տիգրանի ժամանակի աւելի դասական յուշարձան, քան Տիգրանակերտը, գոյութիւն չունի:
Յիշեցնենք, որ Արցախի Տիգրանակերտին մէջ պեղումները սկսած են 2006 թուականին` հնագէտ Համլեթ Պետրոսեանի անձնական նախաձեռնութեամբ: 2008 թուականէն մինչեւ այսօր Արցախի նախագահին որոշումով Տիգրանակերտը կը պեղուի պետութեան նիւթական աջակցութեամբ:
Արայի Լեռը Զբօսաշրջութեան Վայրի Կրնայ Վերածուիլ
Արայի լեռը կրնայ զբօսաշրջութեան վայր դառնալ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանը` «Փան Արմինիըն»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին:
«Արայի լեռը զբօսաշրջութեան վայր դարձնելու հետաքրքրական ծրագիր ունինք` թէ՛ ձմեռնային, թէ՛ ամառնային, բայց ծրագիրին գործադրութիւնը հսկայական ներդրումներ կը պահանջէ: Ծրագիրը պիտի ներկայացնենք ներդրումային հարթակին եւ պիտի սպասենք զարգացման: Անիկա մշակուած է 2007-ին, բայց մինչեւ այսօր դեռ չէ իրականացած` մեծ ներդրումներ պահանջելուն պատճառով», կ՛ըսէ Զէյթունցեան:
Ան կը յայտնէ, որ օրինակ, գինիի, ուտելիքի, արկածային զբօսաշրջութեան զարգացման համար ներդրում պէտք չէ:
«Գինիի, ուտելիքի զբօսաշրջութեան մասին շատ կը խօսին, բայց անոնք զբօսաշրջութեան առանձին ձեւեր չեն, քանի որ յատուկ երկիր մը չես երթար միայն ուտելու կամ գինիի համար, պարզապէս այդ բոլորը կը մտնեն երթուղիին մէջ: Միայն անոնցմով Հայաստանը չի կրնար ներկայանալ: Մեր երկիրը կը ներկայացնենք իբրեւ չբացայայտուած Հայաստան` Armenia uncovered», կը բացատրէ Զէյթունցեան:
Արա լեռը կամ Արայի լեռը կը գտնուի Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջ: Անոր լանջին կը գտնուի Ծաղկեվանքը: Լեռը ունի հարուստ բնաշխարհ, եւ Հայաստանի բուսականութեան 20 տոկոսը կարելի է յայտնաբերել այնտեղ: Բարձրութիւնը 2577 մեթր է:
Անոր արեւմուտքը կը գտնուին Աշտարակը եւ Քասաղ գետի կիրճը, իսկ Արարատեան դաշտը եւ Երեւանը` անոր հարաւը:
«Զուարթնոց»-ի Քառամսեայ Ուղեւորահոսքը Աճած Է 28.3 Տոկոսով
Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններու ուղեւորահոսքը 2017-ի յունուար-ապրիլ ամիսներուն կազմած է 668.589 մարդ, որ 28.3 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը:
2017 ապրիլին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի ուղեւորահոսքը կազմած է 183.108 մարդ` 38,9 տոկոսով գերազանցելով նախորդ տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշը:
«Զուարթնոց» օդակայանէն 2017-ի առաջին չորս ամիսներուն բեռնափոխադրումը կազմած է 7246 թոն, որ 82,8 տոկոսով գերազանցած է 2016-ի նոյն ամիսներու ցուցանիշը:
2017-ի ապրիլ ամսուն Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի ուղեւորահոսքը կազմած է 5283 մարդ` նախորդ տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 745,3 տոկոսով: