Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Մեր Ձայնը` Նահատակներուն Իրաւունքը

$
0
0

ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին

Տիրոջ ձայնով, խօսքին զօրութեամբ ստեղծուեցաւ տիեզերքը: Համաստեղութիւնները միասնաբար համանուագ մը կը ներկայացնեն, այդ իսկ պատճառով «երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ» (Սղ 19.1): Արարչագործութիւնը կազմող բոլոր տարրերը, ըստ երեւոյթին, ձայնաւոր են: Տէրը կը լսէ Իրեն հաւատացողներուն, վստահողներուն ձայնը եւ կ՛ընդառաջէ անոնց խնդրանքներուն: Երկրաւոր կեանքի ընթացքին Տիրոջ ձայնը լսող ու Անոր հնազանդողները գերեզմանին մէջէն անգամ պիտի լսեն Փրկիչին ձայնը, դուրս պիտի գան (ինչպէս` Ղազարոս) եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ստանան: Ուրեմն ննջեցեալները, մեր պարագային` նահատակները, ո՛չ միայն կը ձայնեն, այլեւ կը պատգամեն:

Ներկայ աշխարհին մէջ, բոլոր մակարդակներու վրայ, եթէ ձայնդ հասանելի դարձնես, իրաւունքդ կը ստանաս, այլապէս` «չլացող երեխային կաթ տուող չ՛ըլլար»: Ահաւասիկ հպանցիկ ակնարկ մը, ձայնին կարեւորութեան. այժմ խօսինք «մեր ձայնին» ունեցած կարեւորութեան մասին:

Հայոց ցեղասպանութենէն դար մը ետք մեր ժողովուրդը վստահաբար սորվեցաւ, որ դատ մը կամ պահանջ մը կը մեռնի, եթէ լռութեան դատապարտուի` ակամայ (պարտադրաբար) թէ կամաւորապէս (ինքնայօժար մոռացումով կամ հրաժարումով): Ա՛յս գիտակցութեամբ, հարիւրամեակէն ասդին, մենք շարունակեցինք եւ պարտաւոր ենք (խիղճի ու արժանապատուութեան հարց է) շարունակել մեր ժողովուրդին ու սերունդին ալ ձայնը լսելի դարձնել ողջ մարդկութեան եւ աշխարհի չորս ծագերուն:

Երբեմն ոմանք կը մտածեն, որ մեր այս աշխարհը կառավարող գերուժերուն կողմէ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, բայց յատկապէս ցեղասպանին` Թուրքիոյ կողմէ հրապարակաւ իր յանցանքը ընդունիլը աւելի մեծ նշանակութիւն ունի, քան օրինակ` հեռաւոր ափերու վրայ գտնուող, ծաւալով մեծ կամ փոքր երկիրներու եւ պետութիւններու զօրակցական ճանաչումները: Անկասկա՛ծ: Անհամեմատելի կարեւոր արժէք կը ներկայացնեն զօրեղագոյն կազմակերպութեանց եւ պետութեանց ի նպաստ մեր դատին սիրաշահիլն ու պաշտօնական մեծ յայտարարութիւններ կորզելը, սակայն կը մոռնանք հաւանաբար, որ ո՛չ միայն կարեւոր, այլեւ անհրաժեշտ է նաեւ ու նոյնպէս «փոքր» կոչուած կողմերուն ճանաչման ազնուական արարքները (յիշենք ամենաառաջին պետութիւնը), եւ անոնց անվերապահ կեցուածքները` մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացման գործընթացին մէջ. իսկ յիշենք, որ մեր կողմէ պարտինք մնայուն գնահատանք ու քաջալերանք ցուցաբերել անոնց, ո՛չ միայն բարոյական իմաստով, այլեւ` փոխադարձ շահերու սկզբունքով:

Հայութեան, մասնաւորաբար սփիւռքահայութեան ճիտին պարտքն է իր ապրած երկիրներուն մէջ, իբրեւ ազնիւ քաղաքացիներ, համաքաղաքացիներուն բացատրել իրականութիւնը մեծ ողբերգութեան, Մեծ եղեռնին ու անոր հեռահաս հետեւանքները, յետոյ` զանոնք ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին ու անոնց ճամբով ցեղասպան Թուրքիոյ վրայ ուղղակի կամ անուղղակի ճնշումներ բանեցնելու, որպէսզի բարոյապէս բացայայտուի օսմանեան կամ հանրապետական կոչուող Թուրքիոյ մեղաւորութիւնը, ոճրային արարքը` մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիրին գործադրած ու գործադրող ըլլալը, զղջումի պարագային` ներումի սկզբունքով, եւ վերջապէս հատուցում (բազմամակարդակ) պահանջել յանցապարտէն:

Ասոր կողքին, տակաւին գոյութիւն ունի մէկ այլ, յոյժ կարեւոր երես մը կամ խնդիր մը: Մեր հոգեպէս, բարոյապէս, մարդկայնօրէն եւ ֆիզիքապէս գոյութիւնը արժանաւորութեամբ յառաջ մղելու համար, այսօր ու ներկայ ապազգայնացնող դարաշրջանին մէջ, օդին պէս անփոխարինելի ուժականութիւն պարգեւող իրականութիւնն է ազգը զօրաշարժի ենթարկելը, անոր կենսունակութիւնը եւ արիութիւնը աշխուժացնելը, նոյնիսկ յանձնարարելի է ստեղծել պայքարունակ գիտակցութիւն մը եւ գործելու եղանակ մը` երիտասարդ մնալու եւ երիտասարդութիւնը արթուն ու առողջ պահելու համար, ամէնօրեայ մտածումի, ծրագրումի, ծրագիրներու մաս կազմել, ապրելու իւրայատուկ ոճի վերածելու մեր պահանջատիրութեան ձայնը, մեր բռնագրաւուած իրաւունքները եւ մեր նահատակներուն կտակին բոցը վառ պահելով:

Երբեմն աշխարհի ճատրակի օրէնքներուն շատ լաւ ծանօթները, քաջատեղեակները կրնան քիչ թէ շատ յոռետեսական կամ ո՛չ յուսադրող տրամադրութիւններ ցուցաբերել շրջապատին` ժողովուրդին, նոյնիսկ յուսահատ դարձնել: Այսպէս, հարց տալ, թէ 100 տարի ի՞նչ ըրին կամ ի՞նչ ձեռքբերում ունեցանք, յետոյ` «մեծ պետութիւնները» եթէ չհամաձայնին կամ մերժեն ու արգելք հանդիսանան, մենք ճանաչման ու հատուցման համար ի՞նչ կրնանք ընել. այլապէս,աշխարհաքաղաքական իրատեսութենէ առաջնորդուած ոմանք` մեր ձայնը ժամանակավրէպ, ուրիշներ մանկունակ ու երեւակայական կը նկատեն մեր ժողովուրդին բոլոր կառոյցներուն Հայոց ցեղասպանութեան պահանջը ներկայացնելու ճիգերը (ցոյց, ձեռնարկ, քարոզարշաւ, հրապարակումներ, քաղաքական տեղական թէ տարածաշրջանային մակարդակով նախաձեռնութիւններ): Մեր մէջ կան տակաւին անգործութեան (աւելի ճիշդը` ինքզինք անդամալուծած) մատնուած անձեր, որոնք «մեղադրանքներէ», «սխալներ մատնանշելէ», «ղեկավարութիւն դատափետելէ» կամ «անկազմակերպ ժողովուրդի շապիկ հագցնելէ» զատ, ոչ մէկ բան ըրած ունին, եւ թէ` իրենք կը հասկնան եւ իրենց առիթ չի տրուիր «բան մը ընելու»-ն հնչեցնելէ յետոյ, ինքնաուծացման ընթացքը բռնած ու ինքնաթունաւորման երթով կը շարունակեն մահաքունի մէջ մտնել:

Ազգ ենք եւ բնականօրէն բազմագոյն ու բազմատեսակ (տարօրինակութեամբ հարուստ) մօտեցումներ յայտնուած են ու պիտի յայտնուին այլանդակօրէն վտանգաւոր դրսեւորումներով, որոնց դիմաց դարերու մեր ծինային առաւելութիւնները, դառն կամ յաջող փորձառութիւնները, արդի գիտութեան ու գիտելիքներուն թէ արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները ի սպաս պէտք է դնենք եւ պիտի գործածենք, ո՛չ թէ որպէսզի մեր Դատն ու իրաւունքը չմոռցուի` կամ չկորսուին մարդկութեան մէջէն, այլ` նախ որպէսզի մենք չմոռնանք մեր նոր ինքնութեան անբաժանելիօրէն եւ անուրանալիօրէն մաս կազմող Հայոց ցեղասպանութեան բացած խոր վէրքն ու ցաւը, եւ մեր հաւաքական յանձնառութիւնն ու նուիրական պարտականութիւնը, մեր գոյութիւնը ջրդեղող ու մեզ մշտապէս նորոգող, նոր սերունդի վերածող ձայնը մեր սրբադասուած նահատակներուն, մեր գոյութեան, մեր ներկայութեան եւ մեր ստեղծագործութեան ձայնը: Մե՜ր ձայնը. ձայնդ բարձրացո՛ւր եւ պահանջէ՛:

Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ յիշատակի եւ ոգեկոչական տարուան առիթով, իբրեւ Հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդին սպասարկող հոգեւորական, սիրով կը յիշեցնեմ, որ մեր սերունդն ալ պարտի պատրաստ ըլլալ, Աւետարանի բացատրութեամբ, «փեսան» կամ յարմարագոյն ու լաւագոյն առիթը երբ ներկայանայ, «իմաստուն կոյսերուն» իմաստութեամբ լապտերներուն բոցավառման իւղը ունենանք (Մտ 25.113), որպէսզի մտնենք արդարութեան եւ իրաւունքի պալատէն ներս, եւ «փեսան» դիմաւորած ատեն ո՛չ թէ քարերը աղաղակեն (Ղկ 19.40), այլ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ինքնավստահ ու յստակ ձայնը հասնի Ամենակալին, լսելի դառնայ մարդկութեան խիղճին ու պատասխան գտնէ հատուցման ճամբով` հայրենի հողերուն վերադարձով, ազգին վերականգնումով եւ մեր գոյերթը ամրագրող հաւատքի վերանորոգումով:

Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած աւելի քան մէկուկէս միլիոն արդար նահատակներու յիշատակը օրհնուի, եւ դուք անոնց բարեխօսութեամբ օրհնուած մնաք, պահանջատէր ազգակից հաւատակիցներ:

«Գանձասար»-ի ապրիլեան բացառիկ

Նոր Կիրակի
23 Ապրիլ 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>