ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Անգամ մը եւս եռատօն է: Հայոց աշխարհը ընդհանրապէս եւ Արցախը մասնաւորաբար անգամ մը եւս մեծ շուքով կը նշեն Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին ֆաշականութեան ու նացիականութեան դէմ մղուած յաղթական պատերազմին հայ ազգին մասնակցութիւնը, նոյն շունչով ու նոյն վճռականութեամբ 8-9 մայիսին հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն կողմէ Արցախի մշակութային կեդրոն Շուշիի ազատագրումը ազրպէյճանական բռնագրաւումէն եւ ինքնապաշտպանութեան այդ ուժերուն հիման վրայ ստեղծումը Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին, որ հիմնական երաշխիք է Արցախի անկախ հանրապետութեան գոյատեւման` ընդգծուած կերպով թշնամական միջավայրի մը մէջ, ուր հակառակորդ Ազրպէյճան ամէն պատեհ առիթ կ’օգտագործէ յարձակողապաշտ դրսեւորումներ ունենալու հայ ազգին դէմ: Նմանօրինակ ամէնէն վտանգաւոր դրսեւորումը անցեալ տարուան ապրիլին կատարուեցաւ ազրպէյճանական կողմէն, երբ Արցախի դէմ շղթայազերծուեցաւ քառօրեայ պատերազմը, որուն ընթացքին շնորհիւ համահայկական համախմբուածութեան եւ զօրաշարժին Պաքուն չկրցաւ իրականացնել իր նպատակը` արագ գործողութիւններու միջոցով լայն տարածքներ գրաւել Արցախի մէջ:
Ֆաշականութեան եւ նացիականութեան դէմ մղուած պատերազմին աւարտէն 72 տարի ետք զարմանալի չէ երբեք, որ հայ ազգը կառչած կը մնայ համամարդկային այդ մեծ Յաղթանակը նշելու գաղափարին: Տակաւին կան, կ’ապրին վեթերաններ, որոնք մասնակցած են այդ պատերազմին: Հայ ազգի քաջարի զինուորները, անուանի զօրականները, որոնցմէ կարեւոր մաս մը ղարաբաղցի էին, մէկ չնչին մասն էին, փոքրաթիւ ջոկատն էին այն բազմազգի զօրախումբերուն, որոնք կերտեցին մարդկայնականութեան Յաղթանակը մարդատեացութեան գաղափարախօսութիւններուն: Բայց անոնք, հակառակ իրենց սակաւաթիւ ըլլալուն, կերտեցին պատմութիւն, եղան առաջիններէն, որոնք յաղթական մտան Պերլին եւ հոն պարեցին Սասնայ Քոչարին:
Իսկ 25 տարի առաջ, երբ հայոց ինքնապաշտպանութեան ջոկատները իրականացուցին «Հարսանիք լեռներում» զինուորական գործողութիւնը ու յաղթական մտան Շուշի բերդաքաղաք, նոյն մարդկայնական տեսլականով կ’առաջնորդուէին` ընդդէմ ազրպէյճանական այլատեացութեան: Այդ ոգիով էր նաեւ, որ ինչպէս Պերլինի մէջ, նոյնպէս Շուշիի մէջ հայ ազատամարտիկները պարեցին Սասնայ մարտական Քոչարին: Որպէսզի Արցախ աշխարհին մէջ շարունակէ հնչել հայ եկեղեցւոյ զանգը, աշխարհագրական այդ տարածքին մէջ շարունակէ զարգանալ հայկական դպրութիւնը, շարունակեն ծաղկիլ հայ քաղաքակրթական արժէքները:
Դեռ անշուշտ կարելի է երկար գրել 9 մայիսի եռատօնի խորհուրդին մասին: Սակայն ազգային առումով շատ մեծ նշանակութիւն ունի այս տօնը` անկախ իր համամարդկային ընկալումէն: Արդէն համամարդկայինը եւ ազգայինը փոխադարձաբար կը լրացնեն զիրար եւ ոչ թէ հակոտնեայ են իրարու: Շուշիի ազատագրումով աննախընթաց իրադարձութիւն մը արձանագրուեցաւ հայոց պատմութեան մէջ: Մինչ այդ հայոց պատմութիւնը յատկանշուած եղած է երկարատեւ կորուստներու շարքով մը: Շուշիի ազատագրումը եկաւ վերջ դնելու հողային կորուստներու երկար շարքին եւ առաջին անգամ ցոյց տալու, թէ մենք կրնանք երկար ժամանակէ ի վեր բռնագրաւուած հայկական քաղաքներ ազատագրել, վերահայացնել: Վերահայացնելու իմաստով նաեւ, բաւական բարացուցական է 25 տարի շարունակ Արցախի Հանրապետութեան պետական պատկան մարմիններուն ի գործ դրած լուրջ ճիգը` Շուշի քաղաքին վերադարձնելու իր` Արցախի մշակութային կեդրոնը ըլլալու հանգամանքը:
Յաղթանակի եւ փառքի պատմութիւնը երկարատեւ շղթայ մը է, որ երբեք չ’ընդհատիր: Հայ ազգի պարագային այդ պատմութիւնը կը խտանայ մէկ ամսուան մէջ, որ մայիս ամիսն է: Մեզի համար այդ շղթան կը սկսի Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին կերտուած յաղթանակին մէջ հայ ազգի վճռորոշ մասնակցութենէն, կ’անցնի Շուշիի փառապանծ ազատագրումէն եւ հայկական զինեալ ուժերու կազմաւորումէն, բայց վերջ չի գտներ նոյն ամսուան վերջաւորութեան նշուող 1918-ի մայիսեան յաղթանակներով, որովհետեւ այդ յաղթանակները եւ այսօր նշուող եռատօնը մնայուն խթան են` ձգտելու յաւելեալ նուաճումներու, ազգի ողնաշարը շտկելու, ազգովին դէպի առջեւ նայելու եւ աւելի եւս զօրանալու, ամրապնդելու մենք զմեզ: Մէկտեղելով եւ զօրաշարժի ենթարկելով ազգային ներուժը, մենք արժանին մատուցած կ’ըլլանք եռատօնին: