ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն, «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հիմնադրամի միջոցներով 2017-ին լոյս տեսաւ Արա Արծրունիի «Ծուէնները» երեւակայածին վէպը, բաղկացած` 157 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է կնոջ` Ռիթայի: Խմբագիր` Արմէն Իւրնէշլեան:
«Երկու խօսք»-ը գրած է Համբիկ Պիլալեան, որ կ՛ըսէ, թէ «Ծուէնները» ունի իմաստասիրական- մտախոհական կառոյց եւ ձեւով մը արտայայտութիւնն է հեղինակի ներաշխարհէն ներս առկայ ուժեղ բախումներու եւ հոգեկան տառապանքներու: Այլ խօսքով, գրողը ստեղծած է իր իտէալական աշխարհը, սակայն առանց խզուելու իրականութենէն, որով վէպին առանցքը կը շարունակէ մնալ մարդը, դարերու խորերէն եկող ու դէպի ապագայ սլացող իր գիտական նուաճումներով եւ ներաշխարհային վերիվայրումներով:
Կարելի է ըսել, որ այս գործը մարդկային տիեզերաշունչ զրոյց մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ հեղինակի մտքին եւ հոգիին մէջ, թատերաբեմ ունենալով ստեղծուած աշխարհը իր գեղեցկութեամբ եւ ալեկոծումներով, ուր չարութեամբ յագեցած մարդկային ընկերութիւնը կ՛ուզէ իր ուժն ու բռնութիւնը տարածել եւ խաթարել բարութեամբ յատկանշուող մարդու ներաշխարհը:
Պիլալեան կը շարունակէ ըսելով, որ հեղինակի արծարծման թեմաներն են` Աստուած-գերմարդ, կեանք-մահ, գոյութեան կռիւ, հոգեխառնութիւն, ամբարձում, վերամարմնաւորում, հեռազգայնութիւն, ինքնաճանաչում եւ ինքնաորոնում եւ այլն: Ճիշդ է, որ բոլորն ալ հոգեբանական-իմաստասիրական յղացքներ են, այդուհանդերձ գրողը շնորհիւ իր վճիտ լեզուին, գեղագիտական շունչին եւ մշակուած մտքին, յաջողած է վիպային կառուցուածքով, պարզ եւ հաղորդական ոճով ներկայացնել վէպին նիւթը:
Վիպակին տիպարները, Ապէլ եւ Լալա, ըլլալով սովորական մարդիկ (հողեղէն), կը յատկանշուին իրենց հոգեղէնութեամբ, այսինքն` երկակի կեանք մը ունենալու անմիջականութեամբ: Եւ սա հեղինակին այն մտայղացումն է, որ կ՛ուզէ զօդել սովորն ու անսովորը, ինչպէս նաեւ լոյսին բերել ոգեղէն եւ այլ տիեզերական ճշմարտութիւններ եւ արժէքներ:
Այսպիսով, անոր էջերէն կը տողանցեն նաեւ գաղափարական, կրօնական, բարոյագիտական թեմաներ, որոնց մասին հեղինակը կու տայ իր իւրովի վերլուծումները:
Պիլալեան կը շեշտէ, ըսելով, որ Արա Արծրունի, ինչպէս միշտ, իր եզակի գրականութեամբ` ինքնաորոնումի ճանապարհին, երկխօսութեան ելած է Արարիչին, Անծանօթին եւ Գերմարդուն, անոնց կը փոխանցէ իր հողեղէն պատկերացումները եւ կ՛ուզէ լսել հոգեղէն պատասխաններ:
Վիպակին մէջ շնորհալին այն է նաեւ, որ գրողը վերոնշեալ «ծանր» նիւթերուն ագուցած է մարդ արարածի սիրոյ ու սեռային ակնկալութիւնները, հարուստի ու աղքատի մօտեցումները, մարդու եւ տիեզերքի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը:
* * *
Հեղինակը վէպը կը սկսի հետեւեալ պատկերով.
Ապել կը քալէր գետեզերքի ամայի եւ հողոտ ճամբէն` փոխան իր իրերուն շալկած իր կիթառն ու անցեալը:
Քիչ մը կորաքամակ, խարտեաշ, քսանվեց տարեկան նրբակազմ երիտասարդ մըն էր Ապել, որ արդէն իսկ ապրած էր փոթորկալից եւ բազմաթիւ հակասական հանգրուաններով կեանք մը: Կը կարծէր, թէ այլեւս ամբողջութեամբ ճանչցած էր կեանքը` իր լաւ ու գէշ երեսներով:
Պերճանքներու մէջ լողացող մանկութիւն մը ապրած էր (կը ներէք, չեմ յիշեր, թէ ինչպէս կը կոչուէր այն քաղաքը, ուր կ՛ապրէր Ապել): Սակայն, պատանեկութեան սեմին յեղաշրջուած էր իր կեանքը` հօր սնանկութեան եւ մահուան, ինչպէս նաեւ շրջապատի վաշխառութիւններուն եւ մօրը անծանօթի մը հետ փախուստին պատճառով: Մնացած էր առանձին մայթի մը վրայ, ուր գտնելով իր նման լքուածներ` մաս կազմած էր հակասութիւններով լի նոր աշխարհի մը: Շատ բան սորված էր լքուած մարդոց աշխարհի դասերէն: Ապրած էր պատանեկան կեանք մը, ուր բարի եւ ազնիւ իր հոգին ստիպուած էր ընդունիլ առօրեայի ստիպողութիւններ եղող բռնութիւնը, սո՛ւտը, կեղծի՛քը, ապօրինութի՛ւնը:
Արծրունի կը շարունակէ ըսելով.
Ապել որոշեց վարագոյրներ չգործածել` ընդմիշտ հաղորդուելու համար պատուհանէն դուրս ապրող բնութեան հարստութիւններով: Իր համեստ ամսականին միջոցով գնեց մետաղեայ նոր սեղան եւ աթոռներ: Այլեւս սենեակը մեռել չէր հոտեր, այլ իր բոյրը կը ստանար ծառերու եւ ծաղիկներու զգլխիչ բոյրերէն:
Ծաղիկներ ցանեց իր սենեակին շուրջը: Թաղարներ շարեց սենեակի տանիքի եզրին: Մագլցող բոյսեր ցանեց սենեակի պատերուն եւ ցանկապատի տակ: Անկիւն մը նետուած մարմարներով` նստարան մը եւ սեղան մը շինեց իր սենեակի դրան առջեւ, ուր առաւօտները թռչունները, թիթեռները եւ բզեզները կ՛այցելէին իրեն: Նոր ծաղիկներու բոյրէն գինովցած, մի քանի մեղուներ այցելեցին գերեզմանատուն ու վերադարձան` սպասելով նոր ծաղիկներու յղութեանը:
Կէսօրէ ետք, ժամը չորսէն սկսեալ, Ապել կը զբաղէր գրասենեակային գործերով. կը դասաւորէր տոմարային գործերն ու թղթածրարները: Ապա, ժամը ճիշդ հինգին կը փակէր գերեզմանատան երկաթէ մայր դուռը եւ իրեն համար կը սկսէր օրուայ արձակուրդը:
Գերեզմանատան ամայութիւնն ու թռչուններու արեւամուտի ճլվլոցը հաճելի էին Ապելի համար: Ան կը շրջէր գերեզմանատան արահետներէն. յաճախ կ՛ընդմիջէր իր պտոյտը` պոկելու համար անպէտք կամ վտանգաւոր բոյս մը: Կը ջրէր դամբարաններու ծաղիկները, կը մաքրէր մարմարներն ու դեղնած նկարներուն ապակիները: Ապել խտրութիւն չէր դներ գերեզմաններու միջեւ. կը մաքրէր նաեւ մարմարեայ լքուած դամբարանները, աղքատներու հողակոյտերը, անտէր գերեզմանները, անանուն տախտակներն ու ցիցերը…, եւ յաճախ կը մտածէր, թէ արդեօք ովքե՞ր թաղուած էին հոն, որոնք կրնային ըլլալ բարի, ազնիւ, արժէքաւոր եւ անուանի մարդիկ…:
Դամբարաններու կարգ մը նկարներու հանդէպ ունէր հակակրանք: Սակայն, կը ջանար իր մէջէն ջնջել այդ մտածումն ու զգացումը:
* * *
Քիչ անդին Արծրունի կ՛ըսէ.
Մի քանի տարի առաջ, երբ ինք իր կեանքի ասպարէզ ընտրած էր բանաստեղծութիւնը, նկարչութիւնն ու երաժշտութիւնը` այդ գեղեցկութիւններու շարքին նաեւ յաճախ մտածած էր մարդու գոյութեան եւ անոր ապրած կեանքի իմաստին եւ իմաստաւորմանը մասին: Այս պարզ հարցումը աստիճանաբար նախ վերածուած էր տագնապի եւ ապա` պրպտումի. արդեօք մարդ արարածը կրնա՞յ զօրացնել իր հինգ զգայարանքները` տեսողութիւնը, լսողութիւնը, հոտառութիւնը, համառութիւնը եւ դպում-հպում-շօշափումը: Արդեօք այս հինգ զգայարանքներէն զատ մարդը չունի՞ գերհոգեկան ընկալումներ. օրինակ, շատ հաւանաբար` նախազգացումը, ի մասնաւորի մօ՛ր նախազգացումները` իր արգանդէն դուրս ելած զաւկին հանդէպ. ինչպէս նաեւ, մարդոց հաւասարակշռութեան գերզգայնութիւնը, մկաններու եւ յօդերու գերզգայնութիւնը, ժամանակի գաղափարի գերզգայնութիւնը, եւ նաեւ ցաւը, ըմբռնումը եւ ուրիշներ:
Կրնանք արդեօք հեռուէն զգալ մեզի մօտեցող ուրախութիւնը կամ վտանգը. կրնա՞նք բարձրացնել մեր ուղեղի կարողութիւնները. մեր գիտակցական ուժին շնորհիւ արդեօք կրնա՞նք աւելի կատարեա՛լ հակակշռել եւ իշխել մեր բազմաթիւ զգայարանքներուն վրայ:
Եւ երեւակայել, թէ այս հինգ ծանօթ զգայարանքները, եւ միւս յաւելեալ գերհոգեկան ընկալումները` իւրաքանչիւրը իր կարգին` բաժնուած են բազմաթիւ ենթաբաժանումներու:
Ապել թուղթերու վրայ գծած եւ գրած էր իր զգայարանքներու եւ կարելիութիւններու շարաւիղներն ու շրջագիծերը, որոնք կ՛ագուցուէին կամ կը դպչէին իրարու: Անոնք կը սկսէին մատի փոքր դպում-հպումէն ու կը հասնէին հեռաւոր հորիզոններու: Ամէն ինչ ունէր իր ուժը, որ ատակ էր զարգանալու, բիւրեղանալու, զօրանալու եւ դառնալու գերուժ:
Ապել համոզուած էր, թէ ինք ինքնակեդրոնացումով կրնար մշակել զանոնք: Համոզուած էր, թէ այդ ուժը` իր բնոյթով` մարդկային ԿԱՄՔն էր, մարդու ունեցուածքի եւ ներուժի բարձրագոյն տարրը, որ կրնար անհատը հասցնել իմաստաւորութեան զէնիթին:
Շարունակելով` Արծրունի կը գրէ.
Ամէն գիշեր, երբ թռչուններն ու ճպուռները կը լռէին, եւ ամբողջական լռութիւնը յուզումի մը նման կ՛իջնէր գերեզմանատան վրայ, Ապել` ծուէնի մը վերածուած` իր համեստ սենեակին մէջ կ՛ընդունէր Լալա ծուէնը: Անոնք կը խօսէին օրուայ անցուդարձերուն եւ յաջորդ օրուայ հաւանական դէպքերուն մասին: Գլխաւորաբար կը վերլուծէին մարդոց դրական եւ ժխտական խառնուածքային գիծերը: Ապա, դուրս ելլելով ապակեայ պատուհանէն` կը սաւառնէին բարձրերէն…:
Քաղաքի լոյսերը կը պլպլային:
Սակայն, Լալա եւ Ապել կը նախընտրէին անջատուիլ վարի աշխարհէն, եւ մղում տալ երազին, որպէսզի ան իրենց հասցնէր ուրիշ աշխարհներ…:
* * *
Այնուհետեւ Արծրունի կ՛ըսէ.
Անոնք Ազատութեան անունով ելան ճամբայ` իրագործելու համար բարելաւումը:
Դարեր ու դարեր առաջ, լճակները շրջապատող հողերուն վրայ կ՛ապրէին բնիկները: Անոնք հողագործ, զուարթ եւ խոնարհ մարդիկ էին, որոնք առաւօտեան լռութեան մէջ կը սիրէին բարձրանալ իրենց միայարկ համեստ տնակներուն տանիքը, եւ հոնկէ դիտել լճակները շրջապատող անծայրածիր հորիզոնը:
Լճակներուն ափին կային բարի ուռիներ, որոնք իրենց ճիւղերը զուլալ ջուրերուն մէջ մխրճած` սիրալիր կը զրուցէին հանդարտ լճակներուն հետ: Անոնց շուրջ կային քիչ թիւով բարտիներ:
Օրուայ տքնաջան աշխատանքէն ետք, բնիկները ամէն գիշեր կը հաւաքուէին լճակներու ափին եւ իրենց վառած խարոյկներուն շուրջ համախմբուած կ՛երգէին եւ պար կը բռնէին: Ապա, մարող խարոյկի կայծերուն դիմաց, անոնք կ՛աղօթէին իրենց աստծուն, եւ հանդարտ խղճով եւ հանգիստ սրտով կը վերադառնային տուն, կը մարէին ճրագի վտիտ լոյսը եւ կը քնանային:
Անոնք աւանդապահ էին:
Այսպէս հանդարտ էր անոնց կեանքը…:
Արծրունի վէպը եզրափակելով կ՛ըսէ.
Լերան գագաթին մօտ, Լալա եւ Ապել տեսան ծերացած ծուէններ, որոնք շշնջալով տակաւին կը խօսէին. տեսան փոքրացած ծուէններ, որոնք զրկուած էին արտայայտուելու կարողութենէն. եւ տեսան ծուէններ` որոնք մանրացած կը հանգչէին ժայռի խոռոչներուն մէջ եւ կը սպասէին մահուան ժամկէտին:
Լալա եւ Ապել երջանիկ էին.
Եւ գործն անոնց`
Անմա՛հ…: