Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ողջո՜յն Արցախի Հերոս Ժողովուրդին

$
0
0

Ողջո՜յն Արցախի մեր հերոս ժողովուրդին:

Ողջո՜յն Արցախի անկախութիւնը կերտած մեր քաջ բանակին:

8 մայիս 1992 թուականը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի մնայ խորհրդանիշ Արցախի ժողովուրդի խոր հաւատքին, ամուր վճռակամութեան ու արեան գնով իր ազգային իրաւունքը պաշտպանելու գիտակից յանձնառութեան:

8 մայիս 1992 թուականը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ արձանագրուած պիտի մնայ իբրեւ նոր Սարդարապատ` Շուշիի ազատագրութեամբ եւ մեր հերոս տղոց խիզախութեամբ նուաճուած:

Անցան 25 տարիներ, սակայն Արցախի անկախութեան վերահաստատման մէջ ճակատագրական դեր ունեցած Շուշիի ազատագրումը իր յաւերժախօս պատգամով միշտ պիտի մնայ կենդանի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Այսօր, 25 տարիներ յետոյ, սոսկ անցեալի դէպք մը չէ, որ կը նշենք, այլ Շուշիի ազատագրութենէն եկող պատգամին  մեր հաւատարմութիւնն է, որ կը վերահաստատենք յայտարարելով`

թէ Արցախի ժողովուրդը պիտի մնայ ամրօրէն կառչած հաւատքով ու կամքով վերատիրացած իր ինքնորոշման իրաւունքին,

թէ Արցախի արի բանակը պիտի մնայ իր արիւնով ազատագրած իր հայրենի հողին արթուն պահապանն ու հզօր պաշտպանը:

Այսօր արդար ցնծութեան ու հպարտութեան օր է: Այսօր ծով զոհողութեամբ կերտուած յաղթանակի օր է: Պատերազմի դաշտին վրայ նուաճուած յաղթանակը կոչուած ենք ամրացնելու, ծաւալելու ու հարստացնելու` Արցախի հողին մեր ամուր կապուածութեամբ, Արցախի անկախութենէն ո՛չ մէկ զիջում կատարելու մեր յանձնառութեամբ, Արցախի բանակը աւելի հզօրացնելու մեր զօրակցութեամբ, Արցախի տնտեսութիւնը հարստացնելու մեր մասնակցութեամբ:

Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ իրաւունքը չի տրուիր, այլ` կ՛առնուի. եւ բռնաբարուած իրաւունքը, ի պահանջել հարկին, արեան վկայութեամբ կ՛առնուի: Այս կը վկայէ Արցախի ազատագրումը:

Արցախը պարիսպն է Հայաստանի պաշտպանութեան:

Արցախը ամուր երաշխիքն է հայրենի հողին վրայ հայ ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին:

Արցախը իր հերոսներու արիւնով ներկուած յոյսի ճանապարհ է` հայ ժողովուրդը դէպի ամբողջական Հայաստան առաջնորդող:

«Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմ. 8. 31): Արդ, միա՛սնաբար, իբրեւ մէ՛կ ազգ, հզօրացնենք, շէնցնենք, ծաղկեցնենք ու պաշտպանենք Արցախը:

Փա՜ռք Արցախի ու յատկապէս Շուշիի ազատագրութեան ճանապարհին վրայ իրենց արիւնը թափած մեր հերոսներուն:

Յարգա՜նք Արցախի ղեկավարութիւնը վարած ու վարող մեր իմաստուն ղեկավարներուն:

Պատի՜ւ Արցախի մեր քաջ ժողովուրդին:

Եւ բի՜ւր օրհնութիւն հայրապետական` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքէն:

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

8 մայիս 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>