ԺԻՐԱՅՐ ՌԷՅԻՍԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի համահայկական հիմնախօսքը եղաւ` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»: Բնական է` յիշելը էական է: Առանց յիշողութեան` մարդը պոկուած կ՛ըլլայ իր արմատներէն եւ դադրած` բնական էակ ըլլալէ:
Աւելի քան մէկ դար յիշեցինք ու յիշատակեցինք, կը շարունակենք ու պիտի շարունակենք յիշել, աղօթք բարձրացուցինք, բողոքեցինք ու դատապարտեցինք, անհամար ու անթիւ էջեր բազմալեզու հրատարակութեան յանձնեցինք ու դափնեպսակը` Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական երկու աթոռներու համատեղ հռչակումով, դարադարձի լրումին, 100-ամեակի աւարտին 1,5 միլիոն անմեռ եւ անմոռանալի մեր նահատակները մաս կազմեցին Հայ եկեղեցւոյ սուրբերու դասին. սրբադասուեցան:
Միջոցառումներ, որոնք անկախ քարոզչականէն, իրենց հիմնական դերը ունեցան մեր պատմութեան այս էջի յուշ կրակը, ջահը պահելու անմար ու սերունդէ սերունդ ջահափոխանցումը կատարելու անխախտ յանձնառութեամբ:
Այդ անշէջ բոցը մեր մտքերուն ու սրտերուն մէջ միշտ ջերմ պահուեցաւ, սրտազարկերուն հետ նոյնացան անջնջելի խոցը անիրաւութեան եւ ցասումն ու պոռթկումը, ընդդէմ անարդարութեան, երբեմն նոյնիսկ` ազգային բարդոյթի վիճակին աստիճանաբար բարձրացած:
Սակայն, ինչպէս միշտ, պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, յարութեան շունչով եւ հաւատքով, մեր ժողովուրդը կրկին կարողացաւ անտեղիտալիօրէն յաղթահարել իր գոյութեան սպառնացող ամենադժնդակ եւ ծանրագոյն այս հանգրուանը ու ջահը ձեռքին իր գոյերթը շարունակեց` միշտ յիշելով եւ յիշեցնելով գազանաբարոյ ոճիրը անպատմելի ու աննկարագրելի դժոխային բռնութիւններն ու չարչարանքներու ահաւոր պատկերները: Յիշեց եւ յիշեցուց իր բիւրաւոր նահատակները, խլուած պատմական եւ պապենական հողը, անթուարկելի մշակութային ու պատմական կոթողներն ու եկեղեցիները, իւրացուած ինչքերն ու անհաշիւ ստացուածքները, որ թրքական աղբիւրներու իսկ խոստովանութեամբ, հիմքը կազմեցին այժմու Թուրքիոյ տնտեսութեան ու դրամագլուխին:
Յիշել եւ յիշեցնելու ջահերթի իր ճամբուն վրայ հայութիւնը ճիգ չխնայեց նաեւ տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու պատկանող ցաւակից նոր բարեկամներ իր կողքին ունենալու, ոչ` գութի ու կարեկցութեան խնդրանքով շահուած, այլ` իրենց արխիւային վաւերագիրներով եւ փաստագիրներով, ճշմարտութեան եւ արդարատեսութեան որոնումով ձայն բարձրացուցած բարեկամներ` միասնաբար առաւել լոյս սփռելու, լուսաւորելու Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ անտեսումի խաւարը, ճեղքելու լռութեան վարագոյրը, թափանցելու նոյնինքն թուրք ժողովուրդի շերտերէն ներս ու այն մտաւորականներուն, որոնց համարձակ ելոյթներուն, կոչերուն ու հրատարակութիւններուն կը հանդիպինք յաճախ, մասնաւորաբար` վերջին երկու տասնամեակներուն:
Քաղաքական գործի յաջողութիւններ, որոնք տարուէ տարի նոր թափ ու սլացք ստացան, ի մասնաւորի` Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, որ ինքնին կարելի է յայտարարել անկիւնադարձային, երբ աղէտի ցաւը ողբացող, սակայն ազգապաշտ եւ հայրենապաշտ սերունդներէն ծնան իրապաշտ սերունդներ, որոնք արդարութեան եւ իրաւունքի իրենց տենչը տարազեցին ազգային ինքնութեան գործօններով եւ համարձակօրէն ձայն բարձրացուցին` կոչ ուղղելով համայն աշխարհին եւ ըսելով` «Բացէք ձեր աչքերը` տեսնելու ու ճանչնալու անպատասխան մնացած ոճրարարքը ազգի մը դէմ, մարդկային հաւաքականութեան մը դէմ, բայց ի վերջոյ մարդկութեան դէմ` մարդանման հրէշներու մտայղացումով ու ձեռքով գործուած: Կոտորածներու աներեւակայելի ոճրաշարեր, որ մէկ բառի մէջ խտացուած` ծանօթ է այսօր բոլորիս Genocide-ցեղասպանութիւն անունով»:
Ճիշդ է, որ այս բառի հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքին բառը յղացած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, սակայն, ըստ Լեմքինի մօտիկներու, այս անուանումի ծնունդը եղած է թուրքերու կողմէ հայոց դէմ կատարուած ջարդերու որակում: Կ՛արժէ յիշել նաեւ, որ 1948-ին ՄԱԿ-ի կողմէ միջազգային համաձայնագիրով վաւերացուած այս բառի սահմանումի տուեալներով երբ կ՛ըսենք Հայոց ցեղասպանութիւն, հոն բնականօրէն կը ներառուին ոչ միայն 1890-ական, 1909-ի Ատանայի եւ 1915-ի Մեծ եղեռնի ոճրարարքները, այլեւ` 1920 սեպտեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն Հայաստանի դէմ քեմալական Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած բռնարարքները: 1918-1920 թուականներուն Պաքուի թէ Շուշիի մէջ մուսաւաթականներու կողմէ հայ բնակչութեան դէմ կազմակերպուած ջարդերը, ու այս բոլորին շարունակութիւն` 1988 փետրուարին Սումկայիթի, 1989-ին Կիրովապատի եւ 1990-ին Պաքուի ոճիրները, միշտ նոյն թուրքին, նոյն ջարդարարին հայաջինջ մտքին ու քաղաքականութեան ծնունդ: Այս բոլորը մեր մտապատկերներէն չեն ջնջուած ու կը յիշենք եւ պիտի յիշեցնենք համայն մարդկութեան:
Հիմնախօսքի երկրորդ բաժինն է` կը պահանջեմ: Ի՞նչ է պահանջը, այս բոլորին ճանաչո՞ւմը… Թէեւ միջազգային ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի, երկրի, ճանաչման յայտարարագիրը գոհունակութեամբ կ՛ողողէ ամէն հայու սիրտն ու հոգին, կը հարստացնէ ոճիրի դատապարտման քաղաքական երեսի կարեւոր մէկ բաժինը, որ ի հարկին, կրնայ նաեւ ծառայել որպէս ճնշամիջոց, ի վերջոյ օր մը Թուրքիոյ կողմէ եւս ճանաչման, սակայն պահանջը այսօր թեւակոխած է արդարութեան վերականգնումի փուլ: Խոստովանութիւնը պայմանաւորուած է հատուցման պահանջով:
Պարզ է, որ պետութեան մը, իշխանութեան մը համար դիւրին չէ նման քայլ, որ կը պահանջէ գերքաջութիւն եւ յանդգնութիւն` երես առ երես գալու իր արիւնահոտ եւ դեռ արիւնածոր պատմութեան հետ, ընդունիլ իր մինչեւ օրս հերոսացուցած նախնիները` որպէս ոճրագործ, բացատրութիւն տալ իր հանրային կարծիքին տարիներու վրայ երկարող պետականօրէն իր իսկ պատմութեան խեղաթիւրման եւ այդ ճամբով հրահանգուած դաստիարակութեան համար, որքան ալ յուսադրիչ նշոյլներ համարուին, կարգ մը արդարատես եւ իրապաշտ ճանչցուած թուրք մտաւորականներու, ճանաչողական եւ դատապարտման մօտեցումները: Սակայն ազնիւ նկարագիրն է, որ համարձակ քայլ կ՛առնէ սխալը ընդունելու եւ միջոցներ կ՛որոնէ զայն դարմանելու:
Փաստօրէն այսօր ոչինչ փոխուած է թուրք պետական եւ պաշտօնական կեցուածքներէն եւ դիրքորոշումներէն: Թուրքիան կը մնայ Ցեղասպանութեան նկատմամբ նոյն ժխտողական, անփոփոխ կեցուածքին վրայ: Ղարաբաղեան հարցին գծով բացայայտօրէն կ՛աջակցի Ազրպէյճանին, Հայաստանի շրջափակումն ու դեռ` թշնամական ու քաղաքական խաղերու անհատնում շարքը, որոնց մասին կարելի է երկար խօսիլ:
Այնքան ատեն որ ոչինչ կայ փոխուած թրքական կեցուածքներուն մէջ, սփիւռքէն հայրենիք` ողջ հայութեան համար մեր ազգային պահանջատիրական ու հատուցման հետապնդման գործը կը մնայ առաջնային: Եւ յատկապէս ան կը հանդիսանայ այն մեծագոյն հովանին, որուն ներքեւ կը մէկտեղուին համայն հայութեան իմացական, հոգեկան, քաղաքական, բարոյական եւ ընկերային ամէն տեսակի տագնապներն ու տենչերը:
Համահայկական պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն է զօրաշարժի ենթարկել մեր ազգային բոլոր հնարաւորութիւնները, սփիւռք եւ հայրենիք` իր պետականութեամբ եւ ժողովուրդով, որոնց գէթ ազգային հիմնախնդիրներուն շուրջ սերտ եւ համադրուած գործակցութիւնը, ինչպէս պահանջատիրական գործէն ներս, հիմնական պահանջն է ու յաջողութեան համար կենսական: Հայաստան մնայուն հետեւողականութեամբ եւ անզիջող հետապնդումով զայն իր պետական
քաղաքականութեան եւ աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ առած է` կողքին ունենալով սփիւռքը իր բազմերկիր, համասփիւռ լայն կարողականութեամբ:
Պէտք է յստակ ըլլայ բոլորիս համար, որ արդարութեան եւ իրաւունքներու վերականգման հարցը ժառանգաբար մեզի փոխանցուած դատի մը իրողութենէն շատ անդին է:
Մեր մեծ հայրերու այն դատը չէ, որ իբրեւ պարտականութիւն` մեր պարտքն է հետապնդել, այլ մեր մեծ հայրերէն սկսած իրերայաջորդ բոլոր սերունդներու դատն է, դատը մեզմէ իւրաքանչիւրի ամէնօրեայ շարունակուող վնասին եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման:
Տարիներէ ի վեր յայտարարած ենք, որ անպատիժ մնացող ոճիրը բաց դուռ է նոր ողբերգութիւններու, եւ ահաւասիկ այսօր սուրիական տագնապին մէջ, առաւել քան դար մը առաջ օսմանականութեան համաթուրանական դառն բաժակը ըմպած ժողովուրդի մը զաւակները ըլլալով, սուրիացի, արաբ մեր հայրենակիցներուն հետ, ցաւակից ու ճակատագրակից, ականատես ենք նորօսմանականութեան, բայց նոյն թուրքին մահացու խայթոցին ու լպիրշ քաղաքականութեան: Սակայն եւ արդէն ազգովին համատեղուած, որպէս կողքկողքի կեցած համայնքներ, քաղաքական կազմակերպութիւններ թէ միութիւններ, տէր կանգնած ենք մեր ժողովուրդի տոկացող զաւակներուն, թէկուզ օժանդակութիւններու սահմանափակ եւ համեստ կարելիութիւններով, բայց` մեր միջոցներու առաւելագոյնով:
Մնայուն տէր ենք մեր կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն, ի պատիւ գիշեր թէ ցերեկ հսկող, աչք թէ բազուկ` մեր կամաւոր եւ նուիրեալ անձնազոհ տղոց:
Եւ բոլորով, անվերապահ, ունեցանք միասնական մօտեցում ու կեցուածք սուրիական հայրենիքի պաշտպանութեան, երկրին եւ ժողովուրդին ամբողջականութեան` ընդդէմ նորօսմանականութեան նորօրեայ, սակայն հին ախորժակներուն եւ էրտողանեան ոտնձգութիւններուն, ուղղակի թէ անուղղակի ահաբեկչութեան հովանաւորութեամբ կատարուած երկրի տնտեսութեան թալանումին եւ քանդումին:
Արդեօք պատահականութի՞ւն, թէ՞ զուգադիպութիւն պէտք է համարել դար մը առաջ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին տեղահանութեան, գաղթականներու կարաւաններու, բռնաբարումի, եաթաղանի եւ սուրի ոճի նոյնութիւնը 100 տարի ետք Սուրիոյ հողերուն վրայ, նորօսմանականութեան նմանազգեստ եւ նմանադէմ հետեւորդներու եւ հովանաւորեալներու նոյնատեսակ ոճի եւ ոճիրներու գործադրութիւնը… նոյնիսկ` 1915-2015 թուականներու նմանութիւնը…
Այսօր, բոլորս ալ կը գտնուինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նոյն խրամին մէջ, քաջարի ժողովուրդ, կորովի բանակ, խոհեմ եւ իմաստուն ղեկավարութիւնը ու բոլորս միակամ եւ միահունչ կ՛ընթանանք հաստատակամ` մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:
Յարգանք եւ Սուրիոյ նահատակներուն, որոնց մէջ որպէս սուրիացիներ` Սուրիոյ ժողովուրդի հաւասար մէկ մասնիկը, ունեցանք նաեւ նահատակներ ու զոհեր, վիրաւորներ ու առեւանգեալներ, ունեցանք նիւթական ծանր վնասներ, սակայն սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին նման մենք եւս կանք ու կը մնանք ու միասնական ճիգերով պիտի վերականգնենք ու վերածաղկեցնենք կեանքը սուրիական օրհնեալ հողին վրայ:
Ապրիլ 24ը մեզի համար դադրած է արդէն սգատօն ըլլալէ, այլ տօն է գոյութեան յաղթանակին` ընդդէմ օսմանաթրքական մահասփիւռ մանգաղին: Նաեւ օր` պահանջատիրութեան մշտանորոգ ուխտի:
Հառակակ Սուրիոյ տագնապի դժուարին պայմաններուն, չենք դադրած երբեք մեր Դատի հետապնդման գործընթացը շարունակելէ, ոչ թէ խանդավառող բառերու եւ նախադասութիւններու շրջօղակի մը մէջ, այլ, թէկուզ քարոզչական մեքենայէն իսկ հեռու, սակայն պետական պատասխանատու ամենաբարձր շրջանակներուն մօտ` յառաջ տանելու ճանաչման եւ արդարութեան վերականգնումի պետական հաստատումը, որ Սուրիոյ պարագային կը մնայ միայն պետական հաստատում, որովհետեւ Սուրիան որպէս երկիր, հող եւ ժողովուրդ` պատմութեամբ իսկ հաստատած է որպէս առաջին վկաներէն մէկը, հայոց դէմ գործուած տեղահանութեան, բռնագաղթին եւ Ցեղասպանութեան:
Համահայկական համագործակցութեան կարիքներու եւ պարտաւորութիւններու ծիրէն ներս կարելի չէ չյիշել եւ չյիշեցնել կարեւորութիւնը հայրենակերտումին եւ հայրենիքի հզօրացման: Արցախի եւ արցախահայութեան ապահովութեան եւ բարգաւաճման, ջաւախահայութեան կողքին ըլլալու ազգային պարտականութեան, առանց մոռնալու համշէնահայութիւնն ու Թուրքիոյ սահմաններէն ներս տակաւին ապրող յայտնի եւ անյայտ հայարմատ մեր ազգակիցները ու անոնց կարեւոր տեղը Հայ դատի եւ պահանջատիրական գործի յառաջիկայ մեր աշխատանքներէն ներս:
Հետեւաբար զարգացնենք մեր գործակցութիւնը, աշխատինք կողքկողքի եւ իւրաքանչիւր հայ բաժինով մը թող դառնայ դերակատար եւ մասնակից` այս գործին, ամէն մէկս իր մտածումներուն եւ մտայղացումներուն մէջ յատուկ տեղ եւ ժամանակ յատկացնելով մեր ազգային գերխնդիրին, մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցման նուիրական ու անյետաձգելի գործին, դուրս գալով կղզիացած գործելակերպի ժամանակավրէպ աշխատելաոճէն: Հարկ է բացուիլ աշխարհին ու ամէն մէկս տեսնէ ինքզինք որպէս մէկ մասնիկը անոր, իր Դատն ու պահանջատիրութիւնը եւս դարձնելով մէկ մասնիկը անոր:
Պէտք չէ դիտել այլեւս պատմութեան դժբախտ պատահարով մեզի պարտադրուած սփիւռքացման իրավիճակը իր բացասական անկիւնէն, այլ պէտք է զայն ընդունիլ որպէս առաւելութիւն, իր տեսակին մէջ եզակի եւ հայայատուկ: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնենք գաղութներու տեղական կեանքին մէջ հայազգի դերակատար դէմքերու հեղինակաւորման կարեւորութիւնը: Եւ ի վերջոյ իրարմով զօրացած, հայրենիքով զօրացած եւ հզօրացած, բայց եւ հայրենիքն ու ազգը զօրացնող եւ հզօրացնող մեր իրաւունքներուն տիրացած, մեր երազներու իրականացման համար պայքարող անընկճելի ուժ դառնանք: