Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հրաւէրով Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Հատիյէ Ապպասի գլխաւորած Սուրիոյ խորհրդարանի պատուիրակութիւնը 10-15 ապրիլին այցելեց Մոսկուա:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ` դոկտ. Խալետ Ապուտ, դոկտ. Ամմար Ասատ, Ուսամա Մուսթաֆա, դոկտ. Ռիատ Թաուզ, դոկտ. Ռիֆաաթ Հասան, Հուսամ Քաթըրժի, Ապտուլ Մաժիտ Քաուաքիպի եւ դոկտ. Նորա Արիսեան:
Այցելութեան նպատակներէն էր Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ խորհրդարանական յարաբերութիւններու ամրապնդումը, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին ելոյթը Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նիստին եւ այլ հարցեր:
Վալենթինա Մաթվիենքոյի նախագահութեամբ` սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդին հետ:
Քննարկումին առանցքը կազմեցին Սուրիա-Ռուսիա խորհրդարանական համագործակցութիւնը, Սուրիոյ պատերազմը եւ յատկապէս վերջին շրջանին Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու կատարած յարձակումը եւ այլ հարցեր:
Մաթվիենքոն նշեց, որ Ռուսիա կողմ է միջազգային օրէնքին եւ կը դատապարտէ արտաքին միջամտութիւնները` հաստատելով, որ Սուրիոյ մէջ ռազմական լուծումը բացառուած է, եւ հարկաւոր է երկխօսութեան միջոցով քաղաքական լուծում գտնել:
Սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց Քրեմլինի դարպասին մօտ գտնուող անյայտ զինուորի շիրիմին` յարգելու համար նահատակուած ռուս զինուորներուն յիշատակը:
Պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նիստին, ուր Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Հատիյէ Ապպաս ելոյթ ունեցաւ եւ անդրադարձաւ ամերիկեան յարձակումին, որ կը փաստէ անոր` իսկական համագործակցութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին նախագահութեամբ Ռուսիոյ բարեկամ իշխանութեան, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդին եւ ռուս ժողովուրդին` ահաբեկչութեան դէմ ցուցաբերած օժանդակութեան եւ աջակցութեան համար:
Գումարուած նիստին, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդը միաձայնութեամբ բանաձեւ մը ընդունեց, ուր կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու յարձակումը Սուրիոյ վրայ, կոչ ուղղելով աշխարհի խորհրդարաններուն զայն խստիւ դատապարտելու:
Այնուհետեւ, սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ռուսական պետական Տումայի նախագահ Վյաչիսլաւ Վոլոտինի եւ անոր պատուիրակութեան հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութեան ուղիները: Ապպաս ըսաւ. «Երախտապարտ ենք Ռուսիոյ` Սուրիոյ ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելուն համար, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարին մէջ»:
Մոսկուայի մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր կառոյցներու հետ, ինչպէս` «Ռուսիոյ կանանց միութեան» նախագահ Իքաթրինա Լախովայի, որ Ռուսիոյ մէջ կնոջական շարժումի մասին ամփոփ ակնարկ ներկայացուց, անդրադառնալով միութեան աշխատանքներու:
Ապպաս բացատրութիւն տուաւ Սուրիոյ մէջ կնոջ իրավիճակի մասին, մանաւանդ ահաբեկիչներուն հակակշռին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, կոչ ուղղեց ուժերը ահաբեկչութեան դէմ համատեղելու:
Միւս կողմէ, սուրիական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքարանի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու առաջնորդ Վոլոկոլամսկի Հիլարիոնի հետ: Հանդիպման առանցքը կազմեց եկեղեցիներու դերակատարութիւնը ժողովուրդներու խաղաղութեան ու բարօր կեանքի հաստատման գործընթացին մէջ:
Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Հատիյէ Ապպաս շնորհակալութիւն յայտնեց` ռուս եկեղեցւոյ կրօնաւորներուն միջոցով, համայն Ռուսիոյ ժողովուրդին:
Դոկտ. Ապպաս, սրբազան Հիլարիոնին ներկայացուց Սուրիոյ պատուիրակութեան մաս կազմող դամասկոսահայ առաքելական համայնքի զաւակ, Սուրիոյ Խորհրդարանի առաջին հայուհի, երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը, որ իր կարգին հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձ կատարեց դամասկոսահայ համայնքին յատկապէս, եւ սուրիահայ համայնքի ընդհանրապէս, խօսելով անոնց ապրած իրավիճակին ու մանաւանդ վերջին տարիներուն Սուրիոյ պատերազմին պատճառով անոնց դիմագրաւած զանազան տեսակի մարտահրաւէրներուն մասին:
Սրբազան հայրը իր աղօթքները, օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեց դոկտ. Նորա Արիսեանին, անոր կատարած աշխատանքներուն համար:
Առ այդ, կարեւոր հանդիպում էր նաեւ «Կայսերական ուղղափառ պաղեստինեան միութեան» նախագահ Սերկէյ Սդեբաչի հետ, որ հաստատեց, որ միութիւնը ներկայիս կը միտի Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու օգնութեան եւ կ՛աշխատի Սուրիոյ մէջ վերականգնումի գծով օժանդակութիւն ցուցաբերելու:
Միութեան նախագահը ներկայացուց Սուրիոյ հանդէպ կատարուած օժանդակութեան բնոյթը:
Հանդիպումին ընթացքին դոկտ. Նորա Արիսեան հաստատեց, որ քրիստոնեաներու իրաւունքները պաշտպանուած են Սուրիոյ սահմանադրութեան հիմունքներով, եւ անդրադարձաւ վերջին շրջանին քրիստոնէաներուն իրավիճակին ու սպասուած օժանդակութեան:
Սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Մոսկուայի մէջ գտնուող «Վալտա» քաղաքական ուսումնասիրութեան կեդրոնի քննարկման ակումբը:
Քննարկման նիւթերն էին Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, վերջին շաբթուան ընթացքին քաղաքական ու զինուորական զարգացումները եւ յառաջիկային առնուելիք քայլերը:
Սուրիոյ պատուիրակութեան անդամ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան քննարկումին ելոյթ ունեցաւ եւ ներկայացուց քրիստոնեաներու իրավիճակը Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին` նշելով. «Իբրեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի թոռ եւ իբրեւ սուրիահայ յատուկ կերպով կը նշեմ, որ հայ համայնքը եւս մեծապէս վնաս կրեց ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումներէն»: Ասոր վառ օրինակը տալով` Արիսեան վկայակոչեց 1991-ին կառուցուած Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ Մեծ եղեռնի նահատակաց յուշահամալիրի պայթեցումը 21 սեպտեմբեր 2014-ին: Դոկտ. Արիսեան աւելցուց, որ` «ասիկա վառ ապացոյց է այդ ահաբեկչական խմբաւորումներու վարուելակերպին եւ վարած քաղաքականութեան»:
Սուրիական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ «Ռուսիոյ ընկերային խորհուրդ»-ին հետ, ուր խորհուրդի նախագահն ու անդամները ներկայացուցին տարուած աշխատանքը, որպէս ոչ պետական ընկերային հաստատութիւն, որ կամրջումը կը կատարէ պետական հաստատութիւններու եւ ընկերութեան միջեւ:
Պատուիրակութիւնը այցելութիւն կատարեց նաեւ Մոսկուայի մզկիթին եւ հանդիպում ունեցաւ Մուֆթիի տեղակալին:
Սուրիական պատուիրակութեան վերջին այցելութիւնը եղաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ գտնուող սուրիացի քաղաքացիներուն հետ հանդիպում, եւ քննարկուեցան զանոնք յուզող հարցերը:
Յատկանշական էր, որ սուրիական պատուիրակութեան պաշտօնական այս շատ կարեւոր այցելութիւնը ռուսական, սուրիական եւ օտար լրատուական աղբիւրներու ուշադրութեան տակ էր, յատկապէս իր քաղաքական բազմակողմանի բնոյթով: