Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Լեռնցիներու Պատարագը (Շուշիի Ազատագրութեան 25-ամեակ)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Դարերու ծանրութիւնը իրենց շալակին` լեռնցիները որոշեցին պատարագ մատուցել: Անոնք վարժ էին նման արարողութիւններու, գիտէին գաղտնիքը, սորված ու ապրած էին ճշմարտութիւն մը, որ յար ու նման էր իրենց կազմաւորումին, էութեան եւ կեանքը ըմբռնելու աշխարհահայեացքին:

Անոնք կը հաւատային, թէ ապրելու համար կա՛մք է պէտք, տոկալու` սի՛րտ է պէտք, տէ՛ր մնալու` խե՛լք է պէտք, գոյատեւելու` շո՛ւնչ է պէտք, ստեղծագործելու` թռիչք է պէտք, իսկ թշնամիին յաղթելու` սլա՛ցք, կորո՛վ ու խանդավառութիւ՛ն է պէտք:

Եւ այսպէս պատմութեան բաւիղներէն քաջաբար անցնելով անոնք բոյն են հաստատեր աստուածամերձ ու կանաչապատ լեռներու լանջին եւ միշտ հաւատացեր նախնեաց արեան կանչին:

Իսկ ուրկէ՞ ժառանգած էին այս բոլորը, եթէ ոչ իրենց պապերէն, որոնք դարեր շարունակ կառչելով հայոց աշխարհի հողին, լեռներու բոյրին եւ հրաշալի տեսքին, անոնք աւելի քան մօտ եղած էին պատմութեան խորհուրդներուն ու թելադրանքին:

Իրօք, Արցախի խրոխտ լեռներու այս բնակիչները կրցեր էին տոկալ, դիմանալ ու մաքառիլ բարբարոսութիւններու դէմ շնորհիւ իրենց լեռնցիի նկարագիրին, լոյս ու մշակոյթ սփռելու հաւատամքին, զիրենք ծնած լեռներու կատարին  բնակելու մարմաջին:

Թէեւ ժամանակ առ ժամանակ ըլլալով խաղաղ պայմաններու բնակիչներ, չէին մոռցած դառնութեան օրերուն պատճառած վիշտն ու ցաւը, աւելի՛ն. իբրեւ ազգային միաւոր եւ հաւաքական յիշողութեան հաւատաւորներ, մոռացութեան չէին տուած այն պարզ ու իմաստալից աղօթքը, թէ արժեւորելու համար հայրենի հողն ու ջուրը, ըմբռնելու համար ազգային ինքնութեան կարեւորութիւնը, պահպանելու համար հայատրոփ կառոյցներն ու հայութեամբ յագեցած սերունդներու շարունակութիւնը, անոնք պարտաւոր էին իրենց զուլալ քրտինքին առընթեր, նաեւ իրենց մաքրամաքուր արեամբ շաղախել հայրենի հազարամեայ հողը` յանուն ազգային դիմագիծի ու առանձնայատկութեան յարատեւման:

Եւ ահա պատմութեան մէկ դարանակալ անկիւնադարձին, երբ Արցախ աշխարհի կեանքը կ՛ենթարկուէր ահաւոր ալեկոծումներու, երբ քաղաքական խօլ ու դժխեմ դասաւորումներու իբրեւ հետեւանք թուրք-ազերի հորդաներ կ՛ուզէին բնաջինջ ընել արցախահայութիւնը, երբ քաղաքամայր Ստեփանակերտի առաւօտը կը լուսաւորուէր Շուշիէն արձակուած թշնամի ռումբերու պայթիւններով, լեռնցիները մտածեցին ելքի մը մասին:

Արդարեւ, արցախեան մարտերու ամէնէն թէժ մէկ փուլին, լեռնցիները դարձեալ որոշեցին մատուցել պատարագ մը` իր բնոյթով եզակի եւ խորհուրդով անգերազանցելի:

Պատարագ` որով պիտի կարենային հասնիլ իրենց պապերու օրրան Շուշիի կատարին, վնասազերծել, բնաջինջ ընել եւ ծունկի բերել այդ սրբազան հողին վրայ դաւադրաբար կայք հաստատած թշնամի ազերին, եւ Շուշուայ բերդի կատարին տնկել հայութեան յաղթանակի եւ յաւերժութեան խորհրդանիշ Եռագոյնը:

8-9 մայիս 1992:

Այդ օրերու պատարագը տարբեր խորհուրդ ու բոյր ունէր, իսկ ժամերգութիւնը բացօթեայ եւ լեռներու ամբողջ հասակին կը կատարուէր: Մասնակիցները` տարբեր տարիքի ու շրջաններէ մէկտեղուած, նոյնիսկ սփիւռքի հեռաւոր ափերէն ժամանած տղաներ էին, որոնք եկած էին իրենց մատաղ կեանքը նուիրաբերելու այդ օրուան զոհասեղանին:

Յետ հրամանատարական ազդանշանին, հայրենապաշտութեամբ եւ յաղթելու կամքով զրահաւորուած մեր աննման տղաները սկսան քալել լեռներն ի վեր, մագլցիլ ձորերն ի վեր, անոնք կը յառաջանային ինքնավստահ եւ առանց երկմտանքի, անոնք իրենց առիւծասիրտ կուրծքերն ու սէգ ճակատները ցցած էին թշնամի գնդակներու, անոնք երդուած էին ի գին ամէն զոհողութիւններու հասնիլ կատարին, ջարդել թշնամին եւ ծնրադիր աղօթել նախնաեաց յիշատակին:

Հոն` լերան կատարին, զիրենք կը սպասէին սրբատաշ ժայռեր: Ժայռե՜ր, որոնց ընդերքին կը խլրտար հայոց աստուածներու դարաւոր ոգին, ժայռե՜ր, որոնք կանգուն էին մնացեր շնորհիւ պապերու քրտնաջան աշխատանքին ու հաւատքին: Ժայռեր՜, որոնք իրենց ժողովուրդին հետ միատեղ լո՜ւռ տարած էին ամէն տառապանք ու նուաստութիւն, հալածանք ու դառնութիւն: Վերջապէս, ժայռե՜ր, որոնք գիտէին պոռթկալ ու  ապաւէն հանդիսանալ  լեռնցիներու, որոնց հետ գիրկընդխառնուած էին պատմութեան խոր ժամանակներէն ի վեր:

Ու այդ օր, հայոց լեռներու պաշտպան աստուածները, զարմանալի եւ ոգեւորիչ պատարագ մատուցին, անոնց հարուածող բազուկներուն եւ անկոտրում կամքին դիմաց մարդակեր թշնամի ազերին այլայլած ու անակնկալի եկած դիմեց փախուստի: Ոսոխը ժամանակ իսկ չունեցաւ իր ետին նայելու, ինքզինք հաւաքելու, զինական պահեստները իրեն հետ տանելու, զգետնուած դիակները թաղելու, աւելի՛ն. երբեմնի յոխորտացող ու զազիր թուրք-ազերին, որ պատուհաս դարձած կը ռմբակոծէր հայոց մայրաքաղաքը անգութօրէն, ահա այսօր, մայիսեան ժամերգութեան մը ընթացքին  սարսափահար կը փախչէր հայոց սուրբ լեռներու ծերպերէն:

Յիրաւի, 9 մայիսի առաւօտը ուրիշ հնչեղութիւն ունէր: Կարծես այդ առաւօտ ազգ մը կը շնչէր, ժողովուրդ մը սթափած էր իր թմբիրէն եւ ցասումի իր պատարագը կը մատուցէր ընդդէմ բարբարոսութեան եւ մահասփիւռ թշնամիին: Իսկ ամէնէն զգլխիչ ու ներշնչող պատկերը այն էր, թէ պատարագի աւարտին արդէն հայացած էին հայոց լեռներն ու կիրճերը, հայութիւն կը բուրէին մեր փլատակ դարձած կառոյցները,  հողն անգամ կը ժպտէր ի տես քաջարի տղաներու սխրանքին ու յաղթանակին, ծաւի երկինքը պահ մը շշմած կ՛ամոքէր ինքզինք ու կը փորձէր պայծառութիւն ճառագայթել, իսկ հայոց սրբազան տղաները երկիւղած մուտք կը գործէին Շուշուայ վիրաւոր Ղազանչեցոց եկեղեցի, ծնրադիր աղօթելու առ Վահագն աստուածոյն:

Շուշիի ազատագրութեան մարտերէն ետք հայութիւնը աւելի հայացաւ, դարձաւ լիացած ու ինքնավստահ հայութիւն, ունեցաւ նոր հայու կերպարի հնչեղ եւ ցասկոտ արտայայտութիւն, եւ այնուհետեւ սկսաւ նուաճել թրքութիւնը եւ հայոց աշխարհէն դուրս շպրտել բարբարոս ազերին:

Հայը յաղթեց թուրքին եւ վե՛րջ: Հայը վերատիրացաւ իր հայրենիքին եւ վե՛րջ:

Այսօր հայոց երբեմնի լոյսի ու մտքի օրրան Շուշին կ՛ապրի իր վերածնունդի 25-ամեակը: Թշնամի հորդաներու ձեռամբ հրկիզուած Շուշին տակաւ կը վերականգնի եւ պէ՛տք է շուտափոյթ վերականգի ու դառնայ մեր օրերու լոյսերու մայրաքաղաք: Անոր թաղերը պէտք է բարգաւաճին, կառոյցները շէնանան, այգիները ծաղկին ու սերունդներ բազմանան, որպէսզի ուժ, կորով ու եռանդ սերմանեն ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:

Այդ սրբազան հողին վրայ ապրող հայութիւնը, թէեւ կը դիմագրաւէ ապրուստի որոշակի դժուարութիւն, կարիք ունի տարրական միջոցներու, թուաքանակի հարց կը դիմագրաւէ, այդուհանդերձ, հայոց պետականութիւնը իր կարգին պարտաւոր է իր ամբողջ կարողութիւնը ի սպաս դնելու, այս անգամ հասնելու Շուշուայ բարգաւաճման կատարին, ինչպէս մօտիկ անցեալին իրենց արեամբ ու նուիրումով կտրիճ ազատամարտիկները հասան բերդի կատարին:

Փաստօրէն, հայոց պետականութիւնը պարտաւոր է շարունակել ինչպէս Արցախի վերականգնումի աշխատանքը, նոյնպէս ալ Շուշիի վերակառուցումը եւ ստեղծել այնպիսի միջավայր ու մթնոլորտ, որ հայութիւնը իր ամբողջ ներուժն ու խանդավառութիւնը ներդրէ յանուն Շուշիի ամբողջական վերականգնումին:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ եթէ երբեք հայ պետական միտքն ու քաղաքական մտածողութիւնը ցոյց տայ հայաբոյր, առաւել թափանցիկ եւ ապագայակերտ գործելաձեւ, ապա Շուշին շուտով կը դառնայ ճառագայթող օրրան, լոյսերու մայրաքաղաք եւ վարակիչ օրինակ կը զգենու հայութեան գալիք յաղթանակներու:

Երէկուան հայասիրտ ազատամարտիկը, որ հերոսաբար մաքառեցաւ Շուշուայ ժայռերուն եւ զգետնեց թրքութիւնը, այսօր իբրեւ հայ զինուոր, սպայ եւ սպայակոյտ կը ներկայանայ հայութեան եւ ամբողջ աշխարհին:

Այսօր, կազմաւորուած հայ բանակը, շնորհիւ իր զինական պատրաստութեան եւ հմտութեան,  իրաւունք ունի գոռալու աշխարհի երեսին, թէ հայու երակներէն կը ծորի հայրենապաշտութեան արիւն, թէ հայոց աշխարհի լեռները ծնունդ կու տան աստուածացած հերոսներու, թէ հայը գիտէ կռուիլ ու նահատակուիլ յանուն Մռաւ լեռի, Գետաշէնի ու Գանձասարի պաշտպանութեան, յանուն ամբողջական Հայաստանի տեսլականին:

Այսօր, 9 մայիսի առաւօտուն, Ստեփանակերտի լուսապայծառ երկինքին տակ պիտի տողանցէ հայոց բանակը, խրոխտ բազուկով ու սէգ ճակատով եւ անոր հետ պիտի թնդան ամբողջ հայութեան սրտերը:

Արդ, հարկ է շարունակել նման պատարագներու մատուցումը, հնչեցնել նման ժամերգութիւններու թնդիւնը եւ բարձր պահել հայոց բանակի կօշիկներու որոտը:

Փա՛ռք հայոց բանակին ու Շուշուայ բերդէն ճառագայթող յաղթանակի լոյսին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>