Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Տեսակէտի ազատութեան սկզբունքի յարգումով տեղ կու տանք մեթր Գասպար Տէրտէրեանի այս յօդուածին` միաժամանակ յստակացնելով, որ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ին տուած Հայաստանի Բ. նախագահի հարցազրոյցին մէջ կ՛ըսուէր. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր հողային հարց չ՛արծարծեր Թուրքիոյ հետ», ինչ որ բնականաբար բոլորովին ուրիշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ, քան այն, ինչ որ յօդուածին մէջ կ՛ըսուի: Անշուշտ նաեւ չենք բաժներ ներկայ Հայաստանին մասին մեթր Տէրտէրեանի բացարձակ մօտեցումները` քաջ գիտնալով հարստահարման կարգերով երկիր ղեկավարելու հետեւանքներու ծանրութիւնը:
Արդարութեան հաշուոյն պէտք է յիշեցնել, որ Ռոպերթ Քոչարեան Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը վերադարձուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, որուն ծիրին մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ծաւալեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտութեան եւ Հայ դատի յանձնախումբերու միջեւ:
Ռոպերթ Քոչարեանի գործունէութեան հետեւողները վստահաբար պիտի չբաժնեն անոր հակառուս կամ արեւմտամէտ ըլլալու տեսակէտը:
ԽՄԲ.
Այս հարցումին` արդեօք կրնա՞յ հանդարտ խղճով ճիշդ բացատրութիւնը տալ, Հայաստանի Բ. նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ ոչ միայն հաւանութիւն տուաւ այս մեծութեամբ դեսպանատան մը կառուցումին, փոքրիկ Հայաստանի հողին վրայ, այլեւ ինք անձամբ, 2005 թուի մայիսին, կտրեց ասոր բացումի հանդիսութեան ժապաւէնը: Թող ոչ ոք կարծէ, թէ ան հանդարտ խղճով ճիշդ բացատրութիւնը չի կրնար տալ այս սիրտ ճենճերող հարցումին, երբ հանդարտ խղճով յայտարարած էր, թէ Հայաստան հողային ոչ մէկ պահանջ ունի Թուրքիայէն… յայտարարութիւնը, որ կը բխի իր հակառուս եւ արեւմտաթրքական արեւելումէն, որուն կառչեցան ի վնաս Հայաստանի, իրերայաջորդ երեք նախագահները հաւասարապէս` պահպանելու համար իրենց վայրի դրամատիրական օլիկարխիկ համակարգը…: (Ի դէպ` այս արեւելումին պատճառով է, որ արաբ երախտիքի յուշակոթողը մերժուեցաւ կառուցել երեւանեան լիճին մօտ… ուր կառուցուած է ամերիկեան դեսպանատուն կոչուած… ամրոցը եւ գաղտնի ռազմախարիսխը… եւ ցարդ չարտօնուեցաւ կայացնել այս յուշակոթողի բացման հանդիսութիւնը):
Ամերիկացի գրող Չալմըրզ Ճոնսըն իր կոթողային հատորին մէջ մանրամասնօրէն կը յիշէ Միացեալ Նահանգներու կայսրութեան աշխարհատարած ռազմախարիսխներն ու ռազմախարիսխներու համազօր դեսպանատուները, որոնց մեծագոյնը կառուցուած է Պաղտատի մէջ, որուն տարածքը հաւասար է Վատիկանի պետութեան տարածքին…, իսկ երկրորդ մեծագոյնը` Երեւանի մէջ, ինը հեկտար տարածքով… եւ` փոքր երկիրներու շարքին, նաեւ` Մակեդոնիոյ եւ նոյնիսկ ինքնահռչակ Քոսովոյի մէջ…
Չալմըրզ Ճոնսըն փոքր Հայաստանի մէջ ամերիկեան երկրորդ մեծագոյն (աշխարհի) դեսպանատան կառուցումը դժուար հասկնալի գտնելով` նախագահ Թրումընի Ազգ. ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Տենիըլ Հէյնըրի դիմած է` լուսաբանութեան համար: Այս վերջինը տուած է հետեւեալ բացատրութիւնը. «Միացեալ Նահանգներու համար շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանը, գտնուելով` Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Իրանի կեդրոնը, բայց եւ այնպէս ռազմական ու տնտեսական դաշնակիցն է Ռուսիոյ, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան շատ լուրջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այս հինգ երկիրներու տարածաշրջանին վրայ, զոր կ՛ուզէ հեռացնել Ռուսիոյ ազդեցութենէն, ինչպէս որ կ՛ուզէ ամէն գնով արգելք հանդիսանալ Գերմանիա-Ռուսիա ամէն մերձեցումի` ռազմավարական հիմնական նպատակ ունենալով արգիլել Ռուսիոյ հզօրացումը Եւրասիոյ եւ Միջերկրականի մէջ…»:
Տենիըլ Հէյնըրի այս բացատրութիւնը լաւագոյնս կը լուսաբանէ յիշեալ տարածաշրջանի վերջին տասնամեակի անցքերն ու պատերազմները, որոնք արտայայտութիւնն են Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա շահերու բախումին, Միացեալ Նահանգներ փոխանորդներու միջոցով, իսկ Ռուսիա` ի վերջոյ ուղղակի միջամտութեամբ… որ Միացեալ Նահանգներ եւս ուղղակիօրէն ներքաշեց Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմին մէջ:
Ռ. Քոչարեանի այս հակառուս եւ արեւմտաթուրք արեւելումը կը հակասէ Հայաստանի ռազմավարական շահերուն, որուն հարկ է անյապաղ վերջ մը դնել` Հայաստանը ազատագրելով օլիկարխներու մենատիրութենէն, համահայկական միաբան գործակցութեամբ վերջ դնելով ներկայի վայրի դրամատիրական շուկայիկ ու տոլարապաշտ համակարգին` ազգային ընդհանրական շահերը գերադասելով օլիկարխներու մասնաւոր շահերէն…
Մեծն Միքայէլ Նալպանդեան կտակած է հետեւեալ ճշմարտութիւնը. «Ազգային շինութիւնը բնական կերպով պէտք է յառաջանայ վարէն` հիմքէն: Այդ հիմքը հասարակ ժողովուրդն է: Հասարակ ժողովուրդէն կը կազմուի ազգութեան մեքենան: Լուսաւոր մարդիկ կրնան եւ պարտաւոր են միայն ուղղութիւն, զարկ եւ ընթացք տալ այդ մեքենային: Այս ճշմարտութիւնը ուրացողը ուրացող է ազգութեան: Ազգին բարոյական հաշտութիւնը կը կատարուի ամբողջ ազգին ձեռքով: Զի անհիմն բան է մասնաւորի երջանկութիւն` առանց ընդհանուր հասարակաց երջանկութեան…»:
Նալպանտեանի այս կտակին գլխաւոր կէտերն են`
1.- Ազգակերտումի շօշափելի մեքենան հասարակ ժողովուրդին ամբողջութիւնն է:
2.- Մտաւորականութիւնը կրնայ եւ պարտաւոր է միայն ուղղութիւն, զարկ եւ ընթացք տալ ազգակերտումի մեքենային, որ հասարակ ժողովուրդին ամբողջութիւնն է:
3.- Մասնաւոր խմբակի մը բարօրութիւն-երջանկութիւնը, առանց ընդհանուրի հասարակաց բարօրութիւն-երջանկութեան, ՀԻՄՔ ՉՈՒՆԻ:
Արդարեւ`
Հայ ժողովուրդի ազգակերտումը կը պահանջէ համահայկականութեան ոգին:
Հայ մտաւորականութիւնը կրնայ եւ պարտաւոր է ուղղութիւն, զարկ եւ ընթացք տալ համահայկականութեան:
Հայ ժողովուրդի փոքրամասնութեան բարօրութիւն-երջանկութիւնը կ՛արգելակէ մեծամասնութեան, եւ հետեւաբար, ընդհանրական` համահայկական երջանկութիւնը եւ բարօրութիւնը…
Հետեւաբար ազգային ազատագրութիւնը եւ ընկերային արդարութիւն-ազատագրութիւնը միեւնոյն ազգէն միեւնոյն պայքարը կը պահանջեն: Ազգայինը` օտար լուծէն եւ գրաւումէն: Ընկերայինը` շահագործող փոքրամասնութեան բռնատիրութենէն: Եւ այս երկու ճակատներու վրայ պայքարը կը տանի միայն հասարակ ժողովուրդը, որ ազգին մեծամասնութիւնը կը հանդիսանայ:
Ժամանակ մը, պատմական գիտութիւններու դոկտոր մէկ բարեկամս նախապաշարումը ունէր կարծելու, թէ ընկերային արդարութեան համար պայքարը կը հակասէր ազգային ազատագրութեան պայքարին, եւ վերապահութիւն ունէր խորհրդահայ համակարգին հանդէպ, բայց այսօր, տեսնելով Հայաստանի վայրի դրամատիրական համակարգին «բարիք»-ները` ի հեճուկս մեր ազգային գերագոյն շահերուն, ազատագրուեցաւ իր երէկի նախապաշարումէն եւ հրապարակաւ գրեց իր հետեւեալ նոր համոզումը. «Մէկ խօսքով, կը հաւատամ, որ ընկերային արդարութեան համար պայքարը ոչ թէ չի հակասեր վասն հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին, այլ անոնք սիամական երկուորեակի նման համագոյ են…»:
Ան իր այս նոր համոզումը յայտնած էր` կարդալով մեր մէկ գրութիւնը եւ բացատրելով հետեւեալը. «Մեթր Գասպար Տէրտէրեան շատ ճիշդ կերպով կը դնէ մեր գերխնդիրը` մեր գրաւուած իրաւունքներուն ճանաչումը եւ ոչ թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կամ գոյքային ու դրամական հատուցումը:… Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատագրումը հարստապետական համակարգին՝ ԹՈՒԱԾԻՆԻ ՆՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ դարձած է… Անգամ մը եւս` ջերմագին ողջոյններս այս գրութեան հեղինակին: Պատրաստ եմգործնական մասնակցութիւն բերելու առաջ քաշուած խնդիրներուն լուծման»: Ակնարկուած խնդիրներն ալ կը վերաբերին` Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրեսին (ՏԱՀՔ):
Դոկտոր բարեկամս իրաւացի չէ՞ երբ կը գրէ, որ թթուածինի նման անհրաժեշտութիւն դարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան ազատագրումը այս համակարգէն, որ թոյլատու կ՛ըլլայ Երեւանի սիրտին վրայ կառուցումին` Միացեալ Նահանգներու կայսերական ծրագիրներուն մաս կազմող այս գաղտնի ռազմախարիսխին ու ամրոցին, հետեւելով արեւմտաթրքական, հակառուս արեւելումին, երբ Հայաստանի բնական դաշնակիցն է Ռուսաստանը, իսկ Միացեալ Նահանգները հզօր դաշնակիցը` Թուրքիոյ… եւ երբ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական շահերը կը համընկնին փանթուրքիզմի դէպի Արեւելք ծաւալելու կայսերապաշտական վտանգին դէմ… մինչ Հայաստան կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աքցանին մէջ:
Ներկայի առաջնահերթ հրամայականն է համահայկական գերխնդիրը` Հայաստանի ազատագրումը դրամատիրական համակարգէն:
Պէյրութ
26 մարտ 2017