Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հրաւէրով անցնող օրերուն Լիբանան կը գտնուէր Հայաստանի կարեւորագոյն համալսարանները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ արեւելումի հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի հայ վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն հետ, որոնց ներկայացուց ԵՊՀ-ի, բժշկական, բազմարհեստից համալսարաններու եւ Եւրոպական ակադեմիայի մէջ ուսուցուող մասնագիտութիւնները: Այս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ դոկտ. Արման Եղիազարեանի եւ Հայաստանի Ազգային ճարտարագիտական համալսարանի կրթական ծրագիրներու եւ ուսումնամեթոտական աշխատանքներու արհեստագիտութեան դոկտ. փրոֆ. Մարինա Բաղդասարեանի հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Լիբանան այցելութեան ձեր նպատակին ու ծրագիրին մասին:
ԱՐՄԱՆ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ.- Վերջին շրջանին բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար սփիւռքի մէջ ծայր առած է հետաքրքրութեան ալիք մը` Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական համակարգին եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն շուրջ: Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կազմակերպեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական համալսարաններէն մենք` ներկայացուցիչներս, գանք Լիբանան եւ հանդիպինք վարժարաններու աշակերտներուն հետ, որպէսզի ներկայացնենք մեր առաջարկելիք ծրագիրը եւ այն բոլոր հնարաւորութիւնները, որոնցմէ կրնան օգտուիլ սփիւռքահայ ուսանողները Հայաստանի մէջ: Երեք օրերու ընթացքին մենք հանդիպում ունեցանք հայ վարժարաններու բարձր կարգերու աշակերտներուն հետ: Ներկայացուցինք մեր չորս համալսարաններու` Երեւանի պետական համալսարանի, Ճարտարագիտական համալսարանի, բժշկական համալսարանի եւ Եւրոպական ակադեմիայի ծրագիրները: Ես` որպէս Երեւանի պետական համալսարանի ներկայացուցիչ, ներկայացուցի համալսարանի 60 կրթական մասնագիտութիւնները, որոնց կրնան դիմել սփիւռքահայերը: Ներկայացուցինք նաեւ այն բոլոր հնարաւորութիւնները, որոնք Հայաստան կ՛առաջարկէ սփիւռքահայերուն, ինչպէս, օրինակ, առաւել կարեւոր ուղղութիւններով ուսանողներուն համար անվճար տեղեր, մասնաւորաբար պետութեան հաշուոյն ուսանելու հնարաւորութիւն. այդ երեք ուղղութիւններն են` հայագիտութիւն, մանկավարժութիւն եւ արուեստ, որոնց ընտրութեան պարագային սփիւռքահայերը մեծ հնարաւորութիւններ ունին անվճար ուսանելու: Ըսեմ նաեւ, որ Լիբանանի հետ համեմատելով` Հայաստանի կրթաթոշակները անհամեմատօրէն աժան են, բայց որակը նոյնն է, երբեմն ալ` աւելի լաւ, ինչպէս` արհեստագիտական ուղղութիւնները:
Աշակերտներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին մենք ներկայացուցինք ծրագիրները եւ կապեր հաստատեցինք, որպէսզի աշակերտները կարենան գալ եւ Հայաստան ուսանիլ: Մենք մեր աջակցութիւնը, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ մեր համակարգի իմաստով, ամբողջովին կը տրամադրենք սփիւռքահայ ուսանողներուն: Կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել դեսպանին եւ սփիւռքի հարցերով դեսպանի կցորդին, որոնք կրցան մեզի համար ապահովել լաւագոյն պայմանները` այս ծրագիրը կեանքի կոչելու:
ՄԱՐԻՆԱ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ.- Ես կը ներկայացնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային բազմարհեստից համալսարանը: Մենք կը պատրաստենք ճարտարագէտները: ԵՊՀ-ը ունենալով հայագիտական ուղղութեամբ որոշակի մասնագիտութիւններ` աւելի շփում ունեցած է սփիւռքահայ ուսանողներուն հետ, մինչ մեր համալսարանի առումով իրօք կը նկատենք, որ մարդիկ տեղեկութիւն անգամ չունին ճարտարագիտական համալսարանին մասին: Ըստ էութեան, բաւական երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանանի հետ որոշակի տեղեկատուութիւն եւ հանդիպում դպրոցներուն հետ չէ եղած, մինչ անցեալին Լիբանանէն ունեցած ենք մեծ թիւ ուսանողներ, որոնք այսօր աշխարհի տարածքին սփռուած են եւ դարձած` յայտնի մասնագէտներ, մասնաւորապէս` ճարտարապետութեան մէջ: Մենք գոհունակութեամբ ընդունեցինք Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան առաջարկը, եւ կը կարծեմ, որ պիտի յաջողի այս ծրագիրը:
Մեր համալսարանը ունի երկու ուսումնարան, վեց բաժանմունք եւ բազմաթիւ մասնագիտութիւններ: Սփիւռքահայերը մեր նշած համալսարաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին կ՛ընդունուին, քան` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները, որովհետեւ սփիւռքահայերը պետութեան որոշումով գիտելիքներու սովորական ստուգումով կրնան ընդունուիլ, մինչ հանրապետութեան քաղաքացին մրցոյթի պիտի մասնակցի, որպէսզի ընդունուի: Մեր հանդիպումներու ընթացքին ներկայացուցինք, թէ ինչպիսի՛ կառուցուածք ունին համալսարանները եւ ի՛նչ լեզուով կ՛իրականանայ կրթութիւնը: Մեր քով կրթութիւնը կարելի է իրականացնել ե՛ւ հայերէն, ե՛ւ անգլերէն լեզուներով: Ներկայացուցինք նաեւ ուսման համար հարկ եղած անհրաժեշտ փաստաթուղթերը. այս գործընթացի առաջին օղակը կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնն է, գործերը պէտք է ներկայացուին ու ընթացք առնեն այս խողովակով եւ անկէ ետք գան համապատասխան համալսարան: Առաջարկեցինք նաեւ, որ ապագայ դիմորդները, որոնք որոշ հարցերու մէջ դժուարութիւն ունին կամ կ՛ունենան, նախապատրաստական դասընթացքներու մասնակցին, որ բաւական հնարաւորութիւն կու տայ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ ձեռք բերել այն գիտելիքները, որոնք համալսարան մուտքի համար անհրաժեշտ են: Մեզի հետ բերուած համալսարաններու գրքոյկները բաժնեցինք աշակերտներուն, որպէսզի սկսին զանոնք ուսումնասիրել: Մենք տուինք նաեւ մեր հասցէները, որ կապի մէջ մնան մեզի հետ: Ես կը կարծեմ, թէ այս ծրագիրը որպէս առաջին քայլ` բաւական խրախուսող էր: Այս հանդիպումը դեռ միայն սկիզբն է, գործընացը կը շարունակուի, եւ ես կը կարծեմ, թէ որոշակի ազդեցութիւն կ՛ունենայ: Հայաստան յառաջ կ՛երթայ, եւ այս առումով մենք ունինք տալու բան:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կայացան աշակերտներուն հետ ձեր հանդիպումները:
Ա. Ե.- Հայ աշակերտներուն հետ հանդիպեցանք «Եռագոյն-Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ. մէկ խօսքով, հայ երեք յարանուանութիւններուն պատկանող գրեթէ բոլոր դպրոցներու բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն հետ հանդիպում ունեցանք:
Այնճարի մէջ կայացած հանդիպումը շատ աշխուժ էր, որովհետեւ կը մասնակցէին նաեւ ծնողները, իսկ Պէյրութի մէջ աշակերտական հաւաքներուն ծնողները ներկայ չէին: Ծնողները մեծ դեր կը խաղան իրենց զաւակներու մասնագիտութեան ընտրութեան հարցին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ հետաքրքրութիւնն ու աշխուժութիւնը նկատելի էր, բայց պէտք է այս գործին մէջ ներգրաւել նաեւ ծնողները, որոնք նիւթական հարցերը պիտի լուծեն: Նկատելի էր նաեւ տնօրէններու եւ ուսուցիչներու մեծ հետաքրքրութիւնը այս ծրագիրի ուղղութեամբ: Երբ աշակերտները մեր տուած գրքոյկները տուն տանին, բնական է, որ ծնողները հետաքրքրուին:
Մ. Պ.- Ըսեմ նաեւ, որ ելեկտրոնային հասցէներ փոխանակեցինք: Մենք պատրաստ ենք պատասխանելու եւ օգնելու բոլոր հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն պարագային: Այս մէկը գործընթացին սկիզբն է, ամէն ձեւով պէտք է շարունակենք աշխատանքը:
«Ա.».- Ի՞նչ երեւոյթ առաւելաբար հետաքրքրեց աշակերտները:
Ա. Ե.- Հիմնականը կեցութեան հարցն էր: Նախ ըսեմ, որ մեր բոլոր համալսարանները ունին հանրակացարաններ, ուր ուսանողներուն գրեթէ անվճար կը յատկացուին սենեակներ: Երկրորդ` ընդունուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան համալսարաններ, ինքնըստինքեան կը նշանակէ ստանալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ երկարաժամկէտ բնակութեան իրաւունք:
Ես կը ներկայացնեմ Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան բաժինը, որ ունի հայագիտականի մագիստրոսական ծրագիր: Համազգայինի խնդրանքով եւ գործակցութեամբ այս մասնագիտութիւնը մտաւ Երեւանի պետական համալսարան, որովհետեւ այս մասնագիտութեան վկայականն է, որ հարկաւոր է Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ ուսուցանելու համար: Յայտնեմ նաեւ, որ Լիբանանի պետութեան կողմէ մեր վկայականներուն զգալի մասը ընդունուած եւ ճանչցուած է:
Իսկ ինչ կը վերաբերի լեզուին, Հայաստանի մէջ խնդիր չկայ հայոց լեզուի երկու ճիւղերուն` արեւելահայերէնին եւ արեւմտահայերէնին միջեւ: Մենք խնդիր չենք նկատեր, երբ ուսանողը դասական ուղղագրութեամբ գրէ: Լեզուական խոչընդոտ երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ:
Մ. Պ. – Այսօրուան դրութեամբ մեր համալսարաններուն մէջ ունինք սուրիացի հայ ուսանողներ, որոնք Երեւան եկան եւ շարունակեցին իրենց կիսատ ձգած ուսումը: Բոլորն ալ քանի մը ամսուան մէջ յաղթահարեցին լեզուի խնդիրը:
«Ա.».- Ուսանողները ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր պիտի կատարեն իրենց դիմումը:
Ա. Ե.- Ուսանողները կրնան ուղղակի դիմել համալսարան` անձամբ ներկայանալով կամ համացանցի ելեկտրոնային տարբերակով: Երկու պարագաներուն ալ դիմումները կ՛ընդունուին: Այս գործը բնականաբար պիտի շարունակենք, պայմանագրեր պիտի կնքենք տնօրէններուն եւ կրթական հաստատութիւններուն հետ: Արդէն փոխանակած ենք որոշ տուեալներ` տնօրէններուն եւ կրթական հաստատութիւններուն, որպէսզի եթէ գոնէ մէկ ուսանողի խնդիր մեզի փոխանցուի, մենք մեր կարգին կազմակերպենք համապատասխան խորհրդատուութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու մենք պատրաստ ենք, մանաւանդ հիմա, երբ սփիւռքի նկատմամբ քաղաքականութիւնը բաւական ամրապնդուած է` շնորհիւ սփիւռքի նախարարութեան եւ ԵՊՀ ղեկավարութեան, որ համապատասխան ամպիոն կեանքի կոչած է: Վերջապէս բոլոր պայմանները կան, որ Հայաստանի մէջ շատնան սփիւռքահայ ուսանողները: Սփիւռքահայերուն համար մեր դռները լայն բաց են: