Հինգշաբթի, 4 մայիսին, Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով «Երախտագիտութեան» շքանշանով պարգեւատրեց Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեանը` գնահատելով անոր թափած ճիգերը Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ:
Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի հիմնադրութեան 8-ամեակին առիթով կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ դիւանագիտական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` տնտեսական մարզի ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, լրագրողներ եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:
Դեսպան Արշակ Փոլատեան խօսք առնելով` իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի հիմնադրութեան 8-ամեակին առիթով կազմակերպուած այս հանդիսութեան մասնակցութեան հրաւիրելուն համար` նշելով միաժամանակ, որ այս խորհուրդը կարեւոր խթան հանդիսացաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման: Դեսպան Փոլատեան աւելցուց. «Գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն կը զգանք խորհուրդին իրագործած մեծ նուաճումներուն համար` խորհուրդին հիմնադրութենէն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու լաւ եւ արժանավայել մակարդակներու բարձրացնելու առումով: Մեծ վստահութիւն ունինք Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի թափած ջանքերուն նկատմամբ` իրագործելու իր նպատակները եւ ծրագիրները` ի շահ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն: Մեծ վստահութիւն ունինք նաեւ խորհուրդի վարչութեան եւ նախագահին` Լեւոն Զեքի Ետալեանի նկատմամբ, որ իր ամբողջ ժամանակը կը ներդնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման աշխատանքին մէջ»:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Լեւոն Զեքի Ետալեան, որ իր եւ Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութեան ներկաներուն` ընդգծելով Սուրիոյ եւ Հայաստանի պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւններուն խորութիւնը: «2009 թուականին խորհուրդին հիմնադրութենէն ի վեր մենք աշխատեցանք տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնել մեր երկու երկիրներուն միջեւ եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին մեծ քայլեր առինք այդ ուղղութեամբ», ըսաւ ան:
Ետալեան յայտարարեց, որ խորհուրդը լուրջ ջանքեր ի գործ կը դնէ, որպէսզի Հայաստանը դառնայ սուրիական արտադրութիւններու սպառման շուկայ եւ հիմնական դուռ` դէպի Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներ: «Կ՛աշխատինք մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կազմակերպել սուրիական արտադրութիւններու մնայուն ցուցահանդէս` անոնց սպառման համար հայկական շուկաները բանալու նպատակով», ըսաւ Ետալեան` աւելցնելով, որ անցեալ ամիս Երեւան տուած այցելութեան ընթացքին Հայաստանի առեւտուրի, արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան պալատներու միութիւնը եւ Հայ գործարարներու ու արդիւնաբերողներու միութիւնը հրաւիրած է մասնակցելու Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէսին: Ան եզրափակեց, որ խորհուրդը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած 55 համաձայնագիրներու, յուշագիրներու եւ արձանագրութիւններու ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին իրագործման համար:
Ապա դեսպան Փոլատեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով պարգեւատրեց Լեւոն Զեքի Ետալեանը «Երախտագիտութեան» շքանշանով: Պարգեւատրումէն ետք, Ետալեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին` իրեն «Երախտագիտութեան» շքանշան շնորհելուն համար, ինչպէս նաեւ ողջոյնի ու մեծարանքի խօսք ուղղեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի նահատակներուն: