Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ո՞վ Պիտի Պաշտպանէ Հայաստանը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Անշուշտ  իւրաքանչիւր հայ գիտէ եւ համոզուած է, որ շատ դժուար է Հայաստանի դիրքը, եւ թէ` այլ խրթին պայմաններու մէջ կ՛ապրի մեր ժողովուրդը, որ հարիւրաւոր տարիներ տեսնելէ ետք ջարդեր, տեղահանութիւններ, աւերում, լաց, ողբ ու մնայուն հալածանքներ, օր մըն ալ աստուածային դասաւորումով եւ միջազգային քաղաքական դէպքերու պատահականութեամբ ունեցաւ անկախ հայրենիք մը, հոգ չէ թէ` իրաւունքի նուազագոյն սահմաններուն մէջ:

Այո՛, նոյնիսկ սփիւռքի մէջ երեք սերունդ ետք հայը գրեթէ յուսահատած էր սեփական հողին վրայ  ապրելու երազ ունենալէ եւ մասամբ ալ բռնած էր ձուլումի ու ուծացման ճամբան, իսկ մայր հողին վրայ գտնուող հայութիւնը անհաւատութեան, ապրելակերպի դժուարութեան եւ խիստ վարչակարգին բերումով 70 տարուան ընթացքին փոխեց իր երբեմնի դիմագիծը, իր պատմական հայու նկարագիրն ու նահապետական սովորութիւնները, թէեւ հետքեր մնացած են տակաւին:

Վերադառնալով անկախութենէն ետք տիրող պատկերին` դժբախտաբար հոն կը տեսնենք արտագաղթի հոսքին պատճառով հայրենիքին դատարկուիլը, որուն առաջքը առնելու պարտականութիւնը կ՛իյնայ ուսերուն իշխանութեան ղեկավարներուն, որոնք արդեօք ճիգ ի գործ կը դնե՞ն եւ չե՞ն յաջողիր, թէ՞ դուրսէն ծրագրուած գործունէութիւններու հետեւանք է տիրող մտահոգիչ վիճակը: Հաւանաբար այս վերջինը կրնայ ճիշդ ըլլալ, որովհետեւ հայը արեան մէջ իր հայրենիքը ոտնակոխելու ախտը չունի, քանի որ անոր սիրոյն դարերով արիւն թափած է, աւերուած է իր երկիրը, սակայն հայը դարձեալ շինած է, մինչեւ որ այս պատառիկ մը Հայաստանը ձեռքը անցած է, եւ բնազդաբար կը գուրգուրայ վրան:

Ուրեմն, ո՞ր  սատանան է, որ մեզ հասցուցած է եւ դեռ մինչեւ ո՞ւր կրնայ տանիլ հայն ու Հայաստանը, թէեւ հայրենիքի մէջ մեր քաղաքական վարիչները եւ արտասահմանի մէջ գործող կուսակցութիւնները կը սատարեն հայապահպանման` զոհողութիւններ կատարելով իրենց առօրեայ կեանքին մէջ եւ կ՛օգնեն դպրոցներ, եկեղեցիներ ու կարգ մը միութիւններ կանգուն պահելով, սակայն ասոնք չեն բաւեր ու պիտի չբաւեն լուծելու հայրենիքին առջեւ ցցուող եւ դիմագրաւելիք լեռնակուտակ եւ խրթին հարցերը, որոնք կը կարօտին լուրջ եւ հիմնական ծրագիրներով առնուելիք քայլերու` զինական, տնտեսական, ներքին կազմակերպչական եւ մանաւանդ արտաքին քաղաքական մակարդակներու վրայ:

Նախ, երբ նկատի առնենք Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, կը տեսնենք, որ անիկա շրջապատուած է դարաւոր թշնամիներով, որոնցմէ առաջին կարգին վրայ են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, եւ հարկ չկայ խօսելու անոնց կեցուածքին մասին` 1915-ի Եղեռնէն առաջ եւ վերջ եւ մինչեւ այսօր, որուն պայմանականօրէն բուն պատճառներէն գլխաւորն է համաթուրանականութեան միտքը, որ դեռ կը շարունակուի:

Ուրեմն, ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանի երկինքէն հեռացնել վերոյիշեալ թնճուկային խնդիրները: Առաջին հերթին թերեւս ոմանց միտքը կու գայ զօրանալու եւ ուժի գործածութեան գաղափարը, սակայն եթէ մանաւանդ Թուրքիոյ վերաբերող ներքին եւ արտաքին ազդակներ ի նպաստ մեզի չփոխուին, այդ մէկը անկարելի է: Երկրորդ հաւանականութիւնը քաղաքական  գործունէութիւնն է, որուն յաջողութեան պայմանն է գերազանց կարողութիւններով օժտուած քաղաքագէտներու պատրաստութիւնը, որպէսզի կարենան համաշխարհային քաղաքական կեանքի մանուածապատ թոհուբոհին մէջէն ընտրել լաւագոյն ընթացքը` ի նպաստ հայուն, որուն կրնան օգուտ բերել նաեւ հայ եկեղեցական առաջնորդները` իրենց բարձր դիրքերէն մեկնելով համաշխարհային քրիստոնէական կապերու գործունէութեան ընդմէջէն:

Ամէն պարագայի, մեզի ոսկիէ առիթ մը ստեղծուած է` ունենալով ներկայ Հայաստանը, փորձաքարի ենթարկելու մեր կարողութիւնը` այս անգամ, քանի որ պատմութեան ընթացքին բազմիցս ձախողած ենք` խաբուելով, ենթարկուելով օտարներու եւ հետեւանք` հողային եւ ազգաբնակչութեան բնաջնջումի հարուածներ կրած ենք:

Ուրեմն, նախ միջոցները  պէտք է  գտնուին հայրենիքէն արտագաղթը կասեցնելու, ապա շրջանային վտանգներու դէմ կանգնելու, նաեւ` ի հարկին օգտագործելու հայուն հանճարը: Պէտք է միշտ ի մտի ունենալ այն, թէ կարեւոր է փնտռել պատասխանը այս հարցումին` ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր սիրելի Հայաստանը եւ ինչպէ՞ս, գիտնալով նաեւ, որ միջազգային քաղաքականութիւնը շահերու վրայ հիմնուած ըլլալով` ի՞նչ կրնանք տրամադրել ի նպաստ մեր Դատին կողքին կեցող ազդեցիկ պետութեանց: Ուրեմն մեր յոյսը պէտք է փնտռենք շահերու տրամաբանութենէն մեկնող ոլորտներու մէջ, քանի որ ժամանակը սուղ է եւ կը թաւալի ի վնաս հայուն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>