Մ. ԾԻՐԱՆԻ
Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի ՀԵԸ միութեան, իր տարողութեամբ ընդարձակածաւալ եւ բովանդակութեամբ այլազան գեղանկարչական ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 19 ապրիլի երեկոյեան Զէյթունա Պէյի «Եախտ քլապ»-ի ցուցասրահին մէջ: Ցուցադրութեան դրուած էին տարբեր սերունդներ եւ արուեստի ուղղութիւններ ներկայացնող շուրջ հարիւր յիսուն ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ տասնհինգը վերապահուած էր աճուրդի համար:
Դասականացած ականաւոր գեղանկարիչներէն կային առաւել կամ նուազ չափով միջազգային համբաւի տիրացած ստեղծագործողներ, ինչպէս` Էտկար Շահին, Յովսէփ Փուշման, Գառզու, Ժանսեմ, Փոլ Կիրակոսեան, Շարթ, Յակոբ Յակոբեան եւ այլն: Երէցներէն կարելի է յիշատակել` Յարութիւն Թորոսեան, Գրիգոր Նորիկեան, Ժան Գազանճեան, Ասատուր, Հենրիկ Էլիբեկեան, Հրայր եւ այլն: Համեմատաբար մեծ տեղ յատկացուած էր ժամանակակիցներուն, ինչպէս` Ռուբէն Աբովեան, Եուրոզ, Վահրամ Դաւթեան, Սամուէլ Գարեգինեան, Սարգիս Համալպաշեան, Ռուբէն Գրիգորեան եւ ուրիշներ: Կային նաեւ երիտասարդ սերունդէն կարգ մը ներկայացուցիչներ, ինչպէս` Վահան Ռումելեան, Տիգրան Սաթուլեան, Դաւիթ Դաւթեան, Ռազմիկ, Մոգօ Խաչատուրեան եւ այլն:
Այս հաւաքածոյին մէջ ներառուած էին նաեւ ոչ հայ միջազգային եւ լիբանանեան արուեստագէտներ, ինչպէս` Պեռնար Պիւֆէ, Քլոտ Վենար, Անտրէ Լանտսքոյ, Ժան Տոմինիք Վալերի, Ֆաթիմա Հաժ, Քաթի Թապպահ եւ այլն:
Ինչպէս անուններն ու անոնց հետեւած դպրոցները ցոյց կու տան, այս հաւաքածոն թէեւ խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէ, սակայն իր ընդհանուրին մէջ թէ՛ հետաքրքրական է եւ թէ՛ ուսանելի: Այս մէկը ոչ միայն օտարներուն առջեւ մեր մշակութային մէկ երակը կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի եւ բարձր մակարդակով, այլեւ արուեստասէր հասարակութեան կը ծանօթացնէ անյայտ եւ կամ քիչ ծանօթ արժանաւոր դէմքեր եւս, ինչպէս` Էտկար Շահինն ու Յովսէփ Փուշմանը, Ժան Գազանճեանն ու Եուրոզը եւ կամ` Դաւիթ Դաւթեանն ու Մոգօ Խաչատուրեանը:
Երբ կ՛ըսենք, թէ հարկաւոր է, որ մեր ուսանողութիւնն ու աշակերտութիւնը կազմակերպուած ձեւով տանիլ կերպարուեստի ցուցահանդէսներու, խօսքը նմանօրինակ ցուցահանդէսներու մասին է: