ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Նշանաւոր հայեր» մատենաշարի առաջին թիւով 2014-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Հրանդ Յակոբեան յաւերժի ճամբորդ» գիրքը, բաղկացած` 303 էջերէ: Խմբագիր` Ռուզան Մահտեսեան:
Գիրքը կը բացուի Հրանդ Յակոբեանի դստեր` Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի խօսքով:
Կենսագրական բաժինով կը նշուի, որ Հրանդ Յակոբեան ծնած է 1927-ին, Գեղարքունիքի մարզի Սարուխան գիւղը: 1944-ին աւարտած է հայրենի գիւղին միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1948-ին աւարտած է Կամոյի մանկավարժական հաստատութիւնը: Այնուհետեւ կրթութիւնը շարունակած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հաստատութեան պատմութեան բաժանմունքին մէջ: 1950-1954-ին իբրեւ ուսուցիչ աշխատած է Վարդենիսի շրջանի, ապա Կամոյի շրջանի Կարմիր գիւղի, Բատիկեանի (այժմ` Գանձակ գիւղ) դպրոցներուն մէջ, այնուհետեւ նշանակուած է Գեղարքունիք գիւղի դպրոցի պատասխանատու:
Աշխատանքին զուգահեռ, Հրանդ Յակոբեան 1954-ին ընդունուած է Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկի բանասիրական բաժանմունք եւ 1956-ին գերազանց արդիւնքներով աւարտած է զայն: Միաժամանակ հետեւած է փիլիսոփայութեան դասընթացքներու:
1956-ին նշանակուած է Սարուխանի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն եւ պաշտօնավարած մինչեւ 1962: 1964-ին աշխատանքի հրաւիրուած է Երեւանի բազմարուեստական հաստատութիւն, ուր աշխատած է մինչեւ 1985` իբրեւ հաստատութեան փիլիսոփայութեան ամպիոնի աւագ դասախօս, դոցենտ, ապա` ամպիոնի վարիչի տեղակալ:
Հրանդ Յակոբեան 1973-ին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն, 1978-ին ստացած է դոցենտի կոչում:
1990-ին Յակոբեան պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւն` ստանալով փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան:
1991-ին անոր շնորհուած է փրոֆեսէորի կոչում:
1985-ին ընտրուած է Երեւանի պետական համալսարանի անաստուածութեան տեսութեան եւ պատմութեան ամպիոնի վարիչ: Անոր նախաձեռնութեամբ եւ աշխուժ մասնակցութեամբ համալսարանի գիտական խորհուրդը վերանայած է ուսումնական ծրագիրները եւ սկսած է դասաւանդուիլ ոչ թէ անաստուածութեան տեսութիւն, այլ` կրօններու պատմութիւն եւ տեսութիւն առարկան:
Հրանդ Յակոբեան գործօն մասնակցութիւն բերաւ Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի բացման եւ շուրջ տասնամեակով մը ղեկավարեց կրօնի պատմութեան եւ տեսութեան ամպիոնը:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք նախաձեռնեց Գաւառին մէջ բար ձրագոյն ուսման հաստատութիւն ստեղծելու հայրենանուէր գործին, եւ անոր ջանքերով ու Հայաստանի կառավարութեան որոշումով 1993-ին հիմնուեցաւ Գաւառի պետական համալսարանը, որուն հիմնադիր նախագահ նշանակուեցաւ փրոֆեսէօր Հրանդ Յակոբեան: Պաշտօն մը, որ զոր վարեց մինչեւ մահ:
Բազմամեայ արդիւնաւէտ եւ բարեխիղճ աշխատանքի համար փրոֆեսէօր Հրանդ Յակոբեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու, պատուոյ գիրերու եւ մետալներու: Ան մահացաւ 2011-ին:
Գիրքի յաջորդող բաժիններուն մէջ Հրանդ Յակոբեանի մասին վկայութիւններ կու տան անոր աւագ դուստրը` Սեդա Յակոբեան, կինը` Թերեզա, որդին` Կորիւն, եւ միւս դուստրերը` Հրանուշ եւ Խաչանուշ:
Այնուհետեւ Սերժ Սրապիոնեան կը վկայէ, որ Հրանդ Յակոբեան Րաֆֆիի լաւագոյն գիտակն ու մեկնաբանն էր:
Նորայր Անդրէասեան Հրանդ Յակոբեանը կը ներկայացնէ իբրեւ բարութեան ջատագով:
Գիրքին երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէ ջերմ յուշեր Երեւանի պետական համալսարանի ներկայացուցիչներէն, որոնք Հրանդ Յակոբեանը կը ներկայացնեն իբրեւ մարդասէր, ծառայասէր, բոլորին օգնող, պատկառելի, բացառիկ, լերան նման հաստատուն, պարթեւահասակ, գեղադէմ եւ անկրկնելի անձնաւորութիւն:
Գիրքին երրորդ բաժինը գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ներկայացուցիչներու վկայութիւններն են, որոնք Հրանդ Յակոբեանը կը ներկայացնեն իբրեւ պետականամէտ, լոյսի սերմնացան, հայրենասէր, աւանդապաշտ, բոլորին եւ յատկապէս գաւառեցիներուն օգնող, սիրուած եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող մեծ հայր:
Գիրքին չորրորդ բաժինը բազմարուեստական հաստատութեան շրջանաւարտներու վկայութիւններն են, որոնք Հրանդ Յակոբեանը կը ներկայացնեն իբրեւ հայոց հսկաները յիշեցնող, ժողովրդական, վառ անհատականութեան, որ մեծ դրոշմ ունեցած է:
Գաւառի պետական համալսարանի նախապետը բաժինով Հրանդ Յակոբեանը կը ներկայացուի իբրեւ կրթութեան եւ գիտութեան ջատագով, եկեղեցաշէն, համալսարանաշէն, բարութեան սերմնացան, գիտութեան առաջապահ, փիլիսոփայ, պայծառ միտքի եւ բացառիկ յիշողութեան տէր, անանձնական ուրախութեամբ ապրող մեծ մարդասէր, անմահ ուսուցիչ եւ աշխարհի ամէնէն բարի եւ ամենաջերմ իւրայատուկ մարդը:
Պատառիկներ մտերիմներու յիշողութենէն բաժինով Հրանդ Յակոբեանը կը ներկայացուի իբրեւ հազուադէպ անձ, նուիրումի մարդ, մեծ ուսուցչապետ, ազնիւ եւ պատուախնդիր հայորդի:
Գիրքին վերջին բաժինով տրուած են Գաւառի պետական համալսարանի ստեղծման մասին փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ գրառումներ` Գաւառի պետական համալսարանի յուշամատեանէն: