Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 21-26-ի օրերուն, 17 տարի առաջ, խոր սուգի մէջ էր Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը:
Դաշնակցութեան սուգին վշտակից էին հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակները` ոչ միայն սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերուն, այլեւ` նոյնինքն հայրենի ոստաններուն մէջ:
17 յուլիս 1994-ին ուղեղի մահացու հարուած ստանալէ եւ աւելի քան 4 տարի մահաքունի մէջ անկենդան շնչելէ ետք, 21 դեկտեմբեր 1998-ին վախճանեցաւ, 24 դեկտեմբերին դագաղով Հայաստան տարուեցաւ, 26 դեկտեմբերին պաշտօնական շուքով յուղարկաւորութեան արժանացաւ եւ իր պաշտած հայրենի հողին գիրկը վերջնական հանգիստը գտաւ բառին ամբողջական իմաստով ՄԵԾ ՀԱՅ մը` ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ-ի ճառագայթող դէմքով, որուն անունն էր Հրայր Մարուխեան:
Ամէն բանէ առաջ եւ վեր` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու ուխտին հաւատարմագրուած «Անկեղծ զինուոր»-ն է ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով, հորիզոն բացաւ, ուղի հարթեց, պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց հաւաքական կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ համայն պահանջատէր հայութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան:
Իր ոգեղէն անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ նկարագրին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անվեհեր յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը ազգային ղեկավարի արժանաւորութեամբ ընդունեց եւ վստահեցաւ տարաբախտ մեր ընկերոջ:
Հրայր Մարուխեան ծնած էր 19 դեկտեմբեր, 1928-ին, Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Ան աւարտած էր Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը` մեքենագիտական բնագաւառէն ներս: 1958-ին ամուսնացած էր Անահիտ Սարգսեանի հետ եւ ունեցած` չորս զաւակներ` Դերենիկ, Վահէ, Ալենուշ եւ Շաղիկ:
ՀՅԴ շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած էր ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, ապա անցած` կուսակցութեան շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ` եղած էր Թեհրանի «Արարատ» մարզական միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած էր միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:
1963-ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովին` իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշական էր Դաշնակցութեան ղեկավար մարմինին մէջ կատարուած հիմնական սերնդափոխութեամբ: Այդ ճամբով ալ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:
1964-ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (Գահիրէէն) Բիւրոյի նստավայրը: Պէյրութ տեղափոխեց նաեւ իր անձնական գործը: 1967-ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Ատենի Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք զայն փոխարինեց մինչեւ Բիւրոյի նոյն կազմին պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտը, իսկ 1972-ին` ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ, մինչեւ իր եղերական մահաքունը, շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի:
Այդ շրջանէն սկսեալ թափ առաւ Հրայր Մարուխեանի ղեկավար դերակատարութիւնը ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ:
1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով, 1975-ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը կաշկանդումներէ զերծ ու անարգել շարունակելու յանձնարարութեամբ: (1985-ին Աթէնք փոխադրուեցաւ նաեւ Բիւրոյի կեդրոնական գրասենեակը, ինչպէս եւ` Մարուխեան ընտանիքը): Աթէնքէն ծաւալած իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը յատկանշուեցաւ Հայ դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումով, որ իր վճռորոշ անդրադարձը ունեցաւ Հայ դատի ի նպաստ քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմակերպական հզօրացման վրայ:
Գաղափարական, կազմակերպական եւ քաղաքական զարթօնքի երեք ուղղութիւններով առաջնորդող դեր կատարեց ընկեր Հրայր:
1988-ի օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ 24-րդ Ընդհ. ժողովին, արցախեան շարժման ամբողջապէս նուիրուելու Դաշնակցութեան վճռակամութիւնը հռչակելով, ՀՅԴ որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր» եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ ղեկավարեց Դաշնակցութեան հայրենիքի մէջ վերընձիւղման աշխատանքները: Իբրեւ այդպիսին` մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ, ազգային-քաղաքական ընդգրկումով ամէնէն համահայկական եւ ազատագրական շարժման հասկացողութեամբ ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը:
ՀՅԴ-ի այդ յաջողութեան համար, Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 յունիս 1992-ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով` Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով Հրայր Մարուխեանը «անբաղձալի տարր» հռչակեց եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու հրամանագիր հրապարակեց:
Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այդ օրերուն, երբ ազրպէյճանցի հրոսակներ սկսած էին գրաւել Շահումեանն ու Մարտակերտը, ընկ. Հրայր Մարուխեան որոշեց ենթարկուիլ անարդար այդ հրամանագրին ու հեռանալ երկրէն` առաջքը առնելու համար ներհայկական հաւանական զինեալ բախումներուն, որոնք իբրեւ թակարդ կը լարուէին հակահայ ուժերուն կողմէ:
Յաջորդ երկու տարիներուն Հրայր Մարուխեան քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան գաղափարական պայքարը:
Եկաւ 17 յուլիս 1994-ի չարաբաստիկ օրը, երբ Աթէնքի ծովափը, լողալու պահուն, Հրայր Մարուխեան ունեցաւ ուղեղային արիւնահոսութիւն եւ ինկաւ մահաքունի մէջ: Այդպէ՛ս կայծակնային կերպով եւ ողբերգականօրէն վերջ գտաւ Հրայր Մարուխեանի գործունէութիւնը` մեծ կորուստ պատճառելով Դաշնակցութեան եւ հայ քաղաքական միտքին:
Հրայր Մարուխեանի անկենդան շնչելու ողբերգութենէն ետք ալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հակադաշնակցական մոլուցքը շարունակուեցաւ: Դեկտեմբեր 1994-ին պաշտօնապէս արգիլուեցաւ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Իշխանութիւնները բռնագրաւեցին ՀՅԴ գրասենեակները, խափանեցին ՀՅԴ մամլոյ հրատարակութիւնը:
Հրայր Մարուխեանի մահաքունի չորս տարիներուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս արձանագրուած քաղաքական զարգացումները եկան հաստատելու, որ Հրայր Մարուխեանի ղեկավարութեամբ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Ի վերջոյ հայրենաբնակ ժողովուրդի բողոքի ու քաղաքական ընդվզումի լայն ալիքի ճնշման տակ, յունուար 1998-ին քաղաքական բեմէն հեռացուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան. Ռոպերթ Քոչարեան-Վազգէն Սարգսեան երկեակով ղեկավարուող օրուան իշխանութիւնը վերականգնեց Դաշնակցութեան ազատօրէն գործելու իրաւունքը Հայաստանի մէջ:
Տարաբախտ ընկեր Հրայր ի վիճակի չեղաւ վայելելու յաղթանակը Դաշնակցութեան ճշդած եւ իր առաջնորդած ազգային¬քաղաքական ուղիին:
21 դեկտեմբեր 1998-ին Հրայր Մարուխեան արձակեց իր վերջին շունչը, մայր հայրենիքէն հեռու` Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24-ին իր անշնչացած մարմինը ամփոփող դագաղը փոխադրուեցաւ Երեւան: Իսկ 26 դեկտեմբերին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ պաշտօնական հոգեհանգիստէ ետք, Հրայր Մարուխեան թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն:
Հայրենի հայութիւնը գրկաբաց ընդունեց «տուն դարձ»-ը իր գաղափարապաշտ զաւակին եւ դաշնակցական ղեկավարի ոգեշնչող աւանդը պայծառակերպած նուիրեալներէն Հրայր Մարուխեանի:
24 դեկտեմբեր 1998-ի երեկոյեան ուշ ժամերուն «Զուարթնոց» օդակայանը եւ անկէ մինչեւ Երեւան երկարող ճամբան բարձրաձայն վկան դարձան հայոց ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն անարդարութիւններէն ու անիրաւութիւններէն մէկը սրբագրելու մեր ժողովուրդին հաւաքական վճռականութեան:
Հազարաւոր դաշնակցականներ եւ համակիրներ փութացած էին «Զուարթնոց»` ազգի եւ հայրենիքի արժանաւոր նուիրեալը դիմաւորելու եւ իր յաւիտենական հանգիստին արժանացնելու համար: Այդպիսո՛վ Հրայր Մարուխեանը արժանացնելով պայքարի դաշտին վրայ ինկած հերոսի «տուն դարձ»-ի փառքին, հայրենի հայութիւնը իր հատու պատասխանը տուաւ եւ փակեց ամօթալի էջը վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ նախագահին կողմէ 29 յունիս 1992-ին գործուած ազգային-քաղաքական սայթաքումին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը` Հրայր Մարուխեան իր պաշտած հայրենիքէն վտարելու անարժան հրամանագրին:
Դեռ լրիւ չէ պեղուած ու ըստ արժանւոյն դեռ համադրուած չէ գաղափարներու եւ գործունէութեան այն կրակուբոց աշխարհը, որուն ինքնուրոյն եւ կենսունակ մարմնաւորումն է, բանիւ եւ գործով, ընկեր Հրայր Մարուխեան:
Կազմակերպական եռուն կեանքի եւ քաղաքական հետեւողական գործի հրամայականները հնարաւորութիւնը չընձեռեցին ՀՅԴ Բիւրոյի քառորդ դարու ներկայացուցիչին, որպէսզի կարենար հրապարակագրական յօդուածներէ, հարցազրոյցներէ եւ հրապարակային ելոյթներէ անդին անցնիլ ու անձամբ, սպառիչ աշխատասիրութեանց տեսքով հանրութեան պարզել գաղափարական իր աշխարհին ու քաղաքական մտածողութեան ամբողջ ծաւալն ու խորութիւնը:
Այսուհանդերձ, դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած է ընկեր Հրայրի գաղափարագրական հարուստ ժառանգութիւնը, որ տակաւին կը սպասէ… համապարփակ հատորի մը մէջ մէկտեղման, ծանօթագրման եւ արժեւորման:
Ընկեր Հրայր Մարուխեանի գաղափարական դիմանկարի ուրուագծման դիտանկիւնէն` յատկապէս կարեւոր նշանակութիւն ունի անոր անձին եւ անոր սերնդակից ու պաշտօնակից ընկերներուն հաւաքական արժեւորումը` իբրեւ ՀՅԴ հաւաքական ղեկավարութեան մեծ աւանդին մարմնաւորում տուած նուիրեալներու, որովհետեւ անոնք միասնաբար հանդիսացան տարագիր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ սերնդափոխութիւն յառաջացնելու շարժումին ղեկավարները` հաւաքական մտածողութիւն զարգացնելով եւ հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդելով արդէն սփիւռքեան դիմագիծ առած ՀՅԴ կազմակերպութիւնը: Անոնց գաղափարական ներդրումին ու կազմակերպական ղեկավարման ոճին արգասիքը եղաւ ՀՅԴ Բիւրօ անուն դաշնակցական մարմինին բարոյական հեղինակութեան բարձրացումը:
Կը բաւէ բաղդատական վերլուծումը կատարել 70-ականներուն եւ 80-ականներուն անոնց արծարծած խնդիրներուն ու պաշտպանած դիրքորոշումներուն` անդրադառնալու համար, որ անոնք ձեռնարկած էին Հայաստանի ու հայութեան ազգային ազատագրութեան դատին ի խնդիր գաղափարական վերանորոգման շարժումի մը` քսաներորդ դարավերջի առանձնայատուկ արժեչափերով եւ աշխարհընկալումով: Դարձած էին դրօշակիրները հրապարակային բանավէճի մը, ուր սեփական մօտեցումերու եւ մտածողութեան հիմնաւորումով ու պաշտպանութեամբ, երբեմն նաեւ` տարակարծութիւններու դրսեւորումով, գաղափարականօրէն թափ տուին Հայ դատի պայքարին քաղաքական ու կազմակերպական վերանորոգումին:
Գաղափարական վերանորոգման այդ կենսունակ շարժումին մէջ իր վճռորոշ տեղն ու առաջնորդող դերը ունի Հրայր Մարուխեան, որուն մահուան 17-րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչենք այս օրերուն:
Կը յիշենք եւ կը խոնարհինք անձին ու գործին առջեւ հայու եւ դաշնակցականի անձնուէր, այլեւ առինքնող մարմնաւորումը հանդիսացող մեծն Հրայր Մարուխեանի:
Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան յանդուգն կամքին, որ Հրայր Մարուխեան անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի կեանքին վրայ: