ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Ամանորի նախօրէին Հայաստանի բնակչութիւնը մոռցած կը թուի ըլլալ քաղաքական եւ ընկերատնտեսական այն բազմաթիւ հարցերը, որոնք ապիկար եւ փտածութեան մէջ ընկողմած այս իշխանութիւններուն օրօք ոչ միայն լուծում չեն գտած, այլ հետզհետէ աւելի բարդացած եւ դարձած են մեր անկախ պետութեան հիմերը խարխլող վտանգաւոր գործօններ: Այս օրերուն,աշխատաւոր կամ պաշտօնեայ, թոշակառու կամ անգործ, երիտասարդ թէ տարեց քաղաքացիներուն համար արդէն երկրորդական է, թէ աղքատութիւնը Հայաստանի մէջ ի՛նչ նոր մրցանիշ գրանցեց, կամ` վերջին հանրաքուէին հարիւրաւոր ընտրակեղծիքներու հեղինակներէն քանի՞ հոգին դատական հետապնդումի ենթարկուեցաւ, կամ` այս տարի նորելուկ մեծահարուստները կոկորդիլոսի՞, թէ՞ ջայլամի միս պիտի դնեն իրենց սեղաններուն վրայ:
Այս օրերուն իրենց սիրելիներուն` ընտանիքի անդամներուն հետ ըլլալու եւ Նոր տարին միասնաբար դիմաւորելու պատրաստութիւններով զբաղած են մեր հայրենակիցները: Սահմանափակ եկամուտ ունեցող հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներուն համար գլխաւոր մտահոգութիւնը անհրաժեշտ գումարը հայթայթելն է, որպէսզի տարին գոնէ մէկ անգամ` Ամանորի գիշերը, կարենան ճոխ սեղան ունենալ եւ նուէրներով ուրախացնել իրենց սիրելիները: Արտագնայ աշխատանքէն վերադարձած հազարաւոր հայրեր ու եղբայրներ քանի մը ամսուան համար վերադարձած են տուն եւ իրենց վաստկած գումարներով կ՛ուզեն տօնական այս օրերը իրենց հարազատներուն հետ վայելել` հնարաւոր չափով լիարժէք ձեւով:
Ամէնէն շատ մտահոգուողները բանակին մէջ ծառայող երիտասարդներու ծնողներն են: Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ չկայ այս քաջ երիտասարդներուն համար. անոնք ունին միայն մէկ առաջադրանք ու նպատակ` ամուր պահել Հայաստանի սահմանները եւ հակահարուած հասցնել օրէ օր աւելի վայրագ ու լկտի դարձող ազրպէյճանական բանակին: Այս երիտասարդներուն ծնողները ունին միայն մէկ ցանկութիւն` խաղաղութիւն մեր երկրին եւ անփորձանք ծառայութիւն իրենց զաւակներուն:
Նորելուկ մեծահարուստներուն (գլխաւորաբար` պատգամաւորներ եւ պետական պաշտօնեաներ) մտահոգութիւնները, անշուշտ, լրիւ ուրիշ են: Անոնք իրենց զաւակները կա՛մ կաշառքով ազատած են զինուորական ծառայութենէ, կա՛մ ալ այլընտրանքային ծառայութիւն ապահոված են անոնց: Անոնք պարտքերու տակ խեղդուած չեն, ո՛չ ալ ընտանիքը ետին թողելու եւ արտագնայ աշխատանքի մեկնելու մտահոգութիւն ունին: Անոնց համար տան մէջ Ամանորի սեղան պատրաստելն ալ հմայիչ չէ այլեւս, որովհետեւ սովորութիւն ըրած են իրենց Նոր տարուան արձակուրդը անցընել Տուպայի, Թայլանտի, Մալիի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի հինգ աստղանի հիւրանոցներուն մէջ:
Նոր տարուան գնումներ կատարողներուն համար զարմանալի չէ այլեւս նաեւ այն, որ Ամանորէն առաջ ուտեստեղէնի եւ սպառողական ապրանքներու գիները զգալիօրէն կը բարձրանան: Մարդիկ կարծէք այլեւս համակերպած են վաղուց աւանդոյթ դարձած այն իրողութեան, որ նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն իշխանաւորներու հետ սերտօրէն առնչուած վաճառականները պիտի բարձրացնեն բանջարեղէնի, խմիչքներու, կանաչեղէնի, մսեղէնի եւ պտուղներու գիները: Բողոքող ալ չկայ արդէն, եւ համակերպումը դարձած է տեսակ մը տխուր ճակատագիր:
Մէկ շաբաթ ետք պիտի անհետանան փողոցներու եւ շուկաներու խճողումները: Մարդիկ տօնական այս օրերուն, կամովին պիտի մոռնան իրենց հոգերը, հայրենիքն ու իրենց տուները խարխլող-մաշեցնող բազմաթիւ հարցերը… Յոյսն ու հաւատքը պիտի արտացոլան բոլոր սեղաններուն շուրջ, բոլո՛ր բաժակաճառերուն մէջ: Բոլորը պիտի ցանկան բարին ու արդարը եւ պիտի ուրախանան իրենց սիրելիներուն հետ: Թէկուզ` մէկ գիշերուան համար:
Գրեցէ՛ք ինծի: