Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Ես Իմ Մասիս Չէի Մտածեր, Տղոց Մասին Կը Մտածէի…»

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

VATCHE-PROUDIAN1-fՍուրիոյ դէմ մղուող պատերազմը կը շարունակուի` իր բոլոր արհաւիրքներով: Այդ պատերազմը շատոնց դուրս ելած է ոչ միայն իր տեղական` այլ նոյնիսկ տարածաշրջանային բնոյթէն: Քանդումը կը շարունակուի: Դերակատարները (աւելի քան տասնեակ մը տեղական, տարածաշրջանային ու մեծ ուժեր) կը շարունակեն սուրիական պատմուճանին վրայ վիճակ ձգելու իրենց անդադրում ճիգերը: Որո՞ւ հոգը` հարիւր հազարաւոր զոհերը, միլիոնաւոր գաղթականները, Ստալինկրատ կա՛մ Տրեզտըն յիշեցնող քանդումը:

Ու այս բոլորին մէջ սուրիահայութիւնը` Հալէպի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Դամասկոսի ու Գամիշլիի մէջ: Բայց հիմնականին մէջ` Հալէպը, որովհետեւ այդ քաղաքը երկար ատենէ ի վեր կը մնայ կռուախնձոր` պետական ուժերու եւ արտաքին ուժերու կողմէ զինուած ու ֆինանսաւորուող ահաբեկչական խմբաւորումներու միջեւ: Հալէպը, իր ազգային կառոյցներով, դպրոցներով ու եկեղեցիներով, ակումբներով ու միութիւններով, բայց մանաւանդ` այս բոլորին խարիսխը հանդիսացող ժողովուրդով, կը կրԷ պատերազմի բոլոր հետեւանքները, ապահովականէն սկսեալ մինչեւ ամենապարզ կենցաղային բնագաւառներէ ներս:

Բայց հալէպահայութիւնը անտէր անտիրական չէ: Գլուխ ունի, ղեկավարութիւն ունի, Շտապ օգնութեան մարմին ունի, բաղկացած` կուսակցութիւններէ, հոգեւոր պետերէ եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններէ: Այս մարմինն է, որ տէր կը կանգնի ժողովուրդին, կը հոգայ անոր կարիքները, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ ու կը ղեկավարէ օժանդակութեան եւ ծառայութեան ամբողջ համակարգ մը:

Այս հաւաքական ղեկավարութեան շնորհիւ է, որ հայու անհաւատալի յամառութեամբ կը շարունակուի համայնքային, կազմակերպ կեանքը: Այսինքն` դպրոցները, մշակութային կեանքը, ազգային տօնախմբութիւնները, մամուլը, համերգները, հրապարակային բազմատեսակ ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ` արուեստագէտներու այցելութիւններ ու համերգներ, ինչպէս էր պարագան ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի` տակաւին վերջերս:

Այս աշխատանքներուն կիզակէտին վրայ կը գտնուի, բնականաբար, ՀՅ Դաշնակցութեան Սուրիոյ կազմակերպութիւնը` իր ամբողջ ներուժով, տեղական թէ համահայկական: Այս յամառ ճիգերուն ուղղակի մասնակից եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնած երկու հայորդիներ` տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան եւ Րաֆֆի Աւետիսեան, այս օրերուն կը գտնուին Մ. Նահանգներ` անձամբ զեկուցելով հալէպահայութեան դիմագրաւած արհաւիրքներուն ու մանաւանդ անոր դիմադրական ոգիին մասին:

Այս դիմադրական ոգիին հարազատ պատկերացումը կու տար մօտաւորապէս 15 վայրկեաննոց վաւերագրական ժապաւէն մը, որ ցուցադրուեցաւ բազմաթիւ վայրերու մէջ: Հոն տեսանք ոչ միայն պատերազմին արհաւիրքը հայաշատ թաղամասերէն ներս, այլեւ այդ արհաւիրքը արհամարհելով ժողովուրդի ապահովութեան հսկող հայ տղաք` գաղափարական օրինակելի նուիրումով: Նուիրում մը, որ հպարտութիւն կը պատճառէ: Նուիրում մը, որ չգրուած ու չխօսուած պատգամ է կարծէք: Նուիրում մը, որ բխած է հայութեան բովանդակ շահերուն պաշտպան կանգնելու 125-ամեայ գաղափարական սկզբունքէն:

Նոյն այդ տղաքն են, որ ռմբակոծումներուն պատճառած փլատակներուն տակէն քաղաքացիներ կը փրկեն (ինչ ազգի կամ դաւանանքի ալ պատկանին անոնք), վիրաւորները հիւանդանոցներ կը հասցնեն, հայաշատ թաղամասերու անկիւնները անքուն գիշերներ լուսցնելով հանդերձ:

Այդ ժապաւէնին մէջ տեսանք նաեւ նոյն այս տղոց նկատմամբ ժողովուրդին գուրգուրանքին վկայութիւնները` «միայն տղոց բան մը չըլլայ» ներքին տրամաբանութեամբ: Այսպէս կ՛արտայայտուէր հալէպահայ կին մը, երբ կը նկարագրէր իր բնակարանին ռմբահարումը. քանի մը վայրկեան առաջ «տղաքը հոս էին», քիչ անդին ինկած ռումբի մը վնասները ու իր ապահովութիւնը ստուգելու: Անոնց մեկնումէն անմիջապէս ետք ռումբի մը պայթումին ուժգին ճնշումը զինք գետին կը փռէ` դուռ-պատուհան վրան շպրտելով. պատշգամը քանդուած էր, «ճիշդ հոն, ուր տղաքը կեցած էին», փլատակներուն տակէն` «Ես իմ մասիս չէի մտածեր, տղոց մասին կը մտածէի, հապա՞ եթէ հոն ըլլային…»:

Հայու անձնազոհութեան ու դիմադրելու ազնիւ յամառութեան երկուստեք արտայայտուած ու միաձոյլ պատկեր մը: Որո՞ւ հոգը, երբ տունը կիսով քանդուած է, կարեւորը այն է, որ «միայն տղոց բան մը չըլլայ»:

Հալէպաբնակ հայութիւնը կը պաշտպանէ ու կը պահպանէ հայու հարազատ նկարագիրը, կերպարը: Մնացածը` ընթերցողը թող որոշէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ յառաջիկայ Փետրուարի թելեթոնին:

17 դեկտեմբեր 2015

vproodian@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>