Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Վարուժան արք. Հերկելեանը երեք  տարի առաջ հանգստեան կոչուեցաւ, յետ քանի մը տասնեակ  տարիներու եկեղեցական եւ մշակութային բեղուն գործունէութեան:

Սրբազանի կեանքի ուղին լեցուն է բազմատեսակ եւ ծաւալուն աշխատանքներու իրագործումներով`  յատկանշուած հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին  եւ  հայ ազգին ծառայելու  անկոտրում եւ յարատեւ ճիգով:

Ճիշդ  է, որ սրբազանը հանգստեան կոչուած է, սակայն աշխուժ հոգեւորականը ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ է, ոչ ֆիզիքականով, այլ` հոգիով, մտքով եւ ապագայի հեռանկարով:

Ժամանակը ետ տանելով` հիմա կը փորձեմ վերյիշել մեր սերունդին կրած առաջին տպաւորութիւնը սրբազանէն: Ատենին երիտասարդ  հայր սուրբը  եկաւ Այնճարի Ազգ. Յառաջ վարժարանին մէջ` իբրեւ տնօրէն, իսկ  մենք ծանօթացանք իրեն իբրեւ մեր կրօնի ուսուցիչը: Առաջին տպաւորութեամբ, մեզի կը յիշեցնէր մեր դասագիրքերուն մէջ երեւցող միջնադարեան հոգեւորականներու սրբապատկերները. նիհար, բարձրահասակ, թեթեւ մօրուքով  եւ մեղմ խօսակցութեամբ: Իրմէ սորվեցանք «Տէրունական աղօթք»-ը, հաւատք ներշնչեց մեզի, եւ մենք սիրեցինք զինք` միշտ սպասելով կրօնի դասապահերուն:

Շատ կարճ էր սակայն իր ներկայութիւնը մեր վարժարանին մէջ, շուտով աւելի պատասխանատու պարտականութիւններ զինք  պիտի տանէին շատ հեռուները:

Մեր տպաւորութիւնը սխալ չէր. գիտէինք, որ մեր վարդապետը շատ աւելի մեծ առաքելութեան պիտի կոչուէր` ո՛չ միայն իբրեւ հոգեւորական, այլ նաեւ` իբրեւ հայ գիրի ու գրականութեան ասպետ:

Նետուեցաւ աշխատանքի դաշտ:

Հոգեւորական իր ծառայութեան կողքին, միշտ գրեց եւ խմբագրեց: «Գառնի» մատենաշարով եւ «Արծիւ» շաբաթաթերթով դարձաւ մնայուն ներկայութիւն մեր գրական-մշակութային կեանքին մէջ` շօշափելի իրագործումներով:

Շատերուն համար անկարելի թուացող այս ծրագիրները հետապնդեց մեծ բծախնդրութեամբ, եւ այսօր արդէն պատկառելի վաստակ մը կայ դիզուած:

Սրբազանին համար, սակայն, աշխատանքը դադար չունի: Խորապէս անհանգիստ է այժմ` ի տես մեր ժողովուրդի այսօրուան իրավիճակին եւ մանաւանդ իր դիմաց դիզուած այն հսկայ ծրագիրներուն, որոնք որոշած է իրագործել իր կեանքի մնացեալ ժամանակին:

Զինք կը տեսնեմ համակարգիչին դիմաց աշխատանքի լծուած: Ամէնօրեայ աշխատանք` հրատարակութեան պատրաստելու համար  նոր հատորներ: Սրբազանը գիրքի անփոխարինելի դերին հաւատացող հոգեւորական է եւ կը ցաւի, որ նոր սերունդը շատ քիչ գիրք  կը կարդայ:

Սեղանին վրայ են վերջին երկու տարիներուն  իր կողմէ խմբագրուած եւ  հրատարակուած քանի մը   հատորներ` հոգեւորականին պարգեւելով հոգեկան  մեծ բաւարարութիւն: Այս հատորները երկար եւ բծախնդիր աշխատանքի արդիւնք են: Աչք մը կը նետեմ հատորներուն վրայ:

«Աւագ շաբաթ» հատորը լոյս տեսած է 2015-ին` «նախատեսուած հայ հաւատաւոր ժողովուրդին համար ընդհանրապէս եւ հայ հոգեւորականաց կողմէ գործածութեան` մասնաւորաբար», ինչպէս կ՛ըսուի յառաջաբանին մէջ: Հատորը լոյս տեսած է  իրաքահայ թեմի Ազգային կեդրոնական վարչութեան կողմէ, Իրաքի հայոց թեմի բազմավաստակ առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի հրամանով: Ծաւալուն այս աշխատանքը (846 էջ) բծախնդրօրէն կատարած է Վարուժան սրբազանը. հատորը կ՛ընդգրկէ Աւագ շաբթուան ընթացքին կատարուող եկեղեցական բոլոր աղօթքներն ու շարականները: Ան նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:

«Դիւան Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի» մաս Բ., Էջմիածնի կաթողիկոսներու կոնդակներ (1705-1800)  հատորը լոյս տեսած է Վարուժան արքեպիսկոպոսի աշխատասիրութեամբ: Մեծ բծախնդրութեամբ կատարուած աշխատանք մը, որ բացի իր եկեղեցական արժէքէն` շահեկան տեղեկութիւններ կը պարունակէ այդ ժամանակաշրջանի մեր ժողովուրդին ապրած կեանքին մասին:

Յաջորդ հատորները լոյս տեսած են Անթիլիասի տպարանէն` իբրեւ «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի հրատարակութիւններ:

Եթէ արեւմտահայ գրականագիտութեան ամէնէն ծաւալուն եւ ամէնէն արժէքաւոր աշխատանքը կը նկատուի Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» հատորներու շարքը, ապա մեծ պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ անոր վերահրատարակութեան խմբագրութիւնը,  որ վստահուած է Վարուժան սրբազանին:

Վարուժան սրբազան մեծ բծախնդրութեամբ եւ նախկին հրատարակութեան մէջ սպրդած բոլոր սխալներէն ձերբազատելու նպատակով տարած է տքնաջան աշխատանք: Արդէն լոյս տեսած են  «Համապատկեր»-ի առաջին չորս հատորները, մինչ աշխատանքը կը շարունակուի հինգերորդ հատորի հրատարակութեան համար:

Սրբազանին հետ մեր հանդիպումը, ինչպէս միշտ, շատ ջերմ է եւ հաղորդական: Եկած ենք զինք լսելու շատ մը հարցերու մասին, մանաւանդ` այսօրուան մեր ազգային կեանքի մասին:

Անհանգիստ է սրբազանը. «Նահանջ կայ բոլոր մակարդակներուն  եւ բոլոր ճակատներուն  վրայ: Պէտք է ուժերը հաւաքել, համախմբել եւ մանաւանդ ամէնօրեայ դրութեամբ հետապնդել մեր ազգային կեանքը յուզող բոլոր խնդիրները»:

Սրբազանը գործին հաւատացող հոգեւորական է եւ վնասակար  կը նկատէ ամէն տեսակի յուսահատական խօսակցութիւնները: Ինք կը հաւատայ, որ մեր պապերը շատ աւելի մեծ  դժուարութիւններու հանդիպած են, բայց չեն յուսահատած:

Սրբազանը կը խօսի հատիկ-հատիկ, շատ մեղմ ձայնով, բայց` շատ ինքնավստահ եւ հատու:

Արդարացի է սրբազանը: Իր կեանքի օրինակը ցոյց կու տայ չյուսահատող եւ անխոնջ հոգեւորականի կերպարը:

Բոլորս հրաւիրուած ենք սրբազանին կերպարը մեր աչքին դիմաց կենդանի պահելու եւ միշտ լծուած ըլլալու մեր ժողովուրդի ծառայութեան:

Յ. Գ.- Անցեալ ամիս սրբազանը իսկապէս անհանգստացաւ եւ ենթարկուեցաւ սրտանօթային փոքր վիրահատութեան մը, որ բարեյաջող ընթացաւ: Բարեբախտաբար ան վերագտած է իր առողջութիւնը եւ կը շարունակէ իր աշխուժ աշխատանքը:

Մուսա Լեռ – Այնճար                                
Մարտ 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>