Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական. Մայիս 6-ը` Հաւաքական Ալզայմըրի Ախտանիշ

$
0
0

Անհատական մակարդակի վրայ յիշողութիւնը բարդ վերլուծելի գիտակցական իրողութիւն է, կապուած մարդու հոգեմտաւոր կազմաւորումին հետ` այն առումով, որ մարդ անհատին նախասիրութիւնները, գաղափարական առաջնահերթութիւնները, դաւանած փիլիսոփայութիւնը ընդհանրապէս յիշողութեան վերապահուած ուղեղի հատուածին հիմնական բաղադրատեղերը գրաւած կ՛ըլլան եւ մտածողութեան իրար ագուցման ինքնահոս կերպով աշխատող շղթայով կ՛ազդեն բանաւոր, գրաւոր դրսեւորումներու եւ ընդհանրապէս գիտակցական ներաշխարհին վրայ կառուցուած արտայայտութիւններու եւ անկէ նաեւ` ձեռնարկուած քայլերու, աշխատանքներու վրայ:

Մարդ անհատի ողբերգութիւնը գագաթ կը նուաճէ, երբ խախտի յիշողութեան այս բնական աշխատելու համակարգը: Ուղեղը կը շարունակէ հրահանգներ տալ կենցաղային այլ երեւոյթներու բնականոն շարունակութեան համար, բայց, մոռացութեան, անգիտակից վիճակի մատնելով մարդ էակը, զայն կը վերածէ իր անձին անծանօթ, իր անմիջական եւ ընկերային շրջապատին հետ անհաղորդ շնչող, բայց չյիշող արարածի մը:

Յիշողութեան մտապաստառի ձեւաւորումն ու անոր մէջ կուտակուած եղելութիւններու ջնջումը մարդու գիտակցական վերահսկողութենէն դուրս են ընդհանրապէս: Կամովին որոշ պատահարներու յիշողութեան մտապաստառէն ջնջումի փորձը միշտ չէ որ կը յաջողի, եւ յաճախանքային մղձաւանջը կը շարունակէ մրճահարել մարդու ուղեղն ու խռովել հոգիները:

Յիշողութեան  կորուստին առթած ողբերգութիւնը միայն անհատական մակարդակի վրայ չէ. ազգերու պարագային եւս կը ստեղծէ ողբերգական վիճակներ, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը, տարբեր բնոյթի իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ինքնաբերաբար իր հաւաքական յիշողութենէն կը ջնջէ ազգի պատմութեան կարեւորագոյն էջերը:

Այստեղ վերլուծման փորձն ու անոր վրայ կայանալիք եզրակացութիւնը կրնան միանշանակ եւ բացարձակ չըլլալ: Արտաքին քաղաքական ազդեցութիւններ, ազգի հաւաքական նկարագիրի կերտման գործընթացին արձանագրուած լուրջ հարուածներ, բարոյագաղափարական արժէքներու կորուստներ, առաջադրանքներու առաջնահերթութիւններու անվերջ վերիվայրումներ, գումարած` ներքին անմիասնականութեան յանգող բազմաթիւ պատճառներ` կը վերածուին հաւաքական յիշողութեան պաստառէն կարեւորագոյն խորհուրդներու, խորհրդանիշ-թուականներու ջնջումի ինքնահոս եղելոյթին:

Խօսքը ազգային-քաղաքական ալզայմըր հիւանդութեան մասին է: Յիշողութեան ակամայ կորուստի հիւանդութեան այս տարբերակը մարդ անհատի պարագային անբուժելիութենէն դէպի առնուազն իրավիճակի կայունացում կամ զարգացման դանդաղկոտութեան ապահովումի կը միտի, մինչ ազգերու պարագային կը հարուածէ իրերայաջորդ սերունդներ:

Լիբանանցի արդէն քանիերո՛րդ սերունդն է, որ անհաղորդ է իր ժողովուրդի նահատակներուն Օրը նշելու հաւաքական կեցուածքին, ոգեկոչումին, քաղաքական ուղերձներուն, թշնամիին չենթարկուելու որոշումին: Սեփական ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուող այս ժխտողականութիւնը շրջելը համալիբանանեան քաղաքական կամք կ՛ենթադրէ:

Քաղաքական կամքի վերազարթնումը կրնայ ունենալ քաղաքական շարժառիթներ: Լիբանանը,  սակայն, այսօր այս հարցին մէջ եւս կրնայ համախոհական պատկեր չպարզել. մէկ կողմէ` հակաթուրք տրամադրութիւններու բարձրացում քրիստոնեայ շրջանակներուն մօտ, միւս կողմէ` թրքամէտ հոգեբանութեան եւ մտածողութեան զարգացում իսլամ շրջանակներու մօտ:

Մինչդեռ, մայիս 6-ը համալիբանանեան առումով նահատակներու ոգեկոչական թուական է. եւ համալիբանանցիութիւնն ու համալիբանանեան մտածողութիւնը այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, նախապայման են մայրիներու երկիրը փապուղիէն դուրս բերելու համար:

Պէտք է առաջադրանք ունենալ կանխամտածուած սովամահութիւնը ցեղասպանութիւն նկատելը եւ այդ նկատումին միջազգային հնչեղութիւն ապահովելը: Նախքան այդ, սակայն, անհրաժեշտ է քաղաքական ալզայմըրի վիճակէն դուրս բերել լիբանանցի ժողովուրդը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>